­alt2014ի Դեկ­տեմ­բեր 31ին յօ­դո­ւած մը գրե­ցի «­Մուտք 1915ի» խո­րագ­րով: Գ­րե­ցի կան­խա­գու­շա­կե­լու հա­մար, թէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կը ինչ­պէս պի­տի նշո­ւի եւ, ի­րա­կա­նու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւե­լու մեր ձա­խո­ղու­թեան պատ­ճա­ռով, հա­րիւր տա­րիէ ի վեր մեր ա­նի­ծուած ըլ­լա­լը ինչ­պէ՜ս պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի:

Յօ­դո­ւա­ծիս վեր­ջա­ւո­րու­թեան, որ­մէ մէջ­բե­րում պի­տի կա­տա­րեմ այս գրու­թեան մէջ, յայտ­նած էի, թէ կը յու­սամ, որ հա­րիւ­րա­մեա­կը պատ­մա­կան ա­ռիթ մը պի­տի ստեղ­ծէ զանց առ­նե­լու մեր հին սո­վո­րու­թիւն­նե­րը, նաեւ՝ մեր դի­մա­ցի­նը հասկ­նա­լու եւ ա­նոր հետ հա­ւա­քա­կան-բուժ­ման գոր­ծար­կու­թիւ­նը սկսե­լու հա­մար:

Բայց այդ ակն­կա­լու­թիւ­նը մնաց ան­կա­տար: Ա­ւե­լին՝ 1915ի ա­նէծ­քը դե­գե­րող ո­գի մը դար­ձաւ ամ­բողջ երկ­րին հա­մար:

Այ­սօր Թուր­քիան կը տա­ռա­պի կա­տա­րեալ խե­լա­գա­րու­թեան ի­րա­վի­ճա­կէ:

Երբ ա­նէծ­քի մա­սին կը խօ­սիմ, հո­գե­բա­նա­կան դի­տար­կու­թեան մը մատ­նան­շու­մը չէ՛, որ կ­՚ը­նեմ: Թէեւ տագ­նա­պա­լից հո­գի­նե­րու բնա­գա­ւա­ռին մէջ, ա­տի­կա պէտք չէ թե­րագ­նա­հա­տո­ւի: Ես պար­զա­պէս հե­տե­ւեալ ճշմար­տու­թեան է, որ կ­՚ակ­նար­կեմ.- Այն­քան ա­տեն, որ կը մեր­ժենք դի­մագ­րա­ւել ցե­ղաս­պա­նու­թեան ստո­ւար ո­ճի­րը, եւ չենք ձեր­բա­զա­տո­ւած այդ չա­րի­քէն՝ զո­հե­րու թոռ­նե­րուն ամ­բող­ջա­կան ար­դա­րու­թիւն ա­պա­հո­վե­լով, մենք միշտ են­թա­կայ պի­տի ըլ­լանք այդ չա­րի­քին հե­տապնդ­ման: Ա­սի­կա հիմ­նա­կան բա­րո­յա­կան խնդիր մըն է: Յի­րա­ւի՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը այն­պի­սի ստո­ւար ո­ճիր մըն է, որ ան­բաղ­դա­տե­լի է ներ­կա­յիս գոր­ծո­ւած ան­հա­տա­կան, հա­ւա­քա­կան կամ հան­րա­յին ո­ճիր­նե­րուն հետ: Այն հա­մա­կար­գը, որ կրնայ «մար­սել» ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը, ներ­կա­յիս գոր­ծուած միւս ո­ճիր­նե­րը դիւ­րու­թեամբ ըն­դու­նե­լի կը դառ­նան ա­նոր հա­մար: Այս­պէ­սով է, որ մենք կը շա­րու­նա­կենք ապ­րիլ չա­րի­քին հետ:

1915ի ա­րար­քը ան­ցեա­լին պե­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ քննարկ­ման հարց չդար­ձաւ, այն­պէս ինչ­պէս որ հար­կա­ւոր էր: Չ­դար­ձաւ՝ նաեւ 2015ին, երկ­րին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղա­քա­կան ճնշում­նե­րու ուժգ­նու­թեան, եւ ա­պա՝ ըն­կե­րու­թեան մէջ ընդ­հան­րա­ցած գի­տու­թեան եւ ծա­նօ­թու­թեան պա­կա­սին պատ­ճա­ռով: Եւ ա­սի­կա, սերտ առն­չու­թիւն ու­նի նոյ­նիսկ դար մը պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող ա­նար­դա­րու­թեան եւ ան­պատ­ժու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած մեր քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին կա­ռոյ­ցին հետ:

