Նոր հարուստ մը, բառ առ բառ գրեթէ, ըսաւ հայ ուսուցիչի մը.
- Լսեցինք, որ գիտնական մարդ ես եղեր դուն։ Մեզի ալ, հանդերձ ընտանեօք, քեզի պէս մէկը պէտք է։ Հիմա նստէ, վառէ սա սիկարան ու մտիկ ըրէ։ Դասեր պիտի տաս մեզի։ Մեծ տղուս հայերէն, թուրքերէն ու ալաֆրանկա զուռնա պիտի սորվեցնես։ Հայերէնը բարեկամներս կ’ուզեն կոր քի սորվի տղաս։ Թուրերէնին ինք հավէս ունի, թուրքերէն քիւֆիւր ընելը խըյախ բան է,- կ’ըսէ կոր ։
Զուռնան ալ իրեն ամմիի աղջիկները կ’ուզեն կոր քի սորվի, չիւնքի պաազի բիքիւնիք, պաազի ալ սիւրբրիզ բարթի կ’ընեն կոր, էյլէնճէի համար։ Անոր ասչափ։ Պզտիկ տղուս պիտի սորվեցնես հայերէն ու մանտոլին եւ սուինկ։ Կը խենթենայ կոր սուինկի համար։ Աղջկանս ալ կը սորվեցնես ալաֆրանկա գրողներուն անունները ու դաշնակ։ Քիչ մըն ալ թուրքերէն սորվեցուր քի իրեն քիւֆիւր-քեաֆիր ընեմ նէ հասկնայ։ Մատամին ալ սորվեցուր սալոնի մէջ երերալ, ճաշել, խօսիլ։ Ինծի ալ՝ հաշիւ, քէմէնչէ, պռիճ ու բոքէր։ Ազնուականները խումարպազ կ’ըլլան եղեր, եսլ ալ գիտէի քի այաք թաքըմին է քի խումարպազ կ’ըլլայ։ Ասոնցմէ զատ, մեզի երկու հատ դաշնակ պիտի գնես, ամմա մէկ դաշնակը Պէյիթովէն զարնելու է, մէկալ դաշնակն ալ Շոբէն։ Ութսուն հարիւր հատ ալ հաստ, կաշիով գիրք։ Անկէ ետքը, զուռնա, մանտոլին, քէմէնչէ։ Հիւր ունենանք նէ մուզիքայի խումբ կ’ըլլանք։ Մեր ընտանիքին համար ալ մառշ մը կը գրես։ Ի՞նչ ըսիր...
Ուսուցիչը կը պատասխանէ.
- Ես ո՛չ Կալըրի Լաֆայէթ եմ, ո՛չ ալ Պոն Մարշէ...
- Ուզածս Պոն Մարշէ չէ... կ’ուզես նէ մարշէ նուար... Փարայով չէ՞ մի, ամէն բան, աղբար... խօսքդ փարային կ’անցնի...
Այս նոր հարուստը իր կինը վերածած էր գոհարավաճառատան մը ցուցափեղկին։ Չէր մոռցած ներա ականջներէն կախելու երկար ու ոսկի օղեր, ծանր ադամանդներով դրուագուած։ Իւրաքանչիւր օղը կը կշռէր, անտարակոյս, քանի մը քաշ։ Օղերուն տարապայման ծանրութենէն՝ հէք տիկինին ականջները տեղէն ելան։ Կինը կորսնցուց իր լսողութիւնը։ Ու ներկայիս կը մեղադրուի ամէնէն, որ իր ամուսնոյն խօսքը ա՛լ չի լսեր։
Այս նոր հարուստը իր աղջիկը ըրած էր մուշտակի բեռնակիր։ Աղջիկը իր գլխուն, ուսերուն, կռնակին ու մարմնոյն վրայ այդ անտանելի մուշտակաբեռը մինակը տանիլ չկրցաւ։ Իր ծոցը առաւ պնդակազմ ֆրանսացի մը, որպէսզի օգնէ իրեն՝ վերցնելու համար իր վրայէն մուշտակները։ Ֆրանսացին խիստ հաճոյակատար էր։ Ոչ միայն մուշտակները առաւ վրայէն, հագուստները, ներքնազգեստներն ալ հանեց ու լաւ մը օրիորդը թեթեւցո՜ւց, թեթեւցո՜ւց...
Մեծ տղան ուսումնական դուրս եկաւ։ Շուտով լեզուագէտ եղաւ։ Սիրահար ձեւանալով՝ հրէուհիէ մը սորվեցաւ գերմաներէն, հայուհիէ մը սորվեցաւ թրքերէն, իսկ ֆրանսուհիէ մըն ալ սորվեցաւ արկօ խօսիլ։ Չկրցաւ գտնել թրքուհի մըն ալ, որ հայերէն սորվի։
Պզտիկ տղան, դեռ տասնեւհինգ տարեկան, ակադեմական եղաւ, խաղի ակադէմի մը յաճախելով։ Ատեն մը ետքը յայտարարեց.
- Ես գտայ իմ վոքասիոնս (կոչումս)։ Իմ վոքասիոնս է սուինկ պարել։
Յաճախ, զանազան վայրերու մէջ, պատահեցայ այս պատուական ընտանիքին պատուական հայր՝ նոր հարուստին։ Անոր առջեւ կը խոնարհէին ե՛ւ պերճապաշտ կիներ, ե՛ւ իմաստասէր մտաւորականներ, նոյնիսկ աստուածապաշտներ։ Կիրակի օր մը, տեսայ որ եկեղեցիին դասին մէջ կանգնեցուցեր էին զինքը։ Բնաւ պիտի չզարմանամ եթէ, օր մը, հանեն խորան։ Հարկաւ օր մըն ալ Յիսուսը կը հանեն խաչէն ու նոր հարուստը կը բարձրացնեն խաչին վրայ։
***
Նոր հարուստներէն շատերը կրցան, դրամին զօրութիւնով, գրեթէ ամէն բան փոխել,- տուն, շրջանակ, կարասի, հագուստ, ուտելիք, խմելիք, կին, հոմանուհի, զաւակ, գաղափար, կրօնք, Աստուած։
Մէկ բան չկրցան փոխել. իրենց անունն ու մանաւանդ իրենց մակդիրը։ Ամէն բան փոխելէ յետոյ, մէկը անունով ու մակդիրով մնաց՝ պանանճի Մելիտոս, միւսը մնաց՝ ճամճի Արթաքի, ուրիշ մը մնաց՝ պաղըրսախճի Մանուկ, չորրորդ մը՝ չորապճի Խորէն, հինգերորդ մը՝ պախալ Անտոն, վեցերորդ մը՝ պոշ կէզէն Ժիրայր եւն.։
Ներկային մէջ ամէն բան կարելի է փոխել կամ սրբագրել, ապագային մէջ նոյնպէս, միայն անցեալը անփոփոխելի է։ Եւ անունն ու մակդիրը, որ անցեալէն կուգան՝ անսրբագրելի կը մնան, բոլոր ժամանակներուն համար։
Սա ալ ըսենք, որ այդ մակդիրները մեր կողմէ չէ, որ կ’արհամարհուին, այլ իրենց տէրերուն կողմէ։ Անոնցմէ մէկը, օր մը, մտերմաբար, ըսաւ ինծի.
- Հինգ միլիոն՝ սիրով կը յանձնէի այն հրաշագործին որ կարենար մարդոց յիշողութեան մէջէն ջնջել անուն-մակդիրս.- Ձիու գող Միհրանը...։
***
Նոր հարուստ մը իր տասը մատներուն անցուցած էր տասնեւչորս մատանի։ Կարծես իր ձեռքերը ոսկի սանտրող ոսկորէ սանտրեր ըլլային։ Մանաւանդ իր աջ մատնեմատին վրայ զետեղած էր «ասպետական» մատանի մը որ, անկասկած, կը կշռէր, քանի մը քիլօ։ Իր կաթողիկոսական, իր կայսերական մատները սկսած էր խաղցնել, խօսած ատեն։ Իր մատը ամէն խնդրի ու ամէն գործի մէջ էր։ Օր մըն ալ իմացանք, որ ամէն բանի մէջ մտնող իր մատը՝ բանտի մէջ ալ մտեր է։
Ատեն մը ետքը, բանտէն ելաւ՝ իր գործերուն մէջ աւելի կատարելագործուած։
Ըսաւ.
- Ոչ մէկ վնաս ունեցայ բանտ մտնելով, ընդհակառակը շահեցայ, որովհետեւ ահագին թիւով սեւ շուկացիներ ճանչցայ եւ յարաբերութիւն հաստատեցի անոնց հետ։
Յարաբերութիւններ հաստատած էր նաեւ ճերմակ շուկացուհիներու հետ։
Կինը, անգամ մը, կ’ըսէ իր ամուսնոյն.
