altՊուրճ Հա­մու­տի Նոր Սիս թա­ղա­մա­սը, շրջա­նի Սուրբ Սար­գիս ե­կե­ղե­ցին եւ  յատ­կա­պէս Աք­սոր Գա­սար­ճեան (նա­խա­պէս՝ Լու­սի­նեան) վար­ժա­րա­նը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւեն իմ եւ տիկ­նոջս յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ ե­րի­տա­սար­դա­կան մեր լա­ւա­գոյն տա­րի­նե­րուն շաղ­կապուած: Եր­կու­քիս ալ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զի նա­խա­քայ­լե­րը սկսած են այդ նա­խակր­թա­րա­նէն: Հոն է, որ զի­ րար

ճանչ­ցած ենք: Ա­նոր յար­կին տակն է նաեւ, որ ա­շա­կեր­տած է տի­կինս ու տար­րա­կան կրթու­թեան  վկա­յա­կա­նը ստա­ցած: Ո­րով եւ բնա­կան է,  որ  այդ թա­ղա­մա­սին ու դպրոց-ե­կե­ղե­ցի  հաս­տա­տու­թեան ա­մէն մէկ ան­կիւ­նը յու­զում առ­թէ ու քաղցր յուշ բե­րէ մե­զի:

Ա­հա այս զգա­ցում­նե­րով ու կան­խատ­րա­մադ­րո­ւա­ծու­թեամբ Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ մը եր­կու­քով կը գտնո­ւինք այդ թա­ղա­մա­սին մէջ՝ տիկ­նոջս ա­մե­րի­կաբ­նակ մէկ քրո­ջը  ուխ­տը կա­տա­րե­լու յանձ­նա­րա­րա­կա­նով։

Որ­քան ալ ան­հա­ւա­տա­լի, բայց տա­րօ­րի­նա­կօ­րէն ի­րաւ: Մե­զի հա­մար եր­բեմ­նի այն­քան մտե­րիմ ու հո­գե­հա­րա­զատ թա­ղա­մա­սը «ան­ճա­նա­չե­լի» է ու խորթ: Մենք մեզ կը զգանք մո­լո­րած այն աս­տի­ճան, որ հար­կը կու­նե­նանք թխա­դէմ ա­րաբ  ան­ցոր­դի մը հարց­նե­լու հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիին  ուղ­ղու­թիւ­նը: Ինք կը ճշդէ ա­րա­բե­րէ­նով.- «­Մար Սար­գի՞ս» եւ ցոյց կու տայ մօ­տա­կայ ան­կիւ­նա­դար­ձը, ուր հաս­նել­նուս՝ կը լսենք ար­ձա­գան­գը հայ­կա­կան պա­տա­րա­գի հո­գեխ­ռով մե­ղե­դիին.- «­Տէ՜ր  ո­ղոր­մեա...»:

- Տա­րի­նե­րու մեր բա­ցա­կա­յու­թեան, որ­քան փո­խո­ւած է թա­ղը, որ ե­կե­ղե­ցիին այս­քան մօտ ըլ­լանք, բայց չկա­րե­նանք վայ­րը ճշդել,- կը­սէ տի­կինս:

- Կը սխա­լիս,- կա­ռար­կեմ,- հա­կա­ռակն է, եր­բեք չէ փո­խո­ւած: Կար­ծես ժա­մա­նա­կը չէ ան­ցած այս­տե­ղէն կամ կար­ծես թա­ղը պլլո­ւած է ժա­մա­նա­կին եւ մնա­ցած այն­պէս, ինչ­պէս որ էր հին օ­րե­րուն, 50-60 տա­րի ա­ռաջ: Կ­’անդ­րա­դառ­նա՞ս, երբ չկան ծա­նօթ դէմ­քե­րը եւ ա­նոնց մտեր­մու­թեան ջեր­մու­թիւ­նը, հայ ըն­տա­նիք­նե­րով կեանք առ­նող այս տու­նե­րը կը թո­ւին ըլ­լալ չոր ու ան­կեն­դան պա­տեր միայն եւ փո­ղոց­ներն ալ՝ ան­ծա­նօթ ու ա­մա­յի: Մեր օ­րե­րուն այս նեղ փո­ղոց­նե­րուն մէջ ինք­նա­շարժ­նե­րուն  եր­թե­ւե­կը հա­ճե­լի ե­ռու­զեռ էր, իսկ հի­մա պար­զա­պէս տաղտ­կա­լի աղ­մուկ է:

Այր ու կին մեր խօ­սակ­ցու­թիւ­նը մեզ կը տա­նի հե­ռուն, հին տա­րի­նե­րը ու կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ թա­ղա­մա­սի Սուրբ Սար­գիս Ե­կե­ղե­ցիի ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան ա­ւան­դա­կան տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րը, երբ լի­բա­նա­հա­յու­թեան սիր­տը կը բա­բա­խէր հոս՝ Նոր Սիս թա­ղա­մա­սին մէջ, ո­րուն փո­ղոց­նե­րը նո­րո­վի կեր­պա­րանք կառ­նէին, ար­մա­ւե­նիի ճիւ­ղե­րով զար­դա­րուն կա­մար­ներ կը կազ­մո­ւէին, գոր­գեր կը փռո­ւէին, սկաուտա­կան շար­քեր ու փո­ղե­րա­խումբ, հա­զար­նե­րով հայ մար­դեր եւ ուխ­տա­ւոր­ներ եր­կիւ­ղած կը սպա­սէին, որ իր շքա­խում­բով յաղ­թա­կա­նօ­րէն ժա­մա­նէ հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սը եւ ի­րենք ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս, այ­լեւ հպար­տու­թեամբ դի­մա­ւո­րեն ի­րենց հայ­րա­պե­տը ու ստա­նան ա­նոր օրհ­նու­թիւն­նե­րը: Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նը տար­բեր շուք ու հան­գա­մանք ու­նէր միւս տօ­նե­րէն, թե­րեւս ա­նոր հա­մար, որ նախ, ընդ­հա­նու­րին հա­ւատ­քով՝ ուխ­տա­կա­տար էր Սուրբ Սար­գիս, յատ­կա­պէս ցան­կա­ցող ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը հարս­նու­թեան ար­ժա­նաց­նող, եւ երկ­րորդ՝ այդ օր Նոր Սի­սին մէջ կար­ծես կը վե­րա­կանգ­նէր հի­նը, կա­թո­ղի­կո­սը կը վկա­յա­կո­չէր ու մտքե­րու մէջ եւ շրթնե­րու վրայ կը յառ­նուր հայ­կա­կան Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սա­նիստ դա­րա­ւոր Սիս քա­ղա­քը, որ իբ­րեւ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան  կայք՝  տա­րի­նե­րու թի­ւով ա­ւե­լի տե­ւո­ղու­թիւն  ու­նե­ցած է, քան մայր կեդ­րոն Էջ­միա­ծի­նը: Սա­կայն հի­մա՞... ե­թե­րին մէջ յա­ծող պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նա­յին ար­ձա­գան­գը.- «եւ զի­նո­ւո­րեա՜լ ման­կանց մե­րոց...»։

Վար­ժա­րա­նի մուտ­քի դրան եր­կա­թէ ձո­ղե­րու ա­րանք­նե­րէն աչք մը կը նե­տենք ա­շա­կերտ­նե­րու զբօ­սա­վայ­րին՝ բա­կին վրայ: Տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց նա­խըն­թաց գի­շե­րէն մին­չեւ ա­ռա­ւօտ հոն էր, որ ծա­ւա­լուն կաթ­սա­նե­րու մէջ թա­ղե­ցի տի­կին­ներ  աշ­խու­ժօ­րէն ճի­տա­պու­րը կը պատ­րաս­տէին, որ յա­ջորդ օր ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղը  բաշ­խո­ւէր ժո­ղո­վուր­դին: Իսկ դաս օ­րե­րուն, զբօ­սան­քի զան­գին հետ նա­խակր­թա­րա­նի զու­գըն­թաց դա­սա­րան­նե­րէն շուրջ 500 ա­շա­կերտ­ներ այս բա­կին մէջ կը վազվ­զէին եւ զո­ւարթ կան­չե­րով կը պա­րու­րէին շրջա­պա­տը: Մինչ հի­մա աչ­քե­րուս պար­զո­ւո­ղը պա­րա­պու­թիւն  է...: Շրթ­ներս ա­կա­մայ կար­տա­սա­նեն տող մը Մ. Իշ­խա­նի ո­տա­նա­ւո­րէն.-  «դպրոցն իմ շէն օ­րե­րուն ինչ­պէս տխուր է հի­մա...»:

Տի­կինս կը յի­շեց­նէ, որ Կի­րա­կի է: «­Նոյն զգա­ցու­մը պի­տի չու­նե­նա­յիր, ե­թէ դպո­ցա­կան օր ըլ­լար եւ տես­նէիր ու լսէիր նաե՛ւ այ­սօ­րո­ւան ա­շա­կերտ­նե­րուն  ճռո­ւո­ղու­մը, որ վստա­հա­բար պի­տի չտար­բե­րէր հին օ­րե­րու ճռո­ւողու­մէն»,- կը­սէ:

Ի­րա­ւա­ցի նկա­տո­ղու­թիւն:

Պա­տա­րա­գէն վերջ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի գրա­սե­նեակն ենք: Ան­ծա­նօթ դէմ­քեր: Ա­նուն­նե­րու փո­խա­նա­կու­մէն ի յայտ կու գայ, որ ներ­կա­նե­րէն ո­մանց հետ հին ծա­նօթ­ներ ենք՝ ա­շա­կերտ-ու­սու­ցիչ յա­րա­բե­րու­թեամբ: Զ­րոյ­ցը կընդգր­կէ հին դէմ­քե­րու եւ ան­ցու­դար­ձե­րու մա­սին վեր­յի­շում եւ նոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ: Կը յստա­կա­նայ, որ տա­րի­նե­րու եր­կայն­քին, թա­ղա­մա­սի հիմ­նա­դիր «ա­ղա»նե­րու չքա­ցու­մէն ետք՝ նո­րեր ստանձ­նած են շրջա­նին տի­րու­թիւ­նը ը­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, ըստ հնա­րա­ւո­րի ջա­հը վառ պա­հե­լու գոր­ծը: Ա­նոնց մէջ կան նաեւ այն­պի­սի­ներ, ո­րոնք բնա­կու­թեան այլ վայ­րեր փո­խադ­րո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ, կը շա­րու­նա­կեն նո­ւի­րո­ւած մնալ ե­կե­ղե­ցին ու դպրո­ցը պա­հե­լու ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թեան: Կ­’ի­մա­նանք, որ ըստ ա­ռաջ­նոյն կը շա­րու­նա­կո­ւի Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նախմ­բու­թիւ­նը, մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան ու բաշ­խու­մի ա­ւան­դու­թիւ­նը, բայց ա­նի­կա չու­նի նախ­կին­նե­րուն փայլն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ չու­նի հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւնն ու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը: Զար­մա­նա­լի կը գտնեմ, որ «­Սուրբ Սար­գիս»նե­րու նման ա­ռիթ­ներ չեն օգ­տա­գոր­ծո­ւիր հա­մախմ­բե­լու հա­մար լի­բա­նա­հա­յու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ Նոր Սիս թա­ղա­մա­սին մէջ, որ իր դրո­ւած­քով կա­րե­լի է հա­մա­րել պատ­նէ­շը հայ­կա­կան Պուրճ Հա­մու­տին: Տե­ղի հա­յու­թիւ­նը, որ­քան  թո­ւա­կան ան­կում ար­ձա­նագ­րէ, այն­քան ա­ւե­լի անհ­րա­ժեշտ կը դառ­նայ ու­ժի ցու­ցադ­րու­թիւ­նը այդ շրջա­նին մէջ:

Կ­’ի­մա­նանք նաեւ, որ տնտե­սա­կան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու մէջ իսկ վար­ժա­րա­նը կան­գուն պա­հե­լու ճի­գե­րուն նա­խա­դէ­պը չու­նե­ցող մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է  ներ­կայ տնօ­րէ­նու­հին, որ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին տա­սը տա­րի­նե­րը գոր­ծած է բո­լո­րո­վին անվճար:

Վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն վրայ, լսա­ծէն խո­րա­պէս տպա­ւո­րո­ւած՝ տի­կինս չի կրնար իր հիա­ցու­մը զսպել.-  «տա՜­սը տա­րի անվ­ճար պաշ­տօ­նա­վա­րել. ի­տէա­լա­կան նո­ւի­րում չէ՞» կը­սէ:

«Գ­նա­հա­տե­լի է, ան­շո՛ւշտ: Բայց մի՛ ի­տէա­լա­կա­նաց­ներ»,- կա­ռար­կեմ: Ա­ռար­կու­թիւնս բնաւ չի վե­րա­բե­րիր մեր լսա­ծին, որ ար­ժա­նի է ան­վե­րա­պահ գով­քի, այլ՝ ընդ­հան­րա­պէս: Անվճար պաշ­տօ­նա­վա­րու­թիւ­նը վտանգ կը ստեղ­ծէ, որ կա­տա­րո­ւած գոր­ծը վե­րա­ծո­ւի նա­խա­սի­րո­ւած զբա­ղու­մի, hobbyի:

«Ա­ռար­կու­թիւնդ կուտ-կոր­կոտ չու­նի»,- կը սաս­տէ տի­կինս ու կա­ւելցնէ.-  «Երբ դրամ չկայ եւ հա­յակըր­թու­թիւ­նը ճգնա­ժա­մի  մատ­նո­ւե­լով պի­տի վտան­գո­ւի, ի­տէա­լա­կան նո­ւի­րում է անվ­ճար աշ­խա­տի­լը: Ես չէ, որ քե­զի պի­տի վկա­յեմ ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի կա­մա­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րու շնոր­հիւ ձեռք բե­րո­ւած հրաշ­քի հա­մա­զօր ար­դիւնք­նե­րը: Մեր այ­ցե­լած թա­ղա­մասն ու միւս­նե­րը, բազ­մա­թիւ դպրոց­ներն ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ա­կումբ­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ինչ­պէ՞ս հիմ­նո­ւած են ու կը պա­հո­ւին. անվ­ճա՛ր ու կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեամբ»:

Ար­դար է սաս­տը: Կը լռեմ: Ո­րով­հե­տեւ սխրանքն է, որ ել­քը կը գտնէ ա­նե­լա­նե­լի վի­ճակ­նե­րէն, պիւտ­ճէա­կան ըլ­լան ա­նոնք թէ այլ: Ան­կաս­կած սխրանք է տա­սը տա­րի անվ­ճար պաշ­տօ­նա­վա­րելը կրթա­կան այն­քան պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծին մէջ, որ­քան ալ սե­փա­կան պայ­ման­ներդ թոյ­լա­տու դարձ­նեն քեզ այդ սխրան­քին:

Հի­մա, հա­մա­կար­գի­չիս առ­ջեւ այս տո­ղե­րը մատ­նագ­րե­լու պա­հուն կը մտա­ծեմ, որ իս­կա­պէս, տա­րա­պայ­ման դժո­ւա­րու­թեանց ու թշո­ւա­ռու­թեան մէջ հայ­կա­կան Կի­լի­կիա­յէն ար­մա­տա­խիլ ե­ղած սե­րուն­դին վե­րապ­րու­մը, վե­րա­կանգ­նումն ու սե­փա­կան կեան­քի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ար­դիւնք էին ա­նի­մա­նա­լի սխրան­քի եւ հա­մա­զօր՝ հրաշ­քի եւ այդ հրաշ­քին մէջ ու­րիշ հրաշք ե­ղաւ հիմ­նադ­րու­մը հայ­կա­կան Պուրճ Հա­մու­տին՝ թա­ղա­յին բազ­մա­թիւ դպրոց-ե­կե­ղե­ցի-ա­կումբ­նե­րով:

Այդ սե­րուն­դը, թրքա­խօս եւ ընդ­հան­րա­պէս անգ­րա­գէտ, հա­մայնք կազ­մեց, գա­ղութ կազ­մա­կեր­պեց, հիմ­քը դրաւ հա­յակր­թու­թեան եւ կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան իր օ­րի­նա­կը ու­ղե­ցոյց դար­ձուց յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­նե­րուն, ո­րոնց­մէ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խումբ մը տե­սայ Կի­րա­կի օ­րով հոն՝ Նոր Սի­սի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի գրա­սե­նեա­կին մէջ:

Հոն, այդ գրա­սե­նեա­կին մէջ այր ու կին հաս­տա­տե­ցինք, որ սահ­մա­նա­փակ մար­դու­ժով, բայց ան­սա­կարկ ճի­գե­րով կը պահ­պա­նո­ւի հի­նե­րու ա­ւանդ ձգած ժա­ռան­գը՝ դպրոցն ու ե­կե­ղե­ցին, ա­կումբն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, Նոր Սիս թա­ղա­մա­սը:

Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին՝ ազ­գանուէր հին ու նոր ան­ձե­րուն եւ մա­նա­ւանդ ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի բո­լոր հայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք իբ­րեւ Մես­րո­պի ջո­կատ  հա­մես­տա­բար, ան­բա­ւա­րար վար­ձատ­րու­թիւն­նե­րով, այ­լեւ ան­շա­հախնդ­րօ­րէն ծա­ռա­յե­ցին ու կը ծա­ռա­յեն հա­յակր­թու­թեան

Ա­թէնք, 18 Յու­նո­ւար 2016
Միհ­րան Քիւր­տօղ­լեան