Ի՞նչ ը­րի ես, ո՞ւր կեր­թամ, ինչ­պէ՞ս այս­քան ա­րագ ո­րո­շում ա­ռի, ա­մէն ինչ ալ հե­զա­սահ ըն­թաց­քով ի­րա­կա­նա­ցաւ: ­Ճի՞շդ է ար­դեօք ո­րո­շումս. բայց ար­դէն ճամ­բայ ե­լած եմ, հի­մա դառ­նալ ու­զեմ՝ չեմ կրնար: Ինչ­պէ՞ս պի­տի դի­մա­նամ այս հե­ռա­ւոր օ­տա­րու­թեան: ­Մէկն ալ չու­նիմ հոն, ուր կեր­թամ: ­Սա­կայն ինչ­պէ՞ս մեր­ժէի այս ա­ռի­թը, որ չեմ գի­տեր ուր­կէ՞ ներ­կա­յա­ցաւ: ­Միայն ե­թէ քիչ մը

մօտ տեղ մը ըլ­լար, այս­քան չէի մտա­հո­գո­ւեր…:

­Կը մտա­տան­ջո­ւի քա­ռա­սուն­հին­գա­մեայ ­Տի­կին ­Լու­սին, երբ ամ­պե­րու եւ ով­կիա­նո­սի մի­ջեւ սպի­տակ գիծ մը գծե­լով կը սու­րայ զինք դէ­պի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ տա­նող հսկայ օ­դա­նա­ւը:

***

Ան կը յի­շէ, թէ ինչ­պէ՞ս ե­րեք տա­րի ա­ռաջ, ցա­մա­քա­յին փախս­տա­կան ճամ­բով ըն­տա­նեօք հե­ռա­ցան ծննդա­վայ­րէն՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով հե­ռաց­նել ըն­տա­նի­քին կրտսեր ման­չը զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան պար­տա­ւո­րու­թե­նէն, մինչ մե­ծը բա­նա­կին մէջ կը ծա­ռա­յէ դեռ, եւ ան­յայտ է ծա­ռա­յու­թե­նէն ա­զա­տե­լու ժա­մա­նա­կը. գո­նէ կրտսե­րը փրկեն, ու­նին-չու­նին աշ­խար­հի վրայ այս եր­կու աս­տո­ւա­ծա­տուր պար­գեւ­նե­րը ու­նին... մէկ պի­տի ը­սէի, քա­նի միւսն ալ Աս­տու­ծոյ հո­վա­նիին ու բա­նա­կի աս­տի­ճա­նա­ւո­րի գու­թին յանձ­նած են եւ օր ու գի­շեր կա­ղօ­թեն փոր­ձան­քէ հե­ռու մնա­լուն հա­մար:

Աչ­քե­րը փակ, ե­րա­զի մը պէս կը թեր­թա­տէ յի­շո­ղու­թեան է­ջե­րը, մերթ ընդ մերթ ա­փին մէջ սեղ­մած դե­ղե­րու ծրա­րէն հատ մը կուլ տա­լով: Ի՛նչ դժո­ւար էր այդ եր­կա՜ր ճամ­բոր­դու­թիւ­նը: Ար­գե­լակ­նե­րը, խու­զար­կու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւանդ հար­ցու­փորձ­նե­րը՝ ի տես ե­րի­տա­սարդ ճամ­բոր­դին: ­Հա­պա՞ լքու­մի պա­հը, տու­նը, տան բո­լոր ան­կիւն­նե­րը, ուր դրոշ­մուած են անջն­ջե­լի յու­շեր, ա­մուս­նու­թեան գի­շե­րէն մին­չեւ լքման պա­հը. բայց բո­լո­րը՝ մէկ­դի, զի­նո­ւոր տղուն հոն մնա­լը՝ մէկ­դի, զոր տես­նե­լը ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ մին­չեւ ծա­ռա­յու­թե­նէն ա­զատ ար­ձա­կուի­լը, մինչ հոն քա­նի մը ա­մի­սը մէյ մը, ձե­ւով մը կը տես­նո­ւէին: ­Քա­նի՜ ան­գամ ո­րո­շում ա­ռած ու հրա­ժա­րած էին այս պատ­ճա­ռով, մին­չեւ այն ա­տեն, երբ զի­նո­ւոր ման­չը խնդրած էր.

Ա՛լ հե­ռա­ցէք հոս­կէ, գո­նէ այդ կող­մէն միտքս կը հանգս­տա­նայ, ես ալ ձեր ե­տե­ւէն կը հաս­նիմ...,- ը­սած էր, մխի­թա­րե­լով ծնող­քը:

­Մին­չեւ այ­սօր դե՜ռ պի­տի հաս­նի, ար­դէն ծա­ռա­յու­թեան վեց եր­կար տա­րի­նե­րը գլո­րե­ցան, եօթ­նե­րորդն ալ ո՞վ գի­տէ ա­զատ­ման ա­ւե­տի­սը պի­տի բե­րէ՞

­Ցե­րե­կը գի­շեր, գի­շերն ալ ցե­րեկ կըլ­լայ ու կը հաս­նին հայ­րե­նիք, ուր բա­րե­կամ­ներ նա­խօ­րօք վար­ձած են յար­մար բնա­կա­րան մը: ­Կը յի­շէ, թէ ինչ­պէ՞ս տե­ղա­ւո­րո­ւած էին այդ օ­տար բնա­կա­րա­նին մէջ, թէ ինչ­պէ՞ս ե­րե­քը միա­սին գործ ո­րո­նած էին, եւ ա­միս­ներ ետք վեր­ջա­պէս ա­մու­սի­նը գործ մը ճա­րած էր, մինչ ինք քա­նի մը ճա­շա­րան­նե­րու մէջ գործ գտած՝ մերթ որ­պէս հա­ւա­քա­րար, մերթ՝ խմո­րե­ղէն­ներ պատ­րաս­տող... իսկ կրտսե­րը ոչ մէկ գործ ճա­րե­լուն պատ­ճա­ռով խնդրած էր ծնող­քէն զինք եւ­րո­պա­կան եր­կիր մը ու­ղար­կել: Ան­շուշտ զաւ­կին խնդրան­քը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էին, հոս­կէ-հոն­կէ հսկա­յա­կան գու­մար մը ժո­ղո­ւե­լով: Այս բո­լո­րը յի­շե­լով ա­ւե­լի կան­հանգս­տա­նայ. հսկայ օ­դա­նա­ւուն մէջ շունչ չկայ կար­ծես, դե­ղա­հատ մըն ալ կուլ կու տայ ու կա­մաց-կա­մաց, մտա­ծում­նե­րու շա­րա­նէն յոգ­նած, թե­թեւ քուն մը կը քա­շէ:

***

­Կէս քուն, կէս ար­թուն ինք­զինք կը գտնէ այս ան­գամ ա­մա­նո­րի հայ­կա­կան հա­ւա­քի մը մէջ, ուր ներ­կայ գտնո­ւած էր, իր վեր­ջին աշ­խա­տա­տե­ղիի հայ­րե­նի գոր­ծըն­կեր­նե­րէն մէ­կուն տու­նը: ­Քիչ թէ շատ բա­րե­կա­մա­կան փոք­րիկ շրջա­նակ մը կազ­մած էր ան անց­նող ե­րեք տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, բայց ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ կը գտնո­ւէր հայ­կա­կան ա­մա­նո­րի հա­ւա­քի մը: ­Բազ­միցս լսած էր ա­նոնց կե­րու­խու­մին, զո­ւար­թու­թեան մա­սին, բայց հոն գտնո­ւի­լը... այլ էր: ­Բա­րիք­նե­րով լի սե­ղա­նը սար­քո­ւած է այս ան­գամ բա­րե­կամ­նե­րու պա­տո­ւին: ­Յու­նո­ւար ամ­սո­ւան զո­ւար­թու­թիւնն է այս հայ­րե­նի­քի բո­լոր բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար: Ու­նե­ւոր ու չու­նե­ւոր նոյն ա­ւան­դու­թեան կը հե­տե­ւին: Ա­մէն օր տու­նե­րու մէջ խան­դա­վա­ռու­թիւն կայ, ու­տե­լու ու մա­նա­ւանդ խմե­լու, խմիչք­նե­րու շի­շե­րը պար­պե­լու մրցակ­ցու­թիւն, ին­չո՛ւ չէ նաեւ բա­ժա­կա­ճա­ռե­րու եր­կար հիւսք մը, ո­րու իւ­րա­քան­չիւր ո­լո­րը նիւթ մը կը հիւ­սէ. ա­ռա­ջի­նը հար­կաւ ա­մա­նորն է եւ ա­նոր առն­չո­ւող բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը. բա­ժա­կա­ճա­ռե­րուն հետ կը դա­տար­կո­ւին ա­րաղ­նե­րու ու տե­սա­կա­ւոր գի­նի­նե­րու բա­ժակ­նե­րը: ­Քա­նի մը բա­ժա­կա­ճա­ռէ ետք ար­դէն դէմ­քե­րը կը ձե­ւա­փո­խո­ւին, աչ­քե­րը կը փայ­լին, ձայ­նե­րը կը սկսին ա­ւե­լի բարձ­րա­նալ, ժպիտ­նե­րը կը վե­րա­ծո­ւին ա­նի­մաստ խնդուք­նե­րու, բազ­մա­բո­վան­դակ զրոյց­ներ կը լսո­ւին, ու ա­հա ­Տի­կին ­Լու­սի­նին կող­քը նստած բա­րե­կա­մու­հին հարց կուղ­ղէ.

