altՅու­նա­հայ գա­ղու­թի օ­րա­թերթ «Ա­զատ Օր»ը ե­ղած է 72-ա­մեայ ա­մէ­նօ­րեայ պայ­քա­րի հաս­տա­տա­կամ հո­մա­նիշ, յա­ջոր­դե­լով 1922ի ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք յու­նա­հայ գա­ղու­թին կող­մէ հիմ­նո­ւած «­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թին, որ իր հրա­տա­րա­կու­թեան դռնե­րը փա­կեց պար­տադ­րա­բար՝ նա­ցիա­կան գրաւ­ման շրջա­նին, 1940ին։

 ­Հա­սա­րա­կա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան իր հե­տե­ւո­ղա­կան գո­յու­թեան բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն, թեր­թը եր­բե­ւէ հռե­տո­րա­կան ըն­թա­ցիկ մրցակ­ցա­կան ա­խո­յեա­նու­թիւն­նե­րու խա­ղին մէջ մտած չէ, այլ՝ ժա­մա­նակ­նե­րու տաք ու պաղ տագ­նապ­նե­րը դի­մագ­րա­ւած է ի­րա­տես յանդգ­նու­թեամբ, մա­քուր խօս­քով, խիղ­ճով, պայ­քա­րու­նակ յա­մա­ռու­թեամբ ու տո­կու­նու­թեամբ, կա­պո­ւած միշտ յու­շին, քա­նի ա­մուր յու­շը փա­րած է իր իսկ ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան ու ա­նոր ներշն­չած ար­ժէք­նե­րուն վրայ, բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հետ դիւ­րա­հա­ղորդ կա­պը պա­հե­լով։

­Յու­նա­հայ գա­ղու­թա­յին ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րու հիմ­նու­մին ու ստեղծ­ման գոր­ծին մէջ ա­ռաջ­նա­կար­գօ­րէն դե­րա­կա­տար ե­ղած է ու կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ, ար­տօ­նե­լի այն ձե­ւով ու չա­փով, որ ա­նոնք ար­ժա­նի կ­’ըլ­լան մեր հա­մայն­քա­յին հա­մընդ­հա­նուր գոր­ծին ու նպա­տա­կին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան մաս կազ­մե­լով, ու հա­ւա­քա­կան պայ­քա­րի ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րենց ան­սա­կարգ դերն ու ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լով մեր կեան­քին, խիղ­ճին ու ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան վրայ։

Ազ­գա­յին բա­րո­յա­կան դիր­քա­ւո­րում­նե­րու փաս­տե­րով՝ «Ա­զատ Օր»ը ան­ցեալ ու­նե­ցող թերթ է։ Ու­նի սա­կայն ներ­կայ, որ կը ներշն­չո­ւի իր ան­ցեա­լէն, եւ ա­պա­գայ, որ կը ներշն­չո­ւի իր ներ­կա­յէն։ Ան­ցեալ, ներ­կայ ու ա­պա­գայ՝ որ յատ­կան­շո­ւե­ցան կեն­դա­նի ու կա­ռու­ցո­ղա­կան ներ­կա­յու­թեամբ մը, որ լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւո­րո­ւե­ցաւ ա­մէն պա­րա­գա­յին, քա­նի երբ հի­նե­րը կը յի­շեն, նո­րե­րը պէտք է սոր­վին ու ձե­ւա­ւո­րեն ի­րենց ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րը։

Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն վերջ՝ գա­ղու­թա­յին մեր կեան­քի պա­հանջ­նե­րէն ծնունդ առ­նող այս թեր­թը, իր իսկ գա­ղու­թի օ­րա­կար­գե­րու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեանց ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէն բխաւ ու մեծ­ցաւ, ար­ժա­նա­հա­ւա­տու­թեան իր դրա­մա- գ­լու­խով, միշտ ալ ժա­մա­նա­կի ան­խու­սա­փե­լի այն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէն որ կա­րե­ւոր կը նկա­տո­ւէին իր ժա­մա­նա­կին, բայց որ կա­րե­ւոր կը նկա­տ­ւին այ­սօր ալ, ու կա­րե­ւոր պի­տի ըլ­լան նաեւ ա­պա­գա­յին, քա­նի հայ մա­մու­լի դե­րա­կա­տա­րու­թեան ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ու ա­նոր քա­ղա­քա­կան քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը հա­յու սրտին ու մտքին մէջ է, մեծ­ցած ու ուռ­ճա­ցած է իր նե­րաշ­խար­հին մէջ, մեծ­նա­լով՝ մեծ­ցու­ցած է նաեւ նո­ւի­րու­մի ու ծա­ռա­յու­թեան զգա­ցու­մը, զայն ան­փո­խա­րի­նե­լի ապ­րու­մի վե­րա­ծե­լով։ Այդ ապ­րումն է որ վե­րա­ծո­ւած է ազ­գա­յին թի­րախ­նե­րու հե­տապնդ­ման նպա­տա­կի ու տես­լա­կա­նի՝ հա­յու­թեան, հայ­կա­կա­նու­թեան, ­Հայ ­Դա­տի, ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի ու մեր բռա­նագ­րա­ւո­ւած հայ­րե­նիք­նե­րու ան­նա­հանջ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան սկզբուն­քով։

­Մեր ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով կը խօ­սինք ան­ցեա­լի բա­նե­րու մա­սին։ Ե­կէ՛ք, աս­կէ վերջ ալ, քիչ մը խօ­սինք մի­՛այն ներ­կա­յի ու ա­պա­գա­յի մա­սին, քա­նի մեր կեան­քի ան­մի­ջա­կան կա­րիք­նե­րը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ու ա­մէն բա­նէ ա­ւե­լի նախ այդ կը պա­հան­ջեն։
­Թեր­թի մը, -ո­րե­ւէ թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան պա­հան­ջը ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թեան թի­րախ է։ «Ա­զատ Օր»ը հիմ­նող ու տա­րա­ծող կու­սակ­ցու­թեան՝ Հ.Յ.Դ. ա­տե­նի օ­րո­ւան ղե­կա­վա­րու­թեան դի­մագ­րա­ւե­լի ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը ե­ղած է՝ հիմ­նա­կա­նօ­րէն գա­ղա­փար­ներ ներշն­չող ջրա­ռատ ամ­բար մը կազ­մել, ուր­կէ մա­քուր ու յա­գեց­նող ջուր սրսկո­ւի մեր բո­լոր միու­թիւն­նե­րուն եւ տո­ւեալ միու­թեանց ան­դա­մակ­ցող ան­ձե­րուն, ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն ու զա­ւակ­նե­րուն։

Կր­նաք վստահ ըլ­լալ, որ մա­մու­լի մը բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կազ­մա­կերպ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու մօտ կտրուկ ա­նա­պա­հո­վու­թիւն կը ստեղ­ծէ, ո­րով­հե­տեւ այդ բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ ա­ւե­լի կը հաս­տա­տէ ու կը փաս­տէ ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան յղկո­ւած մշա­կոյ­թի պա­կաս մը։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ կազ­մա­կերպ զան­գո­ւած­ներ, մա­մու­լի շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­լով, ստեղ­ծած ու կազ­մա­ւո­րած են հա­ւա­քա­կան բա­ցա­ռիկ մտա­ծո­ղու­թիւն եւ մտա­ծո­ղու­թեան հայ­կա­կան այ­լա­զան փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ։ Մ­տա­ծո­ղու­թիւ­նը դաս­տիա­րա­կու­թիւն, կրթու­թիւն, յար­գանք ու գի­տակ­ցու­թիւն կը ստեղ­ծէ։
­Մարդ չի կրնար կաս­կա­ծիլ, թէ կազ­մա­կերպ գա­ղութ­նե­րու մէջ ծրա­գիր­ներն ու ծրագ­րում­նե­րը կա­րե­ւոր ու անհ­րա­ժեշտ են գա­ղու­թի յե­տա­գայ աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար, դաշ­նակ­ցե­լով միշտ ժա­մա­նա­կին հետ եւ ինք­զին­քին հա­մար դրա­կան պատ­կեր մը ներշն­չե­լով։

­Կազ­մա­կերպ գա­ղութ­նե­րու մէջ՝ կա­ռոյց­նե­րու կա­յու­նու­թիւնն ու հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը կեն­սա­կան գո­յու­թեան ե­րաշ­խիք կը կազ­մեն եւ ո­րե­ւէ յայտ­նի թէ գաղտ­նի ու­ժի հետ չեն բաղ­դա­տ­ւիր, քա­նի հայ թեր­թը, մա­նա­ւանդ հայ օ­րա­թեր­թը, կո­չո­ւած է ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դեր մը խա­ղա­լու, որ կա­պակ­ցը­ւած է նեղ ու լայն ի­մաս­տով ալ՝ ազ­գի մը գա­ղա­փա­րա­կան, ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան ընտ­րանք­նե­րու նոյ­նա­ցու­մի հե­ռան­կար­նե­րու ակն­կա­լու­թեան հետ։ Եւ այդ մէ­կը լիո­վին կը յա­ջո­ղի երբ թերթ մը շրջա­պա­տո­ւած ըլ­լայ ու վա­յե­լէ նախ եւ ա­ռաջ իր նման­նե­րու եւ հա­մա­գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։

­Գի­տէ՞ք, բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ մեր ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն նա­հան­ջը սուղ վճա­րած ենք։ Այն­քան սուղ, որ ո­րե­ւէ գի­նով չենք կրցած ա­նոր պարտ­քը հա­տու­ցել։ Եւ այս պա­տա­հած է մա­նա­ւանդ, երբ ան­հե­ռա­տե­սօ­րէն չենք կրցած հասկ­նալ, որ մեր կեան­քին մէջ ա­մէն ինչ իր գի­նը ու­նի, որ մեր օ­րե­րուն կրնայ անս­պա­սե­լի ա­րա­գու­թեամբ ար­ժեզր­կո­ւիլ, կամ ալ բազ­մա­պատ­կո­ւիլ։

­Մենք մեր ար­ժէք­նե­րը հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տած ենք։ ­Հա­յե­րէ­նով գի­տակ­ցա՞ծ ենք։
Չս­պա­սո­ւած ա­նակն­կալ­նե­րու ժա­մա­նակ­նե­րը շա­տոնց ան­ցած են։ Տըն- ­տե­սա­կան ու ըն­կե­րա­յին նա­խա­տե­սե­լի թէ ան­նա­խա­տե­սե­լի տագ­նապ­նե­րը ան­հաշտ բա­ղադ­րու­թիւն­ներ, ի դէպ՝ նո­րա­նոր բար­դու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծեն մեր կեան­քին մէջ։ Ան­գի­տու­թիւ­նը օ­րէն­քի չվե­րա­ծենք, ար­դիւն­քը լաւ չ’ըլ­լար վստա­հա­բար։

