Չափազանցութիւն չէր... Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի կատարած բուռն քննադատութիւնը, ուղղուած՝ Էրտողանի սուլթանամէտ ղեկավարութեան: Արդարեւ, Փայլան առանց բառերը ծամծմելու եւ դարձ-դարձիկ արտայայտութիւններ կատարելու, պատկերասփիւռի կայանէ մը կատարուած
հարցազրոյցի մը ընթացքին, ահազանգ հնչեցուցած էր, թէ Անգարայի ներկայ ղեկավարութիւնը քիւրտերու ցեղասպանութիւն կը կատարէ:
Քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովըրդավարական կուսակցութեան կողմէ ընտրուած՝ Փայլանի հնչեցուցած ահազանգը այլ դէտեր եւ վերլուծաբաններ ալ կը կատարեն, սակայն թէ՛ Էրտողանի եւ թէ՛ արեւմտեան աշխարհի կարգ մը քարոզչական բանալի մեքենաները կը փորձեն հաստ ու անթափանց քողով ծածկել իրականութիւնը:
Այս իրավիճակը ստեղծուեցաւ կամ, աւելի ճիշդ, իր գագաթնակէտին հասաւ 7 Յունիս 2015ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ուր անսպասելիօրէն քուէներ հնձեց քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ, աննախընթաց յաղթանակով մը, պարտութեան մատնեց Էրտողանի նախագահական, այսինքն սուլթանական մենատիրութեան երազները:
Էրտողանի կը մնար «բռնկեցնել» որոշ խաղաքարտեր, մինչեւ անցեալ Նոյեմբերի ընտրութիւններուն քուէներ ապահովելու համար: Այս գծով, Անգարա ունէր յենարան մը, յանձին դրացի երկրի ՏԱՀԵՇին, որու հետ թէ՛ քարիւղի արտադրութեան ու առեւտուրի եւ թէ՛ Սուրիոյ-Իրաքի ճակատներուն վրայ գործակցութիւնը դուռ կը բանայ հաստափոր ուսումնասիրական գործի մը, լի բազմաթիւ փաստագրական տեղեկութիւններով:
Սակայն Էրտողանի համար յստակ էր, թէ քրտական - յատկապէս հարաւ-արեւելեան շրջաններէն ներս - որեւէ անդորրութեան խախտում կրնար ստեղծել այնպիսի կացութիւն մը, որ բազմաթիւ տեղացի թուրքեր եւ պահպանողական քիւրտեր չհանդուրժէին պատահածը եւ դիմէին այլընտրանքի, այսինքն՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխարէն, քուէարկէին Էրտողանի Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան:
Անգարան է, որ կայծը տուաւ թուրք-քրտական նոր հակամարտութեան անսանձ ծաւալումին։ Սուրուժի, ապա Անգարայի պայթումներէն ետք մթնոլորտը այնքան ելեկտրականացած էր, որ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան առջեւ հրապարակային ընտրարշաւն անգամ անկարելի էր: Այդ դաժան պայմաններուն տակ, տասը առ հարիւրէն աւելի քուէ ապահովելը սպասուածէն ալ աւելի էր:
Էրտողանի վարչամեքենային կատարածը պարզ խախտում չէր, այլ նոյնիսկ համազօր էր պետական հարուածի:
Այդուհանդերձ՝ անգամ մը եւս քարոզչական աշխարհը աշխատեցաւ ծածկել պատահածը, իսկ Արեւմուտքը անգամ մը եւս նիւթապէս օժանդակեց Անգարային՝ Սուրիայէն ժամանած գաղթականներուն հաշւոյն... որոնց փախուստի ճամբան դէպի Եւրոպա, ցայսօր, դիտմամբ բաց կը պահուի Թուրքիոյ կողմէ:
Յունուար 12ին Պոլսոյ կեդրոնական շրջաններէն մէկուն մէջ կատարուած պայթումին մասին շուտ է անդրադառնալը: Յամենայնդէպս, նոյնիսկ անմեղ զբօսաշրջիկներու կեանքը խլած այդ արարքը անգամ մը եւս պիտի օգտագործուի սուլթանամէտ Էրտողանի կողմէ, որ պիտի շարունակէ քիւրտերու արհաւիրքը... աղէտը:
Ի վերջոյ, պատգամաւոր Կարօ Փայլանի խօսքերը կրկնելով, անպատիժ մնացած Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք, նմանօրինակ բան մը կը կատարուի այսօր քիւրտերուն դէմ:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»