- ­Լուս ջա՛ն, դու աշ­խա­տա՞նք էիր ո­րո­նում: Ա.Մ.Ն. կը գնա՞ս: ­Մե­րոնք էն­տեղ են՝ հօ­բա­րիս ա­ջի­կը, իմ քու­րի­կը է­լի, նա նոր ե­րե­խայ է ու­նե­ցել, դրա­մատ­նում պաշ­տօ­նեայ է, ու­զում է քեզ նման մի ազ­նիւ կին, ով կը խնա­մի ե­րե­խին, երբ ինք աշ­խա­տան­քի գնայ, որ ու­զե­նաս՝ կը խօ­սեմ նրա հետ:

Այս ա­ռա­ջար­կը լուր­ջի չէր ա­ռած ­Տի­կին ­Լու­սին, կող­քի­նին դա­տար­կած բա­ժակ­նե­րը տես­նե­լով, բայց տո­ւած էր դրա­կան պա­տաս­խան մը եւ յա­ջորդ օրն իսկ ար­ձա­գան­գած ու սկսած էին ճամ­բոր­դու­թեան վե­րա­բե­րեալ վա­ւե­րա­թուղ­թե­րու պատ­րաս­տու­թեան ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ:

­Տի­կին ­Լու­սին կը սթա­փի, երբ կը յի­շէ ա­մուս­նոյն կար­ծի­քը, ո­րու հետ եր­կար-եր­կար զրու­ցած էին այս հար­ցին շուրջ: Ան հա­մա­ձայն չէր կի­նը ու­ղար­կե­լու, սա­կայն ձեռն­տու էին պայ­ման­նե­րը, նիւ­թա­կա­նի կա­րի­քը կը մղէր զի­րենք ըն­դու­նե­լու այս ա­ռա­ջար­կը, հոգ չէ թէ այս­քան մեծ զո­հո­ղու­թեան մը գնով: ­Կի­նը կը տան­ջո­ւէր եւ քսան­հինգ տա­րո­ւան կեան­քի ան­բա­ժան բա­րե­կա­մէն՝ ա­մու­սի­նէն հե­ռա­նա­լու գա­ղա­փա­րին հետ չէր կրնար հաշ­տո­ւիլ: ­Բա­ժա­նու­մի ե­րե­ւա­կա­յու­թիւնն իսկ ան­տա­նե­լի էր, բայց ա­հա­ւա­սիկ կը հե­ռա­նայ, ալ չկայ ա­մուս­նոյն ջերմ գիր­կը, ուր հանգ­չե­լով կը բաժ­նեկ­ցէին ի­րա­րու վիշտ, յոյզ ու ա­մէն ինչ...:

Ան կա­նի­ծէ պա­տե­րազմն ալ, պա­տե­րազ­մին պատ­ճառ դար­ձող մե­ծերն ու փոք­րերն ալ...:

Եր­կու օր ետք

­Հե­ռա­ձայ­նին զան­գէն կարթն­նայ ու կը պա­տաս­խա­նէ ­Տի­կին ­Լու­սի­նին ա­մե­նամ­տե­րիմ բա­րե­կա­մու­հին.

- ­Հա՛, ­Լու­սին, ինչ­պէ՞ս ես, շատ ու­րա­խա­ցայ զանգդ տես­նե­լով, ա­մէն ինչ կար­գի՞ն է, շատ մտա­հոգ եմ, ինչ­պէ՞ս դի­մա­ւո­րե­ցին քեզ...

- ­Հա­ւա­տա՛, ա­մէն ինչ շատ լաւ է ու սպա­սա­ծէս ա­ւե­լի հան­գիստ, բայց ես լաւ չեմ. կը յի­շե՞ս՝ հոն ան­հան­գիստ վի­ճակ մը ու­նէի, հի­մա ա­ւե­լի շեշ­տո­ւած է այդ, շունչս կը նե­ղէ. ա­մու­սի­նիս չյայտ­նե­ցի այս մա­սին, ե­թէ քե­զի հարց­նէ, հա­ճիս բան չը­սես, որ չնե­ղա­նայ... գի­տեմ, ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի, կը վար­ժո­ւիմ, բայց նաեւ գի­տեմ, որ քե­զի կրնամ յայտ­նել բո­լոր մտա­հո­գու­թիւն­ներս, անն­ման ըն­կե­րու­հիս...:

­Հար­կաւ, խօ­սէ՛ ա­մէն ինչ, երբ որ յար­մա­րու­թիւն ու­նե­նաս,- եր­կար-եր­կար կը զրու­ցեն, կը խորհր­դակ­ցին. քիչ մը կը հանգս­տա­նայ, կար­ծես, ­Տի­կին ­Լու­սին:

***

Ըն­տա­նի­քին չորս ան­դամ­նե­րը երկ­րա­գուն­դի չորս ցա­մա­քա­մա­սե­րուն մէջ են, եւ ա­նոնց հան­դիպ­ման վայրն ու ժա­մա­նակն իսկ ա­նո­րոշ կը մնան: ­Հա­մա­ցան­ցա­յին ան­հո­գի կա­պը պի­տի ըլ­լայ միայն զի­րենք մէկ­տե­ղո­ղը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

- Ե­րե­ւան