Մոս­կո­վեան Կ­րեմ­լի մեծ պա­լա­տի Գէոր­գիե­ւեան դահ­լի­ճին մէջ, Փետ­րո­ւար 27ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ար­մէ­նիա» ե­րաժշ­տա­կան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան 10րդ­ ա­մե­նա­մեայ ծրա­գի­րը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան 4500 հիւ­րեր: Բազ­մա­թիւ հայ եր­գիչ­ներ ու ե­րա­ժիշտ­ներ, ա­ւե­լի քան չորս ժամ, հան­դէս ե­կան հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով եւ ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով, մեծ լսա­րա­նին առ­ջեւ:

 

Վա­լե­րի Սա­հա­րեա­նի կազ­մա­կեր­պած այս տա­րո­ւան ծրա­գի­րը գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցուց 12 ան­հատ­ներ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով ու­նե­ցած ի­րենց կա­րե­ւոր ներդ­րում­նե­րուն հա­մար, նե­րա­ռեալ՝
- Վ­լա­տի­միր Ժի­րի­նովս­քի (­Ռու­սաս­տա­նի Պետ­դու­մա­յի պատ­գա­մա­ւոր),
- Յա­րութ Սա­սու­նեան («­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր» թեր­թի հրա­տա­րա­կիչ եւ «­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ Հիմ­նադ­րամ»ի նա­խա­գահ),
- «Ար­մէ­նիա Ֆու­տու­րա»,
- Սեր­գէյ Սմ­բա­տեան (խմբա­վար, Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան Ե­րի­տա­սար­դա­կան Նո­ւա­գա­խում­բի հիմ­նա­դիր-ղե­կա­վար):
Միւս մրցա­նա­կա­կիր­նե­րը, ո­րոնք չէին կրցած ներ­կայ գտնո­ւիլ ա­րա­րո­ղու­թեան, ի­րենց խօս­քը ուղ­ղե­ցին տե­սա­նիւ­թի կամ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մի­ջո­ցով՝

- Վա­լե­րի Պո­ւա­յէ (Ֆ­րան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ան­դամ),
- Վի­գէն Սարգ­սեան (Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րը հա­մա­կար­գող պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­կար­գող),
- Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար,
- Եզ­րաս Ար­քե­պիս­կո­պոս Ներ­սի­սեան (­Մոս­կո­ւա­յի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ),
- Սերժ Թան­գեան (System of a Down),
- Ռու­բէն Վար­դա­նեան (բա­րե­րար եւ գոր­ծա­րար),
- Ար­թուր Ջա­նի­բե­կեան («­Գազպ­րոմ Մե­դիա Հոլ­դինգ»),
- Ա­րա Վար­դա­նեան («­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րամ):

Իր մրցա­նա­կը ստա­նա­լու ըն­թաց­քին, Ժի­րի­նովս­քին շատ խիստ խօս­քեր ը­սաւ Թուր­քիոյ հաս­ցէին: Ա­հա ո­րոշ հատուած­ներ ա­նոր ե­լոյ­թէն.-
«­Պի­տի գայ այն օ­րը, երբ հա­յե­րը ի­րենց փա­ռա­տօն­նե­րը պի­տի նշեն ա­զա­տագ­րո­ւած Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի հո­ղին վրայ: Ա­տի­կա կրնայ ըլ­լալ ձեր սուրբ լե­րան` Ա­րա­րա­տի ա­նու­նը կրող փա­ռա­տօն մը: Ա­նի­կա կրնայ ի­րա­կա­նա­ցո­ւիլ Կար­սի, Ար­տա­հա­նի, Սա­սու­նի, Տ­րա­պի­զո­նի մէջ…. Ե­թէ ես ըլ­լա­յի, ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւի հրթի­ռա­կո­ծու­մէն յե­տոյ պի­տի հրա­մա­յէի հզօր հա­րո­ւած հասց­նել Թուր­քիոյ: Ու այ­սօր Թուր­քիա­յէն քիչ բան պի­տի մնար…. Ես կը մաղ­թեմ, որ ի­րա­կա­նա­նայ ողջ հա­յու­թեան ե­րա­զան­քը` պատ­ժո­ւին ա­նոնք, ո­րոնք 1915ի Ապ­րի­լին՝ Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ՝ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին այդ սար­սա­փե­լի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»:

Ժի­րի­նովս­քին շա­րու­նա­կեց իր կոշտ ե­լո­թը` յայ­տա­րա­րե­լով, որ Թուր­քիան յար­ձա­կե­ցաւ հա­յե­րու վրայ, ո­րոնք «կ­՝ապ­րէին ի­րենց հայ­րե­նի­քին մէջ, ի­րենց հո­ղին վրայ: Իսկ թուր­քե­րը քո­չո­ւոր­ներ էին, ա­նոնց հայ­րե­նի­քը Մի­ջին Ա­սիոյ մէջ է, Տաշ­քեն­տի: Ա­նոնք պէտք է եր­թան այն­տեղ եւ Ա­նա­տո­լիան ձգեն հա­յե­րուն, քիւր­տե­րուն եւ յոյ­նե­րուն: Իսկ Կոս­տանդ­նու­պո­լի­սը պէտք է ըլ­լայ ա­զատ քա­ղաք:

Ժա­մա­նա­կը ա­րագ կը փո­փո­խո­ւի: Հ­նա­րա­ւոր է, որ մօտ ժա­մա­նակ­ներս ի­րա­կա­նա­նայ ա­տի­կա: Հա­յե՛ր, ձեզ ոչ ոք կը խան­գա­րէ: Այն­պէս որ, Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի հա­յե­րու սե­րունդ­նե­րը թող պատ­րաս­տեն ի­րենց փաս­տա­թուղ­թե­րը` ի­րենց կորսն­ցու­ցած հո­ղերն ու գոյ­քը ետ ստա­նա­լու հա­մար: Ես օ­դի մէջ չեմ խօ­սիր, ես հա­մո­զո­ւած եմ, որ հա­յե­րը շու­տով պի­տի ո­գե­կո­չեն ոչ թէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցը, այլ պի­տի տօ­նեն Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­մը, իսկ հայ­կա­կան դրօ­շը պի­տի ծա­ծա­նի Կար­սի, Ար­տա­հա­նի մէջ, Ա­րա­րա­տի վրայ, Սա­սու­նի մէջ եւ Տ­րա­պի­զո­նի»:

Դ­ժո­ւար էր հան­դէս գալ Ժի­րի­նովս­քիի ազ­դե­ցիկ ե­լոյ­թէն ետք: Մր­ցա­նակս ստա­նա­լով` ես դահ­լի­ճին դի­մե­ցի հե­տե­ւեալ հա­կիրճ խօս­քով. «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ան­ժա­ման­ցե­լի, ան­ժամ­կէտ հրէ­շա­ւոր ո­ճիր մըն է: Թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը թո՛ղ լաւ ի­մա­նայ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի չմոռ­նայ իր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րը:

Թէեւ ան­ցած է հա­րիւր տա­րի, նոյ­նիսկ հա­զար տա­րի ալ անց­նի, մենք պի­տի մնանք պա­հան­ջա­տէր եւ պի­տի պայ­քա­րինք վերս­տա­նա­լու հա­մար այն ա­մէ­նը, ինչ կորսն­ցու­ցած ենք: Թուր­քիան պէտք է վե­րա­դարձ­նէ մեր ան­հա­տա­կան եւ հա­մայն­քա­յին բո­լոր կա­լո­ւածք­նե­րը, եւ ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը` մեր պատ­մա­կան հո­ղե­րը` Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը: Մէկ խօս­քով` կը պա­հան­ջենք մեզ­մէ բռնագ­րա­ւո­ւած ու­նե­ցո­ւած­քը եւ մեր 1,5 մի­լիոն սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու ա­րեան գի­նի հա­տու­ցու­մը»:

Այ­նու­հե­տեւ լսա­րա­նին կոչ ը­րի` չյու­սա­հա­տե­լու.- «­Հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ, հզօր եւ ըն­դար­ձակ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը փլու­զո­ւե­ցաւ եւ մաս­նա­տո­ւե­ցաւ` դառ­նա­լով Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւն, շատ ա­ւե­լի փոքր սահ­ման­նե­րու մէջ:

Աս­տու­ծոյ կամ­քով եւ մեր յա­րա­տեւ ճի­գե­րով՝ վստահ ենք, որ պի­տի գայ այն օ­րը, երբ այ­սօ­րո­ւան Թուր­քիան եւս պի­տի փլու­զո­ւի ներ­քին եւ ար­տա­քին ճնշում­նե­րու հե­տե­ւան­քով: Մենք պէտք է պատ­րաստ ըլ­լանք օգ­տո­ւե­լու այդ ա­ռի­թէն` ա­զա­տագ­րե­լու մեր պատ­մա­կան հո­ղե­րը: Մինչ այդ բո­լորս միա­նա՛նք` Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն, Ար­ցախ եւ Ս­փիւռք, դառ­նանք մէկ բռունցք, որ­պէս­զի մեր Հայ­րե­նի­քը դառ­նայ հզօր տնտե­սա­կան ոյժ, հզօր քա­ղա­քա­կան ոյժ եւ հզօր ռազ­մա­կան ոյժ: Միայն այդ­պի­սի հզօր Հա­յաս­տանն է, որ պի­տի կա­րե­նայ ոչ թէ ա­ղա­չել ու պա­ղա­տիլ, այլ տէր կանգ­նիլ իր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն»:

Հա­յաս­տա­նի հան­րա­յին հե­ռուս­տա­տե­սու­թեամբ այս ո­գեշն­չող չորս­ժա­մեայ ծրա­գի­րը ու­ղիղ ե­թե­րով հե­ռար­ձա­կո­ւե­ցաւ աշ­խար­հի բո­լոր հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ: Վս­տահ եմ, որ Կ­րեմ­լի պա­լա­տին մէջ ներ­կայ գտնո­ւող 4500 հիւ­րե­րը եւ մի­լիո­նա­ւոր հե­ռուս­տա­դի­տող­ներ հա­մա­կո­ւե­ցան նոր պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ մը` հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու ի­րենց ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րուն, մին­չեւ ա­նոնց վերջ­նա­կան ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր»