Նոր հարուստ մը շատ բաներ գնած էր, որոնց կարգին նաեւ մատենադարան մը։ Ու կը փնտռէր գիրք, ի՛նչ լեզուով կ’ուզէ ըլլայ, ի՛նչ նիւթի շուրջ կ’ուզէ ըլլայ՝ կը բաւէ, որ լայն ըլլայ, հաստ, մեծ, մանաւանդ կաշեկազմ...
- Չե՞ս ուզեր ինծի ատանկ գիրքեր գտնալ, ըսաւ։
- Ինչո՞ւ համար, անպատճառ, մեծ, լայն, հաստ գիրքեր կ’ուզես, ըսի։
Ու պատասխանեց.
- Որպէսզի երեւան։
Եւ ունեցաւ այդ գիրքերը։
Ունեցաւ նաեւ հաստ կին մը, որ «երեւայ»։ Ունեցաւ նաեւ հաստ սպասուհի մը, որ «երեւայ»։ Հաստ բարեկաներ, որպէսզի «երեւան»։
Խեղճը չէր գիտեր, որ ամէնէն աւելի կ’երեւայ իր տգիտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ տխմարութիւնը։
***
Նոր քսակ հայրենակից մը իր բերնին մէջ զետեղած էր ոսկի ատամնաշար մը։ Կիներուն առջեւ, դիտմամբ կը յօրանջէր (առանց բերանը գոցելու), որպէսզի երեւի ոսկի ատամնաշարը։ Օր մը, իր մէկ բարեկամին հետ, շքեղ ճաշարանի մը մէջ, մարսողականը առած պահուն, կ’ըսէ.
- Խնդացո՛ւր ինծի, որ բերանս բաց մնայ միշտ ու երեւին ոսկի ակռաներս։
Նոյն նոր քսակ հայը, իր աջ մատնեմատին վրայ, զետեղած էր Տորգ Անգեղեան մատանի մը։ Այդ մատանին զարնելով բաժակին, պնակին կամ սեղանին կը կանչէր սպասարկուն։ Ծխած ատեն ալ, աջ արմուկը կը դնէր սեղանին վրայ ու մատները բացած կը ցուցադրէր իր մատնեմատին ոսկեպարիսպը։
Այս բոլորէն զատ, հինգ վայրկեանը անգամ մը, կը նայէր իր ոսկի ժամացոյցին։ Նպատակը անշուշտ ժամացոյցին նայիլ չէր՝ այլ ժամացոյցին նայիլ տալ։
Վերջապէս վարձեց պերճ յարկաբաժին մը, կահաւորեց իշխանական կերպով եւ ատեն մը յետոյ իր սրահներուն մէջ սարքեց պէս-պէս ոսկիներու, ինչպէս նաեւ ոսկեղէններու ցուցահանդէս մը։ Շատ կը փափաքէր, որ ամէն մարդ տեսնէ իր ոսկիները։ Փափաքին հասաւ։ Մէկ օրուան մէջ, գողերն ու ոստիկանները խմբովին այցելեցին այս ցուցահանդէսը։ Մէկ խումբը բացումը կատարեց, միւս խումբն ալ փակումը։
Մեր նոր հարուստներուն բնակարանները տուն ըլլալէ աւելի քաղաք են։
Փոքրիկ քաղաք մը իր թանգարանով, նկարահանդէսով, ցուցահանդէսով, մատենադարանով ու շուկայով, ուր կը գտնէք ճոխ նպարավաճառանոց մը, գոհարավաճառանոց մը, գլխարկավաճառանոց մը, մսավաճառանոց մը, անուշավաճառանոց մը, անուշահոտութեանց վաճառանոց մը, սրճարան մը, ճաշարան, տակաւին հեռաձայնախուց, լրատու դիւան, խաղարան։ Թատրոն ալ կայ (հիւրանոցին մէջ)՝ ամէնօրեայ ներկայացումներով (թէ՛ ցերեկոյթ, թէ՛ երեկոյթ)։ Ու տակաւին երաժշտահանդէս, պարահանդէս եւ նոյնիսկ կենդանաբանական պարտէզ։ Այս վերջինին մէջ կրնաք գտնել ասուններ ու անասուններ՝ ինչպէս խոզեր, նապաստակներ, սագեր, բադեր, հաւեր, աքլորներ, թութակներ, կաչաղակներ, շիկահաւեր, շուներ, կատուներ, մլուկներ, բզէզներ, աղուէսներ, օձեր, սիրամարգներ, կապիկներ, խլուրդներ, շնագայլեր, կոկորդիլոսներ ու մարդամամութներ։
Այս քաղաքներուն մէջ կառավարական դրութիւնը բացարձակ միապետական է, սակայն բնակիչները, առանց բացառութեան, հանրապետական են (մէջը ըլլալով թագաւորն ու թագուհին ալ)։
Կրօնքը կռուապաշտական է, սակայն, բնակիչները կողմնակից են քրիստոնէութեան։
Այս քաղաքներուն դպրոցներուն մէջէն վերցուած են աշակերտներուն միտքը խճողող գիտութիւնները։ Խիստ գործնական առարկաներ կը դասաւանդուին՝ ինչպէս. որքա՞ն կարելի է սուղ ծախելու գիտութիւնը, դաշնակահարելու եւ պարելու արուեստները։ Լեզուն հնդեւրոպական - թուրանական է, խառնուրդ մը ըլլալով թրքերէնի, հայերէնի, ֆրանսերէնի եւ բաբելերէնի։
Այս քաղաքներուն մէջ քաղաքացիական կռիւները կատակերգութեան մը չափ հաճելի են ու նոյնքան անարիւն։ Դասակարգային կռիւ բնաւ գոյութիւն չունի։ Բնակիչները, գիշեր եւ ցերեկ, զբաղած են ուտելով, խմելով, հաճոյանալով ու նամանաւանդ գործադրելով Յիսուսի Քրիստոսի մեծագոյն պատուէրը.- «Սիրեցէք զմիմեանս»։ Այրերը, ասպետական ըլլալով, կը սիրեն տկար սեռը։ Կիներն ալ գտնելով, որ այրերը տկարացած են, կը սիրեն այրերը։ Ըսենք նաեւ, որ խիստ այլասէր են ու կը սիրեն դրսեցիները։
***
Անգամ մը, երկու հոգի կը խօսէին նշանաւոր նոր հարուստ՝ Թորոս Պալտըրըչըպլաքեանին մասին։ Մին ըսաւ.
- Թորոսը սովորական մարդ մըն է։
Միւսը պատասխանեց.
- Ի՜նչ կ’ըսես... ի՛նչպէ՞ս թէ սովորական մարդ է ... Մեր ամէնէն աչքի զարնող նոր հարուստներէն է ... Մարդը քանի հարիւր անգամ միլիոնատէր է...
Առաջինը ըսաւ.
- Բայց ըսածս կը հաստատես... Ատ ըսածէդ աւելի սովորական ի՞նչ կայ ներկայիս...
***
Խախանեանները հարստացած էին ու, օր մը, ընտանեկան ժողովի մը մէջ, տուին հետեւեալ վճռական որոշումը.- Պէտք է մեր բնակավայրը, մեր թաղը ու մանաւանդ մեր բարեկամները փոխենք։ Հարկ է փոխադրուինք առնուազն տասնեւհինգ սենեակնոց յարկաբաժին մը, տասնեւվեցերորդ թաղամասին մէջ ու տեսնուինք այնպիսի մարդոց հետ, որոնք առնուազն քսան միլիոն մը շինած ըլլան, ինչպէս Մամասեանները, Խամպուրեանները, Կոտոշեանները։
Ու փոխադրուեցան, սակայն, չկրցան մտնել Մամասեաններու, Խամպուրեաններու եւ Կոտոշեաններու շրջանակին մէջ, որովհետեւ յիշեալներն ալ իրենց կարգին հարստացած ըլլալով, իրենց կարգին որոշած էին տեսնուիլ ա՛լ աւելի հարուստներու հետ, ինչպէս Եուսուֆեանները, Վարսամեանները, Խուրումեանները։
Խախանեանները, որոնք իրենց նախկին բարեկամներուն հետ խզուած էին՝ բոլորովին մինակ չմնալու համար, սկսան տեսնուիլ իրենց քոնսիէրժին ամբողջ գերդաստանին հետ։
***
Պարոն մը կը ճանչնամ, որ պատերազմէն առաջ՝ հանրածանօթ աղքատ մըն էր։ Հիմա, քանի մը միլիոն դիզած ու եղած է անծանօթ հարուստ մը։
***
Նիհարցած բանախօս մը բեմ ելած էր, երբ իր առջեւ գտաւ լեգէոն մը չափազանց գիրացած նոր հարուստներու եւ փաղանգ մը գերագիրացած նոր հարուստներու։ Բանախօսը, այդ ուռած արարածները տեսնելով, փոխանակ «տիկիններ եւ պարոններ» ըսելու՝ աղաղակեց.
- Տիկեր ու պալոններ...
***
Եթէ ձեր երազին մէջ հարստութիւն տեսնէք, բացէ՛ք երազահանը ու պիտի կարդաք հետեւեալը.-
Հարստութիւն.- Նշան տնական խռովութեան։
Իսկ եթէ ձեր կեանքին մէջ տեսնէք հարստութիւնը՝ մեկնութիւնը բազմապատկեցէք ձեր ունեցած միլիոններուն հետ։
***
Մեր ազգը չկործանեցաւ՝ տառապելով, սակայն կը վախնամ, որ դիւրակեցութեամբ քայքայուի։
***
Նիւթական հարստութիւնը կը կողոպտուի, որովհետեւ կողոպուտ է։ Բայց կողոպուտ ըլլալէ եւ կողոպտելի ըլլալէ աւելի՝ սոսկալի աւազակ մըն է հարստութիւնը, որ կը կողոպտէ իր տիրոջ համեստութիւնը, հանգստութիւնը, հաւասարակշռութիւնը։ Այս կարեւոր պատճառով, կ’ըսեմ.
- Գթացէ՜ք հարուստներուն։ Նայեցէ՛ք ու ողորմեցէ՜ք...
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ - 1943