altԲո­լորս ալ, մեր ման­կու­թեան տա­րի­նե­րուն, հե­քիաթ­նե­րէն շատ ա­ւե­լի սի­րած ենք ա­նոնց սկզբնա­ւո­րու­թեան գրո­ւած «կար ու չկար»ը:

Այս նա­խա­մուտ­քը կամ նա­խա­բա­նը թէ՛ ա­ւե­լի հե­տաքրք­րա­կան կը դարձ­նէ հե­քիա­թը եւ թէ կա­խար­դա­կան մագ­նի­սա­ցու­մով ունկն­դի­րը կը կա­պէ ա­նոր ե­րե­ւա­կա­յա­կան ան­ծայ­րա­ծիր նիւ­թին:

Ե­թէ չէք յի­շեր ձեր մե­ծե­րու ծուն­կե­րուն առ­ջեւ նստած հե­քիաթ մտիկ ը­նե­լու պա­հե­րը ձեր ման­կու­թեան օ­րե­րէն, գէթ այ­սօր կրնաք հե­տե­ւիլ քնա­նա­լու հա­մար ան­կո­ղին մտած ե­րե­խա­նե­րու կի­սա­խուփ աչ­քե­րով ի­րենց ծնող­նե­րէն հե­քիաթ պա­հան­ջե­լու սպա­սու­մին:

Ա­նոնց­մէ շա­տեր միայն այդ հե­քիաթ­նե­րուն թե­ւե­րով քուն կը մտնեն: Ու­շիմ ե­րե­խա­նե­րը նոյ­նիսկ ի­րենց քնա­թա­թախ վի­ճա­կին մէջ կ­՛ի­մա­նան, թէ տուեալ հե­քիա­թը նա­խա­պէս պատմուա՞ծ էր ի­րենց, թէ՞ նո­րու­թիւն է ամ­բող­ջու­թեամբ:

­Կը պա­տա­հի, որ ո­մանք նոյն հե­քիա­թէն հա­ճոյք կ­՛առ­նեն, պա­հան­ջե­լով որ ա­մէն գի­շեր նո՛յ­նը պատ­մո­ւի ի­րենց: Եր­բեմն ալ ա­նոնք նո՛­րը կը պա­հան­ջեն, իսկ ծնող­ներ ան­ճար՝ հե­քիաթ­նե­րու գիր­քեր կը փնտռեն, գո­հաց­նե­լու հա­մար ի­րենց ե­րե­խա­նե­րուն հե­քիաթ լսե­լու ան­յագ ծա­րա­ւը:

Ան­ձամբ լսած եմ ե­րե­խա­յի մը՝ «ին­ծի պատ­մէ, պատ­մէ ին­ծի» ը­սե­լով, ցա­ւա­գին ա­ղեր­սը ան­կո­ղի­նին մէջ, քնա­նա­լէ ա­ռաջ, դեռ նա­խա­դա­սու­թիւն կազ­մե­լու դժո­ւա­րու­թեան դի­մաց կանգ­նած:

­Հե­քիաթ­նե­րը միշտ ի­րա­կան ան­ձեր ու­նե­ցած են իբ­րեւ հե­րոս­ներ կամ տի­պար­ներ, սա­կայն հե­տա­գա­յին ա­նոնք՝ հե­քիաթ­նե­րու ար­ծա­թա­փայլ շրջազգեստ­նե­րը առ­նե­լով ի­րենց ու­սե­րուն՝ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան ան­մատ­չե­լի լեռ­նե­րը բարձ­րա­ցած են հրե­ղէն նժոյգ­նե­րով ու, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, հեքիա­թա­յին ան­ձե­րու վե­րա­ծո­ւած...

­Մեր դիւ­ցազ­ներ­գու­թեան հե­րոս­ներն ալ ան­պայ­ման ի­րա­կան ան­ձեր ե­ղած պէտք է ըլ­լան, սա­կայն յե­տոյ «աս­տուա­ծա­նա­լով»՝ դիւ­զազ­ներ­գու­թիւն­նե­րու անս­պառ նիւթ հայ­թայ­թած: Բ­նա­կա­նօ­րէն ազ­գի մը հե­րո­սա­կան ապ­րում­նե­րուն եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նո­ղա­կան պայ­քա­րի ո­գիին հա­մար կա­րե­ւոր են դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց հե­րոս դիւ­ցազ­նե­րը:

­Հե­քիաթ­նե­րը սի­րե­լու ման­կա­կան մեր ձգտումն ու ա­նոր հե­տե­ւող ապ­րում­նե­րը մեր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին կ­՛ըն­կե­րա­նան մե­զի: Ի­րենց ա­պա­գա­յին մա­սին ե­րա­զող եւ այդ ե­րազ­նե­րով ապ­րող մար­դոց չե՞նք հան­դի­պիր ա­մէն օր: Ա­նոնց­մէ քա­նի՞ն կը յա­ջո­ղի ի­րա­կա­նաց­նել իր բո­լոր ե­րա­զանք­նե­րը: ­Սա­կայն, բո­լորս ալ կ­՛ե­րա­զենք, կը փայ­փա­յենք մեր ե­րազ­նե­րը, նոյ­նիսկ ե­թէ ա­նոնք ան­կա­րե­լի կամ ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի թո­ւին մեզ­մէ շա­տե­րուն:

­Հե­տաքրք­րա­կան է նաեւ, որ մեր ե­րազ­նե­րէն որ­քան ի­րա­կա­նաց­նենք, այդ­քան ալ կը բա­ւա­րա­րո­ւինք եւ փառք կու տանք մեր այդ յա­ջո­ղու­թեան հա­մար, նման այն ե­րե­խա­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց պատ­մո­ւած հե­քիաթ­նե­րը լսե­լով քու­նի կ­՛անց­նին: ­Յա­ջորդ օ­րը ար­դէն նոր օր մըն է եւ նոր «հե­քիաթ» պի­տի լսենք:

­Մարդ­կա­յին կեան­քը երբ իր ա­ւար­տին հաս­նի, մար­դիկ զայն կը սի­րեն կոչել «ե­րազ» կամ «հե­քիաթ»: ­Ճիշդ է, որ այդ եր­կու բա­ռե­րը տար­բեր ի­մաստ­ներ ու­նին ինք­նին, սա­կայն մար­դոց միտ­քին մէջ ա­նոնք տեղ մը կը նոյ­նա­նան: Ո­րով­հե­տեւ ե­րազն ու հե­քիա­թը անր­ջա­յին նոյն թե­ւե­րով կը սա­ւառ­նին:

­Յի­սուն տա­րի ի­րա­րու հետ սի­րով ու հա­մե­րաշ­խու­թեամբ ապ­րած զոյ­գի մը կի­նը երբ մա­հա­ցաւ, ա­մու­սի­նը շշմած նստած էր ա­նոր ան­շունչ դիա­կին մօտ եւ իր սու­գը բաժ­նեկ­ցե­լու ե­կող­նե­րուն կ­՛ը­սէր.- «Ե­րա­զի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ, հե­քիաթ դար­ձաւ…»: ­Կար­ծէք ան կ­՛ու­զէր, որ կնոջ մա­հէն ետք ի­րենց կա­պը այդ ձե­ւով շա­րու­նա­կո­ւէր, ե­րա­զի ու հե­քիա­թի մի­ջո­ցով դար­ձեալ միա­սին ըլ­լա­յին յա­ւեր­ժու­թեան օ­թե­ւան­նե­րուն մէջ ու կեան­քին նա­յէին վե­րէն, բարձ­րէն, ան­մատ­չե­լի բար­ձունք­նե­րէն

­Մահ­կա­նա­ցու մարդ էա­կը, իր երկ­րա­ւոր կեան­քը ա­ւար­տե­լէ ետք, հե­քիա­թի պի­տի վե­րա­ծո­ւի բնա­կան ըն­թաց­քով:

­Մար­դուն մա­հէն ետք մնա­ցող­նե­րը՝ հա­րա­զատ­ներ եւ ծա­նօթ­ներ, որ­քան ալ չհա­ւա­տան մա­հո­ւան, ո­րոշ ժա­մա­նակ ետք բո­լորն ալ պի­տի հա­մո­զո­ւին ա­նոր ե­րէկ ըլ­լա­լուն եւ այ­սօր չըլ­լա­լուն, եւ մեռ­նո­ղին կեան­քը պի­տի վեր­նագ­րեն հե­քիաթ­նե­րու նա­խա­բա­նով՝ «կար ու չկար»:

­Մար­դը մա­հա­նա­լէն ետք ա­նոր հան­դէպ սնու­ցո­ւած այս հե­քիա­թա­յին հա­ւատ­քը բնա­կա­նօ­րէն մտա­ծել կու տայ ան­մա­հու­թեան գա­ղա­փա­րին մա­սին, որ քրիս­տո­նէա­կան դա­րաշր­ջա­նին նուի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Ք­րիս­տո­սի Ս. ­Յա­րու­թեամբ եւ ան­մա­հա­կան կեան­քով, զոր Ան խոս­տա­ցաւ տալ բո­լոր ի­րեն հա­ւա­տա­ցող­նե­րուն:

­Հե­քիաթ­նե­րու այս նա­խա­բա­նը՝ «կար ու չկար», ին­ծի ու քե­զի հա­մար ալ պի­տի ը­սեն օր մը, մե­զի ճանչ­ցող­ներ: Իւ­րա­քան­չիւ­րիս հե­քիա­թա­յին կեան­քը ան­շուշտ պի­տի տար­բե­րի ի­րար­մէ: ­Մէ­կուն մա­սին պատ­մո­ւած հե­քիա­թը կրնայ ա­ւե­լի եր­կա­րա­շունչ ըլ­լալ, ինչ­պէս ո­րոշ ան­մահ կեր­պար­նե­րու մա­սին պատ­մո­ւող հե­քիաթ­նե­րը: Այդ ի­րա­կան կեան­քէ քա­ղո­ւած հե­քիաթ­նե­րէն ո­մանք ա­ւե­լի մօ­տիկ պի­տի թո­ւին ի­րա­կա­նու­թեան, իսկ ու­րիշ­ներ՝ կրնան թէ՛ կար­ճա­շունչ ըլ­լալ եւ թէ ան­հա­ւա­տա­լի թուիլ: ­Կա­րե­ւո­րը այն է, թէ բո­լորս ալ մեր կեան­քի ա­ւար­տին, երբ հե­քիա­թի վե­րա­ծո­ւինք, պի­տի մտնենք այն գիր­քին մէջ, ո­րուն վրա­յէն ըն­թեր­ցում­ներ պի­տի կա­տա­րեն մար­դիկ:

­Կաս­կած չկայ, որ հե­քիաթ­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ նա­խա­սի­րու­թիւն­ներ ու­նին ըն­թեր­ցող­ներ, ըլ­լան ա­նոնք փոքր տա­րի­քի կամ ըլ­լան հա­սուն: Ու­րեմն այն­պէս պէտք է ապ­րիլ կեան­քը, որ ա­նի­կա հե­քիա­թի վե­րա­ծո­ւե­լէ ետք ալ ըն­թեր­ցո­ղին հա­ճոյք պատ­ճա­ռէ: Ա­ւե­լորդ կը հա­մա­րենք ան­շուշտ ը­սել, թէ դեռ հե­քիա­թի չվե­րա­ծո­ւած վի­ճա­կի մէջ ալ կեան­քին ար­ժէք տա­լու հա­մար, պէտք է շրջա­պա­տին «հա­ճոյք պատ­ճա­ռող», այ­սինքն օգ­տա­կար կեան­քով ապ­րի մարդ: Ինչ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ ալ ու­նե­նանք այս կեան­քին մէջ կամ ինչ հան­գա­մանք­նե­րու տէր ալ ըլ­լանք, ի վեր­ջոյ հե­քիա­թի նա­խա­բա­նին պի­տի ար­ժա­նա­նանք: Այ­սինքն, մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րի կեն­սագ­րու­թեան սկիզ­բը պի­տի գրուի հե­քիաթ­նե­րու նա­խա­մուտ­քը՝ «կար ու չկար»:

Ե­րա­նի՜ ա­նոր, ո­րուն կեան­քի հեքիա­թը հե­տաքրք­րու­թեամբ պի­տի կար­դացո­ւի, նման այն բազ­մա­հա­զար օ­րի­նակ­նե­րով տպո­ւող եւ մի­ջազ­գա­յին գրա­դա­րան­նե­րու մէջ վա­ճա­ռո­ւող ման­կա­կան հե­քիաթ­նե­րու գիր­քե­րուն, զորս ձեռք ձգե­լու հա­մար հեր­թի կը կանգ­նին յա­ճա­խորդ­ներ: Ա­նոնց կեան­քի հե­քիա­թը գրե­լու հա­մար մի­թէ՞ հե­ղի­նա­կը տար­բեր գոյ­նի թա­նա­քով գրած է, կամ մի­թէ՞ զայն գրո­ղը իր գրի­չը ու­րիշ կա­ղա­մա­րի մէջ թա­թա­խած է: ­Չէ՞ որ բո­լորս ալ մահ­կա­նա­ցու ծնած ենք միեւ­նոյն աշ­խար­հին մէջԵ­թէ կեան­քի հե­քիաթ­նե­րը գրե­լու հա­մար նո՛յն գրի­չը, նո՛յն թա­նաքն ու միեւ­նո՛յն կա­ղա­մա­րը կ­՛օգ­տա­գոր­ծենք, ու­րեմն կան գրու­թեան ո­ճի մէջ տար­բե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք այդ հե­քիաթ­նե­րէն մէ­կը կամ միւ­սը կը դարձ­նեն ա­ւե­լի հե­տաքրք­րա­կան ու փնտռուած:

Ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է, զոր կրնանք կոչել կեան­քը ապ­րե­լու շնորհք, որ ա­ւե­լի կ­՛ար­ժէ, քան այն բո­լոր շնորհ­նե­րը, ո­րոնք իբ­րեւ ձիրք կը գոր­ծա­ծենք մեր ինք­նու­թիւ­նը կամ մեր հո­գիէն բխող ա­րո­ւեստ­նե­րը ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար այս կեան­քին մէջ:

­Կեան­քը ապ­րե­լու շնորհ­քը պի­տի հան­դի­սա­նայ ա­պա­գա­յին մեր կեան­քի հե­քիա­թին հիմ­նա­կան նիւ­թը, ո­րուն շուրջ կը կա­ռու­ցո­ւին մնա­ցեալ դէպ­քե­րը: Ա­հա այս ա­ռու­մով, «կար ու չկար»ը ո­րե­ւէ հե­քիա­թի սկզբնա­ւո­րու­թեան տես­նե­լը եր­բեք ե­րաշ­խիք չէ ա­նոր շա­րու­նա­կու­թեան վրայ գտնո­ւող նիւ­թին հե­տաքրք­րա­կան ըլ­լա­լուն: ­Պէտք է ո­ճը նիւ­թին չափ հե­տաքրք­րա­կան ըլ­լայ, հա­ճե­լի կեան­քը մա­հէն ետք ալ հա­ճե­լի հե­քիաթ ըլ­լա­լու հա­մար:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