18-19 ­Փետ­րո­ւա­րին, Պ­րիւք­սէ­լի մէջ, 30 ժամ տե­ւած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէ ետք, Բ­րի­տա­նիան այլ զի­ջում­ներ ա­պա­հո­վե­լու կող­քին Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան մէջ ստա­ցաւ յա­տուկ կար­գա­վի­ճակ եւ ի­րա­ւունք ստա­ցաւ չմաս­նակ­ցե­լու միու­թեան հե­տա­գայ քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա ­կան հա­մար­կու­մին:

Բ­րի­տա­նիոյ վար­չա­պետ ­Տէյ­վիտ ­Քա­մե­րոն վե­հա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին յայ­տա­րա­րեց.- «Բ­րի­տա­նիան ընդ­միշտ դուրս պի­տի բե­րո­ւի «ա­ճող սերտ միու­թեան» սկզբուն­քի են­թա­կա­յու­թե­նէն եւ եր­բեք պի­տի չդառ­նայ եւ­րո­պա­կան գեր-պե­տու­թեան մաս»:

Ըստ ա­նոր՝ «գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, Բ­րի­տա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը Պ­րիւք­սէ­լէն ա­ւե­լի պի­տի ան­կա­խա­նայ»: «­Մենք իշ­խա­նու­թիւ­նը վե­րա­դար­ձու­ցինք Բ­րի­տա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին եւ այլ ազ­գա­յին խորհր­դա­րան­նե­րուն: «­Կար­միր քարտ»ը կը նշա­նա­կէ, որ Բ­րի­տա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը կրնայ աշ­խա­տիլ այլ օ­րէնս­դիր մար­մին­նե­րու հետ` ար­գե­լա­կե­լու հա­մար ան­ցան­կա­լի օ­րէնսդ­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ ան` ա­ւելց­նե­լով.- «Ա­սի­կա պատ­մա­կան օր է Բ­րի­տա­նիոյ հա­մար»:

Բ­րի­տա­նիան իր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին միշտ ալ հե­ռա­ւո­րու­թիւն պա­հած է եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սէն եւ այդ­տեղ մի­ջամ­տած միայն, երբ ցա­մա­քա­մա­սը դի­մագ­րա­ւած է ­Նա­փո­լէո­նի կամ ­Հիթ­լե­րի նման միա­պետ­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան են­թար­կո­ւե­լու վտան­գը: Ն­շեալ կղզին կեն­սա­կան կը նկա­տէ իր «իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը», զոր միշտ ալ պաշտ­պա­նած է բուռն կեր­պով: Բ­րի­տա­նիոյ մե­ծա­գոյն վար­չա­պետ Ո­ւինս­թըն ­Չըր­չիլ 1930ին ար­դէն յայ­տա­րա­րած էր.- «­Մենք մեր սե­փա­կան ե­րազն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ու­նինք: ­Մենք Եւ­րո­պա­յի հետ ենք, սա­կայն ոչ` ա­նոր մէկ մա­սը: Ա­նոր կա­պո­ւած ենք, սա­կայն ոչ` պար­փա­կո­ւած: ­Մենք հե­տաքրք­րո­ւած ենք եւ միա­ցո­ւած, սա­կայն ոչ` կլա­նո­ւած»:

18-19 Փետ­րո­ւա­րին կա­տա­րո­ւա­ծը հա­մա­հունչ էր բրի­տա­նա­կան «իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը» պաշտ­պա­նե­լու ա­ւան­դու­թեան:
Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան Բ­րի­տա­նիոյ ան­դա­մակ­ցու­թեան շուրջ 2017ին նա­խա­տե­սո­ւած հան­րա­քո­ւէն ­Քա­մե­րոն յա­ռա­ջաձ­գեց 23 ­Յու­նիս 2016ին` փոր­ձե­լով ար­ձա­նագ­րո­ւած «յաղ­թա­նակ»ին ստեղ­ծած մթնո­լոր­տէն օգ­տո­ւե­լով ա­պա­հո­վել ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը մեր­ժող­նե­րուն պար­տու­թիւ­նը: Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մէջ նա­խա­պէս նոյն­պի­սի բազ­մա­թիւ հան­րա­քո­ւէ­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են, սա­կայն ոչ մէկ եր­կիր դուրս ե­կած է միու­թե­նէն:

Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մե­ծա­գոյն տնտե­սու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն մէջ «Ոչ»ի յաղ­թա­նա­կի նա­խա­դէ­պը մեծ հա­րո­ւած մը պի­տի ըլ­լայ ար­դէն իսկ գաղ­թա­կան­նե­րու ճգնա­ժա­մին պատ­ճա­ռով լուրջ հար­ցեր դի­մագ­րա­ւող միու­թեան: Այլ եր­կիր­ներ եւս պի­տի փոր­ձեն հե­տե­ւիլ Բ­րի­տա­նիոյ օ­րի­նա­կին:

Չե­խիոյ վար­չա­պետ ­Պո­կուս­լաւ ­Սո­պոթ­քա ար­դէն իսկ յայ­տա­րա­րեց.- «Ե­թէ Բ­րի­տա­նիան Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թե­նէն դուրս գայ, ա­պա քա­նի մը տա­րի ետք ան­կէ դուրս գա­լու շուրջ բա­նա­վէ­ճեր կը սպաս-­ւին նաեւ մեր մօտ»: ­Սա­կայն «Ա­յո»ի յաղ­թա­նա­կը Պ­րիւք­սէ­լի մէջ տօ­նա­կան մթնո­լորտ պի­տի չստեղ­ծէ, այլ միայն պի­տի մեղ­մաց­նէ միու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն մտա­հո­գու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ Պ­րիւք­սէ­լի վե­հա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ նա­խա­դէպ մը, եւ այ­սու­հե­տեւ այլ եր­կիր­ներ եւս ի­րա­ւունք պի­տի ու­նե­նան պա­հան­ջե­լու Բ­րի­տա­նիոյ նման յա­տուկ կար­գա­վի­ճակ մը:

Ա­ւե­լի՛ն` Ս­կով­տիոյ ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Նի­քը­լըս Ս­թար­ճեն յայ­տա­րա­րեց, որ սկով­տիա­ցի­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կ­՛ու­զէ Բ­րի­տա­նիան տես­նել Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան կազ­մին մէջ, եւ ե­թէ եր­կի­րը դուրս գայ միու­թե­նէն, այդ մէ­կը պի­տի դառ­նայ Ս­կով­տիոյ ան­կա­խու­թեան շուրջ երկ­րորդ հան­րա­քո­ւէ մը կա­տա­րե­լու ազ­դակ մը:

Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թե­նէն Բ­րի­տա­նիոյ դուրս գա­լուն` «Պ­րեք­սիթ»ի կա­րե­լիու­թեան, Բ­րի­տա­նիոյ «իւ­րա­յատ­կու­թեան» ամ­րագր­ման եւ գաղ­թա­կան­նե­րու ճգնա­ժա­մին լոյ­սին տակ, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մէջ կը սպա­սո­ւին զար­գա­ցում­ներ, ո­րոնք կրնան նշա­նա­կա­լից եւ մին­չեւ իսկ պատ­մա­կան ըլ­լալ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