Օ­րի­նա­կով մը բա­ցատ­րեմ միտքս:

Այ­սօր այն, ինչ որ կը պա­տա­հի քիւր­տե­րուն, յա­ճախ կը բա­ցատ­րո­ւի ա­նով, որ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թե­նէն ի վեր, քիւր­տե­րուն դէմ ե­ղած հա­լա­ծան­քը ան­պա­տիժ մնա­ցած է միշտ:

Բայց ոչ ոք կը յանդդգ­նի յի­շե­լու այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ հա­յերն ու ու­րիշ ոչ-իս­լամ խմբակ­ցու­թիւն­ներ հա­լա­ծո­ւած էին այդ դէպ­քե­րէն իսկ ա­ռաջ:

Մաս­նա­ւո­րա­բա՛ր հա­յե­րը, որոնք ճնշուած էին նաեւ քիւր­տե­րուն կող­մէ:

Թուր­քիան դա­րէ մը ի վեր անկ­ման մէջ կը գտնո­ւի: 21րդ դա­րու սկիզ­բէն իսկ ան սկսած է ար­դէն տապլտ­կիլ ճա­հի­ճի մէջ: Եւ վստհա­բա՛ր՝ ուղ­ղո­ւած է դէ­պի ֆա­շիզմ...:

«ՄՈՒՏՔ՝ 1915ի»

Ո՞վ գի­տէ, բո­լոր այն չա­րիք­նե­րը, ո­րոնք կը յա­ճա­խեն մե­զի, ան­վեր­ջա­նա­լի զան­գո­ւա­ծա­յին ջար­դե­րը, դառ­նու­թե­նէ բու­ժո­ւե­լու մեր ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը, թե­րեւս այս բո­լո­րը ար­դիւնքն են դար մը եր­կա­րող մեր կրած ա­նէծ­քին, եւ դար մը շա­րու­նա­կա­բար ը­րած մեր ստա­խօ­սու­թեան:

Ի՞նչ կը խոր­հիք:

Ա­սի­կա թե­րեւս հա­յե­րուն (տղա­մար­դոց, կա­նանց եւ... նոյ­նի՛սկ ե­րե­խա­նե­րուն) ար­տա­սա­նած ա­նէծքն է, ո­րոնք հե­ծե­ծան­քով մե­ռան եւ թա­ղո­ւե­ցան՝ ա­ռանց դա­գա­ղի: Հա­ւա­նա­կան է, որ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ ստեղ­ծո­ւած փո­թորիկ­ներն ըլ­լան: Փո­թո­րիկ­ներ՝ ստեղ­ծո­ւած մեր ան­բախտ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն տա­ռա­պող ու­րո­ւա­կան­նե­րուն կող­մէ: Ու­րուա­կան­նե­րը հա­յե­րու, յոյ­նե­րու, ա­սո­րի­նե­րու, յե­տոյ եւ՝ ա­լե­ւի­նե­րու եւ քիւր­տե­րու:

Թե­րեւս պատ­ճա­ռը 1915էն յե­տոյ կա­տա­րո­ւած ջար­դերն ըլ­լան, ո­րոնք հա­շուի մէջ իսկ չեն առ­նո­ւած, եւ ո­րոնց «հա­տուց­ման գի­նե­րը» մնա­ցած են անվ­ճար: Եւ հի­մա, թոռ­ներն են, որ կը հա­տու­ցա­նեն տար­բեր մեր­ձա­վայ­րե­րու մէջ...:

Խ­լո­ւած եւ գող­ցո­ւած կեան­քե­րու փո­խա­րէն, կո­ղոպ­տո­ւած տու­նե­րու եւ քան­դո­ւած ե­կե­ղե­ցի­նե­րու փո­խա­րէն, գրա­ւո­ւած դպրոց­նե­րու եւ կա­լո­ւած­նե­րու փո­խա­րէն՝ ա­նոնք ա­նի­ծա՛ծ են մեզ: Ա­նի­ծած՝ «Աս­տո­ւած ձե­զի եւ գա­լիք բո­լոր ձեր սե­րունդ­նե­րուն պար­տա­կան դարձ­նէ եւ վճա­րել տայ այս բո­լոր...»։

Ար­դեօք սկսա՞ծ ենք մեր ցարդ գոր­ծած բո­լոր ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րուն հա­տուց­ման: Ան­ցեա­լի մեղ­քե­րուն դի­մադ­րե­լու ան­կա­րո­ղու­թեան պատ­ճա­ռով՝ վճա­րու­մը ար­դեօք յանդգ­նու­թեա՞մբ կը յայտ­նա­բե­րո­ւի, թէ՞ ան­պար­կեշ­տու­թեա՛մբ, որ մե­զի հա­մար սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է, ա­նար­դա­րու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը թոյ­լատ­րե­լի դարձ­նե­լու հա­մար:

Կը թո­ւի, թէ մեր ըն­կե­րու­թիւ­նը դա­րէ մը ի վեր անկ­ման մէջ կը գտնո­ւի, բոր­բո­քե­լով իր շուր­ջը գտնո­ւող ա­մէն ինչ:

Հա­կա­ռակ այս դար մը եր­կա­րող ա­նէծ­քի գո­յու­թեան, 2015ը պի­տի անց­նի՝ «Ի­րա­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ե­ղա՞ծ էր» վի­ճա­բա­նու­թիւ­նը ան­պա­տաս­խան ձգե­լով:

Ա­կա­նա­տես պի­տի ըլ­լանք երկ­րի ներ­կայ վար­ձա­կալ­նե­րուն թա­փած ան­սահ­ման ճի­գե­րուն՝ այս ա­մօ­թը ծած­կե­լու եւ յե­տաձ­գե­լու ընդ­դի­մու­թեան տա­նող ո­րե­ւէ մէկ քայլ: Ե­թէ ի­րենց մնար, 2015 թո­ւա­կա­նը պար­զա­պէս զանց կ­՚առ­նէին:

Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու­րա­ցող­նե­րու ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նայ ե­րեք թա­ռա­մած ա­ռար­կու­թիւն­նե­րէ. մա­քա­ռում, թշնա­միին հետ գոր­ծարք եւ զո­հար­կում:

«­Հա­յերն էին, որ մեզ սպան­նե­ցին»ը թու­թա­կի մը ը­րա­ծին պէս պի­տի կրկնուի գի­տա­ժո­ղով­նե­րու շա­րա­նով մը: Եւ մենք ալ պի­տի պա­րենք սո­վո­րա­կան մեր ե­ղա­նակ­նե­րով: Ապ­րիլ 24-25ին պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թուր­քիոյ մէջ՝ Ան­զա­քի Օ­րը տօ­նե­լու, որ ո՛չ մէկ կապ ու­նի ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ: Եւ պի­տի լսենք ա­ռատ ա­ռաս­պել­ներ Տար­տա­նէ­լի մէջ կա­տարուած քա­ջա­գոր­ծու­թեանց մա­սին: Բայց մեր պատ­մու­թիւ­նը լսող ոե­ւէ մէ­կը պի­տի չգտնենք:

Մեր հան­դէպ քա­նի՞ նոր նզո­վանք պէտք է կա­տա­րո­ւի, որ մենք հա­կումն ու­նե­նանք՝

- մեր պե­տու­թիւ­նը հիմ­նող ա­րիւ­նոտ գոր­ծըն­թա­ցը հա­շո­ւե­յար­դա­րի են­թար­կե­լու,

- ծա­նօ­թա­նա­լու եւ յի­շե­լու, թէ ինչ­պէ՜ս անվ­նա­սա­կար, ար­դիւ­նա­բեր, աշ­խա­տա­սէր, տա­ղան­դա­ւոր, խա­ղա­ղա­սէր ժո­ղո­վուրդ մը, որ Ա­նա­տո­լիոյ մէջ կ­՚ապ­րէր, ջնջո­ւե­ցա՜ւ հոն ապ­րող ռա­միկ­նե­րու կող­մէ,

- զգա­լու ծու­ծը այն բռնու­թեան, որ մղեց ան­բախտ հա­յե­րը ճչա­լու՝ «Ո՛ւր էիր Աս­տո­ւած» 1915ի ամ­րան, երբ ա­մէն ինչ ցուրտ էր ու խա­ւար,

