alt1915 ի Ապ­րիլ 24ին, ­Պոլ­սոյ մէջ կը կա­տա­րո­ւին մե­ծա­ծա­ւալ ձեր­բա­կա­լում­ներ՝ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ նա­խա­պէս պատ­րաս­տո­ւած ցու­ցա­կով: ­Շուրջ 220 հայ ե­րե­ւե­լի­ներ, ո­րոնց մէջ կ­՛ըլ­լան մտա­ւո­րա­կան­ներ, ա­ռեւտ­րա­կան­ներ, բժիշկ­ներ, դե­ղա­գործ­ներ, հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, փաս­տա­բան­ներ եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, ա­նակն­կա­լօ­րէն կը

  ձեր­բա­կա­լո­ւին եւ կը բան­տար­կո­ւին ­Պոլ­սոյ մօ­տե­րը գտնո­ւող Ա­յաշ գիւ­ղա­քա­ղա­քին մէջ: Այս բան­տար­կեալ­նե­րէն 45ը կը սպան­նո­ւի եւ մնա­ցեա­լը կը փո­խադ­րո­ւի ­Չան­ղը­րը քա­ղա­քի աք­սո­րա­վայ­րի բան­տը: ­Հոն ալ կը սպան­նո­ւին փո­խադ­րո­ւած խում­բէն ո­րոշ թի­ւով հայ ե­րե­ւե­լի­ներ: Մ­նա­ցեալ բան­տար­կեալ­նե­րէն պոլ­սե­ցի ա­ռեւտ­րա­կան եւ թա­ղա­պետ ­Վար­դե­րես Ա­թա­նա­սեան, որ ետ­քը նա­հա­տա­կո­ւած է ­Տէր ­Զօ­րի ա­նա­պա­տի ­Մես­քե­նէ քա­ղա­քին մօ­տե­րը, իր 99 հա­տիկ­նե­րով համ­րի­չին վրայ կը փո­րագ­րէ իր եւ մնա­ցեալ բան­տար­կեալ­նե­րէն 103ին ա­նուն­նե­րը: ­Համ­րի­չի հա­տիկ­նե­րը ի­րա­րու կա­պող մեծ հա­տի­կին վրայ կը գրէ՝ «­Չան­ղը­րը, 1915, Ապ­րիլ 11, ­Յի­շա­տակ»:

­Վար­դե­րես Ա­թա­նա­սեա­նի ձեր­բա­կա­լու­թե­նէն մի քա­նի օ­րեր ետք, թուրք կա­ռա­պան մը կը յայտ­նո­ւի ա­նոր տու­նը եւ տիկ­նո­ջը՝ Սր­բու­հիին կ­՛ը­սէ.- «­Ձեր ա­մու­սի­նը ին­ծի ժա­մա­ցոյց մը նո­ւի­րեց եւ խնդրեց, որ այս մա­սունք-համ­րի­չը յանձ­նեմ ձե­զի»: Սր­բու­հին կը ստանձ­նէ ա­մուս­նոյն համ­րի­չը, ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու համ­րի­չի հա­տիկ­նե­րուն վրա­յի փո­րագ­րու­թիւն­նե­րուն: Այդ օ­րո­ւը­նէ ետք ­Վար­դե­րես Ա­թա­նա­սեան բնաւ տուն չի վե­րա­դառ­նար: ­Վար­դե­րես Ա­թա­նա­սեա­նի դուստ­րը՝ Էօ­ժե­նի, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ա­զա­տե­լով, կ­՛ապ­րի ­Փա­րիզ՝ իր հետ ու­նե­նա­լով հօ­րը համ­րի­չը: 1946ին ան կը փո­խադ­րո­ւի ­Հա­յաս­տան ու կը հաս­տա­տո­ւի Ե­րե­ւան: 1965ին Էօ­ժե­նի Ա­թա­նա­սեան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 50ա­մեա­կին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցած ցոյ­ցե­րէն ետք կը գի­տակ­ցի, որ իր հօր թո­ղած համ­րիչ-մա­սուն­քը ար­ժէ­քա­ւոր էր ոչ միայն ի­րենց ըն­տա­նի­քին, այ­լեւ ողջ հայ ազ­գին հա­մար: Ու­րեմն, 1965ին, ան համ­րիչ-ու­լուն­քա­շա­րը կը նո­ւի­րէ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին: ­Համ­րի­չը կը ցու­ցադ­րո­ւի թան­գա­րա­նի ցու­ցա­փեղ­կե­րէն մէ­կուն մէջ: ­Համ­րի­չը ոչ մէկ մա­կագ­րու­թիւն ու­նե­ցած է եւ ոչ մէկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տակ ըլ­լա­լուն, միայն գրո­ւած է՝ «19-20րդ ­դա­րե­րու զար­դա­րո­ւեստ»:

