­altԱր­դի ար­դա­րու­թեան հիմ­նա­քա­րը Հ­ռո­մէա­կան ի­րա­ւա­գի­տու­թիւնն է։ Աշ­խար­հի բո­լոր հա­մալ­սա­րան­նե­րու ի­րա­ւա­գի­տու­թեան բա­ժին­նե­րուն մէջ ու­սա­նող­ներ կը սեր­տեն ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար տա­րո­ւայ ան­ցեալ ու­նե­ցող այդ սկզբունք­նե­րը։

Ան­շուշտ որ օ­րէնսդ­րու­թեան շատ ա­ւե­լի վաղ ժա­մա­նակ­նե­րէն ե­կող օ­րէնք­ներ գո­յու­թիւն ու­նին։ Ա­շա­կերտ­ներ ուս­ման երկ­րորդ ծրագ­րին կը ծա­նօ­թա­նան «­Հա­մու­րա­պի» ա­նու­նով եւ ա­նոր մին­չեւ մե­զի հա­սած օ­րէնք­նե­րու փո­րագ­րու­թեամբ։

Եր­կու օ­րի­նակ­ներն ալ կը փաս­տեն հա­յե­րէ­նի մէջ յա­ճախ գոր­ծա­ծո­ւած «ի­րա­ւուն­քը զօ­րա­ւո­րինն է» ա­սու­թիւ­նը։ Հ­զօր ար­քայ պի­տի ըլ­լաս, որ պար­տադ­րես քու կամ­քը եւ այն օ­րէնք դառ­նայ։ ­Ցա­ւա­լին այն է, որ օ­րէնք­նե­րը մարդ­կանց կը ներ­կա­յա­նան ոչ թէ իբ­րեւ զօ­րա­ւո­րի կամ­քը, այլ իբ­րեւ ար­դա­րա­դա­տու­թիւն։

­Քա­ղա­քակր­թու­թիւնն է, որ օ­րէն­քը պի­տի պատ­շա­ճեց­նէ ար­դա­րու­թեան։ ­Չէ՞ որ մարդ­կու­թիւ­նը օ­րէն­քէն ա­ւե­լի ար­դա­րու­թեան պա­հանջ կ­՚ու­նե­նայ։ Այս հանգ­րո­ւա­նին նիւթ կը դառ­նայ սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։ Ան իր բնոյ­թով կը դա­սա­ւո­րէ նաեւ ամ­բողջ հա­մա­կարգ մը։ Ե­թէ բռնա­կա­լու­թեան մի­տու­մով պատ­րաս­տո­ւած սահ­մա­նադ­րու­թիւն մը կը գոր­ծէ, դա­տա­ւո­րի վճի­ռը կրնայ օ­րի­նա­կան ըլ­լալ, բայց ոչ ար­դար։ «Դ­րա­մա­տուն հիմ­նե­լու քով դրա­մա­տուն կո­ղոպ­տե­լը ի՞նչ է որ» կը հարց­նէր ա­նո­ւա­նի թա­տե­րա­գիր ­Պեր­թոլտ Պ­րէխտ։ ­Մին օ­րի­նա­ւոր գո­ղու­թիւն է, միւ­սը՝ ա­պօ­րէն։ ­Մին կը փա­ռա­բա­նո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ, իսկ միւ­սը՝ պա­խա­րա­կե­լի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն։

Բռ­նա­կա­լու­թեան մի­տու­մով պատ­րաս­տո­ւած օ­րէնսգր­քի վառ օ­րի­նակ մըն է ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան 1982 թո­ւա­կա­նին վա­ւե­րա­ցո­ւած սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։ 12 ­Սեպ­տեմ­բեր 1980 թուա­կա­նին զի­նուորա­կան հարուա­ծով մը գոր­ծող կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տա­պա­լող բա­նա­կը խորհըր­դա­րա­նը լու­ծեց եւ, կու­սակ­ցա­պե­տե­րը բան­տար­կե­լով, ինք ստանձ­նեց երկ­րին վար­չու­թիւ­նը։ Ա­հա այդ զօ­րա­վար­նե­րու պա­տո­ւէ­րով պատ­րաս­տո­ւած սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը Փ­րոֆ. Օր­հան Ալ­տը­քաչ­թը կը ծա­նօ­թաց­նէր հե­տե­ւեալ կեր­պով. - «1961ին պատ­րաս­տո­ւած նա­խորդ սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը պե­տու­թեան դէմ կը պաշտ­պա­նէր ժո­ղո­վուր­դը։ Իսկ մենք ժո­ղո­վուր­դին դէմ պե­տու­թեան շա­հե­րը պաշտ­պա­նող նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւն մը պատ­րաս­տե­ցինք»։

Ըն­դու­նինք, թէ պե­տու­թիւն կո­չո­ւած հա­մա­կար­գը հա­սա­րա­կու­թեան մէջ իշ­խող դիրք ու­նե­ցող­նե­րուն շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար ստեղ­ծո­ւած մե­քե­նա­կա­նու­թիւն մըն է։ ­Բայց այդ մե­քե­նան ազ­գայ­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան հրա­շա­լի վար­պե­տու­թեամբ մը կը քո­ղար­կո­ւի «սրբա­զան» ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան մը պի­տա­կին ներ­քեւ։ Սր­բու­թիւն վե­րագ­րո­ւած պե­տու­թեան հա­մար կա­մա­ւոր կը զո­հո­ւին ժո­ղո­վուր­դին զա­ւակ­նե­րը։ Իբ­րեւ մխի­թա­րու­թիւն պե­տու­թիւ­նը այդ պա­տա­նի զո­հե­րը կ­՚ա­նո­ւա­նէ նա­հա­տակ։

Ն­շան­նե­րով, մե­տայլ­նե­րով, դրօ­շա­կով ծած­կո­ւած դա­գաղ­նե­րով, ե­թէ այդ ալ չի բա­ւեր, չքա­ւոր ծնող­քին շնոր­հուած թո­շակ­նե­րով կը փոր­ձէ հա­ւա­նու­թիւն ստա­նալ։ Այս­պէ­սով ալ զո­հո­ւա­ծի հա­րա­զատ­նե­րուն ա­տե­լու­թիւ­նը կը փո­խան­ցէ հա­կա­ռա­կոր­դի մը, թշնա­միի մը, միշտ գրգռե­լով ազ­գայ­նա­կան ո­գին։

Այժմ ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին վրայ կը քննարկուի նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան մը խնդի­րը։ ­Բո­լորս գի­տենք, թէ ներ­կայ լա­րո­ւա­ծու­թեան մէջ պատ­րաս­տո­ւե­լիք սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը նպա­տակ չի կրնար ու­նե­նալ մար­դու ի­րա­ւուն­քը պե­տու­թեան դէմ պաշտ­պա­նե­լու։ Ա­նոր միակ նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ նա­խա­գահ ­Ռէ­ճէփ ­Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին շնոր­հել «­Սուլ­թա­նա­վա­յել» իշ­խա­նու­թիւն մը։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ար­դէն գոր­ծադ­րո­ւա­ծի օ­րի­նա­կա­նա­ցու­մը։

­Յի­շե­լով 1878ի ա­ռա­ջին սահ­մանդ­րու­թեան տե­ղի տո­ւած տօ­նա­կան ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը, կա­րե­լի է հիաս­թա­փիլ ու ափ­սո­սալ՝ «ի՜նչ յու­սա­ցի­նք, ի՛նչ գտանք» ը­սե­լով։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԹՈՒՔԵԱՆ - «Ա­կօս»