- գիտ­նա­լու, որ 1915ին Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ ապ­րող մի­լիոն­ներ հա­շո­ւող հա­յու­թիւ­նը այ­սօր իս­կա­պէս պակ­սած եւ ի­ջած է գրե­թէ ո­չին­չի՛: Իսկ հոն ապ­րող մնա­ցորդն ա­նոնց, ծած­կա՛ծ է իր ինք­նու­թիւ­նը, կամ՝ իս­լա­մա­ցած, մէկ­դի աւ­լել-քշե­լով «ցե­ղաս­պա­նու­թի՞ւն էր կամ ոչ» ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը, կամ՝ «ո՞վ ո­րո՛ւն սպան­նեց» հար­ցու­մը: Եւ ա­կանջ դնենք մեր խղճի ձայ­նը յստա­կօ­րէն լսե­լու,

- հասկ­նա­լու, որ, Հ­րանդ Տին­քի ը­սա­ծին պէս, փետ­րա­զար­դեալ մշա­կոյ­թի մը ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն էր, եւ ա­հա­գին քա­ղա­քակր­թու­թեան մը կո­րուստն էր որ տե­ղի ու­նե­ցաւ,

- ըմբռ­նե­լու, որ իր ոչ-իս­լամ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը այ­լեւս չեն ապ­րիր այս հո­ղին վրայ, եւ ա­տի­կա երկ­րին հզօ­րա­գոյն կո­րուստն ե­ղաւ,

- պար­փա­կե­լու, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը (այդ խա­ւա­րի օ­րե­րուն՝ հա­յե­րը «­Մեծ Ե­ղեռն» ա­նու­նը կու տան) ա­ղէտ մըն էր, որ պա­տա­հե­ցաւ ոչ միայն հա­յու­թեան, այլ նաեւ ամ­բողջ երկ­րին,

- նկա­տե­լու, որ կո­րուս­տը սպաննուած, աք­սո­րո­ւած եւ փա­խուստ տո­ւած մեր ոչ-իս­լամ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կո­րուստն էր մեր քաղ­քե­նի, կայ­տա­ռա­միտ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, մշա­կոյ­թին ու քա­ղա­քակրթու­թեան,

- ար­ժե­ւո­րե­լու նզով­քը գրա­ւո­ւած ինչ­քին, կա­լո­ւած­նե­րուն եւ... ե­րե­խա­նե­րո՜ւն,

- ըստ ար­ժան­ւոյն ըմբռ­նե­լու գրող Եա­շիր Քե­մա­լի ի­մաս­տու­թիւ­նը, որ կ­՚ը­սէ՝ «Ու­րիշ թռչուն մը չի կրնար բար­գա­ւա­ճիլ լքո­ւած բոյ­նի մը մէջ: Ան, որ բոյն կը կոր­ծա­նէ, չի կրնար բոյն ու­նե­նալ: Զր­կան­քը զրկանք կը ծնա­նի»,

- հասկ­նա­լու, թէ ա­նոնք, ո­րոնք կը դրժեն վե­րո­յի­շեալ կէ­տե­րը, կ­՚ը­նեն ա­տի­կա ի­մաս­տու­թեան կո­րուս­տէ մը, որ կը բխի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը Մեծ Ե­ղեռնն է Ա­նա­տո­լիոյ: Մե­ծա­գոյն եւ մայր-բա­նադ­րան­քը այս հո­ղին:

Ա­նոր ա­նէծ­քը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի այն­քան ա­տեն, որ մենք կը դրժենք խօ­սիլ ա­նոր մա­սին:

Ճանչ­նա՛նք, հասկ­նա՛նք եւ նկա­տի՛ առ­նենք զայն...:

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կը պա­տե­հու­թիւն մը կ­՚ա­ռա­ջադ­րէ մեր սո­վո­րու­թիւն­նե­րը տնօ­րի­նե­լու, Դի­մա­ցի­նը հասկ­նա­լու եւ սկսե­լու հա­ւա­քա­կան բուժ­ման...

ՃԷՆԿԻԶ ԱՔԹԱՐ*

Թարգ­մա­նեց՝

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍՐԼԵԱՆ

10 Յու­նո­ւար 2016

Ճէն­կիզ Աք­թար եր­կա­րա­մեայ աշ­խա­տա­կիցն է Թուր­քիոյ «­Զա­ման» եւ «­Թա­րաֆ» օ­րա­թեր­թե­րուն: Ճ. Աք­թա­րի այս յօ­դո­ւա­ծը լոյս տե­սաւ «­Զա­ման»ի 6 Յու­նո­ւար 2016ի հա­մա­րին մէջ ( Յ. Մ.)