­Պահ մը բաղ­դա­տենք սա­կայն, ա­ւե­լի ճիշդ՝ վկա­յա­կո­չենք, թէ ի՜նչ դէմ­քեր ան­ցած են այս գա­ղու­թէն, եւ ի՜նչ դէպ­քեր դի­մագ­րա­ւած է այս գա­ղու­թը։ ­Մեր յի­շո­ղու­թեան բե­ւե­ռէն դուրս չհա­նենք զա­նոնք։
­Հաշտ դէմ­քե­րու եւ ան­հաշտ դէպ­քե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան ըն­թա­ցիկ հո­լո­վոյ­թին մէջ, մեր թեր­թը՝ գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղամ­տու­թեան եւ խտա­ցած փոր­ձա­ռու­թեան մեր բան­գէտ ու­սու­ցիչն ու ի­մաս­տուն դաս­տիա­րա­կը ե­ղաւ։ ­Մենք այ­սօր կ­’ապ­րինք ու կը գո­յա­տե­ւենք ա­նոր ազ­գա­յին ան­փո­խա­րի­նե­լի ժա­ռան­գու­թեամբ, իր թո­ղած կտա­կի սեր­մա­նող ու սերն­դա­գոր­ծող հարս­տու­թեամբ, որ կրնայ վե­րած­նիլ ու բազ­մա­պատ­կո­ւիլ։

«Ա­զատ Օր»ի 72 տա­րո­ւան դերն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ իր սե­փա­կան ներ- դ­րու­մին զու­գա­հեռ, հա­ւա­քա­կան ան­հա­տա­կա­նու­թեան ծանր դրոշմ մը կը կրէ։ ­Կը խօ­սինք հա­մա­տա­րած խիղ­ճի մա­սին, որ վա­րա­կի­չօ­րէն փո­խան­ցիկ ե­ղած է եւ այդ փո­խան­ցի­կու­թեան բո­վով իսկ տո­կա­ցած ու տո­կա­ցու­ցած է։ ­Գոր­ծած է իբ­րեւ հա­սուն ե­րի­տա­սարդ, յա­ճախ իբ­րեւ խո­հեմ չա­փա­հաս, ա­մէն տեղ ու ա­մէն ա­ռի­թով բաժ­նե­լով ու բաժ­նե­կից դառ­նա­լով իր հա­ւա­սա­րա­չա­փո­ւած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով, որ պատ­մու­թիւն գրեց ու դեռ կը գրէ։
­Հա­ւա­տա­ցէ՛ք, հայ թեր­թը, ինչ­պէս նաեւ մեր բո­լոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը, հայ­րե­նա­սի­րա­կան իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րու ծա­գում­նա­յին ար­մատ­նե­րէ սե­ռած ու բնա­կան ճամ­բով ալ ճիւ­ղա­ւո­րո­ւած են։ Այդ ի­մաս­տով ու խոր­քով ալ՝ հայ թեր­թը ճշդած է իր ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նա­սի­րա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն ի­մա­ցա­կան ճա­նա­պար­հը, իր ու­ղին ընդգր­կե­լով մեր հա­սա­րա­կա­յին զան­գո­ւած­նե­րու ապ­րում­նե­րուն ա­մէ­նէն նրբա­գեղ լա­րե­րով եւ ի­րեն տեղ տա­լով յու­նա­հայ գա­ղու­թի աշ­խար­հագ­րա­կան քար­տէ­սին վրայ։

* * *
­Գի­տա­կան-մաս­նա­գի­տա­կան վեր­լու­ծում­նե­րով ու փաս­տա­ցի վի­ճա­կագ­րա­կան բաղ­դա­տա­կան տո­ւեալ­նե­րով՝ թերթ մը երբ կը փա­կո­ւի, դժո­ւար կը վե­րա­բա­ցո­ւի։ ­Կը թո­ւի, թէ մեր ալ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը նոյ­նա­տե­սակ վա­ւե­րագ­րու­թիւն­նե­րու դի­մաց, միեւ­նոյն տե­ղը կը յան­գեց­նեն։
«Ա­զատ Օր»ը պատ­մա­կան ար­ժէ­քով թերթ մըն է։ ­Մեր ազ­գի ող­ջա­միտ զա­ւակ­նե­րը գիտ­ցած են գնա­հա­տել իր ան­ցած խոր­տու­բորտ ու­ղիի պատ­մու­թիւ­նը, ե­րե­ւան բե­րե­լով իր ի­րա­կան դերն ու նկա­րա­գի­րը, մեր պատ­մու­թիւ­նը կար­դա­լով ազ­գա­յին զգա­ցու­մով ու հա­յե­րէն լե­զո­ւով։ Ո­րով­հե­տեւ, պար­զա­պէս, պատ­մու­թիւ­նը ար­ժէք կու­տայ ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան գոր­ծին, Ա­ւա­րայ­րէն ­Սար­դա­րա­պատ ու Ար­ցախ։

Ո­րով­հե­տեւ, պար­զա­պէս, պատ­մու­թիւ­նը կը հաշ­տո­ւի պատ­մա­կան գոր­ծին հետ, երբ այդ գոր­ծը ներշն­չո­ւա­ծօ­րէն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան է, երբ այդ գոր­ծը ան­հու­նօ­րէն հայ­րե­նա­սի­րա­կան է եւ երբ այդ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը սահ­ման չու­նի։
­Պատ­մու­թեան խիղ­ճի զարթ­նու­մը նա­խա­պայ­ման ե­ղած է հայ­կա­կա­նա­ցած հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, դա­րե­րու ըն­թաց­քին, երբ մա­նա­ւանդ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը հա­յու պա­րա­գա­յին միշտ ալ շեղ­բին ծայ­րը գտնո­ւած է, մեր հին թէ նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան բարդ հանգ­րո­ւան­նե­րուն, երբ մար­դիկ կը փնտռեն ի­րա­րու, երբ մար­դիկ ա­ւե­լի մօտ կու­գան ի­րա­րու։

«Ա­զատ Օր» իր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին կեր­տած ու ձե­ւա­ւո­րած է իր գա­ղա­փա­րա­կան դի­մա­գի­ծը ժո­ղովըր­դա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ։ ­Դի­մա­գիծ ու­նե­ցող թերթ մը, մէկ օ­րէն միւ­սը չի կրնար ա­պաա­ռաս­պե­լա­կա­նա­նալ, ո­րով­հե­տեւ իր եր­կար պայ­քա­րի ճա­նա­պար­հին ընդ­մէ­ջէն գծած է իր ժո­ղո­վորւ­դի եւ ա­նոր զա­ւակ­նե­րու ազ­գա­յին ե­րազ­նե­րը, տես­լա­կան­նե­րը եւ խորհր­դա­նիշ­նե­րը։ ­Խորհր­դա­նիշ­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս եր­բեք պա­կաս ե­ղած չեն մեր թեր­թէն, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք մեր ժո­ղո­վուր­դէն դի­մագ­րա­ւո­ւած են, որ­պէս ա­ւան­դա­կան ու սերտ կա­պո­ւա­ծու­թեան մը փո­խա­դարձ սկզբուն­քով։

«Ա­զատ Օր»ի հրա­տա­րակ­չա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը բազ­մա­տե­սակ, բազ­մաբ­նոյթ ու բազ­մար­ժէք է. այդ ի­մաս­տով ալ՝ յար­գան­քի ար­ժա­նի։ Չ­մոռ­նանք, որ նպա­տա­կի մը հա­մար ռազ­մա­վա­րա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քարն է որ մեզ զա­նա­զա­նել կու­տայ ու­րիշ­նե­րէն։ Ի դէպ, մեր թեր­թը ե­ղած է այն թեր­թը, որ եր­բեք եր­կընտ­րած չէ իր հա­սուն, հաս­տատ ու ա­ռինք­նող գա­ղա­փար­նե­րը ար­տա­յայ­տե­լէ։ ­Հի­մա՝ պէտք է վե­րագտ­նէ իր յոր­ձա­նու­տը։ «Ա­զատ Օր»ի գո­յու­թիւ­նը՝ իր գո­յու­թեան մէջ իսկ կը կա­յա­նայ։ ­Գիտ­նանք ընտ­րել։

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