alt29 Յու­նո­ւար 1919ին, այժ­մու Ա­րա­մի փո­ղո­ցի թիւ 9 շէն­քի ա­տե­նի իր բնա­կա­րա­նին մէջ, մա­հա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր եւ այն ժա­մա­նակ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­րամ Մա­նու­կեան` բծա­ւոր տիֆ հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով (այս շէն­քը Ա­րա­մին նո­ւի­րած էր Ֆա­դէյ Քա­լան­թա­րեա­նը՝

ըստ http://aadmag.am/այս-տանն-է-1917-19թթ­-ապ­րել-հհհիմ­նա­դիր-ա­րամ-մ/): Ա­նոր մար­մի­նը ժո­ղովր­դա­յին մեծ շու­քով, ազ­գա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեամբ, կը թա­ղո­ւի ներ­կա­յի Կո­մի­տա­սի ա­նո­ւան պան­թէո­նի վայ­րը գտնո­ւող նախ­կին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ: Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն, գե­րեզ­մա­նա­տան վե­րաց­ման պատ­ճա­ռով, իր այ­րին` Կա­տա­րի­նէն, ա­նոր ա­ճիւ­նը կը տե­ղա­փո­խէ «­Կո­զեռ­նի» գե­րեզ­մա­նա­տուն, որ 1930ին քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ո­րո­շու­մով նաեւ կը վեր­ցո­ւի եւ կը վե­րա­ծո­ւի ներ­կա­յի «­Սի­րա­հար­նե­րու» այ­գիին: Կա­տա­րի­նէն ա­նոր ա­ճիւ­նը կրկին կը տե­ղա­փո­խէ, այս ան­գամ` Ե­րե­ւա­նի «­Թոխ­մախ» կո­չո­ւող կեդ­րո­նա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր ան կը «հանգ­չի» ներ­կա­յիս: Ա­րամ Մա­նու­կեա­նի ա­ճիւ­նը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս պէտք է հանգ­չի Ե­ռաբ­լու­րի մէջ:

Ա.- Ա­ռա­ջին մտա­հո­գիչ պա­րա­գան Ա­րամ Մա­նու­կեա­նի վե­րա­բե­րեալ, յատ­կա­պէս պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ ան­տար­բե­րու­թեան, ան­գի­տակ­ցու­թեան ու ան­տե­ղեակ ըլ­լա­լու ա­հա­ւոր պա­րա­գան է: Ա­րամ Մա­նու­կեա­նի բնա­կա­րա­նին ար­տա­քին պա­տին վրայ զե­տե­ղո­ւած է մե­տա­ղեայ քա­ռա­կու­սի վա­հա­նակ մը, ո­րուն կեդ­րո­նը տպո­ւած է Զո­ւարթ­նոց ե­կե­ղեց­ւոյ նմա­նող եւ խո­րա­նարդ­նե­րով զար­դա­րո­ւած գծագ­րու­թիւն, իսկ շուր­ջը` հա­յե­րէն ու ռու­սե­րէն տար­տամ եւ ա­նըն­թեռ­նե­լի գրու­թիւն­ներ են: Այս վա­հա­նա­կէն տե­սած եմ նաեւ ու­րիշ կա­ռոյց­նե­րու վրայ: Ան­ցորդ­ներ չգիտ­ցան այս վա­հա­նա­կին ի­մաս­տը, եւ քա­նի մը կար­ծե­ցեալ վե­րա­հա­սու հաս­տա­տու­թիւն­ներ նաեւ չգիտ­ցան ի­մաս­տը, կամ չպա­տաս­խա­նե­ցին ե-նա­մա­կով ղրկած հար­ցու­միս: Վեր­ջա­պէս, քա­նի մը դի­մու­մէ ետք, «­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի յու­շար­ձան­նե­րի պահ­պա­նու­թեան գոր­ծա­կա­լու­թեան» կող­մէ պար­զո­ւե­ցաւ, որ այս վա­հա­նա­կը խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին կը զե­տե­ղո­ւէր պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող կա­ռոյց­նե­րու վրայ, եւ թէ` ի­րենք չեն զե­տե­ղած զայն:

Այս ի՞նչ բախ­տի հեգ­նանք է, որ հա­մայ­նա­վար վար­չա­կար­գը, հա­կա­ռակ ա­նոր որ հա­լա­ծան­քի են­թար­կած եւ տու­նէն դուրս դրած է Ա­րա­մի այ­րին եւ դուստ­րը, սա­կայն ար­ժե­ւո­րած ու պահ­պա­նած է այս կա­ռոյ­ցը, իսկ վե­րան­կա­խա­ցած հայ­րե­նի­քի վար­չա­կար­գը կի­սա­քանդ վի­ճա­կի մատ­նած եւ աղ­բա­նո­ցի վե­րա­ծած է հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դի­րին բնա­կա­րա­նը:

Բ.- Երկ­րորդ մտա­հո­գիչ պա­րա­գան` ընդ­հան­րա­պէս պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող կո­թող­նե­րու հան­դէպ (ան)պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րու կրկին ան­տար­բե­րու­թեան եւ ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րու ոտ­նա­կոխ­ման հար­ցը, ո­րուն ա­հա­ւոր հե­տե­ւան­քին ա­կա­նա­տես ե­ղանք 18 Յու­նո­ւար 2016ին, երբ նոյն Ա­րա­մի փո­ղո­ցի պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող թիւ 30 շէն­քը գի­շե­րուան ուշ ժա­մե­րուն գաղ­տա­գո­ղի քան­դո­ւե­ցաւ` «որ­պէս­զի մայ­թը ընդ­լայ­նո­ւի»:

Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ի­րա­ւա­սու­թեան տակ գտնո­ւող այս կա­ռոյ­ցին մա­սին նա­խա­րա­րու­թիւ­նը լուռ մնաց (տես­նել News.amի 19 Յու­նո­ւա­րի յօ­դո­ւա­ծը (http://news.am/arm/news/306904.html)): Հոն կը կար­դանք. «­Պայ­քա­րը Ա­րա­մի 30ի պահ­պան­ման հա­մար սկսած էր ա­ւե­լի քան հինգ տա­րի ա­ռաջ: Քա­ղա­քի պատ­մու­թիւ­նը յար­գող քա­ղա­քա­ցի­նե­րի ջան­քե­րը զուր չէին, սա­կայն այս գե­ղե­ցիկ շէն­քի կեան­քը յա­ջո­ղո­ւե­ցաւ եր­կա­րաձ­գել միայն մին­չեւ քա­ղա­քա­շի­նա­կան այ­սօ­րո­ւան հա­մա­ճա­րա­կը: Այս­պէս է լի­նում, երբ բո­լորս մեր յոյ­սը դնում ենք ոչ թէ մեր իսկ ու­ժե­րի, հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան, այլ ա­պի­կար ղե­կա­վար­նե­րի մտքի զար­թօն­քի, օ­րի­նա­պա­հու­թեան կամ քա­ղա­քի ճա­կա­տագ­րի վրայ: Ի­րա­կա­նում այս շէն­քի հա­մար մղո­ւող պայ­քա­րը դա­դա­րել էր այն բա­նից յե­տոյ, երբ տա­րած­քի քա­ղա­քա­շի­նա­կան ծրագ­րի նա­խագ­ծող Ա­շոտ Ա­լեք­սա­նեա­նը քա­ղա­քա­ցի­նե­րին վստա­հեց­րել էր, որ Ա­րա­մի 30ի առ­նո­ւազն ֆա­սա­տա­յին (ար­տա­քին) հա­տո­ւա­ծը հնա­րա­ւոր կը լի­նէր պահ­պա­նել: Եւ այդ­պէս, փա­փուկ բար­ձի խայծն աշ­խա­տեց»:

Գ.- Դժ­բախ­տա­բար մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն կայ, որ Ա­րա­մի 30ի ճա­կա­տա­գի­րին են­թարկո­ւի նաեւ Ա­րա­մի 9ը` Ա­րամ Մա­նու­կեա­նի ար­դէն կի­սա­քանդ բնա­կա­րա­նը: Ի՞նչ պէտք է ը­նել` ար­գելք հան­դի­սա­նա­լու եւ պատ­մա­կան այս­պի­սի ա­ղէտ մը կան­խար­գի­լե­լու հա­մար: Կ­՛ա­ռա­ջար­կեմ.-

1. Ան­յա­պաղ կազ­մել Ա­րամ Մա­նու­կեա­նի յի­շա­տա­կի պաշտ­պան խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­խումբ եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին մէջ քննար­կել Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դի­րին բնա­կա­րա­նը տուն-թան­գա­րա­նի վե­րա­ծե­լու խնդի­րը, ինչ­պէս նաեւ` 2018ի Մա­յիս 28ին ար­ժա­նա­ւոր կեր­պով տօ­նե­լու Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նը, ո­րու ծի­րին մէջ տուն-թան­գա­րա­նին բա­ցու­մը կա­տա­րել:

2. Ան­յա­պաղ կազ­մել Ա­րամ Մա­նու­կեա­նի յի­շա­տա­կի պաշտ­պան ժո­ղովր­դա­յին գոր­ծօն մար­մին` հե­տապն­դե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դի­րին բնա­կա­րա­նը տուն-թան­գա­րա­նի վե­րա­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քը, դի­մե­լով պատ­կան բո­լոր մար­մին­նե­րուն, յատ­կա­պէս` մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան, տէր կանգ­նե­լով այս կա­ռոյ­ցին:

Վս­տահ եմ, որ պատ­մա­կան ար­ժէ­քի այս ի­րա­ւուն­քը, որ պէտք էր ա­ռանց ճի­գի ու պայ­քա­րի, բնա­կան ըն­թաց­քով կա­տա­րո­ւէր եւ պահ­պա­նո­ւէր, կը հան­դի­սա­նայ խորհր­դա­րա­նա­կան եւ ժո­ղովր­դա­յին ան­յա­պաղ հե­տապն­դու­մի ա­ռար­կան:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