altԻւ­րա­քան­չիւր մշա­կոյթ ու­նի ա­պա­գայ, ե­թէ կապ­րի ու ա­նընդ­հատ կը շնչէ եւ ու­նի մի­ջազ­գա­յին հե­տաքրք­րու­թիւն, ե­թէ հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք է:

Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը խո­րունկ է ու հա­մա­մարդ­կա­յին եւ կրնայ հան­դի­սա­նալ հի­նա­ւուրց քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ըն­կալ­ման կա­րե­ւոր բա­նա­լի­նե­րէն մէ­կը:

 Բո­լո­րո­վին վեր­ջերս հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ աշ­խար­հի ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն` գեր­մա­նա­կան ECMrecordsի կող­մէ հրա­տա­րա­կո­ւած «­Կո­մի­տաս» ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կը` իր ե­րե­սուն էջ­նոց բազ­մա­բո­վան­դակ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեամբ եւ լու­սան­կար­նե­րով: Ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կի մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը գրո­ւած է եր­գա­հան Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի եւ Լե­ւոն Իս­կէ­նեա­նի կող­մէ:

Ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կը հրա­շա­լի հնա­րա­ւո­րու­թիւն եւ ա­ռիթ է Կո­մի­տա­սի ե­րաժշտու­թիւ­նը Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ բա­ցա­յայ­տե­լու եւ տա­րա­ծե­լու հա­մար: Ա­նի­կա կրնայ ըլ­լալ ամ­բողջ հա­յու­թեան հա­մար հայ ե­րաժշ­տու­թեան գի­տա­կից ծա­նօ­թա­ցումն ու ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դը հպար­տու­թեամբ դաս­տիա­րա­կե­լու հիմ­քե­րէն մէ­կը:

Ցարդ ա­սի­կա մի­ջազ­գա­յին մե­ծա­գոյն ու լայն անդ­րա­դարձ­նե­րէն մէկն է Կո­մի­տա­սի ե­րաժշ­տու­թեան: Հարկ է նշել, որ ECMrecordsը, ըլ­լա­լով աշ­խար­հի մէջ շատ յայտ­նի եւ մեծ հե­ղի­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ըն­կե­րու­թիւն, կօգ­տա­գոր­ծէ աշ­խար­հի տա­րած­քին ու­նե­ցած իր բո­լոր լծակ­նե­րը` նպաս­տե­լով իր հրա­տա­րա­կած ծրա­գիր­նե­րու ճա­նա­չե­լիու­թեան: Ա­նի­կա նաեւ կա­պա­հո­վէ զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ու ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօն­նե­րու անդ­րա­դար­ձը:

Ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կին մէջ տեղ գտած են Ա­րեւմ­տեան եւ Ա­րե­ւե­լեան Հա­յաս­տան­նե­րու տա­րածք­նե­րուն մէջ գրի առ­նո­ւած եւ քա­նի մը հա­զար տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ստեղ­ծո­ւած հայ­կա­կան խմբա­պա­րե­րու ե­րաժշ­տու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս, օ­րի­նակ`«­Կար­նոյ ետ ու ա­ռա­ջը», «­Կար­նոյ շո­րո­րը», «Մ­շոյ շո­րո­րը», կա­նա­ցի մե­նա­պա­րե­րը, ման­կա­կան նո­ւագ­նե­րը, օ­րօ­րո­ցա­յին, ժո­ղովր­դա­կան եւ հո­գե­ւոր եր­գե­րու կա­տա­րում­ներ:

Բո­լոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը գոր­ծի­քա­ւո­րո­ւած են հայ­կա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րով` տու­տուկ, փող, թառ, դափ, քա­ման­չայ, թմբուկ, զուռ­նայ, բուր­վառ, զանգ եւ այլն:

Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու գոր­ծի­քա­ւո­րում­նե­րը կա­տա­րած է հա­մոյ­թի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վար Լե­ւոն Իս­կէ­նեան` որ­պէս գոր­ծե­րու սկզբնաղ­բիւր օգ­տա­գոր­ծե­լով այն ժո­ղովր­դա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րը, ո­րոնց մա­սին որ­պէս կա­տա­րո­ղա­կան ոճ եւ սկզբնաղ­բիւր իւ­րա­քան­չիւր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան վրայ նշած է Կո­մի­տա­սը` թառ, տու­տուկ, փող, դափ, թմբուկ, զուռ­նայ եւ այլն:

Շատ կարճ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի մէջ ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կը ար­ժա­նա­ցած է մի­ջազ­գա­յին` նե­րա­ռեալ եւ­րո­պա­կան, ա­մե­րի­կեան, ճա­փո­նա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու բարձր գնա­հա­տա­կա­նին, հե­տե­ւեալ տի­պի բնու­թագ­րում­նե­րով.- «­Հա­մոյ­թը նոր շունչ կու տայ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան, որ հա­ւա­քագրուած է 20րդ դա­րաշր­ջա­նի սկիզ­բը, սա ե­րաժշտա­կան հնա­գի­տա­կան եւ վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք է»,- կը գրէ «­Սոնկ­լայնզ Մե­կե­զին»:

Այս անգ­լիա­կան թեր­թին կող­մէ ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կը դա­սո­ւած է 2015 թուա­կա­նի տա­սը լա­ւա­գոյն ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­նե­րու շար­քին: Աւստ­րիա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը՝ «Օ. Ար. Էֆ.», Ս. Ծնն­դեան գի­շե­րը սփռեց ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կին վրայ տեղ գտած ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, իսկ Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ «Պ­րի­թիշ Է­րո­ւէյզ»ը իր օ­դա­նա­ւե­րուն վրա­յի ե­րաժշ­տա­կան ցան­կին մէջ պի­տի ընդգր­կէ զայն մնա­յուն կեր­պով:

Ա­նի­կա ար­դէն հա­սա­նե­լի է աշ­խար­հի գրե­թէ բո­լոր եր­կիր­նե­րու ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­նե­րու վա­ճա­ռա­կէ­տե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ` առ­ցանց վա­ճա­ռա­կէ­տե­րու վրայ:

«­Կուր­ճիեւ» հա­մոյ­թը մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ ու­նե­ցող հայ­կա­կան ա­մե­նա­յայտ­նի հա­մոյթ­նե­րէն մէկն է, որ հիմ­նադ­րո­ւած է 2008 թո­ւա­կա­նին, Լե­ւոն Իս­կէ­նեա­նի կող­մէ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով ներ­կա­յաց­նել հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը եւ հայ մե­ծա­նուն փի­լի­սո­փայ, ե­րա­ժիշտ Գ. Ի. Կիւր­ճիե­ւի եւ մեծն Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներն ու գոր­ծի­քա­ւո­րում­նե­րը: Հա­մոյ­թի կազ­մին մէջ Հա­յաս­տա­նի ա­ռաջ­նա­կարգ ե­րա­ժիշտ­ներ են:

Գեր­մա­նա­կան յայտ­նի ECM ձայ­նագր­ման ըն­կե­րու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կած է նաեւ «­Կուր­ճիեւ» հա­մոյ­թի ա­ռա­ջին ձայնաս­կա­ւա­ռա­կը` «Music of Georges I «Gurdjieff», որ 2012ին Հո­լան­տա­յի մէջ ար­ժա­նա­ցած է հե­ղի­նա­կա­ւոր Edison մրցա­նա­կին, Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան մրցա­նա­կին, ինչ­պէս նաեւ մեծ լսա­րան ու­նե­ցող ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րու կող­մէ ընտ­րո­ւած է որ­պէս շաբ­թո­ւան լա­ւա­գոյն ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ (ABC ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը Աւստ­րա­լիոյ, WQXRը` Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ):

«­Կուր­ճիեւ» հա­մոյ­թը հա­մերգ­նե­րով շրջա­գա­յած եւ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած է շարք մը յայտ­նի սրահ­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նե­րու մէջ, հա­մերգ­ներ ու­նե­ցած է Լի­բա­նա­նի, Գեր­մա­նիոյ, Պ­րա­զի­լի, Ար­ժան­թի­նի, Ի­տա­լիոյ, Ռու­սաս­տա­նի, Զուի­ցե­րիոյ, Պել­ճի­քա­յի, Փոր­թու­գա­լի, Հո­լան­տա­յի, Լե­հաս­տա­նի, Ռու­մա­նիոյ, Աւստ­րա­լիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Հա­մոյ­թը նպա­տա­կադ­րո­ւած է Կո­մի­տա­սի ծրա­գի­րով շա­րու­նա­կել իր հա­մեր­գա­յին շրջա­գա­յու­թիւն­նե­րը աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ, հա­մեր­գա­յին սրահ­նե­րու եւ ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ: Ն­շենք, որ ECM records ըն­կե­րու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տո­ւի հրա­պա­րա­կե­լու նաեւ Կո­մի­տա­սի դաշ­նա­մու­րա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը` Լու­սի­նէ Գ­րի­գո­րեա­նի կա­տար­մամբ, 2016 թո­ւա­կա­նին:

Յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մար կա­րե­լի է այ­ցե­լել.-www.gurdjieffensemble.com

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»