Կէօքհան Պաճըք, թրքական «Թուտէյզ Զաման» թերթով լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ, կը գրէ, որ թրքական կառավարութեան եւ Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան (Ք.Ա.Կ.) միջեւ, շուրջ երկու տարուան թրքավարի բանակցութիւններէ ետք, հարաւ-արեւելեան Թուրքիոյ մէջ դարձել որոշ ձեւի պատերազմ մը բռնկած է։ Բանակցութիւնները թրքավարի էին, որովհետեւ ռազմավարութիւն կամ մանրամասն ծրագիր մը գոյութիւն չունէր։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ Քրտական Հարցը թեւակոխած է նոր հանգրուան՝ թաղային պատերազմ։
Հեգնականօրէն կառավարութիւնը կը փորձէ վերատիրանալ շարք մը բնակավայրերու, որոնք բանակցութեանց հանգրուանին անցած էին Ք.Ա.Կ.ի առչնուած խմբաւորումներու ձեռքը։ Այժմ ի յայտ կու գայ, որ Ք.Ա.Կ. յաջողած է քրտական բազմաթիւ քաղաքներու մէջ կառուցել դիմադրութեան արդիական ենթակառոյցներ։ Քրտական Հարցի նոր հանգրուանը աւելի ուշադիր վերլուծումի կը կարօտի։ Թուենք գլխաւոր կէտերը.
1) Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ Ք.Ա.Կ.ի առնչակից խմբաւորումներ կը փորձեն տարածաշրջանին մէջ քրտաբնակ բնակավայրերու վրայ լայն վերահսկողութիւն հաստատել։ Ք.Ա.Կ. աւանդաբար կը կիրարկէր «յարձակիր եւ նահանջէ» հայդուկային մարտավարութիւնը։ Սակայն այսօր քրտական խմբաւորումները բնակավայրերու մէջ մարտահրաւէր կ՚ուղղեն կառավարութեան։ Ուստի, Ք.Ա.Կ.ի գործունէութիւնը այլեւս միայն գիւղական շրջաններու վերապահուած երեւոյթ չէ։ Անիկա նաեւ քաղաքներու մէջ երեւոյթ է։
2) Ք.Ա.Կ. տակաւին թաղային կռիւներուն մէջ ուղղակի մասնակցութիւն չունի։ Պատերազմը կը մղուի հիմնականին մէջ անոր առնչուած քիւրտ երիտասարդներով համալրուած կազմակերպութիւններու կողմէ։ Կը թուի, թէ Ք.Ա.Կ. այս թաղային կռիւը կը փորձէ որոշ հեռաւորութենէ մը։
3) Եթէ Ք.Ա.Կ.ի առնչուած կազմակերպութիւնները յաջողին քաղաքներու մէջ իրենց ճակատամարտը երկար ժամանակ շարունակել, այդ մէկը կառավարութեան եւ Ք.Ա.Կ.ին միջեւ ռազմական հաւասարակշռութեան փոփոխութիւն պիտի պատճառէ։
4) Կառավարութեան համար ապահովական ուժերու ճամբով քաղաքներու մէջ կռուիլը դժուար է։ Առաւել դժուարը այսպիսի պատերազմ մը աւարտելն է։ Միջին Արեւելքի փորձառութիւնը կը թելադրէ, թէ թաղային պատերազմները աւարտելը դիւրին չէ։
5) Թաղային կռիւներու գինը հակամարտութեան նախկին հանգրուաններէն տարբեր է։ Ատիկա ժողովրդագրական աւելի մեծ փոփոխութիւն կը յառաջացնէ։ Այսօր կը հաղորդուի, որ հազարաւոր քիւրտեր կը հեռանան իրենց քաղաքներէն՝ կառավարութեան եւ Ք.Ա.Կ.ի առնչակից խմբաւորումներուն միջեւ բախումներու ընթացքին թիրախներու չվերածուելու համար։ Սակայն ժողովրդային այս տեղափոխութիւնները հաւանական է, որ վատթարացնեն կացութիւնը։ Սկիզբէն ի վեր այդ ժողովրդային տեղափոխութիւնները մաս կազմած են Քրտական Հարցին։ Տեղահանուած այդ մարդիկը շուտով մաս կը կազմեն տնտեսական եւ ընկերային լուրջ հարցերուն։ Ուստի՝ քրտական քաղաքներու միջեւ բնակչութեան տեղափոխութիւնները հաւանաբար ապագային Ք.Ա.Կ.ին համակիր ժողովրդային նոր շարժում մը ստեղծեն։
6) Քրտական հարցի տեսարանը կը փոխուի, ինչ որ շատ կարեւոր է թրքական հասարակութեան համար։ Վերջինս առաջին անգամ ականատեսը կը դառնայ Թուրքիոյ մէջ քանդուած քաղաքներու տեսարաններուն՝ ճիշդ ինչպէս անոնց նմանները կային Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ։ Դարձեալ ասիկա առաջին անգամն է, որ անոնք կը տեսնեն հրասայլեր, որոնք քրտական քաղաքներու մէջ կրակ կը բանան։ Այս իրողութիւնը պիտի խորացնէ թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ գտնուող հոգեբանական վիհը։
Թրքական հասարակութիւնը կորսնցուցած է լուծումի մը նկատմամբ իր յոյսը։ Թուրքերու մեծամասնութիւնը Քրտական Հարցը անշրջելի հանգրուան հասած ըլլալուն գիտակցելու ընթացքի մէջ է։
Այժմ Քրտական Հարցը կը ներկայանայ իբրեւ անյուսալի տագնապ մը։ Այս հարցը կարելի չէ լուծել միայն ուժի կիրարկմամբ, իրողութիւն մը, որ անցնող 30 տարուան ընթացքին արդէն փաստուած է։ Միւս կողմէ՝ Թուրքիան դաշնակցային դրութեամբ քիւրտերու հետ համակեցութեամբ ապրելու լուծում մը պիտի չընդունի։
Թուրքիոյ համար, Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցող քրտական ինքնավար շրջանին օրինակով թրքական շրջանի մը ստեղծումը մեծապէս անհաւանական է, որովհետեւ թէ՛ պետութիւնը եւ թէ հասարակական մշակոյթը այդպիսի գաղափարի մը նկատմամբ խիստ թշնամական վերաբերմունք ունին։
Ուստի, ի՞նչ է անխուսափելի լուծումը։ Ինչպէս անցնող 30 տարիները ցոյց տուած են, տրամաբանական ընտրանքը Քրտական Հարցի տարբեր ձեւաչափերով շարունակութիւնն է։