Էրքամ Էմրէ Էրքամ, «Թուտէյզ Զաման»ի մէջ լոյս տեսած վերոնշեալ խորագիրով իր յօդուածին մէջ, կը գրէ.- «Համաշխարհային Ա. Պատերազմին գրուած՝ Օսմանեան բանակին մէջ հայ սպայի մը օրագրութիւնը մեզի կը ներկայացնէ պատերազմին վերաբերեալ տարբեր տեսանկիւն մը եւ կը բացայայտէ այն արժէքները, զորս
կորսնցուցած ենք ուրիշներու նկատմամբ հանդուրժողականութեան պակասին հետեւանքով»։
Ան կը գրէ, որ «Չանաքալէի եւ Արեւելեան Ճակատին վրայ հայ բանակային սպայի մը օրագրութիւնը՝ 1914-1918» խորագիրով գիրքը, որ կը պարունակէ տոքթ. Աւետիս Ճեպէճեանի պատերազման յուշերը, թարգմանուած է թրքերէնի։ Գիրքին բնագիրը գրուած է հայերէնով եւ 1986ին հրատարակուած՝ Պէյրութի մէջ։
Գիրքը պատերազմին վերաբերեալ տարբեր տեսանկիւն մը եւ Ճեպէճեանի կարծիքները կը պարունակէ։ Պատերազմի կարգ մը պահեր, դաշնակից ուժերու կողմէ ռմբակոծում եւ պատերազմին վիրաւորուածներուն համար հաստատուած վրանները, հայ բժիշկ-սպայի գիրքին մէջ ներկայացուած պահերուն շարքին են։
Ճեպէճեան գիրքին մէջ կը նշէ, թէ տեղահանման օրէնքը, որ ուժի մէջ մտաւ 27 Մայիս 1915ին, պատերազմի ընթացքին օսմանցի հայերուն ապրած մէկ այլ աղէտալի դէպքն էր։ Ճեպէճեան կը նկարագրէ կացութիւնը անոնց, որոնք տեղահանման քաղաքականութեան պատճառով տառապեցան, ինչպէս իր ընտանիքի անդամները, ներառեալ իր յղի կինը։ Անոնք 1915ին Սուրիա աքսորուեցան։
Ճեպէճեան իր հօր, Այնթապ նահանգի երեւելիներէն Յովհաննէս Ճեպէճեանի քաջալերանքով՝ ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ եւ վկայուած իբրեւ բժիշկ։ Որոշ ատեն Ուրֆայի մէջ ծառայելէ ետք, իր աշխատանքը շարունակած է Այնթապի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ։ Ան մասնագիտանալու եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար նաեւ ծառայած է Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ։ 20.000-30.000 հայերու եւ 1300 ասորիներու սպանութեան պատճառ դարձած 1909ի Ատանայի ջարդերը ընթացք առին, երբ անոր կինը առաջին զաւակով յղի էր։ Ճեպէճեան որոշած է վերադառնալ իր ծննդավայրը՝ Այնթապ, որովհետեւ Օսմանիյէի ճամբուն վրայ իր աներհօր սպանութենէն ետք կացութիւնը անոր համար սկսած էր անտանելի դառնալ։
Ճեպէճեան Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորները դարմանելուն ժամանակ լսած է, որ իր ազգականները սպաննուած են։ Իր եղբայրը՝ Գրիգորը Սուրիա աքսորուած է եւ պատերազմէն ետք անկարող եղած է վերադառնալու։ Ան, 30 Հոկտեմբերի 1918ին Մուտրոսի զինադադարի կնքումէն ետք, կը վերադառնայ Սուրիոյ Հալէպի նահանգը։ Ան իր օրապահիկը կը սկսի շահիլ, երբ իր կնոջ եղբօր՝ բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեանի հետ կը հաստատէ դարմանատուն մը։ Ան կը դարմանէ «1915ի հայկական ջարդերուն» ընթացքին վիրաւորուածները եւ իր աշխատանքը կը շարունակէ մինչեւ 1952ին՝ իր մահէն 2 տարի առաջ։