Յու­նո­ւար 26ին Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վին մէջ (Ե.Խ.Խ.Վ.) կը նա­խա­տե­սո­ւի քննար­կել եր­կու զե­կու­ցում­ներ, ո­րոնք ու­նին հա­կա­հայ­կա­կան բո­վան­դա­կու­թիւն: Ա­նոնք են` բրի­տա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան Ռո­պըրթ Ո­ւոլ­թը­րի «Բռնու­թեան ա­ճը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի միւս բռնագ­րա­ւո­ւած տա­րածք­նե­րուն մէջ», եւ Պոս­նիաՀեր­ցե­կո­վի­նա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մի­լի­ցա Մար­քո­վի­չի «Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­մերձ բնա­կա­վայ­րե­րու բնա­կիչ­նե­րը կան­խամ­տա­ծո­ւած կեր­պով կը զրկո­ւին ջու­րէ» զե­կու­ցում­նե­րը:

Ե.Խ.Խ.Վ.ի քննար­կած հա­կա­հայ բա­նա­ձե­ւե­րու թղթած­րա­րը ո­րոշ պատ­մա­կան ու­նի։ Յի­շեց­ման կար­գով՝ նշենք միայն վեր­ջի­նը. դար­ձեալ բրի­տա­նա­ցի պատ­գա­մա­ւոր Ռո­պըրթ Ո­ւոլ­թը­րի ներ­կա­յա­ցու­ցած նա­խա­գի­ծի բա­նա­ձե­ւը, ուր կը խօ­սո­ւէր Ղա­րա­բա­ղի, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ գրա­ւեալ այլ տա­րածք­նե­րու մէջ բռնու­թեան ա­ճի մա­սին, եւ միա­ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջէր, որ Հա­յաս­տա­նի եւ այլ ան­կա­նոն ու­ժե­րու հե­ռա­ցու­մը Ղա­րա­բա­ղէն ու գրա­ւեալ այլ տա­րածք­նե­րէ։

Ն­ման միա­կող­մա­նի ձե­ւա­կեր­պում­նե­րով յա­գե­ցած բա­նա­ձե­ւե­րու ար­ծար­ծու­մը Ե.Խ.Խ.Վ.ի մի­ջա­վայ­րին մէջ խոր­քին մէջ ի՞նչ կը հե­տապն­դէ, հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւո­րո՞ւ­մը, թէ՞ ոե­ւէ պատ­գա­մա­ւո­րի կող­մէ Պա­քո­ւի պա­հան­ջի բա­ւա­րա­րու­մը:

Յս­տակ է այն, որ հայ­կա­կան կող­մը թէ՛ պե­տա­կան մա­կար­դա­կով եւ թէ՛ մա­նա­ւանդ Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի կա­ռոյց­նե­րով հա­մա­կար­գո­ւած կ­՛աշ­խա­տի ոչ միայն նման բա­նա­ձե­ւե­րու հա­կազ­դե­լու, այլ նաեւ ո­րոշ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կան­խար­գե­լիչ դեր ու­նե­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ:

Փոր­ձենք կեդ­րո­նա­նալ ար­ծար­ծո­ւե­լիք եր­կու զե­կու­ցում­նե­րուն գէթ խո­րագ­րա­յին միա­կող­մա­նիու­թեան, եւ այդ շրջա­նա­կին մէջ օգ­տա­գոր­ծո­ւած եզ­րա­բա­նու­թեամբ նա­խան­շո­ւող բո­վան­դա­կու­թեան եւ հա­ւա­նա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան վրայ:

Ա­ռա­ջի­նի պա­րա­գա­յին՝ «Բռնու­թեան ա­ճը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի միւս բռնագ­րա­ւո­ւած տա­րածք­նե­րուն մէջ»ը փոր­ձենք տար­բա­ղադ­րել. նախ՝ այն, որ բռնու­թեան աճ կայ, ինչ որ կ­՛են­թադ­րէ, թէ մի­ջազ­գա­յին ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ հաս­տա­տո­ւած զի­նա­դու­լը խախ­տող­ներ կան, թէ­կուզ ան­հաս­ցէ նշու­մով: Հոս պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ վեր­ջին շրջա­նին թէ՛ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն եւ թէ՛ յատ­կա­պէս պաշ­տօ­նա­կան Ո­ւա­շինկ­թը­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ե­րեւ­ցած նոր ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րը` պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րու հա­մա­հա­ւա­սա­րեց­ման սկզբուն­քը խախ­տե­լու եւ ի­րե­րը ի­րենց ա­նու­նով կո­չե­լու օ­րի­նա­չա­փու­թեան ըն­դա­ռաջ քայլ առ­նե­լու:

