Ա­մա­նո­րէն ա­ռաջ տե­ղա­ցած ձիւնն ու ցուրտ ե­ղա­նա­կը հայ­րենբ­նակ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար այդ­քան ալ բա­րեն­պաստ չե­ղան։ Ցուր­տին հետ Հա­յաս­տան ժա­մա­նեց նաեւ խո­զի կրի­փը, ծա­նօթ՝ «H1N1 virus» ա­նու­նով։ Այս վա­րա­կը կը տա­րա­ծո­ւի ա­հա­ւոր մեծ ա­րա­գու­թեամբ ու թէեւ մա­հա­ցու չէ եւ չի տար­բե­րիր մնա­ցեալ կրի­փա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէն, այ­սու­հան­դերձ՝ ա­նի­ կա

կրնայ շատ վտան­գա­ւոր հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ, ե­թէ ա­նոր ա­ռաջ­քը չառ­նո­ւի եւ հա­մա­պա­տաս­խան խնամք չտրա­մադ­րո­ւի հի­ւանդ­նե­րուն։ Ցայ­սօր, 12 քա­ղա­քա­ցի­ներ մա­հա­ցած են՝ խո­զի կրի­փով վա­րա­կո­ւե­լէ ետք։ Մա­հա­ցած­նե­րէն շա­տե­րը ար­դէն իսկ ու­նե­ցած են այլ հի­ւան­դու­թիւն­ներ (սիր­տի տկա­րու­թիւն, քաղց­կեղ եւ այլն) եւ, այդ իսկ պատ­ճա­ռով, ի­րենց թոյլ մար­մի­նը չէ կրցած պայ­քա­րիլ այս նոր հի­ւան­դու­թեան դէմ։

Հի­ւան­դա­նոց­նե­րը լեփ-լե­ցուն են եւ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կ­՛աշ­խա­տի ար­տա­կարգ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցով՝ կան­խե­լու հա­մար ո­րե­ւէ վտան­գա­ւոր հա­մա­ճա­րակ։ Կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հրա­մա­նով՝ դպրոց­ներն ալ փակ կը մնան։

Այս օ­րե­րուն, շա­տե­րու նման ես ալ կը խու­սա­փիմ ան­տե­ղի շրջապ­տոյտ­նե­րէ ու ըն­կե­րա­յին շփում­նե­րէ եւ ժա­մա­նա­կիս մեծ մա­սը կ­՛ան­ցը­նեմ տան մէջ՝ ըն­թեր­ցե­լով կամ շար­ժան­կար դի­տե­լով։ Ա­ռի­թէն օգ­տո­ւե­լով՝ ո­րո­շե­ցի ան­գամ մը եւս կար­դալ ըն­թեր­ցող­նե­րուն ին­ծի ու­ղար­կած նա­մակ­նե­րը եւ անդ­րա­դառ­նալ ա­նոնց ար­ծար­ծած հար­ցե­րուն։

Նա­մա­կա­գիր­նե­րէն շա­տե­րը քա­ջա­լե­րա­կան եւ գնա­հա­տան­քի խօս­քեր կ­՛ուղ­ղեն ին­ծի, իսկ բազ­մա­թիւ ու­րիշ­ներ կը քննա­դա­տեն զիս։ Շ­նոր­հա­կալ եմ բո­լո­րին, թէ՛ գնա­հա­տող­նե­րուն, թէ՛ քննա­դա­տող­նե­րուն։ Քն­նա­դա­տող­նե­րը զիս կը մե­ղադ­րեն Հա­յաս­տա­նը շատ բա­ցա­սա­կան, կամ հա­կա­ռա­կը՝ շատ դրա­կան ներ­կա­յաց­նե­լուս հա­մար, ու­րիշ­ներ դէմ կ­՛ար­տա­յայ­տո­ւին իմ կա­տա­րած քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծում­նե­րուն։

Շա­տե­րը իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կամ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն ուղ­ղո­ւած քննա­դա­տա­կան խօս­քերս ար­դար չեն հա­մա­րեր, իսկ ո­մանք զիս բա­ւա­կան մեղմ ու չա­փա­ւոր կը հա­մա­րեն ու կը թե­լադ­րեն բուռն եւ անխ­նայ ըլ­լալ։ Դար­ձեա՛լ շնոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր խրատ­նե­րուն եւ թե­լադ­րանք­նե­րուն հա­մար։

Այս ա­ռա­ւօտ, երբ կը մտա­ծէի այս հար­ցե­րուն մա­սին ու միա­ժա­մա­նակ կը հե­տե­ւէի ըն­կեր­նե­րուս ֆէյս­պու­քեան գրա­ռում­նե­րուն, աչ­քիս զար­կաւ Մար­թին Լու­թըր Քինկ Ճու­նիը­րի հե­տե­ւեալ միտ­քը, զոր ըն­կեր­նե­րէս մէ­կը տե­ղա­ւո­րած էր իր է­ջին վրայ.

- «­Կու գայ ժա­մա­նակ, երբ մարդ պէտք է ու­նե­նայ այն­պի­սի դիր­քո­րո­շում, որ ո՛չ անվ­տանգ է, ո՛չ քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ճիշդ, ո՛չ ալ ժո­ղովր­դա­հա­ճոյ։ Բայց այդ դիր­քո­րո­շու­մը պէ՛տք է որ­դեգ­րէ, ո­րով­հե­տեւ իր խիղ­ճը կ­՛ը­սէ, թէ ա՛յդ է ճիշ­դը»։

Այս միտ­քե­րը կար­դա­լով՝ անդ­րա­դար­ձայ, թէ ա­նոնք որ­քա՜ն կը վե­րա­բե­րին նաեւ մե­զի՝ հայ­կա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մա­սին գրող կամ ա­ր­տա­յա­յտո­ւող ան­հատ­նե­րուս։

Հա­յաս­տա­նէն՝ Հա­յաս­տա­նի մա­սին գրե­լը դժո­ւար եւ պա­տաս­խա­նա­տու գործ է։ Ազգն ու հայ­րե­նի­քը յու­զող հար­ցե­րը բարդ են, եւ ա­նոնց ներ­կա­յաց­ման ու ար­ծարծ­ման ըն­թաց­քին դժո­ւար է ըլ­լալ ա­նա­չառ, ա­ռար­կա­յա­կան, ճշմար­տա­խօս եւ ան­կողմ­նա­կալ։

Դիւ­րի­նը ժո­ղովր­դա­հա­ճոյ խօս­քեր բարձ­րա­ձայ­նելն է, ամ­բո­խա­վար խօս­քեր ար­տա­յայ­տե­լը, եր­կի­րի եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան սխալ­նե­րուն՝ կեց­ցէ՛­նե­րով ար­ձա­գան­գե­լը, կամ՝ ա­նոնց հա­ճո­յա­նա­լը, մար­դոց սի­րա­ծը կրկնելն ու չսի­րա­ծը թաքց­նե­լը

Ըն­թեր­ցող­նե­րուն չեմ կրնար խոս­տա­նալ բա­ցար­ձակ ճշմար­տու­թիւն եւ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու անս­խալ, ա­ռար­կա­յա­կան եւ ա­նա­չառ ներ­կա­յա­ցում։ Կր­նամ խոս­տա­նալ միայն մէկ բան՝ նախ եւ ա­ռաջ հա­ւա­տա­րիմ մնալ խիղ­ճին, նոյ­նիսկ ե­թէ ան­կէ բխող բա­ռե­րը անվ­տանգ չեն, ժո­ղովր­դա­հա­ճոյ չեն, ու քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ճիշդ դիր­քո­րո­շում չեն հա­մա­րո­ւի­ր։

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