Սիրելի ընթերցող, անցնող տարիները մեզի շատ բան սորվեցուցին։
Ժամանակները գլխիվայր կը փոխուին։ Այսօր, աւելի քան անհրաժեշտ է վերադառնալ մեր աւանդական արժէքներուն, որովհետեւ այդ արժէքները ծառայեցին մարդկա
յին, առաւել՝ մարդկութեան սկզբունքներուն ու վերելքին, մարդայնացնելով մարդը, հայացնելով հայը, հայկականացնելով հայրենիքը, անոր սրտագրաւ նկարագիր ու անհատականութիւն ընձեռելով։
Ներկայի տուեալներու ախտաճանաչումով եւ մեր կեանքի յանձնառու շարունակականութեան բնական ընթացքով՝ «Ազատ Օր»ը սերտ կապ ունի ոչ միայն երէկին, այլ՝ ի մասնաւորի կապ պէտք է ունենայ այսօրին ու վաղուան հետ, քանի իր ժամանակի, իր ժամանակներու խօսքը արժեցուց պտղաբեր խօսքով ու գործով, որ խոհուն իմաստ մը ունէր, որ խոհուն իմաստ մը կը պատգամէր։ Եւ այդ խօսքը միշտ ալ ներդաշնակուեցաւ գաղութի խօսքին ու գործին, տարազին ու կերպարին հետ՝ հաւասարակշռուած կանոններով, առանց ծայրայեղութիւններու եւ անտաշ չափազանցութիւններու։
Թերթին բարեկամները մեր բարեկամներն են եւ փոխադարձաբար՝ մեր բարեկամները թերթին բարեկամները։ Այդ բարեկամութիւնը, հաւատացէ՛ք, կը յուզէ, կը գօտեպնդէ մեզ մինչեւ այսօր, որովհետեւ թերթին հանդէպ անոնց յարումը, յատկապէս ներգործական զօրակցութեան իմաստով, կ’ազդէր ու կրնայ ազդել մեր յարատեւող ժողովուրդի կամքին վրայ։ Քանի անոնք եւս, թերթին հետ եւ թերթին ընդմէջէն գործեցին ժամանակի զգացումով, մտքերու եւ գաղափարներու առատաձեռնութեամբ, հաղորդական խօսքով, ինչպէս իրենց սերունդին մարդը, ինչպէս իրենց սերունդին գաղափարը, ինչպէս իրենց սերունդին պատրանքն ու տեսլականը։ Մեր թերթը իր բարեկամներու գաղափարներուն հանդէպ միշտ ալ հիւրասէր ու ընկալող եղաւ, բեմ տուաւ անոնց եւ այսօր անցեալի միեւնոյն հարազատութիւնն ու փարումը կ’ակնկալէ։ Թերթը գաղութի անբաժան մասն է եւ իր պատմութիւնը՝ այն որ կը գրուի իր մասին, հիներէն եւ նորերէն։ Հին յիշատակները հին արժէքներու կ’առաջնորդեն։
* * *
«Ազատ Օր»ը ընդունած ենք, ինչպէս որ ինք է, իր հաւանական առաւելութիւններով եւ իր հաւանական տկարութիւններով։
Հիմա, ինչպէս աշխարհի բնակչութիւնը՝ հայ բնակչութիւնն ալ կը ծերանայ։ Կը ծերանայ նաեւ հայ ընթերցողը։ Կը հիննայ նաեւ հայ թերթը։ Անհրաժեշտ է, որ մեր թերթը իր նոր դերը գտնէ մեր օրերու պայմաններուն ու պահանջներուն զուգահեռ, քանի ան ալ 72ամեայ ալեհեր մըն է այլեւս։
Ոմանք կ’ըսեն, թէ կեանքի արժէքները փոխուեցան։ Ոմանք ալ կ’ուզեն հաստատել, թէ հին լեզուն այժմ փայտեայ լեզու մը կը համարուի, առաձգական թէ գաղափարական յոգնածութիւն ու ժամանակավրէպութիւն մը բերած է։ Հին բաները ձանձրոյթ կը պատճառեն նորերուն, բառերն ալ կը մաշին իմաստներուն պէս եւ ժամանակին մէջ իմաստազուրկ կը դառնան։
Այդպէս է կ’երեւի. բացական երբեք իր իրաւունքը չի գտներ, ապատեսլականացած միջավայրերու մէջ...։
Ճիշդ է, 72 տարի թերթը անսահմանօրէն զբաղեցաւ՝ իւրայատկօրէն մեր ազգային ամէնէն լուրջ ու ցաւցնող հարցով՝ Ցեղասպանութեամբ, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդի ճմլող ու ճզմող ճակատագիրը եղաւ, որ դառնօրէն բնորոշեց գացող-եկող սերունդներուն յետագայ կեանքի հոգեբանական ապրումները, վիճակը, արդարութեան յարատեւումը. բայց թերթը Ցեղասպանութենէն չվախցաւ, ատոր համար ալ չնահանջեց, չպարտուեցաւ։ Պայքարեցաւ իր ժամանակի, իր ժամանակներու զգացումով ու վճռակամութեամբ, իր «սերունդի մարդու» ճառագայթումով։ Զբաղեցաւ զուգահեռաբար «Հայաստանասիրութեամբ», «անկախասիրութեամբ» ալ, որ այսօր անմերձենալի երազ մը չէ, այլ շօշափելի իրականութիւն մը։
Հիմա, ոմանց մօտ, շատ կը հոլովուի ճնշող ժամանակակից մտահոգութիւններէ բխող հարցում մը.- «Ազատ Օր» յունահայ գաղութով, կամ յունահայ գաղութը մասամբ «Ազատ Օր»ով։
Անգամ մը եւս պարտք կը զգամ յիշեցնելու, որ մի՛այն գիտելիքներով, մի՛այն գիտութեամբ կրնանք դիմագրաւել մեր ապագան, որովհետեւ գիտելիքը ազգութիւն չունի, ինչպէս ազգութիւն չունին մարդկային գաղափարներն ու հայրենասիրութիւնը։
Մտադի՞ր ենք, ժամանակ տալու «Ազատ Օր»ին, որ գոյատեւէ։
«Ազատ Օր»ի դերակատարութեան ուղին՝ երբեմն կարճ, երբեմն երկար ճամբորդութիւն մը եղած է։ Կ’ուզե՞նք կասեցնել. աւելի ծայրայեղօրէն ըսուած՝ կ’ուզենք վերջ տալ այդ սքանչելի ճամբորդութեան։
Վերջապէս, «Ազատ Օր»ի գոյութիւնը սակարկելի, թէ՞ անսակարկելի հարց մըն է յունահայութեան՝ կարդացող կամ չկարդացող հասարակութեան տարբեր միջավայրերուն համար։
Ժամանակը հասա՞ծ է, որ «Ազատ Օր»ի գոյութեան շուրջ պաշտպանական զսպող նոր օղակ մը, նոր շրջագիծ մը, նոր շղթայ մը ստեղծենք։
Ժամանակը հասա՞ծ է, որ մեր ազգային հռետորականութիւնը փոխենք։
Բաց խօսելով. յունահայ գաղութը «Ազատ Օր»ը լրիւ պահելու-պահպանելու կարելիութիւն ունի՞։ Կը փափաքի՞ այդ կարելիութեան պաշտպանական-ապահովական գօտին ստեղծել։ Մեր դիմագրաւած խնդիրներուն ելքերը կախարդական ձեւով չեն լուծուիր, եթէ մեր ձեռքերը չսօտթենք։
Վերջին շրջանին հրապարակի վրայ կը ձեւաւորուի նաեւ նոր մտածելակերպ մը, որ թեր ու դէմ մտքերու արտայայտութեան առիթ կը ստեղծէ։ Այդ մտքերէն մաս մը հակոտնեայ շփոթներ կը ստեղծէ նախ արտայայտողներուն, ապա նաեւ ընկալողներուն թէ չընկալողներուն մօտ։
Թո՛ղ յստակ ըլլայ. մտքի մարզանքներով ու փութկոտ սոփեստութիւններով, այսօր՝ այսպէ՛ս, վաղը՝ այնպէ՜ս, ո՛չ թերթը կը պահուի, ոչ յունահայութիւն, ոչ ալ ազգ։
Այսօր «Ազատ Օր»ի ինքնութիւնը վտանգուա՞ծ է։ Իսկ մեր ինքնութեան ինքնասիրութիւնը վտանգուած չէ՞։ Յիշեցնենք. ինքնութիւնը կը ճշդէ գաղափարը, տեսլականը։ Պիտի դադրի՞նք պատասխանատու պայքարողներ ըլլալէ։
Մտածենք փոխարինական լուծումներու մասին։ Փոխարինական լուծումները երբեք նոյնը չեն եւ նոյնը չեն կրնար ըլլալ։ Կ’ըսեմ, որ լաւ հասկցուիմ եւ թիւրիմացութիւններու դուռ չբացուի։ Կը խօսիմ բարելաւող այն տարազներուն մասին, որ այլեւս դժուար կը համոզեն, որ այլեւս դժուար կը յուզեն, որ այլեւս ընդունելի են, կամ չեն, որովհետեւ եթէ չփոխենք, չփոխուինք, ապագայ չունինք։ Յստակացնենք սակայն. բան մը փոխելու եւ թերթ սահմանափակելու միջեւ տարբերութիւնը հսկայական է։
Ո՞ւր կ’ուզենք երթալ, կառոյցներու տկարացումի՞ն, կառոյցներու մերկացումի՞ն։ Այսպիսի կեցուածքներու հետ կրնա՞նք հաշտուիլ։
Ժխտողականութիւնը տեղ չ’առաջնորդեր գաղութը, ազգը, ոչ ալ չփորձուած իրապաշտութիւնը։
Լսենք, թէ ոմանք ինչո՞վ կը յուզուին այլեւս, ինչո՞վ կը ներգրաւուին։ Անսովոր վերլուծաբանութիւններ կարծես առօրեայ երեւոյթ դարձած են։ Լաւ է այդ լճացած ջուրերէն դուրս ելլել։
Գաղութի հայրենակիցը միայն իրաւունքներ չունի, պարտաւորութիւններ ալ ունի։ Որո՞ւ վրայ պիտի կռթնի, եթէ ոչ նախ եւ առաջ իր գաղութի անդամներուն։ Անոնց ձեռքն է, որ ամէնէն առաջ պիտի սեղմէ փոխանցիկ հաղորդականութեամբ։
Մենք մեր թերթն ենք, որովհետեւ մենք մեր գաղութն ենք։ Հիմա ժամն է չափուելու մեր պատասխանատուութիւններուն հետ։ Գաղութային ճամբան կոյր ճամբայ մը չէ։
Մենք հոս՝ երեւակայական գաղութ մը չենք, ոչ ալ երեւակայական ժողովուրդ ենք։ Կամաւորութեան մէջ մարդիկ կը տիրանան հնարքներու։ Մեր քաղաքակրթութիւնը արժեւորելու համար ամէն օր մէկ կեանք ապրեցանք. ամէն օր տարբեր կեանք մը. մէյ մը այսպէս, մէյ մը այնպէս. մէյ մը տաք. մէյ մը պաղ։ Բայց երբ ժամը հասաւ՝ գիտցանք զանազանել տաքը պաղէն եւ պաղը տաքէն, եւ բնազդաբար նախընտրեցինք ճիշդը՝ ճի՛շդ պահուն ու ժամանակին։
Թերթի քաղաքակրթութիւնը մեր ապագան է։ Քաղաքակրթութիւնը յանդուգն նախատեսումներով կ’ըլլայ։ Գաղութը հին եւ նոր համեմատութիւններու մէջ ներդաշնակութեան ճամբան պէտք է գտնէ։
* * *
Այսօր, հաշուեկշիռը կատարելով հայ թերթի մը, որ 72 տարի անընդմէջ հրապարակագրական անկեղծ ու ուղիղ խօսքով այս գաղութին ներկան եղաւ, կը հաստատենք, թէ հայախօսութիւնը հետզհետէ կը նահանջէ, որովհետեւ ազգերը սկսած են կորսնցնել իրենց լեզուական իւրայատկութեան հարստութիւնը։ Չափա՞ծ ենք այդ հարստութեան արժէքը։ Եօթանասուն տարուան թանկագին պատմութիւնը պզտիկ պատմութիւն մը չէ։ Բայց կը թուի թէ՝ պզտիկ պատմութիւնները սկսած են մաշիլ ու անհետանալ, մեր ժամանակներու նորահնար քաղաքական իրապաշտութեան գլանին տակ։
Փնտռա՞ծ ենք, թէ ո՞ւր կը կայանան մեր արժէքները։ Ինչի՞ վրայ պիտի դնենք մեր յոյսը։
Արդեօ՞ք բարոյական սարսափի մատնուած ենք։ Մեր մտաւորական ընտանիքը ինչո՞ւ չի հակազդեր խորապէս քաղաքական ու խորապէս բարոյական այս հարցին մէջ։
Որպէսզի կարենանք օժանդակել թերթի յարատեւութեան, անհրաժեշտ է միաժամանակ կատարել մեր իրապաշտ ու վճռական ինքնաքննադատութիւնը։ Ինքնաքննադատութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է ամէն ինչի մէջ, ի մասնաւորի հանրային կեանքի բոլոր երեւոյթներու հաշւոյն, մանաւանդ, որ մեր միջեւ սկզբունքներու բախում ալ գոյութիւն չունի բնաւ։
Նոր թիրախներ որոնելու համար այդ թիրախները յստակօրէն պէտք է ճշդուին։ Պատահականութեան պէտք չէ ձգուի նուազագոյն մանրամասնութիւնն ալ։ Այս մէկը ընելու համար հարկ է անվախօրէն ու ձայնի ուժգնութեամբ տեսակէտ ու վերլուծում դրսեւորել։
«Ազատ Օր» կը դիմագրաւէ պարզ եւ լուրջ խնդիրներ։ Բոլոր խնդիրները տնտեսական չեն։ Ճիշդ չ’ըլլար ամէն ինչ դրամի չգոյութեան վերագրել։ Ազգային իմաստով գոյութիւն ունին նաեւ որակական տուեալները, որոնց վրայ պէտք է կանգ առնենք։ Գաղութները կ’ինքնասունուցուին ոչ միայն քանակէն, այլեւ որակէն։
Քաջալերելին այն է, որ թերթը մինչեւ այսօր տոկաց եւ պէտք է շարունակէ իր հրատարակչական կեանքը։ Մամուլի դերակատարութիւնը չափազանց կարեւոր է։ Կ’ուզեմ հաւատալ, որ «Ազատ Օր»ը ապագային եւս պիտի վերապահէ անցեալի կարեւոր իր դերակատարութիւնը։
Որեւէ ազգային նախաձեռնութիւն արժանահաւատ դիրքաւորում ու շարունակութիւն պէտք է ունենայ։ Նաեւ պարտաւորիչ է այդ մէկը, որպէսզի պատասխանատուներ կարենան արդարացնել իրենց դերը զարգացման պատուաստումներու ընդմէջէն։
Շատ բան կրնանք ընել։ Կրնանք նաեւ աւելին։ Շահաւոր պիտի ելլենք, եթէ ոչ՝ այս մատնանշումները իմաստ ունենալէ կը դադրին։
Մեր ամէնէն գէշ թշնամին ժամանակն է։ Օտար՝ օտարներու մէջ։ Կը հասկնա՞ք։ Ժամանակին հետ խաղալը դիւրին չէ։ Նկարագիր պահելն ալ դիւրին չէ։ Շատ մը բաներ երկրորդական կը թուին ըլլալ, բայց բնաւ ալ երկրորդական չեն։
«Ազատ Օր»ի գործը պատիւով գլուխ հանելու համար ծանր աշխատանք կ’ուզէ։ Ժամանակը կը ճնշէ։ Արդէն ձուլուիլ սկսած ենք։ Ժամանակի զէնքերը անհաւասար են։ Նուաճումները կը դիմանան ժամանակի մէջ, այնպէս ու այնքան՝ որ ժամանակը կը դատէ զիրենք։
Զգուշանանք որ իւղը կանթեղէն չպակսի։
(Բ. եւ վերջ)
ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