alt2015իվեր­ջե­րուն, այ­սինքն՝Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կիտա­րինպատ­մու­թեանանց­նե­լէա­ռաջ, Պէյ­րու­թիմէջլոյստե­սաւՓ­րոֆ. Վահ­րամԼ. Շեմ­մա­սեա­նի «The Mousa

Dagh Armenians: A Socioeconomic and Cultural History – 1919-1939» հա­տո­րը (անգ­լե­րէ­նով), զորկա­րե­լիէի­րա­ւամբկո­չելհան­րա­գի­տա­րա­նա­յինբնոյ­թովու­սում­նա­սի­րու­թիւնմը։Շեմ­մա­սեանվա­րիչնէՔա­լի­ֆոր­նիանա­հան­գիՆորթ­րի­ճիհա­մալ­սա­րա­նիհա­յա­գի­տա­կանբա­ժան­մուն­քին)։

­Հա­տո­րըկըտա­րա­ծո­ւի 378 է­ջե­րուվրայ, լոյսըն­ծա­յո­ւածէՀայ­կա­զեանՀա­մալ­սա­րա­նինկող­մէՇի­րակհրա­տարակ­չա­տու­նէն), ձօ­նո­ւածէհե­ղի­նա­կիծնող­նե­րուն։Խոր­քինմէջ, հա­տո­րըկա­րե­լիէձօնմընկա­տելնաեւՑե­ղաս­պա­նու­թե­նէնվե­րապ­րածմու­սա-լեռ­ցի­նե­րուն, ին­չո՞ւչէե­րախ­տա­գի­տու­թեանար­տա­յայ­տու­թիւնմը՝Հայ­կա­զեա­նին, ո­րունար­ժա­նա­ւորշրջա­նա­ւարտ­նե­րէնէե­ղածՇեմ­մա­սեան, ա­ւե­լիքանչորստաս­նա­մեակա­ռաջ։

­Բա­ցատ­րա­կանյա­ռա­ջա­բա­նիմըկըյա­ջոր­դենօգ­տա­գոր­ծո­ւածլու­սան­կար­նե­րունցան­կը, քար­տէսմը, ա­պահա­տո­րինեն­թա­բա­ժին­նե­րը։Կըբաղ­կա­նայութգլուխ­նե­րէ, ո­րոնքծալքառծալքկըբա­նանՄու­սաԼե­րանուա­նորժո­ղո­վուր­դինյի­շեալ 20 տա­րի­նե­րուկեան­քիտար­բերէ­ջե­րը՝հե­տաքրք­րա­կանբո­լորման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։Բո­լորգլուխ­նե­րըան­տիպչեն. մասմըլոյստե­սածէՀայ­կա­զեա­նիՀա­յա­գի­տա­կանՀան­դէ­սինմէջ, 2008էնաս­դին։

Ան­մի­ջա­պէսը­սենք, որխո­րա­գի­րին A Socioeconomic and Cultural History բա­ռե­րըխա­բու­սիկեն, ո­րով­հե­տեւկրնանթո­ղուլայնտպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէհա­տո­րըկ­’ընդգր­կէժո­ղո­վուր­դիկեան­քինմիայնըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կանեւմշա­կու­թա­յինե­րես­նե­րը, մինչ­դեռշատա­ւե­լինէ։

Ին­նե­րորդգլու­խըկարճվեր­ջա­բանմընէ, որկը «սղագ­րէ» Մու­սաԼե­րանհայբնակ­չու­թեաներկ­րորդբռնիգաղ­թը՝դէ­պիԱյն­ճար, ուհոն՝վե­րաբ­նա­կե­ցու­մը։

­Յի­շեալ 9 բա­ժին­նե­րունկըյա­ջոր­դենհինգտախ­տակ­ներ, ո­րոնքկըտա­րա­ծո­ւինշուրջ 50 է­ջե­րուվրայ, իսկվեր­ջինէ­ջե­րունկայաղ­բիւր­նե­րուցանկմըեւյա­տուկա­նուն­նե­րու (անձ­նա­նուն, տե­ղա­նուն) ցու­ցակմը։Փայ­լունթուղ­թիվրայտրո­ւածլու­սան­կար­նե­րուն 20 թեր­թե­րըչենհա­շո­ւըո­ւածհա­տո­րիէ­ջե­րունմէջ, այլկըկազ­մեններ­դիրմը։Հոնտեղգտածենանձ­նա­կանալ­պոմ­նե­րէհա­ւա­քո­ւածու­շագ­րաւլու­սա­պատ­կեր­ներ, ո­րոնցմեծմա­սըըն­տա­նե­կանվկա­յու­թիւն­նե­րէան­դինկ­’անց­նիեւպատ­մա­կանար­ժէքու­նի։

Հա­տո­րիմըմա­սիննմանար­ձա­գան­գում՝սո­վո­րա­բարսկիզբկ­’առ­նէգիր­քինսկիզ­բէնուհա­կիրճկեր­պովկըբա­նայի­րե­րա­յա­ջորդբա­ժին­նե­րը։Մենքպի­տինա­խըն­տենքսկսիլվեր­ջինմէկբա­ժի­նէն՝աղ­բիւ­նե­րուցան­կէն, ընգ­ծե­լուհա­մարայսհա­տո­րինար­ժա­նիք­նե­րէնմէ­կը, բայցոչմիա­կը։

Աղ­բիւր­նե­րունցան­կըկըխլէ 17 էջ։Շեմ­մա­սեանօգ­տա­գոր­ծածէԿԱՐԵԼԻԱՄԷՆՆԻՒԹ.- գիր­քեր, յու­շագ­րու­թիւն­ներ, մա­մուլ, կայ­քէջ­նե­րուվրայե­րեւ­ցողնիւ­թեր, հար­ցազ­րոյց­ներ, թղթակ­ցու­թիւն­ներ, ան­տիպգոր­ծերե­ւայլն, մէկխօս­քով՝պե­ղածէայնբո­լորկա­լո­ւած­նե­րը, ուրկրնարվկա­յու­թիւնգտնելիրպա­պե­րունմա­սին։Ա­հաթէին­չո՛ւնշե­ցինք, որհա­տո­րըզգե­ցածէհան­րա­գի­տա­րա­նա­յինտա­րո­ղու­թիւն։Ինչ­պէսյա­ռա­ջա­բա­նը, նոյն­պէսալաղ­բիւր­նե­րուբա­ժի­նըեւէ­ջա­տա­կիբա­ցատ­րա­կան­նե­րըկըվկա­յեն, որհե­ղի­նա­կըա­ւե­լիքան 30 տա­րի­ներտրա­մադ­րածէհա­տո­րինկազ­մու­թեանհա­մարեւկըխոս­տո­վա­նի, որսամիայնմէկբա­ժիննէծա­ւա­լունաշ­խա­տան­քիմը, որպի­տիընդգր­կէա­ւե­լիտա­րա­ծունժա­մա­նակշր­ջան (1840էն 1939) եւնիւթ։Ու­սում­նա­սի­րու­թեանար­դիւն­քըե­ղողէ­ջե­րունտակկանյա­ւե­լեալբա­ցատ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնքկ­’անց­նինաղ­բիւ­նե­րունշու­միկամկարճբա­ցատ­րա­կան­նե­րուսահ­ման­նե­րէնան­դինեւկ­’ընդգր­կեննոյն­քանշատշա­հե­կանկարճբա­ցատ­րա­կան­ներ, ո­րոնքկըհարս­տաց­նենհա­տո­րը (ըն­թեր­ցո­ղըյա­ճախկըզգայ, որհե­ղի­նա­կըփոր­ձածէկարգմըհար­ցերունիւ­թեր «սեղ­մել», հա­ւա­տա­րիմմնա­լուհա­մարիրիսկկող­մէայսու­սում­նա­սի­րու­թեանհա­մարկան­խո­րո­շո­ւածտրա­մա­բա­նու­թեանուբնոյ­թին)։

Հա­տո­րըիբ­րեւկի­զա­կէտու­նիՄու­սաԼե­րանհայ­կա­կանվեցգիւ­ղե­րը՝Պի­թիա­սը, Հա­ճիՀա­պիպ­լին, Եօ­ղու­նօ­լու­քը, Խո­տըր­պէ­կը, Վա­քը­ֆըեւՔա­պու­սիէն։Ն­կա­տիու­նիՑե­ղաս­պա­նու­թեանյա­ջորդփու­լիայն 20 տա­րի­նե­րը, ո­րոնքկ­’ընդգրկենՑե­ղաս­պա­նու­թեանհե­տե­ւան­քովբռնա­գաղ­թո­ւածմու­սա-լեռ­ցի­նե­րուտուն­դար­ձը, վե­րա­կանգ­նումնուԱ­լեք­սանտ­րէթնա­հան­գինԹուր­քիոյկցու­մով՝վերս­տինբռնա­գաղ­թը՝դէ­պիԱյն­ճար (եւայ­լուր)։Հ­պան­ցիկնե­րա­ծա­կանմըյատ­կա­ցո­ւածէ 1915իհե­րո­սա­մար­տինուա­ւե­լիքան 4000 փրկո­ւած­նե­րունՓորՍա­յիտտե­ղա­փո­խու­թեան, ինչ­պէսնաեւաք­սո­րիչորստա­րի­նե­րուն։Հա­տո­րըա­պածա­ւալկըստա­նայբռնա­գաղ­թո­ւած­նե­րունտունդար­ձիպատ­մու­թիւն­նե­րով. հայ­րե­նիբնա­կա­վայրկըվե­րա­դառ­նանԵ­գիպ­տոս, Սու­րիա, Լի­բա­նանեւմի­ջին-ա­րե­ւե­լեանայլեր­կիր­ներա­պաս­տա­նածփրկո­ւած­նե­րը, եւսկիզբկ­’առ­նենմոխ­րա­ցածնուքան­դուա­ծըվե­րա­շի­նե­լու, բնա­կա­նոնկեանքվե­րա­կեր­տե­լուտա­րի­նե­րը։

