alt«Գ­րա­կա­նու­թիւն» եզ­րը, իր գե­ղարո­ւես­տա­կան ըմբռ­նու­մէն զատ, ու­նի ա­ւե­լի լայն հաս­կա­ցո­ղու­թիւն մըն ալ, օ­րի­նակ՝ երբ կ’ը­սենք, թէ ըն­դար­ձակ գրա­կա­նու­թիւն կայ ար­հեստ­նե­րու մա­սին, նախ­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին, աստ­ղա­գի­տու­թեան մա­սին, յե­ղա­փո­խու­թեան եւ ա­զա­տագրա­կան պայ­քա­րի մա­սին, ըն­

կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու մա­սին:

Այ­սինքն՝ բո­լոր «գրո­ւած բա­նե­րը» կամ գիր­քե­րը, ընդ­հան­րա­ցու­մով, կը հա­մա­րենք գրա­կա­նու­թիւն: ­Բա­ռին կազ­մու­թիւ­նը այդ կը յու­շէ. ինչ որ կ’ըլ­լայ գի­րով: Ինչ­պէս գործ­նա­կա­նը՝ գոր­ծով ե­ղած՝ յե­ղա­փո­խա­կա­նը՝ յե­ղա­փո­խու­թեամբ ե­ղած, ար­հես­տա­կա­նը՝ ար­հես­տով ե­ղած:

Գ­րա­կա­նու­թիւն եզ­րը մեր մէջ եւս, հե­տե­ւու­թեամբ ա­րեւմ­տեան հո­լո­վոյ­թին, յստա­կա­ցաւ որ­պէս ի­մաստ եւ ստա­ցաւ գե­ղա­գի­տա­կան ի­մաստ: Գ­րա­կա­նու­թիւ­նը այ­սօր չի նշա­նա­կեր ինչ որ կայ գիր­քե­րու մէջ, այլ ինչ որ գրո­ւած եւ ը­սո­ւած է գե­ղե­ցի­կի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մի­տու­մով եւ ար­տա­յայ­տու­թեամբ: Այ­սինքն, գրա­կա­նու­թիւ­նը ար­հեստ չէ, որ ի­րա­կա­նու­թեան պատ­կե­րը կը վե­րար­տադ­րէ ինք­զինք կրկնե­լով, այլ գե­ղե­ցի­կի նո­ւա­ճում, եւ գե­ղե­ցի­կը ե­զա­կի է, կրկնու­թիւն չէ:

­Գե­ղե­ցի­կը եւ ե­զա­կին գրա­մո­լա­կան մար­մաջ չեն: Գ­րա­կա­նու­թիւն սի­րել եւ գրա­կա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւիլ ան­պայ­ման գե­ղե­ցի­կի եւ ե­զա­կիի նո­ւա­ճում չեն: Օ­րի­նակ՝ գրա­խօ­սա­կա­նը, նոյ­նիսկ գրա­կան քնննա­դա­տու­թիւ­նը եւ վեր­լու­ծու­մը գե­ղե­ցի­կի եւ ե­զա­կիի նո­ւա­ճում չեն, սի­րո­ղա­կան կամ գի­տա­կան վե­րա­բե­րում­ներ են, կը ծա­ռա­յեն դաս­տիա­րա­կու­թեան, ծա­նօ­թաց­ման եւ քա­րոզ­չու­թեան: Գ­րա­խօ­սո­ղը կամ քննա­դա­տը կրնան շատ ա­ւե­լի բան գիտ­նալ, բայց ստեղ­ծա­գոր­ծող եւ նո­ւա­ճող չեն: Այլ խօս­քով՝ լաւ է գի­տուն ըլ­լալ, բայց այդ բա­ւա­րար չէ «գրա­կա­նու­թիւն» ստեղ­ծե­լու հա­մար:

Գ­րա­կա­նու­թիւ­նը մաս կը կազ­մէ «հա­ղոր­դակ­ցա­կան» մի­գա­մա­ծին, ինչ­պէս մա­մու­լը, հե­ռա­տե­սի­լը, ձայ­նաս­փիւ­ռը, ո­րոնք տե­ղե­կու­թիւն կը փո­խան­ցեն, կը ծա­նօ­թաց­նեն, քա­րոզ­չու­թիւն կ’ը­նեն, ո­րոնց տա­րո­ղու­թիւ­նը եւ ո­րա­կը այ­լա­պէս քննե­լի կրնան ըլ­լալ: Գ­րա­կա­նու­թիւն եւ հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­ներ կ’օգ­տա­գոր­ծեն այս կամ այն լե­զուն, ա­նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, «հաս­նե­լու» հա­մար ըն­թեր­ցո­ղին կամ ունկն­դի­րին, ա­նոր յու­շե­լու հա­մար տե­ղե­կու­թիւն (ան­մի­ջա­կան՝ որ քա­ղա­քա­կան է, պատ­մու­թիւն, գի­տու­թիւն), դա­տում, կար­ծիք: Գ­րա­կա­նու­թեան պա­րա­գա­յին՝ այդ բո­լո­րը կ’անց­նի գե­ղե­ցի­կի բո­վէն:

­Հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու ան­մի­ջա­կա­նու­թեան, ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն մատ­չե­լիու­թեան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րու յա­ռա­ջա­ցու­ցած ա­րա­գու­թեան բե­րու­մով, տե­ղե­կա­տո­ւա­կան դաշ­տը կը հե­ղե­ղո­ւի: Ըն­կա­լո­ղը հե­ղե­ղին դի­մաց ջո­կե­լու ժա­մա­նակ չու­նի, այ­սինքն կը զրկուի այդ ը­նե­լու ա­զա­տու­թե­նէն: Այդ պատ­ճառ է նաեւ, որ ո­րա­կի հա­մար խնամ­քը նո­ւա­զի, որ ա­ռա­ջին հեր­թին կ’անդ­րա­դառ­նայ լե­զո­ւին: ­Զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւու­թեան էջ եւ ժամ լեց­նե­լու մնա­յուն լա­րու­մը ո­րա­կի եւ դա­տու­մի դաշ­տը կը սեղ­մեն, ոչ միայն մեր «փոք­րիկ ա­ծու»ի պա­րա­գա­յին:

­Լե­զուն, իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, ըն­թեր­ցո­ղին եւ ունկն­դի­րին կը յու­շէ ը­սո­ւա­ծէն ա­ւե­լին, իր բա­ռե­րու ընտ­րու­թեամբ, ո­ճա­կան կա­ռու­ցում­նե­րով, պատ­կեր­նե­րով: ­Հոս է, որ քա­րոզ­չու­թեան (ո­րուն նպա­տա­կը գե­ղե­ցի­կը չէ, որ ան­մի­ջա­կա­նու­թիւն է, դա­տա­պար­տո­ւած՝ յա­ջորդ ան­մի­ջա­կա­նով փո­խա­րի­նո­ւե­լու) եւ գրա­կա­նու­թեան մի­ջեւ (որ գե­ղե­ցի­կի եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ա­րա­րում է) խրա­մատ կը բա­ցո­ւի: ­Քա­րոզ­չու­թեան, մա­նա­ւանդ քա­ղա­քա­կան, լե­զո­ւա­կան գոր­ծա­ծո­ւող բա­ռա­պա­շա­րը խիստ սահ­մա­նա­փակ է: Ան պէտք չու­նի լե­զո­ւի հարս­տու­թեան ամ­բողջ ստեղ­նա­շա­րին:

­Հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման խօլ ար­շա­ւի ըն­թաց­քին, այդ ստեղ­նա­շա­րին մէջ կը ներ­մու­ծո­ւին «հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած» բա­ռեր, ո­րոնց առ­ջեւ բաց են քա­ղա­քա­կան հզօ­րու­թիւն չու­նե­ցող եւ փոքր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու լե­զո­ւա­կան-մշա­կու­թա­յին դար­պաս­նե­րը, պա­հակ չու­նին, այ­սինքն բա­ռեր եւ ը­սե­լա­ձե­ւեր կը կրկնո­ւին եւ կը կապ­կո­ւին: Ի հար­կէ, մտա­ծե­լով հան­դերձ ընդ­հան­րա­կան ձե­ւով, կը մտա­ծեմ մեր կա­ցու­թեան մա­սին, ­Հա­յաս­տան եւ սփիւռք(ներ):

Ինչ­պէս աս­կէ ա­ռաջ նկա­տել տուած եմ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով, ան­ցեա­լին հայ մա­մու­լը հայ գրա­կա­նու­թեան տնկա­րան ե­ղած է: Այ­սօր այդ մա­մու­լին մէջ գրա­կա­նու­թեան տեղ չկայ, այն­քան ա­ռատ են քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ մար­զա­կան լու­րե­րը, հայ­կա­կան (­Հա­յաս­տա­նէն եւ սփիւռք­նե­րէն) եւ մի­ջազ­գա­յին, ի­րենց ման­րուք­նե­րով, որ ոչ ոք կը մտա­ծէ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գրա­կա­նու­թեան էջ բա­նա­լու, մա­նա­ւանդ որ հայ­կա­կան թեր­թե­րու է­ջե­րը սահ­մա­նա­փակ են:

­Քա­ղա­քա­կան կո­չո­ւած լրատո­ւա­մի­ջոց­նե­րը բա­ցա­սա­կան կեր­պով դե­րա­կա­տար են լե­զո­ւա­պահ­պա­նու­թեան եւ լե­զո­ւա­շի­նու­թեան մար­զին մէջ, լեզո­ւի ո­ճա­կան ո­րա­կի եւ գրա­կա­նու­թեան զար­գաց­ման: Ո՞վ կը յի­շէ այ­սօր «Մ­շակ»ը եւ «Ա­զա­տա­մարտ»ը, թեր­թեր՝ ո­րոնք ե­թէ չըլ­լա­յին, ինչ կ’ըլ­լար ա­րե­ւե­լա­հայ եւ ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը, ­Րաֆ­ֆին եւ ­Զօհ­րա­պը: Այդ­պէս ե­ղած է նաեւ օ­տար­նե­րու պա­րա­գա­յին: ­Ֆիո­տոր ­Տոս­թո­յես­կիի հռչա­կա­ւոր վէ­պը, «Ա­պու­շը», թեր­թօ­նի ձե­ւով լոյս տե­սած է, 1868-1869ին, եւ հինգ տա­րի վերջ լոյս տե­սած է ա­ռան­ձին զոյգ հա­տոր­նե­րով:

Գ­րա­կա­նու­թեան սե­ռե­րը կան, ա­նոնք ի­րենց հու­նով կը ձգտին գե­ղա­գի­տա­կան նո­ւաճ­ման. վէպ, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, թատ­րոն: Ա­նոնց ըն­թա­ցի­կի եւ ա­ռօ­րէա­կա­նի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կա­րե­լի է տես­նել կեան­քի մէջ, լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը կրնան խօ­սիլ այդ մա­սին: Գ­րա­կա­նու­թիւ­նը այդ բո­վան­դա­կու­թեան այ­լա­պէս ձե­ւա­ւո­րումն է, գե­ղե­ցի­կի դրոշ­մով, որ զայն իր ժա­մա­նա­կի եւ մաս­նա­ւո­րի սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րէն կ’ա­զա­տագ­րէ:

Օ­րի­նակ, ­Յա­կոբ ­Կա­րա­պեն­ցի վէ­պի («Ա­դա­մի ­Գիր­քը», 1983) կեր­պար­նե­րուն կը հան­դի­պէինք ե­րէկ, կրնանք հան­դի­պիլ այ­սօր կամ վա­ղը, ա­նոնք մեր կող­քէն կ’անց­նին, բայց գրո­ղը այդ «կեան­քեր»ը քան­դա­կած է, ինչ­պէս մար­մա­րէն դուրս ե­կած ար­ձա­նը, թեր­թին մէջ կար­դա­ցո­ւած ո­ճիր-ար­կած չէ, հե­ռա­տե­սի­լի սփռած ինք­զինք կրկնող ժա­ման­ցի պատ­կեր-պատ­մու­թիւն չէ: Գ­րա­կա­նու­թիւ­նը կեանք եւ ճա­կա­տա­գիր կը ձու­լէ, ա­նոնց մէջ սե­ւե­ռե­լով ինչ որ յա­ւեր­ժա­կան է, ար­ժէք է, գե­ղե­ցիկ:

Գ­րա­կա­նու­թիւ­նը քա­րոզ­չա­կա­նի եւ օգ­տա­կա­րի բե­մադ­րու­թիւն չէ, այդ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու եւ բարձ­րա­խօս­նե­րու զբա­ղում է: Գ­րա­կա­նու­թիւ­նը, իր տար­բեր ար­տա­յա­տու­թիւն­նե­րով, ան­մի­ջա­կան պա­հանջ բա­ւա­րա­րող օգ­տա­շա­տի մի­տում չէ, ան մարդ­կու­թեան յա­ռա­ջըն­թա­ցի, այ­սինքն քա­ղա­քակր­թու­թեան ճա­ռա­գայ­թում է, սե­րուն­դին հա­մար եւ սե­րունդ­նե­րէն ան­դին, որ պար­զա­ցո­ւած տե­ղե­կա­տո­ւու­թե­նէն ան­դին, ապ­րո­ղի, կեան­քի եւ ըն­կե­րու­թեան բարդ կա­ցու­թիւն­նե­րու եւ ապ­րում­նե­րու յա­գե­ցած պատ­կեր է, շա­րու­նա­կու­թիւն եւ սկիզբ, այ­սօ­րո­ւան եւ վա­ղո­ւան հա­մար, ան ըլ­լայ ա­րո­ւեստ թէ յանձ­նա­ռու գրա­կա­նու­թիւն:

Գ­րա­կա­նու­թիւ­նը կա­մուրջ է հա­մա­մարդ­կա­յին հո­լո­վոյ­թի ով­կիա­նո­սին վրայ: Այդ կա­մուր­ջը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ ցարդ կը ձգո­ւէր գիր­քե­րով, եւ հե­ղի­նակ­նե­րը կը խօ­սէին եր­կիր­նե­րու եւ մար­դոց հետ ա­ռանց ա­նոնց հան­դի­պե­լու: Այ­սօր այդ­պէս է դեռ: 2015-­Նո­պէ­լի գրա­կա­նու­թեան պե­լո­ռուս դափ­նե­կի­րին՝ Ս­վետ­լա­նա Ա­լեք­սիե­ւի­չի՝ հետ ֆրան­սա­ցի­նե­րը խօ­սե­ցան իր թարգ­մա­նո­ւած գիր­քե­րով, բա­բա­խե­լով քսա­նե­րորդ դա­րու մար­դոց եւ ա­նոնց ցա­ւին հետ:

Այս կա­մուր­ջին նոր ձեւ եւ տա­րո­ղու­թիւն կրնայ տալ թո­ւայ­նա­ցու­մը, տա­րած­ման տե­սա­կէ­տէ, բայց պի­տի պա­հէ ըն­թեր­ցա­նու­թեան կեդ­րո­նա­ցու­մը, ինչ­պէս այդ ե­ղած էր ան­ցեալ դա­րե­րուն, թեր­թօն­նե­րու հրա­տա­րա­կու­թեամբ:

Գ­րա­կա­նու­թիւ­նը իր հո­գե­բա­նա­կան, ի­րա­պաշ­տա­կան եւ յանձ­նա­ռու ձե­ւով (Ս­թան­տալ, ­Պալ­զաք, ­Սարթր) վա­ւե­րա­կան կ’ըլ­լայ երբ գե­ղա­գի­տա­կան եւ լե­զո­ւա­կան նո­ւա­ճու­մի կը հաս­նի: Ան­տե­ղի ինք­նատ­պու­թեան եւ տպա­ւո­րե­լու մար­մա­ջը, գրգռու­թիւ­նը, բա­ռե­րու չար­չա­րան­քով զո­ւար­ճա­նա­լու ճապ­կում­նե­րը, չե­ղա­ծի հա­մար փոխ-հիա­ցում­նե­րը, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան չեն տա­նիր, քա­նի որ ան­մի­ջա­կա­նէ ան­ջա­տո­ւող կա­մուրջ դառ­նա­լու գե­ղե­ցի­կը կը պակ­սի:

­Պէտք է խօ­սիլ, գրա­կա­նու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կա­րով, իս­կա­կան հրա­տա­րակ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան մա­սին,- ոչ միայն տպագ­րու­թիւն: Հ­րա­տա­րակ­չու­թիւն՝ որ գիտ­նայ ընտ­րել ա­ռանց ծան­ծա­ղե­լու ըն­կե­րա­կողմ­նա­պաշ­տա­կան հա­ճո­յա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու մէջ, ո­րոնց աղ­բիւ­սին վրայ կ’ա­ճի գրա­մո­լու­թեան ա­ղէ­տը: ­Մեր պա­րա­գա­յին, գրա­կա­նու­թիւ­նը կա­րիք ու­նի պե­տա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան եւ նե­ցու­կի, նաեւ սփիւռք(ներ)ի մէջ: ­Բայց նաեւ կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը հասց­նե­լու հա­մար հա­յոց, որ ազ­գին կը բե­րէ բարձ­րա­խօս­նե­րէ հո­սող աղ­մու­կէն տար­բեր ո­րակ:

Այս հար­ցե­րը օ­րա­կարգ կը դառ­նա՞ն հոն, ուր մե­ծա­նուն (կամ այդ­պէս կարծուած) ժո­ղով­ներ կը գու­մա­րո­ւին: ­Ժա­մա­նակ ու­նի՞նք «սպա­սէ եւ տես»ի, wait and seeի…
Թղ­թած­րա­րը բաց է, ե­թէ խօ­սող ու մտա­հո­գո­ւող ըլ­լայ:
­Բայց պէտք է գիտ­նալ, ա­ռա­քի­նու­թեան վե­րա­ծել, գրա­մո­լա­կան-ցու­ցա­կան-կողմ­նա­պաշ­տա­կան ճա­հի­ճին մէջ չխրե­լու ազ­նո­ւու­թիւ­նը: ­Յանգ յար­մարցնե­լը բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն չհա­մա­րել: ­Կը յի­շեմ Անդ­րա­նիկ ­Ծա­ռու­կեա­նը, որ գրա­մոլ­նե­րու բա­նաս­տեղ­ծու­թեան հա­մար երբ կը խօ­սէր, կ’ը­սէր՝ «Եր­կու կան­գուն կտաւ // ա­րե­ւը մա­րը մտաւ»…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