alt«Ս­փութ­նիք» կը հա­ղոր­դէ, որ ­Ռու­սիոյ ­Դու­մա­յի ե­րես­փո­խան­նե­րը վեր­ջերս ­Ռու­սիոյ նա­խա­գա­հին ա­ռա­ջար­կած են ջնջել ­Մոս­կո­ւա­յի 16 ­Մարտ 1921ի ռուս-թրքա­կան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Ի­րա­ւա­գէտ, ­Գա­նա­տա­յի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի նախ­կին դես­պան Ա­րա ­Պա­պեան կը կար­ծէ, որ այդ պայ­մա­նա­գի­րի ջնջու­մէն  ­Հա­յաս­տա­նը միայն պի­

տի շա­հի։

«­Մո­տուս ­Վի­վան­տի» կեդ­րո­նի ղե­կա­վար Ա­րա ­Պա­պեան այն կար­ծի­քը կը յայտ­նէ, որ ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, ըստ էու­թեանար­դէն ու­ժի մէջ չգտնո­ւող փաս­տա­թուղթ էո­րով­հե­տեւ զայն ստո­րագ­րած են ոչ թէ պե­տու­թիւն­ներայլ եր­կու չճանչ­ցո­ւած ու­ժեր՝ քե­մա­լա­կան­նե­րը եւ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը։

­Վեր­ջերս ­Ռու­սիոյ ­Դու­մա­յի ­Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թե­նէ ե­րես­փո­խան­ներ ­Վա­լե­րի ­Ռաշ­քինն ու ­Սեր­կէյ Օ­պու­խո­վը ­Ռու­սիոյ նա­խա­գա­հին ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին յղած են նա­մակ, ո­րով կա­ռա­ջար­կեն ջնջել 16 ­Մարտ 1921ի ­Ռուս-Թր­քա­կան ­Բա­րե­կա­մու­թեան ու Եղ­բայ­րու­թեան մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ ­Պա­պեան կող­ջու­նէ ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ջնջե­լու ռուս ե­րես­փո­խան­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ կը նշէոր այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ան­հե­թեթ է ի­րա­ւա­կան տե­սան­կիւ­նէո­րով­հե­տեւ այդ ժա­մա­նակ ­Ռու­սիան սահ­մա­նա­կից չէր ­Թուր­քիոյ եւ չէր կրնար ո­րո­շել սահ­ման մըոր ի­րեն չէր պատ­կա­ներիսկ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րո­ւած էր ա­ւե­լի ուշ՝ ­Դեկ­տեմ­բեր 1922ին։

«Այ­սինքն՝ իշ­խա­նու­թեան ձգտող եր­կու ու­ժեր հա­մա­ձայ­նա­գիր ստո­րագ­րած են եր­րորդ եւ չոր­րորդ եր­կիր­նե­րու սահ­ման­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ»‚- կը բա­ցատ­րէ ի­րա­ւա­գէ­տը։

­Պա­պեան դի­տել կու տայոր միշտ կը խօ­սի այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րի եր­րորդ յօ­դո­ւա­ծին մա­սինո­րով ­Նա­խի­ջե­ւա­նի տա­րած­քը իբ­րեւ խնա­մա­տի­րու­թիւն յանձ­նո­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նին։ Ու ե­թէ ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը չե­ղեալ յայ­տա­րա­րո­ւիա­պա ­Նա­խի­ջե­ւա­նի Ատր­պէյ­ճա­նին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը կը դրո­ւի հար­ցա­կա­նի տակ։

­Մոս­կո­ւա­յի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի 15րդ ­յօդուա­ծին կա­ծան­ցո­ւի ­Կար­սի պայ­մա­նա­գի­րըսա­կայն ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ջնջու­մըըստ ­Պա­պեա­նիչի կրնար հա­մա­րո­ւիլ ­Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ջնջում։

«­Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ջնջու­մը ա­ւե­լի բարդ էո­րով­հե­տեւ ստո­րագ­րո­ւած է քե­մա­լա­կան­նե­րուինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նիՎ­րաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէայ­սինքն՝ ի­րա­ւա­կան տե­սան­կիւ­նէն ջնջե­լու հա­մար այդ ե­րեք եր­կիր­նե­րը պէտք է միաս­նա­բար հան­դէս գանինչ որ պի­տի չը­նեն»‚- կը նշէ ­Պա­պեան։

­Պա­պեա­նի կար­ծի­քով՝ ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պէտք է հան­դէս գան յստակ դիր­քո­րո­շու­մով եւ նշենոր ­Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ի սկզբա­նէ ե­ղած է ան­վա­ւերո­րով­հե­տեւ ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կնքո­ւած է եր­կու ոչ պե­տա­կան ու­ժե­րու մի­ջեւ։ ­Վիեն­նա­յի Ուխ­տի հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու վե­րա­բե­րեալ 52րդ ­յօ­դո­ւա­ծը կը­սէոր ե­թէ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը կնքման պա­հուն հա­կա­սած է մի­ջազ­գա­յին հիմ­նադ­րոյ­թինա­տի­կա ի սկզբա­նէ ան­վա­ւեր է։ «­Հա­յաս­տա­նը պէտք է զբա­ղի իր տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան հար­ցովա­տի­կա եր­կի­րի սահ­մա­նադ­րա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւնն էպէտք է խօ­սի իր սահ­ման­նե­րուն մա­սին»‚- կընդգ­ծէ դի­ւա­նա­գէ­տը։

­Պա­պեան կը նշէթէ այս հո­լո­վոյ­թին մէջ կա­րե­ւոր էոր պի­տի ար­ծար­ծո­ւի ­Նա­խի­ջե­ւա­նի պատ­կա­նե­լու­թեան հար­ցըոր ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ պի­տի օգ­նէ Ի­րա­նի հետ ­Հա­յաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման‚ ­Հա­յաս­տան կրնայ ար­դէն բարձ­րաց­նել ­Կար­սի հար­ցըկրնայ դիր­քո­րո­շում յայտ­նել Ո­ւիլ­սը­նի ի­րա­ւա­րար վճի­ռի վե­րա­բե­րեալ։ Ն­շենքոր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Վուտ­րօ Ո­ւիլ­սը­նի հաշ­տա­րար ո­րո­շու­մով՝ ­Հա­յաս­տա­նի կազ­մի մէջ կը մտնէր գրե­թէ ամ­բողջ Էրզ­րու­մի վի­լա­յէ­թը‚ ­Վա­նի եւ ­Պիթ­լի­սի վի­լա­յէթ­նե­րու եր­կու եր­րոր­դըՏ­րա­պի­զո­նի ­Վի­լա­յէ­թի մեծ մա­սը։ Տ­րա­պի­զո­նի նա­ւա­հան­գիս­տը կը տրո­ւէր ­Հա­յաս­տա­նինո­րուն շնոր­հիւ ­Հա­յաս­տա­նը ելք կը ստա­նար դէ­պի ­Սեւ ­Ծով։ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րա­դար­ձո­ւող տա­րածք­նե­րը կը կազ­մէին 100 հա­զար քառ. քլմ. տա­րածք՝ ներ­կայ 29 հա­զա­րի փո­խա­րէն։