Ա­ռա­ջին հինգ գլուխ­նե­րուն մէջ, ման­րա­մաս­նօ­րէն տրո­ւած են գիւ­ղե­րու վե­րաբ­նա­կեց­ման, կազ­մա­կերպ­ման, զի­նու­մի-ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան, ա­ռող­ջա­կան հար­ցե­րու դի­մագ­րաւ­ման, որ­բե­րու հար­ցին լուծ­ման, նպաստ­նե­րու ա­պա­հով­ման, ըն­տա­նե­կան ա­ւան­դու­թեանց պահ­պան­ման, կեն­ցա­ղա­յին հար­ցե­րու, երկ­րա­գոր­ծու­թեան-ջրա­բաշ­խու­մի, ար­հեստ­նե­րու, գոր­ծա­տու­նե­րու եւ տնա­յին աշ­խա­տանք­նե­րու, մին­չեւ իսկ ո­րոշ ան­ձե­րու շնոր­հո­ւած «ծած­կա­նուն­նե­րու» մա­սին պա­տում­ներ ու ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Այս ու հե­տա­գայ գլուխ­նե­րուն մէջ, բնա­կա­նա­բար տեղ գրա­ւած են ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թեանց եւ յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, պայ­քար­ներն ու հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը։ Տ­րո­ւած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ճախ կ­’ըն­կե­րա­նան վի­ճա­կագ­րա­կան հա­րուստ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու ցու­ցակ­ներ։

­Հին­գե­րորդ եւ վե­ցե­րորդ գլուխ­նե­րը կը պար­զեն լեռ­նա­յին այս հա­յաշ­խար­հին «սփիւռ­քա­ցու­մի» ծալ­քե­րը. ըն­թեր­ցո­ղը կը ծա­նօ­թա­նայ, թէ սահ­մա­նա­փակ կա­րե­լիու­թիւն­ներ ու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն ըն­ձե­ռող լեռ­նա­վայ­րը, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­քին-թրքա­կան գոր­ծօն­ներ պատ­ճառ կ­’ըլ­լան, որ բնա­կիչ­նե­րը ապ­րուս­տի եւ բա­րօ­րու­թեան հա­մար կա­մաց-կա­մաց տա­րա­ծո­ւին դէ­պի մօ­տա­կայ ու հե­ռա­ւոր ա­փեր, մի­ջին ա­րե­ւե­լեան եր­կիր­ներ, Ափ­րի­կէ, ա­պա նաեւ ծո­վե­րէն ու ով­կիա­նոս­նե­րէն ան­դին, հաս­նե­լով Միա­ցեալ Նա­հագ­ներու ա­րե­ւե­լեան քա­ղաք­նե­րը, իսկ ա­ւե­լի ուշ՝ Ֆ­րեզ­նօ, Լոս Ան­ճե­լըս եւ այ­լուր։ Լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կը տրո­ւին պան­դուխտ­նե­րուն աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէզ­նե­րուն մա­սին, յա­ճախ՝ ըն­տա­նիք առ ըն­տա­նիք նկա­տի առ­նե­լով։

Եօթ­նե­րորդ գլու­խը կ­’անդ­րա­դառ­նայ Մու­սա Լե­րան աշ­խար­հագ­րա­կան-կլի­մա­յա­կան այն տո­ւալ­նե­րուն, ո­րոնք այս շրջա­նը, մաս­նա­ւո­րա­բար քա­նի մը գիւ­ղեր, 20ա­կան­նե­րուն եւ 30ա­կան­նե­րուն վե­րա­ծած են օ­դա­փո­խու­թեան գրա­ւիչ շրջա­նի։ Ման­րա­մաս­նօ­րէն կը ներ­կա­յա­ցո­ւին զբօ­սաշր­ջու­թեան բե­րած նպաստ­նե­րը, թէ՛ նիւ­թա­կան եւ թէ շրջա­նի զար­գաց­ման ի­մաս­տով (ճամ­բա­նե­րու բա­ցում, փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու ար­դիա­կա­նա­ցում ե­ւայլն)։ Լ­ռե­լեայն կա­րօ­տա­բաղ­ձու­թիւն մը կ­’ար­տա­յայ­տո­ւի կարգ մը է­ջե­րէն, ո­րոնց­մէ կը ծո­րին հե­ղի­նա­կին ծնող­նե­րուն ու ա­նոնց սերն­դա­կից­նե­րու յի­շա­տակ­նե­րը՝ հին Մու­սա Լե­րան մթնո­լոր­տին ու միջա­վայ­րին մա­սին, հա­ճե­լի զբօ­սա­վայր, որ ներգրա­ւած էր այդ օ­րե­րու ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, մտա­ւո­րա­կան­ներ ու ազ­գա­յին գոր­ծիչ­ներ։

Ու­թե­րորդ գլու­խը ձե­ւով մը ուղ­ղա­կի շա­րու­նա­կու­թիւնն ու «զար­գա­ցումն» է նա­խոր­դին. լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րո­ւի Մու­սա Լե­րան գիւ­ղե­րու մշա­կու­թա­յին կեան­քը. անձ­նա­կան ու հան­րա­յին գրա­դա­րան­ներ, ըն­թեր­ցու­մի եւ հե­քիա­թա­սա­ցու­թեան ձեռ­նարկ­ներ, թատ­րոն, եր­գա­հան­դէս­ներ, ե­րաժշ­տա­կան ձեռ­նարկ­ներ եւ յու­շա­հան­դէս­ներ, մա­մուլ (տե­ղա­կան թէ Հա­լէ­պէն, Պէյ­րու­թէն, Գա­հի­րէէն եւ այլ տե­ղե­րէ հաս­նող), լսա­րան­ներ ու դա­սա­խօ­սա­կան ձեռ­նարկ­ներ ե­ւայլն։

Ե­թէ Շեմ­մա­սեան բա­ւա­կա­նա­ցած ըլ­լար չոր ու ցա­մաք պատ­մագ­րու­թեամբ, լիո­վին գո­հա­ցու­ցած պի­տի ըլ­լար գի­տա­կան ու­սու­մնա­սի­րու­թիւն կա­տա­րո­ղի իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ան ը­րած է ա­ւե­լին. հա­տո­րը ա­ռա­տօ­րէն հա­մե­մո­ւած է - հե­տե­ւա­բար նաեւ յա­ւե­լեալ համ ու խորք ստա­ցածման­րա­պա­տում­նե­րով, ո­րոնք եր­բեմն կը ներ­կա­յա­ցո­ւին հե­քիա­թան­ման կամ վի­պա­կան հա­ճե­լի դրո­ւագ­նե­րով, սա­կայն ընթեր­ցո­ղը եր­բեք մտա­հան չ­’ը­ներ, որ ներ­կա­յա­ցո­ւա­ծը ժո­ղո­վուր­դի մը ի­րա­կան կեանքն է, իր բո­լոր ծալ­քե­րով, ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով ու այդ կեան­քին բո­լոր գլխա­ւոր ու երկ­րոր­դա­կան ճամ­բա­նե­րով։ 20 տա­րի­նե­րու տո­ւեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կը վե­րա­կեն­դա­նա­նայ այս ըն­դար­ձակ, բայց այ­լա­պէս հա­կիրճ ու­սում­նա­սի­րու­թեան ճամ­բով։ Հե­ղի­նա­կը ե­թէ ա­հա­գին հում նիւթ օգ­տա­գոր­ծած է, իր կար­գին վիթ­խա­րի հում նիւթ կը տրա­մադ­րէ այլ մօ­տե­ցու­մով ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու (ընկ­րա­բան, մար­դագ­րա­կան տո­ւեալ­ներ ուսումնա­սի­րող, մշա­կու­թա­յին զար­գա­ցում­նե­րու հե­տե­ւող, միջ-կու­սակ­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու հա­կա­մար­տու­թիւն­ներ քննար­կող ե­ւայլն)։