- Հարուստ ըլլալէդ ի վեր, ա՛լ ինձմով բնաւ զբաղած չունիս... ի՜նչ նիւթապաշտ ես եղեր...
Ամուսինը կը պատասխանէ.
- Կ’ուզէիր, որ քե՞զ պաշտեմ միշտ... Այն ատեն նիւթապաշտ պիտի չըլլայի՞... Կարծես թէ դուն նիւթ չես... Դուն ալ նիւթ ես, մինակ ա՛լ անմարսելի տեսակէն...
Ու ամուսինը շարունակեց գործ ունենալ փայլուն, փափուկ, մարսողական նիւթերու հետ։
Կինը ինքզինքը կը մխիթարէր, անդադար գոհարեղէններ գնելով ու հաւաքածոյ մը կազմելով։ Օր մը, կ’ըսէ իր ոչ-հարուստ մէկ ընկերուհիին.
- Ա՜խ, Զապէլս, աղօթք ըրէ, որ պատերազմը վերջանայ...
Ընկերուհին կ’ըսէ.
- Ինչո՞ւ կ’ուզես, որ վերջանայ պատերազմը։
- Որպէսզի Պոլիս երթամ եւ ընկերուհիներուս ցոյց տամ գոհարեղէններս։ Տեսնան, որ ի՜նչքան երջանիկ եմ։
Գոհարեղէններէն յետոյ սկսաւ գնել մուշտակնե՜ր, մուշտակնե՜ր...։ Մուշտակ՝ սենեակին պատերուն վրայ, մուշտակ՝ վերմակին վրայ, մուշտակ՝ շունին, մուշտակ՝ կատուին, մուշտակ, եթէ կարելի ըլլար, տունին երեսը ու տանիքին վրայ։ Իսկ ինքը կորսուած էր, բոլորովին կորսուած մուշտակներու մէջ։ Գարուն, ամառ, աշուն, ձմեռ չբաժնուեցան իրմէ մուշտակները։
Իր սրտին ու նոր սիրոյն աստիճանը ելեր է քառասունըմէկի։ Օր մըն ալ, երբ սիրահարին համար հաներ է մուշտաները, պաղ է առեր, թոքատապ ունեցեր ու մեռեր։
Հանգի՜ստ իր գոհարեղէններուն ու մուշտակներուն։
Դառնալով ամուսնոյն՝ ըսենք, որ ան հետզհետէ աւելի հարստացաւ։ Օր մը, երկու բարեկամներ այդ նոր հարուստին մասին կը խօսէին, վիճաբանելով։ Մին կ’ըսէր.
- Կը պնդեմ ըսածիս վրայ, քանի հարստացաւ այնքան կծծի դարձաւ։
- Ամէն թերութիւն կրնաս վերագրել իրեն, սակայն, ո՛չ այդ մէկը։ Ծայրագոյն աստիճանի շռայլ մը դարձած է։ Շաբաթ մը առաջ, ճաշարանին մէջ, իր երեք սիրուհիներուն եւ քանի մը բարեկամներուն ներկայութեան՝ հինգ-հազարնոց մը այրելով, վառեց բոլորին սիկարէթները։ Ըսածս փաստ է։
- Ես միշտ կը պնդեմ ըսածիս վրայ։ Ամիս մը առաջ, ծերունի մտաւորականի մը հինգ հարիւր ֆրանք տալ մերժեց։ Իմ ըսածս ալ փաստ է։
Երրորդ մը, միջամտելով, ըսաւ.
- Զուր տեղը մի՛ վիճաբանիք։ Երկուքդ ալ իրաւունք ունիք։ Խնդրոյ առարկայ արարածը շռայլ ալ է, կծծի ալ է, մեր շատ մը հին ու նոր հարուստներուն պէս։ Շռայլ է իր անձին, իր հաճոյքին, իր հոմանուհիներուն, իր փառքին ու քմայքին համար։ Կծծի է միմիայն ուրիշներուն համար։ Մեր հարուստները վիճակահանութեան մեծ պարգեւը շահած գնչուներուն կը նմանին։ Անոնց մէջ մի՛ փնտռէք ո՛չ մէկ իրական մեծութիւն։ Միայն մէկ մեծ բան ունին.- խայտառակութիւնը։
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ 1943
(Բ. մաս)