Երբ կ­՛ը­սո­ւի «միւս բռնագ­րա­ւո­ւած տա­րածք­ներ», ա­տի­կա կը նշա­նա­կէ, որ միւ­սը նա­խոր­դող հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ու­նի. այս պա­րա­գա­յին` Ար­ցա­խը. ու­րեմն կը ստա­ցո­ւի այն, որ Ար­ցախն ու ա­զա­տագ­րո­ւած տա­րածք­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս բռնագ­րա­ւո­ւած նկա­տե­լու խո­րագ­րա­յին նա­խա­նիշ կայ ձե­ւա­կեր­պու­մին մէջ:

Անց­նինք. երկ­րորդ զե­կու­ցու­մին խո­րա­գի­րը թէեւ ո՛չ գրա­ւո­ւած, ո՛չ Ար­ցախ, ո՛չ ալ բռնագրա­ւո­ւած տա­րածք­ներ բա­ռե­րը օգ­տա­գոր­ծած է խո­րագ­րա­յին իր ձե­ւա­կեր­պու­մին մէջ, այ­սու­հան­դերձ պարզ են ու­ղեր­ձը եւ յան­գե­լիք եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը: «Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­մերձ բնա­կա­վայ­րե­րուն բնա­կիչ­նե­րը կան­խամ­տա­ծո­ւած կեր­պով կը զրկո­ւին ջու­րէ»:

Սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րը շատ ընդ­հա­նուր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն է եւ պէտք է սպա­սել զե­կու­ցու­մի հրա­պա­րա­կու­մին` ի­մա­նա­լու հա­մար: Հոս ա­ւե­լի պար­զը այն է, որ կան­խամ­տա­ծող­նե­րուն ինք­նու­թիւ­նը զե­կու­ցա­բե­րին մտքին մէջ ա­նո­րոշ չէ: Զե­կու­ցու­մին կը փոր­ձո­ւի տալ մարդ­կա­յին ա­ղէ­տի նա­խաի­րա­վի­ճա­կի մը ձե­ւա­ւոր­ման ա­հա­զան­գը` շար­ժե­լու հա­մար եւ­րո­պա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քը:

Պա­քո­ւի պա­տո­ւէ­րին ու գոր­ծի դրած մի­ջոց­նե­րուն մա­սին պատ­կե­րա­ցում­նե­րը պարզ են: Խն­դի­րը ա­ռա­ւե­լա­բար կը կեդ­րո­նա­նայ հե­տե­ւեալ հա­կա­սու­թեան վրայ.-

Մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը ո­րո­շած է՝ իբ­րեւ միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ձե­ւա­չափ ըն­դու­նիլ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմբա­կը:

Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը վա­րեն եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնց ա­ռանց­քը Ար­ցա­խի եւ յա­րա­կից ա­զա­տագ­րո­ւած տա­րածք­նե­րու կար­գա­վի­ճա­կի ճշդումն է: Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն բխած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ հա­ւա­սա­րա­զօր են ինք­նո­րոշ­ման եւ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան սկզբունք­նե­րը, զու­գա­հե­ռա­բար` ու­ժի կի­րարկ­ման բա­ցա­ռու­մին: Թէ՛ նո­յեմ­բե­րեան զե­կու­ցու­մին եւ թէ՛ Յու­նո­ւար 25ին ներ­կա­յա­ցո­ւե­լի­քին մի­ջեւ խախ­տած են բա­նակ­ցա­յին ա­ռանցք­նե­րը յար­գե­լու սկզբունք­նե­րը: Երբ մի­ջազ­գա­յին ո­րո­շու­մով այս ա­ռանցք­նե­րուն շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կ­՛ըն­թա­նան, մի­ջազ­գա­յին այլ կա­ռոյց մը, այս պա­րա­գա­յին Ե.Խ.Խ.Վ.ն պէտք չէ խախ­տէ այս ի­րա­ւա­չա­փու­թիւ­նը:

Պարզ ը­սե­լա­ձե­ւով` Ե.Խ.Խ.Վ.ն հա­կա­սու­թեան մէջ պէտք չէ գտնո­ւի Ե.Ա.Հ.Կ.ին հան­դէպ:

Եւ ոչ միայն Ե.Խ.Խ.Վ.ն:

«ԱԶԴԱԿ»