­altՓետ­րակ Չե­րե­նիչ southfront.org կայ­քին վրայ տե­ղադ­րո­ւած իր «­Հա­լէ­պը ին­չո՞ւ կա­րե­ւոր է Թուր­քիոյ հա­մար» յօ­դո­ւա­ծին մէջ կը գրէ, որ Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մեթ Տա­ւու­թօղ­լո­ւի այն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ իր եր­կի­րը հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ մէջ Թուր­քիոյ հետ սահ­մա­նին մօտ գտնո­ւող Ա­զազ քա­ղա­քին ան­կու­մը պի­տի չար­տօ­նէ՝

ցոյց տո­ւաւ, որ սու­րիա­կան ճգնա­ժա­մը կը բար­դա­նայ։ Այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը մէկ կող­մէ կա­տա­րե­լա­պէս կը հա­կա­սէ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան, մի­ջազ­գա­յին բո­լոր ար­ժե­չա­փե­րուն եւ որ­դեգ­րուած ուխ­տե­րուն։ Միւս կող­մէ՝ շրջա­նա­յին խա­ղա­ղու­թեան սպառ­նա­լիք մըն է։

Թուր­քիոյ մտա­հո­գու­թեանց կեդ­րո­նը ներ­կա­յիս Հա­լէ­պէն ե­կող տե­ղա­հա­նո­ւած­ներն են։ Ին­չո՞ւ։ Ո­րով­հե­տեւ Թուր­քիաՍէու­տա­կան Ա­րա­բիաՔա­թար ե­ռեա­կը կը նկա­տէ տնտե­սա­կան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը քա­րիւ­ղի եւ բնա­կան կա­զի ա՛յն խո­ղո­վա­կա­շա­րին, որ Քա­թա­րէն Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ ճամ­բով պի­տի հաս­նի Սու­րիա եւ - Հա­լէ­պէն անց­նե­լով - պի­տի հաս­նի Թուր­քիա ու Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն։ Այդ եր­կիր­նե­րը, կամ՝ ՏԱՀԵ­Շի հո­վա­նա­ւոր­նե­րը չեն կրնար Սու­րիոյ մէջ խա­ղա­ղու­թեան ազ­դակ ըլ­լալ, ոչ ալ այդ երկ­րին ա­պա­գան կրնայ ա­նոնց վստա­հո­ւիլ։ Թուր­քիան յոյ­սը չի կորսնց­ներ ստեղ­ծե­լու «ա­պա­հո­վա­կան գօ­տի» (Safe Zone) մը, ուս­տի օ­ժան­դա­կու­թիւն կը տրա­մադ­րէ Քա­յի­տա­յի սու­րիա­կան թե­ւին՝ Ժապ­հաթ Նուս­րա­յին, ա­նոր շար­քե­րը ամ­րապնդե­լով Ա­սիոյ խո­րե­րէն ե­կած ա­հա­բե­կիչ­նե­րով՝ մաս­նա­ւո­րա­բար Չի­նաս­տա­նի ու­ղուր­նե­րով, չե­չէն­նե­րով եւ Թուրք­մե­նա­կան Իս­լա­մա­կան Կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ու­ղար­կո­ւած թուրք­մէն­նե­րով։ Այդ ու­ժե­րը այժմ կը հա­ւա­քո­ւին Թուր­քիոյ մէջ եւ թրքա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ա­նոնց ա­պա­հո­վու­թիւն կը տրա­մադ­րէ։ Թր­քա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւ­նը 10 հա­զար զի­նեալ մար­զած է եւ ա­նոնց մէկ մա­սը ար­դէն իսկ ու­ղար­կո­ւած է Սու­րիոյ Զան­պակ գիւ­ղը՝ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար թրքա­խօս թուրք­մէն հա­մայն­քը.- Ըստ Էր­տո­ղա­նի՝ Սու­րիոյ թուրք­մէն հա­մայն­քին վե­րապ­րու­մին հա­մար հարկ է «ա­պա­հո­վա­կան գօ­տի» մը տրա­մադ­րել ա­նոր։

Պէտք չէ մոռ­նանք, որ Հա­լէ­պը մայ­րա­քա­ղաքն է ծրագ­րո­ւած թրքա­կան 82րդ նա­հան­գին, ինչ որ ցոյց կու տայ Սու­րիոյ այդ բա­ժի­նը ի­րեն կցե­լու Թուր­քիոյ մտադ­րու­թիւ­նը։ «Ա­պա­հո­վա­կան գօ­տի» ստեղ­ծե­լէ ետք Թուր­քիա այս քայ­լին վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում պի­տի որ­դեգ­րէ՝ ակ­նար­կե­լով Խ­րի­մի օ­րի­նա­կին՝ պնդե­լով, որ այդ տա­րած­քը թուր­քե­րով բնա­կո­ւած է։ Թուր­քիան Հա­լէ­պը կը նկա­տէ իր քա­ղա­քը, ուս­տի վար­չա­պետ Տա­ւու­թօղ­լո­ւի այն յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ Թուր­քիա Պաշ­շար Ա­սա­տի ու­ժե­րուն պի­տի չար­տօ­նէ Ա­զա­զին տի­րե­լու՝ կու գայ ընդգ­ծե­լու Հա­լէ­պի նկատ­մամբ Թուր­քիոյ ու­նե­ցած ըն­չա­սի­րու­թիւ­նը։

«ՀՈՐԻԶՈՆ»