­Մին­չեւ 1984, ոչ մէ­կը պատ­կե­րա­ցու­ցած է, որ այս համ­րի­չը հայ աք­սո­րեա­լի մը սո­վո­րա­կան յի­շա­տակ-ի­րե­ղէ­նը չէ, այլ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան խորհր­դա­ւոր փաս­տա­թուղթ-վա­ւե­րա­գիր մը: ­Նոյ­նիսկ թան­գա­րա­նի պաշ­տօ­նէու­թե­նէն ոչ ոք կը հե­տաքրք­րո­ւի այս պատ­մա­կան համ­րի­չով, եւ ան կը մնայ ան­շուք ցու­ցա­փեղ­կին մէջ: 1984ին, թան­գա­րա­նի ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող, պատ­մա­բան-հնա­գէտ ­Կա­րի­նէ Ա­ւա­գեան, որ 27 տա­րի­նե­րէ ի վեր գոր­ծած է հոն, կը սկսի պատ­րաս­տել ­Սե­ւա­կի 60ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած պա­տի թերթ մը: ­Պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քին իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէ ցու­ցա­փեղ­կին 99 հա­տիկ­նե­րով համ­րի­չը:

­Ման­րակր­կիտ քննու­թե­նէ ետք ան կ­՛անդ­րա­դառ­նայ ա­նոր պատ­մա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան: ­Կա­րի­նէ կը նկա­րէ համ­րի­չը եւ կը տե­ղա­ւո­րէ նկա­րը պա­տի թեր­թին մէջ ու կը գրէ՝ «­Վե­րագտ­նո­ւած մա­սունք»:

­Կա­րի­նէ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ եւ բծախնդ­րու­թեամբ կ­՛ու­սում­նա­սի­րէ համ­րի­չին պատ­մա­կա­նը: Ի յայտ կու գան հե­տե­ւեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը. համ­րի­չը կազ­մո­ւած է 99 հա­տիկ­նե­րէ, 97 հա­տիկ­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին վրայ ­Վար­դե­րես Ա­թա­նա­սեան փո­րագ­րած է ­Չան­ղը­րը բանտ աք­սո­րո­ւած հա­յու մը ա­նու­նը, 55րդ ­հա­տի­կին վրայ փո­րագ­րո­ւած են եր­կու ա­նուն­ներ, իսկ 86րդ ­հա­տի­կին վրայ՝ 4 ա­նուն: 71րդ ­հա­տի­կին վրայ փո­րագ­րած է իր ա­նու­նը եւ հա­տիկ­նե­րը ի­րա­րու կա­պող ա­ւե­լի մեծ հա­տի­կին վրայ՝ «­Չան­ղը­րը, 1915, Ապ­րիլ 11, ­Յի­շա­տակ»: ­Վար­դե­րես բան­տին մէջ գտնո­ւող աք­սո­րեալ­նե­րէն միայն 103ին ա­նուն­նե­րը փո­րագ­րած է համ­րի­չի հա­տիկ­նե­րուն վրայ:

Ա­հա­ւա­սիկ համ­րի­չի հա­տիկ­նե­րուն վրայ փո­րագ­րո­ւած հայ բան­տար­կեալ­նե­րուն ա­նո­ւա­նա­ցան­կը՝ համ­րի­չի հա­տի­կի թի­ւին կար­գով.

