Ապագայ սերունդներու ժառանգը ապահովելով
Ահա՛ դարձեալ հասաւ հայ մամուլի խորհրդանշական այդ թուականը, որ ամէն տարի յունահայութիւնն ալ կը թեւակոխէ, Ազատ Օր թերթի հիմնադրութեան յոբելեանը նշելով։
Ազատ Օր այսօր կը դառնայ 72 տարեկան։ Թերթի խմբագրութիւնը, հաւատարիմ բաժանորդները, տպագիր թերթի եւ ելեկտրոնային տարբերակի ընթերցողները, աշխատակիցներն ու թղթակիցները՝ ուրախութեան զգացումներով, բայց մանաւանդ յառաջիկայի ծրագրումներն ու մարտահրաւէրները դիմակայելու մտահոգութեամբ կը նշեն այս օրը։
72 տարուայ անխափան երթ։ Միշտ նորոգուող, միշտ թարմացող ու այնքան խստապահանջ մամլոյ դաշտին մէջ, ուր նորն ու արդին շուտով կը պարտադրեն ինքզինք։
Ազատ Օրը յունահայ գաղութի կարեւոր կռուաններէն մէկն է, որ 72ամեայ իր ճանապարհին ընթացքին հայ հաւաքականութիւններուն միջեւ ամրապնդման ազդակ եղած, ինչպէս նաեւ յունահայոց գործունէութեան ծանօթացման ու վարկի բարձրացման խիստ պարտականութիւնը կատարած է։ Հիմա, հայեացքները կը կեդրոնանան ապագային վրայ, ելեկտրոնային հաղորդակցութեան ու համացանցի արագութեան այս տարիներուն, որ նոր ու հրամայական մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնեն մեր թերթը։ Վերջ ի վերջոյ, իւրաքանչիւր անհատ, հաստատութիւն կամ ընկերութիւն՝ ապագան երաշխաւորելու պայքարն է որ կ’þապրի իր առօրեային մէջ, դժուար թէ աւելի դժուարացող պայմաններու մէջ, բայց նորը փնտռելով ու այդ նորին միջոցաւ ներշնչուելով ու յանձնառութիւնը պահպանելով։ Հայ թերթը անմասն չէ այս պայքարէն, մանաւանդ որ կը պահուի բարոյական ու նիւթական բարձր զոհաբերութեամբ։ Բայց նաեւ սէր, պատրաստակամութիւն, տեսիլք ու հեռատեսութիւն անհրաժեշտ են, որ արհեստագիտութեան օգտագործման կողքին, հայ թերթին դիմագիծը պիտի պահպանեն, մանաւանդ, որ մամուլ հասկացողութիւնը այսօր իր մէջ կը պարփակէ իմաստներ ու մարզեր, որոնք թուղթի ու մելանի սահմաններէն դուրս կը բերեն թերթը։ Նոր պահանջքները կապուած են հասանելիութիւնը ապահովելու, մարդոց ազատ կամքին, խստապահանջ առօրեայի ժամանակացոյցին ենթարկուելու, հայութեան հարցերը արտացոլացնելու կարողութիւնը զարգացնելու հարցերուն հետ։ Բայց նաեւ լրահոսը տարբեր ձեւերով զարգացնելու՝ նկար, երիզ, կարճ լուր, Թուիթըրի եւ Դիմատետրի մէջ լոզունգային լեզու օգտագործելու ձեւերուն հետ։
Մեր թերթը կանգուն պահելու ու անոր շուրջ հայ մամուլի նորանոր սպասաւորներ համախմբելու վճռակամութեամբ կը շարունակենք մեր երթը։ Ապահովելու համար յունահայ ապագայ սերունդներու ժառանգը։