­altԵ­թէ չորս տա­րի ա­ռաջ Վի­գէն Փի­լի­պո­սեա­նին ը­սէին, որ Հա­լէ­պէն պի­տի գայ Ե­րե­ւան եւ պի­տի սկսի խո­հա­րա­րու­թեամբ զբա­ղիլ, փոք­րիկ սրճա­րան պի­տի բա­նայ ու նոր ճա­շա­տե­սակ­ներ յօ­րի­նէ, ո՛չ ինք պի­տի հա­ւա­տար, ոչ ալ ըն­տա­նի­քը:

Հա­լէ­պի մէջ կա­րի ար­տադ­րա­մաս ու կեդ­րո­նա­կան փո­ղո­ցին մէջ ե­րեք հսկա­յա­կան խա­նութ ու­նե­ցող Վի­գէ­նը Սու­րիոյ մէջ կը հա­մա­րո­ւէր յա­ջո­ղակ գոր­ծա­րար, սա­կայն Ե­րե­ւա­նի մէջ յայտնուե­ցաւ փաս­տի առ­ջեւ. հար­կա­ւոր էր ա­մէն ինչ սկսիլ զե­րո­յէն: Չորս տա­րի ա­ռաջ Հա­յաս­տան ե­կաւ ըն­դա­մէ­նը եր­կու շա­բա­թով` Հա­լէ­պի մէջ ձգե­լով ա­մէն ինչ: Այժմ հսկա­յա­կան ար­տադ­րա­մասն ու խա­նութ­նե­րը փլա­տակ են, ապ­րանք­ներն ու ար­տադ­րա­մա­սե­րը` թա­լա­նո­ւած:

«­Մենք չէինք են­թադ­րեր, որ Սու­րիոյ մէջ պա­տե­րազ­մը այս­պէս կ­՛ըլ­լայ, այս­քան կ­՛եր­կա­րի: Մենք ե­կանք Ե­րե­ւան եւ օ­դա­կա­յա­նը փա­կո­ւե­ցաւ: Հա­լէպ վե­րա­դառ­նա­լը անհ­նար էր եւ մնա­ցինք այս­տեղ»,- կ­՛ը­սէ Վի­գէ­նը:

Շուրջ մէկ տա­րի Վի­գէ­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ տար­բեր գոր­ծեր կա­տա­րած է, փոր­ձած է գործ սկսիլ, սա­կայն յա­ջո­ղու­թեան չէ հա­սած: Շա­տե­րու պէս ան ալ հիաս­թա­փո­ւած ու ո­րո­շած է բախտ փնտռել Եւ­րո­պա. ըն­տա­նի­քով մեկ­նած են Եւ­րո­պա, հաս­տա­տո­ւած է Հո­լան­տա: Սա­կայն այն­տեղ ե­րեք ա­միս ապ­րե­լէ ետք հասկ­ցան` Ե­րե­ւա­նէն լաւ տեղ չկայ:

«Ե­րէք ա­միս անց, երբ պէտք է կա­ցու­թեան հա­մար փաս­տա­թուղթ տա­յինք, մենք հասկ­ցանք, որ կը նա­խընտ­րենք ապ­րիլ Ե­րե­ւան եւ չըլ­լալ փախս­տա­կան Եւ­րո­պա­յի մէջ»,- կ­՛ը­սէ Վի­գէն ու կ­՛ա­ւելց­նէ, որ Եւ­րո­պա մեկ­նի­լը կը հա­մա­րէ կեան­քի փորձ եւ կը շեշ­տէ, որ սխալ­նե­րէն դա­սեր քա­ղած է:

«Ե­թէ չեր­թա­յինք, միշտ պի­տի մտա­ծէինք, որ դուր­սը ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լայ, իսկ այս կեր­պով գի­տենք, որ Ե­րե­ւա­նէն լաւ տեղ չկայ»,- կ­՛ը­սէ Վի­գէ­նը ու կը նշէ, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ նոր կեանք սկսե­լու երկ­րորդ փոր­ձը ա­ւե­լի յա­ջող էր: Կ­՛ը­սեն` գոր­ծա­րա­րը գոր­ծա­րար է ա­մէ­նու­րեք, իսկ ար­հես­տա­վարժ գոր­ծա­րա­րը կրնայ ո­րե­ւէ մի­ջա­վայ­րի եւ ի­րա­վի­ճա­կի մէջ ալ գործ ստեղ­ծել:

Ե­րե­ւա­նի մէջ Վի­գէ­նը կը յի­շէ մօր կող­մէ պա­պի­կը, ով Սու­րիա­յի բա­նա­կի խո­հա­րարն էր: Վի­գէ­նի զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը ան­ցած է պա­պի­կի կող­քին` զի­նո­ւո­րա­կան ճա­շա­րա­նին մէջ. հոն ալ սոր­ված է վայր­կեան­նե­րու ա­րա­գու­թեամբ սո­խը ման­րել, հա­մե­մունք­նե­րը ի­րա­րու խառ­նե­լու եւ հա­մեղ ու­տեստ ստեղ­ծե­լու ա­րո­ւես­տը: Ե­րե­ւա­նի մէջ Վի­գէ­նը կը բա­նայ փոք­րիկ սրճա­րան` «­Թաուկ»: Սր­ճա­րա­նի գլխա­ւոր ու­տե­լիքն ալ կը կո­չո­ւի Թաուկ: Հա­ւէն պատ­րաս­տո­ւող ու­տես­տի բա­ղադ­րա­տոմ­սը յօ­րի­նած է Վի­գէ­նը, ա­նու­նը` նոյն­պէս: Սր­ճա­րան այ­ցե­լող­նե­րը, ո­րոնք օ­րէ օր կը շատ­նան, կը խոս­տո­վա­նին, որ թաու­կը լուրջ մրցա­կից է շաուր­մա­յին:

Վի­գէ­նը կը շեշ­տէ, որ ո­րե­ւէ աշ­խա­տան­քի մէջ յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար հար­կա­ւոր է սէր դնել, պայ­քա­րիլ, հա­ւա­տալ քու ու­ժե­րուդ ու շատ աշ­խա­տիլ: Այժմ Վի­գէ­նը օ­րա­կան տասնչորս ժամ կ­՛աշ­խա­տի. ինք սրճա­րա­նի տնօ­րէնն է, խո­հա­րա­րը, հա­ւա­քա­րարն ու մա­տու­ցո­ղըԿ­՛ը­սէ` փոր­ձած է «­Թաուկ»ը դարձ­նել լու­սա­ւոր վայր մը, որ կը նա­խընտ­րեն ընդ­մի­ջում ը­նել, ե­րե­կո­յեան ժա­մա­նակ անց­նել ու վա­յե­լել սու­րիա­կան ու­տեստ­ներ:

«Ա­մէն ու­տես­տի մէջ պէտք է սէր դնել: Ին­ծի յա­ճախ կը հարցնեն, օ­րա­կան հա­րիւ­րա­ւոր ու­տեստ կը պատ­րաս­տես, դժո­ւար չէ՞ այդ­քան սէր ներդ­նել: Ես կը պա­տաս­խա­նեմ` ոչ: Սէ­րը սի­րով կ­՛ա­ւել­նայ, ինչ­քան շատ սէր կը դնես, այն­քան շատ կը ստա­նաս»,- կ­՛ը­սէ Վի­գէն ու կ­՛ա­ւելց­նէ, որ յա­ճա­խորդ­նե­րէն միայն դրա­կան ար­ձա­գանգ կը ստա­նայ, շա­տե­րը բա­ղադ­րա­տոմ­սե­րը կը հարց­նեն, եր­բեմն ալ կը ճշտեն, թէ ինչ հա­մե­մունք­ներ օգ­տա­գոր­ծած է:

Վի­գէ­նը կը պատ­մէ, որ պա­տե­րազ­մը ու ա­նընդ­հատ տե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րը իր ու ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն բնա­ւո­րու­թեան մէջ բա­ւա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ մտցու­ցած են: Ան­կէ ա­մե­նաէա­կա­նը այ­սօ­րո­ւայ օ­րով ապ­րիլն է:

«­Մեզ­մէ ոչ ոք ա­պա­գա­յի մա­սին կը մտա­ծէ, թէ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ վա­ղը, ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ մէկ շա­բա­թէն, ոչ մէ­կը գի­տէ, մենք չենք մտա­ծեր, թէ վա­ղը ի՞նչ պի­տի ը­նենք կամ ո՞ւր պի­տի ապ­րինք»,- կ­՛ը­սէ Վի­գէ­նը ու կ­՛ա­ւելց­նէ, որ Սու­րիոյ մէջ պա­տե­րազ­մը ա­պա­ցու­ցեց, թէ ար­կի մէկ պայ­թիւ­նը կրնայ ի չիք դարձ­նել ո­րե­ւէ ե­րա­զանք ու նպա­տակ: