­altԲայց ոչ ի­րենց ըն­կե­րա­յին-ըն­տա­նե­կան բնոյ­թին պատ­ճա­ռով։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ այդ բա­ժի­նը լաւ ու օրհ­նա­բեր էր եւ մեզ բո­լո­րիս յի­շե­ցուց, թէ որ­քան թան­կա­գին են ըն­տա­նե­կան պա­հե­րը եւ զա­նոնք պէտք է վա­յե­լել ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով։

 

Տ­խուր ու զայ­րա­ցած տրա­մադ­րու­թիւնս կու­գայ լրա­տո­ւա­կան մեր է­ջե­րէն, ուր տա­րե­կան հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւն­ներ կար­դա­լու կող­քին, կար­դա­ցի նաեւ, թէ 2015ի ըն­թաց­քին 76 ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւոր­ներ զո­հո­ւած են Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քի յար­ձա­կում­նե­րէն ու կրա­կոց­նե­րէն, Ար­ցա­խի սահ­մա­նագ­ծի պաշտ­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին։ ­Վի­ճա­կագ­րու­թիւ­նը տխուր ու ճնշիչ ի­րո­ղու­թիւ­նը ցոյց կու­տայ, ա­ւելց­նե­լով թէ 2014ին զո­հե­րը 45 էին...

Ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մօ­տէն հե­տե­ւե­ցանք ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քի շա­րու­նա­կա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն, ո­րոնց մեծ մա­սը յա­ջո­ղա­պէս կա­սե­ցուե­ցաւ Ար­ցա­խի զի­նո­ւած ու­ժե­րուն կող­մէ։ Եւ վստահ ենք, որ ար­ժա­նի պա­տաս­խա­նը միշտ ալ տրո­ւե­ցաւ ա­զե­րիա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն դէմ, ո­րոնք հայ զի­նո­ւոր­նե­րու ե­րի­տա­սարդ կեան­քե­րը կը խլեն, հո­գե­բա­նա­կան ճնշիչ մթնո­լորտ փոր­ձե­լով պար­տադ­րել հա­յու­թեան վրայ։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան գոր­ծե­լաո­ճը նո­րու­թիւն չէ մե­զի հա­մար, ոչ ալ լռե­լեայն շա­րու­նա­կո­ւող ի­րա­կան պա­տե­րազ­մը։ Այդ որ հրա­մա­յա­կան է՝ հա­յու­թեան կա­րո­ղա­կա­նու­թեան լրիւ օգ­տա­գոր­ծումն է, որ պա­տե­րազ­մին պէտք է ի՛ր շեշ­տը տայ, սաստ­կաց­նե­լով ճնշում­նե­րը հա­մաշ­խար­հա­յին ա­տեան­նե­րուն մօտ, ցոյց տա­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան խե­ղա­թիւ­րում­նե­րը եւ իս­կա­կան ա­ւեր­ներ գոր­ծե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան շա­հե­րուն եւ նպա­տակ­նե­րուն։

­Զի­նա­դա­դա­րի կնքու­մէն յե­տոյ, Ար­ցա­խը դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճամ­բով միշտ ալ կո­չեր ուղ­ղած է Ատր­պէյ­ճա­նին, թէ պատ­րաստ է սահ­մա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցե­րու շուրջ բա­նակ­ցե­լու։

Այս օ­րե­րուս մօ­տէն կը հե­տե­ւինք Եւ­րո­պա­յի ­Խոր­հուր­դի ­Խորհր­դա­րա­նա­կան ­Վե­հա­ժո­ղո­վին մօտ դար­ձեալ ըն­թաց­քի մէջ ե­ղող դի­ւա­նա­գի­տա­կան խա­ղի մը, ուր օ­րա­կար­գի վրայ են հա­կա­հայ բնոյթ ու­նե­ցող եր­կու բա­նա­ձե­ւեր։ ­Մէ­կը կը խօ­սի Ար­ցա­խի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ բռնու­թեան ա­ճի մա­սին, երկ­րոր­դը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­մերձ վայ­րե­րու բնա­կիչ­նե­րու ջու­րի ան­բա­ւա­րար օգ­տա­գոր­ծու­մի մա­սին։

­Կար­ծեմ թէ հար­ցին էու­թիւ­նը չի կա­յա­նար այս եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րու ըն­դուն­ման (կամ ոչ) մէջ։ Այս եր­կու հա­կա­հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւե­րուն ընդ­դէմ կա­րե­լի է դի­րաւ յի­շել ­Պա­քո­ւի մէջ հնչած ամ­բո­խա­վա­րա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը (թէ Ատր­պէյ­ճան տրա­մա­դիր կ­’ըլ­լայ ­Հա­յաս­տա­նին կազ վա­ճա­ռել, ե­ւայլն, ե­ւայլն), սպառ­նա­լիք­նե­րը, նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի ռազ­մա­մոլ խօս­քե­րը, ո­րոնք երբ հնչե­ցին մի­ջազ­գա­յին բե­մե­րէ, ոե­ւէ ար­դա­րա­միտ հա­կադ­րու­թեան չ­’ար­ժա­նա­ցան, հա­յու­թեան հա­մար «ցա­ւող» օ­տար­նե­րէն...

Ար­ցախ խե­լա­ցի կեր­պով մտաւ կազ-նաֆթ-ջուր խա­ղին մէջ։ Ար­ցա­խի կա­յա­ցած պե­տու­թիւ­նը, ո­րու տնտե­սու­թիւ­նը մեծ մա­սով հիմ­նո­ւած է գիւ­ղատն­տե­սու­թեան զար­գաց­ման վրայ, պէտք ու­նի ջու­րի, պէտք ու­նի ո­ռո­գո­ւող հո­ղա­տա­րածք­նե­րու, ուր կ’օգ­տա­գոր­ծո­ւին ­Թար­թառ գե­տի ջրա­յին պա­շար­նե­րը։ ­Սար­սան­կի ջրամ­բա­րի ջու­րը այս օրհ­նու­թիւ­նը կու­տայ Ար­ցա­խին։ ­Պարզ ու յստակ է, թէ Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան հա­մար կեն­սա­տու ջու­րը՝ թան­կա­գին ազ­դակ ու փրկու­թիւն է։ ­Նոյն­պէս բա­նակ­ցու­թեան զօ­րա­ւոր զէնք։

Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան