Դժուար է պատկերացնել, թէ Երեւանի Ոսկիի Շուկայի ամենավերեւի յարկի փոքրիկ խուցի մը մէջ, ուր երկու հոգի դժուարութեամբ կրնան շարժիլ, սուրիահայ Վազգէնը ինչպէ՞ս կը ստեղծէ արծաթէ փոքրիկ հրաշքներ, շունչ կու տայ պաղ մետաղին ու զայն կը վերածէ արուեստի գործերու: Հետաքրքրա կան
է, որ սուրիահայ արծաթագործին աշխատանքները հիմնականօրէն կը գնահատեն զբօսաշրջիկները:
Վերջին տարիներուն Վազգէն Արուճեան Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման սեփական վիճակագրական սանդխակը ստեղծած է. եթէ առեւտուրը ամրան ամիսներուն նախատեսուածէն լաւ կ՛ըլլայ, կը նշանակէ զբօսաշրջիկներու հոսքը մեծ է: «Եւրոպա, Գանատա, Ռուսիա, Իրան… Հիմնականօրէն այդ երկիրներէն ժամանածները կը գնեն իմ պատրաստած զարդերս: Ես ալ կ՛ուրախանամ, որ իմ զարդերս իրենց անկիւնը կը գտնեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ»,- կ՛ըսէ Վազգէն ու կ՛աւելցնէ, որ իր զարդերը իւրայատուկ են, քանի որ բացառապէս ձեռքի աշխատանք են: Վազգէն կը կիրարկէ արծաթագործութեան հին աւանդական եղանակները, որոնք իրեն սորվեցուցած են իր նախնիները:
Ան Հայաստան տեղափոխուած է երեք տարի առաջ: Սուրիոյ իրադարձութիւնները ան կ՛անուանէ «անիմաստ պատերազմ»: Բազմաթիւ ընկերներ, հարազատներ կորսնցուցած է արիւնահեղութեան հետեւանքով, որուն նպատակն ու իմաստը ոչ ինքը կը հասկնայ, ոչ ալ իր շրջապատը:
Վազգէն կ՛ըսէ, որ Հալէպը դժուարութեամբ ձգած է, բայց Երեւան գալու հարցով վայրկեան մը անգամ չէ տատամսած: «Բախտաւոր մարդ եմ, քանի որ հայրենիքէս եկած եմ հայրենիք: Սուրիան իմ հայրենիքս է, Հայաստանը` նոյնպէս»,- կ՛ըսէ Վազգէն:
Կենսամակարդակի առումով՝ Վազգէն նոյնիսկ համեմատութեան եզրեր չի կրնար գտնել Երեւանի եւ Հալէպի կեանքերուն մէջ: Հալէպի մէջ ան նշանաւոր արծաթագործ Վազգէնն էր եւ յաճախ 24 ժամ անդադար աշխատանքը չէր բաւեր պատուէրները հասցնելու համար: Երեւանի մէջ ան դժուարութեամբ կը հոգայ ընտանիքին ծախսերը: «Արաբները կը սիրէին հայ վարպետներուն գործերը ու իրենց տունը կը զարդարէին արծաթէ իրերով, սպասքով, սկուտեղներով: Հայաստանի մէջ, ի հարկէ, վաճառքի առումով անհամեմատելի է: Հոս ամէն մէկը չէ, որ կրնայ մեծ զարդեր գնել, հիմնականօրէն զբօսաշրջիկները կը գնեն իմ գործերս»,- կ՛ըսէ Վազգէն:
Ան կը խոստովանի, որ Երեւանի մէջ գտած է ապահովութիւն, սակայն որպէս առաջնակարգ մասնագէտ` յաճախ կը վիրաւորուի ու կը նեղուի: «Պատճառն այն է, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ կը նախընտրեն ոչ թէ ձեռքի, այլ մեքենայի աշխատանքը»,- կ՛ըսէ Վազգէն ու կը շեշտէ, որ յաճախ խանութները հրաժարած են ընդունելէ իր գործերը` պատճառաբանութեամբ, որ անոնք ձեռքի աշխատանք են: «Շատ զարմանալի է: Ողջ աշխարհը այսօր նախապատուութիւնը կու տայ ձեռքի աշխատանքին, իսկ Հայաստանի մէջ հակառակն է»: Վազգէն կը փաստէ, որ մետաղի լեզուն հասկնալը այնքան ալ բարդ գործ չէ: Քիչ մը երեւակայութիւն, քիչ մը ստեղծագործական մօտեցում, շատ սէր ու նուիրում, աշխատասիրութիւն: Սա, ըստ Վազգէնի, իւրաքանչիւր աշխատանքի յաջողութեան բանալին է: «Պէտք է աշխատանքդ արժեւորես, գնահատես, յարգես, որպէսզի արդիւնքը գոհացնէ»,- կ՛ըսէ ան: Երեւանեան կեանքին յարմարուելու համար ալ, Վազգէն բաղադրատոմս ճարած է. քիչ մը համբերութիւն, լաւատեսութիւն ու կամքի ուժ:
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ «Արմէնփրես»