1. ­Կո­մի­տաս Վ., 2. ­Յով­հան Վ., 3. ­Քա­ջու­նի Քհնյ., 4. ­Ճե­ւա­հիր­ճի, 5. Ռ. ­Սե­ւակ, 6. ­Միսք­ճեան, 7. ­Թօփ­ճեան, 8. ­Վաբ­ղան Քհնյ., 9. Գ. ­Տէ­լալ, 10. ­Գա­զա­զեան, 11. ­Թոր­գո­մեանբ­ժիշկ, 12. ­Պօ­ղո­սեան, 13. ­Տի­նա­նեան, 14. ­Միր­զա, 15. Ալ­թու­նեան –­ ա­տամ­նա­բոյժ, 16. Կխ­լիա­ռան, 17. ­Զա­րեհ, 18. Եզ­նիկ, 19. Ա­սա­տուր Վ. – ­դե­ղա­գործ, 20. ­Մա­նի­կեան, 21. ­Զա­րի­ֆեան, 22. ­Միսք­ճեան, 23. ­Հա­ճեան, 24.­Ղա­զա­րոս, 25. ­Թէր­զեան, 26. Ն­շան, 27. ­ՆարԿի­լէ­ճեան, 28. Ար­սէ­նեան, 29. ­Դա­նիէ­լեան Պ. – ­փաս­տա­բան, 30. ­Չե­րագ 31. ­Մով­սէս, 32. Տ. ­Քէ­լէկ-խմբա­գիր, 33. Բ. Ք­կեան, 34. ­Թօփ­ճեան, 35. Ա­նաո­նեան, 36. ­Թօ­լա­յեան, 37. ­Շահ­նուր, 38. Մ. Մ­րենց –­ ու­սու­ցիչ, 39. ­Խօ­ճա­սա­րեան, 40. ­Վա­րու­ժան, 41. ­Շամ­տան­ճեան, 42. ­Չա­ւու­շեան, 43. ­Թա­պա­գեան, 44. Տխ­բու-Օխ 45. Ա­ղա­պա­պեան, 46. ­Բար­սէ­յեան, 47. ­Տօ­րեան, 48. Ե­սա­յեան-տա­ղար­տը, 49. ­Գո­չոյ Սր­բին, 50. Եր­ջա­նիկ, 51. ­Զե­նոբ, 52. ­Հոս­չիկ, 53. Հ­րանդ 54. Ե­րէում, 55. ­Լե­ւոն-2, 56. Ազ­բիկ, 57. ­Գան­թա­րեան, 58. ­Կոզ­մոս, 59. ­Պէյ­լէ­րեան, 60. ­Թաշ­ճեան, 61. ­Հա­նե­սեան, 62. Ա­րամ, 63. ­Ցիֆր (ռուս.), 64. ­Տէու­լե­թեան, 65. ­Քէ­հեա­յեան –­ ար­հես­տա­ւոր, 66. ­Մայս­պա­ճեան, 67. ­Պաս­մա­ճեան, 68. ­Սէ­քո­նեան, 69. Զպ­ճը – ­ճար­տա­րա­պետ, 70. Արս­չա­նեան, 71. ­Վար­դե­րես – ­մուխ­բար, 72. ­Ֆէ­րու- խան, 73. ­Սա­րա­ֆեան, 74. Աւ­թու­նեան, 75. ճամ­պազ, 76. Հ­րաչ, 77. ­Մոմ­ճեան, 78. ­Գա­լէն­տէր, 79. ­Վա­ղի­նակ, 80. ­Գալ­ֆա­յեան – ­պաշ­տօ­նեայ, 81. ­Պէ­յե­բեան, 82. ­Պա­րոյր, 83. ­Նո­յիկ – ­յանձ­նա­կա­տար, 84. ­Թա­թա­րեան, 85. ­Քէօ­լէեան, 86. Օհ­նի­կեանք-4, 87. ­Թէր­լէ­մէզ սե­ղա­նա­ւոր,88. ­ՏէրԳէոր­զեան, 89. ­Պաս­մա­ճեան, 90. ­Դա­յըզ­ճեան, 91. Ին­ճի­ճէեան, 92. ­Գա­բա­կէօ­զեան, 93.­Մա­նէա­սեան, 94. ­Ղոն­չէ­կիւլ 95. ­Փա­րի­սեան, 96. ­Գո­րեանվճռկն, 97. ­Քե­րո­բեան – ­պա­տո­ւէ- Փ, 98. ­Թու­մա­ճան, 99. ­Պա­լա­զեան- Ծ.Վ.:

1992ին ­Կա­րի­նէ կը հան­դի­պի Ծ. Վրդ. Գ­րի­գո­րիս ­Պա­լա­քեա­նի «­Հայ ­Գող­գո­թան» գիր­քին. ան կը վեր­յի­շէ, որ վար­դա­պե­տին ա­նու­նը փո­րագ­րո­ւած էր համ­րի­չի 99րդ ­հա­տի­կին վրայ: ­Մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ կը կար­դայ վար­դա­պե­տին գիր­քը եւ կը տես­նէ, որ վար­դա­պետ ­Պա­լա­քեան յի­շած է միայն 69 աք­սո­րեալ­նե­րու ա­նո­ւան­ցան­կը: Ուս­տի ­Կա­րի­նէին հա­մար «­Հայ ­Գող­գո­թան» կը դառ­նայ խթան՝ ա­ւե­լի ու­սում­նա­սի­րե­լու համ­րի­չին 99 հա­տիկ­նե­րուն վրայ փո­րագ­րո­ւած ա­նուն­նե­րը: Եր­կա­րա­շունչ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րէ ետք ան հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քով եւ պրպտում­նե­րով կա­րո­ղա­ցած է գտնել համ­րի­չի հա­տիկ­նե­րուն վրայ փո­րագ­րո­ւած ա­նուն­նե­րու ժա­ռան­գորդ­նե­րէն շա­տե­րը, կապ հաս­տա­տած է ա­նոնց հետ եւ հա­ւա­քած է ա­նոնց­մէ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ: Այս բո­լո­րէն ետք ­Կա­րի­նէ Ա­ւա­գեան 2002ին հրա­տա­րա­կած է «Ե­ղեռ­նա­յուշ ­Մա­սունք ­Կամ ­Խոս­տո­վա­նողք Եւ Վ­կայք ­Խա­չի» գիր­քը, որ համ­րի­չի վեր­ծա­նիչ պատ­մու­թիւնն է: ­Գիր­քի հրա­պա­րա­կու­մէն ետք ­Կա­րի­նէին փո­խան­ցո­ւած են նո­րա­նոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ համ­րի­չի հա­տիկ­նե­րուն վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւած ա­նուն­նե­րու կարգ մը ժա­ռան­գորդ­նե­րէն: ­Կա­րի­նէ Ա­ւա­գեան իր գիր­քին մէջ յի­շա­տա­կած է համ­րի­չի հա­տիկ­նե­րուն վրայ փո­րագ­րո­ւած ա­նուն­նե­րուն կեն­սագ­րա­կան­նե­րը, ա­նոնց աք­սո­րի ճա­նա­պար­հը, նկա­րագ­րած է նա­հա­տակ­նե­րու եւ վե­րապ­րող­նե­րու կեան­քը ու յի­շա­տա­կած է ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ իւ­րա­քան­չիւ­րի մա­սին:

Ան յի­շած է համ­րի­չի ա­նուն­նե­րէն 35 նա­հա­տակ­նե­րու ա­նուն­նե­րը եւ վե­րապ­րած 61 ան­ձե­րուն ա­նուն­նե­րը. իսկ մնա­ցեալ 7 ա­նուն­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն չէ կրցած հա­ւա­քել: Ան թուղ­թին յանձ­նած է նաեւ բո­լոր այն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ստա­ցած է վե­րո­յի­շեալ ա­նուն­նե­րու ժա­ռան­գորդ­նե­րէն, օ­րի­նա­կի հա­մար՝ բժիշկ ­Ճե­ւա­հիր­ճին ա­զա­տած է աք­սո­րէն, ո­րով­հե­տեւ ան ե­ղած է ­Սուլ­թա­նի հա­րէ­մի կի­նե­րուն կնա­բու­ժը (gynecologist):

Շ­նոր­հիւ ­Կա­րի­նէ Ա­ւա­գեա­նի պրպտում­նե­րուն եւ բա­ցա­յայ­տում­նե­րուն, այս համ­րի­չը կը դադ­րի լքո­ւած ըլ­լա­լէ ցու­ցա­փեղ­կին մէջ եւ կը դառ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան անժխ­տե­լի վա­ւե­րա­գիր մը:

­Կը մէջ­բե­րեմ ­Կա­րի­նէ Ա­ւա­գեա­նի խօս­քը.-

«­Համ­րի­չը ե­ղած է մի պատ­մու­թիւն, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փո­րա­գիր վկան, սե­րունդ­ներ կա­պող համ­րիչ»:

Բ­ժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