Ինչ­պէս նշե­ցինք, վեր­ջա­բա­նին կը հե­տե­ւին վի­ճա­կագ­րա­կան տախ­տակ­ներ. հե­ղի­նա­կը ե­րախ­տա­շատ գործ ը­րած է, ա­նուն առ ա­նուն ար­ձա­նագ­րե­լով Պի­թիա­սի, Հա­ճի Հա­պիպ­լիի, Խը­տըր­պէ­կի եւ Քա­պու­սիէի բնա­կիչ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը, ա­նոնց ըն­տա­նի­քի ան­դամն­րուն թի­ւը, ստա­ցուածք­նե­րու (տան, պար­տէ­զի-հո­ղա­շեր­տի, մսա­ցու-կաթն­տու եւ այլ կեն­դա­նի­նե­րուն) թի­ւերն ու ա­նոնց նիւ­թա­կան ար­ժէ­քին մա­սին յա­րա­կից տո­ւեալ­ներ։

­Հա­տո­րին յղաց­քը ու­նի այն ար­ժա­նի­քը, որ ըն­թեր­ցո­ղը կրնայ գլուխ­նե­րէն մէ­կը կամ միւ­սը կար­դալ ա­ռանձ­նա­բար. իւ­րա­քան­չիւր գլուխ ինքն իր մէջ կա­րե­լի է ամ­բող­ջու­թիւն մը նկա­տել. ընդգր­կո­ւած նիւ­թին հա­մա­ձայն՝ տար­բեր գլուխ­նե­րու մէջ կան ո­րոշ տեղե­կու­թեանց ան­խու­սա­փե­լի կրկնու­թիւն­ներ։ Սա­կայն նա­խըն­տե­լի է հա­տո­րը ըն­թեր­ցել ներ­կա­յա­ցո­ւած կար­գով եւ իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ։

­Պատ­մա­գի­տա­կան յղաց­քով այս հա­տո­րը չէ հաս­ցէագ­րո­ւած միայն Մու­սա Լե­րան բնիկ սե­րուն­դի ժա­ռան­գորդ­նե­րուն, այլ ամ­բողջ հա­յու­թեան եւ հա­յոց մօ­տիկ ան­ցեա­լով հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րուն, նե­րա­ռեալ ա­րաբ եւ... թուրք պատ­մա­գիր­նե­րուն։

­Հա­տո­րի ըն­թե­ցու­մէն ետք, հայ թէ օ­տար՝ պահ մը վստա­հա­բար կանգ կ­’առ­նեն այն հար­ցում­նե­րուն առ­ջեւ, թէ՝ Ա­լե­սանտ­րէ­թի նա­հան­գին Թուր­քիոյ «ըն­ծա­յա­բե­րու­մով», հա­յեր - եւ ոչ միայն հա­յեր - ինչ­պի­սի՜ վիթ­խա­րի վնաս ու­նե­ցան - նիւ­թա­կա­նի, հո­ղի ու դա­րա­ւոր հայ­րե­նի­քի կո­րուս­տի ա­ռու­մով։ Իսկ Մ­ու­սա Լե­ռը միայն մէկ փոքր մաս­նիկն է կո­րու­սեալ հա­յաշ­խար­հին։ Ան­խու­սա­փե­լի հար­ցում մը կը ծա­գի նաեւ այն մա­սին, որ Մու­սա Լե­րան բնա­կիչ­նե­րուն բա­ժին հա­նո­ւած ար­հա­ւիր­քի դառն բա­ժակ­նե­րուն տար­բե­րակ­նե­րը այ­սօր «կը շնոր­հո­ւին» սու­րիա­ցի­նե­րուն ու սու­րիաբնակ հա­յե­րու, նոյն գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րին՝ Թուր­քիոյ պե­տու­թեան ոճ­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով։

­Հե­ղի­նա­կը, այս գոր­ծին յղաց­քով ու բնոյ­թովն իսկ, ետ կը կանգ­նի պատ­գա­մա­խօ­սի դե­րէն, ինք­զինք կը պա­հէ պար­կեշտ պատ­մագ­րո­ղի ա­թո­ռին վրայ։ Այ­սո­ւա­մե­նայ­նիւ, հա­տո­րը կը բե­րէ բազ­մե­րես լուռ պատ­գամ­ներ եւ մար­տահ­րա­ւէր­ներ. մեր պատ­մա­կան բո­լոր կո­րու­սեալ բնա­կա­վայ­րե­րը կը կա­րօ­տին նման խո­րազ­նին ու­սում­նա­սի­րու­թեանց (կարգ մը շրջան­նե­րու մա­սին ե­ղած են), ոչ միայն կամրջուե­լու հա­մար մեր ա­ւանդ­նե­րուն եւ սե­փա­կան ժա­ռան­գու­թեանց հետ, այլ նաեւ վկա­յա­կո­չե­լու մեր ու­նե­ցած կո­րուստ­նե­րուն ա­հագնու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին զո­հե­րու ա­հագ­նու­թեան կող­քին։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