Երկար տարիներէ ի վեր ամերիկահայ համայնքը դժգոհ է Արցախի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութենէն:
Ամէն անգամ, որ Ատրպէյճան կրակ բացած է Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք եւ անոր նախորդ
ները, թաքնուելով չէզոքութեան քողին տակ, մեղքը բարդած են հակամարտութեան երկու կողմերուն վրայ: Նման անարդար մօտեցումը խրախուսած է Ալիեւը՝ աւելի սաստկացնելու իր յարձակումները:
Նման արիւնալի յարձակումները կեցնելու կամ գոնէ նուազագոյնի հասցընելու համար, Քոնկրէսի 85 անդամներ վերջերս համատեղ նամակ ստորագրեցին՝ կոչ ընելով Օպամայի վարչակազմին իրականացնելու հետեւեալ երեք քայլերը, երկու երկիրներու միջեւ սահմանին վերաբերեալ. նախ` դուրս բերել դիպուկահարները, երկրորդ` աւելցնել միջազգային համակարգողներու թիւը, եւ երրորդ` տեղադրել կրակոցներու ուղղութիւնը ճշդող սարքեր: Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճան մերժած է բոլոր երեք առաջարկները, իսկ Հայաստան, Արցախ եւ Մինսքի Խմբակի միջնորդները (Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ) ընդունած են զանոնք:
Ա.Մ.Ն. Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս վերջերս դռնփակ ճեպազրոյց ունեցաւ դեսպան Ուորլիքի հետ, իր եւ քոնկրէսական Էլիոթ Էնկելի միասնաբար նախաձեռնած առաջարկներու իրականացման առնչութեամբ: Մինչեւ այդ դռնփակ հանդիպման կայացումը, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը տարածած էր տասը հարց դեսպան Ուորլիքի համար: Քանի որ յայտնի չէ` այդ հարցերը բարձրացուած են քոնկրէսական ճեպազրոյցի ընթացքին, թէ ոչ, ուստի պէտք է խնդրել Օպամայի վարչակազմին հրապարակաւ արձագանգել այդ տասը հարցերուն, որպէսզի բոլորը տեղեակ ըլլան Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ անոր դիրքորոշման:
Պաշտօնական պատասխանի ստացումը ապահովելու համար ես կ՝առաջարկեմ այս հարցերը տեղադրել Սպիտակ Տան կայքէջի «Առաջարկներ» բաժինին մէջ: Կայքին մէջ նշուած է, որ Օպամայի վարչակազմը 60 օրուան ընթացքին հանդէս պիտի գայ պաշտօնական պատասխանով իւրաքանչիւր այն առաջարկի վերաբերեալ, որ տեղադրուելէ ետք 30 օրուան ընթացքին պիտի հաւաքէ 100 հազարէն աւելի ստորագրութիւն: Ատրպէյճանցիները արդէն օգտուած են այս բացառիկ հնարաւորութենէն` Սպիտակ Տան կայքին մէջ տեղադրելով երկու հակահայկական առաջարկ, որոնք համապատասխանաբար հաւաքած են 105.686 եւ 126.828 ստորագրութիւն: Ինչպէս եւ կը սպասուէր, Սպիտակ Տունը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ ի պատասխան ատըրպէյճանական երկու առաջարկներու:
Ստորեւ՝ ներկայացուած են Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տասը հարցերը, որոնք իբրեւ առաջարկ պէտք է տեղադրել Սպիտակ Տան կայքէջին մէջ.
1) Ին՞չ յատուկ քայլերու ձեռնարկած է (եթէ այդպիսիք կան) Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, ապահովելու համար Ռոյս-էնգելի կողմէ խաղաղութեան հաստատմանն ուղղուած առաջարկները, մասնաւորապէս դիպուկահարներու չտեղակայման, դիտորդներու յաւելումին եւ շփման գիծի երկայնքով կրակոցներու ուղղութիւնը ճշդող համակարգներու տեղադրման վերաբերեալ համաձայնութեան գալու առնչութեամբ:
2) Ա.Մ.Ն. պետական քարտուղարութիւնը շատ համարձակօրէն բացայայտ դարձուց, թէ իր կարծիքով՝ հայկական կողմը ի՞նչ զիջումներու պէտք է երթայ: Արդեօք Ա.Մ.Ն. կառավարութիւնը պատրա՞ստ է այս հանրային դիւանագիտութեան համապատասխան նոյնքան բացայայտ եւ յստակ պահանջներ ներկայացնելու Ատրպէյճանին:
3) Որո՞նք են այն յատուկ փաստերը, իրաւական փաստարկները եւ քաղաքական նկատառումները, որոնք յանգեցուցած են մեր կառավարութեան կողմէ Քոսովոյի, սակայն ոչ Լեռնային Ղարաբաղի, պաշտօնական ճանաչման:
4) Արդեօք Ատրպէյճանի կառավարութեան ծաւալած ներքին հալածանքներուն եւ փտածութեան մասին տուեալները որեւէ կերպով կ՝ազդե՞ն, թէ մեր կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կը նայի Ատրպէյճանի ձգտումին` տարածելու իր իշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ:
5) Ինչո՞ւ Ատրպէյճանի կողմէ Ջուղայի միջնադարեան հայկական գերեզմանատան լիովին փաստագրուած (եւ տեսանկարահանուած) ոչնչացումը այդպէս ալ երբեք չնշուեցա Պետական Բաժանմունքի Մարդու Իրաւունքներու կամ Կրօնական Ազատութեան մասին զեկոյցներուն մէջ:
6) Ո՞րն է Ա.Մ.Ն. կառավարութեան ներկայ պահանջը (եթէ այդպիսին կայ) ազատ արձակուած եւ մինչ օրս չզղջացող՝ հայ սպան կացինահարած մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը կրկին բանտարկելու վերաբերեալ:
7) Ո՞րն է Ա.Մ.Ն. քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Ա.Մ.Ն.ի հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիներու ճանապարհորդական սահմանափակումներուն վերաբերեալ:
8) Ինչպիսի՞ն է Ա.Մ.Ն. քաղաքականութիւնը ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու, յատկապէս Թուրքիոյ նկատմամբ, որոնք արդի յարձակողական զէնքեր կը վաճառեն կամ կը փոխանցեն Ատրպէյճանին:
9) Ի՞նչ յատուկ սահմանափակումներ գոյութիւն ունին ճանապարհորդութեան եւ կապի առնչութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու եւ պաշտօնատար անձանց ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ: Ի՞նչ հիմնաւորումներ կան այս ազատութիւններուն որեւէ սահմանափակման համար: Որո՞նք են նման սահմանափակումներու (եթէ այդպիսիք կան) թուացեալ օգուտները:
10) Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ օգուտներ կը հետապնդուին (եթէ այդպիսիք կան) Ա.Մ.Ն. պաշտօնական հանրայայտ զսպուածութեամբ` Ատրպէյճանի բացայայտ հակահայկական սադրանքները, սպառնալիքները եւ միջսահմանային յարձակումները վիճարկելու ժամանակ:
Կը կարծեմ, որ լայն հնչեղութիւն ստացած հարցադրումներու այս «առաջարկ»ը կրնայ 100 հազարէն շատ աւելի ստորագրութիւն հաւաքել Սպիտակ Տան կայքին մէջ տեղադրման յաջորդ 30 օրուան ընթացքին, յատկապէս եթէ նշանաւոր անձերու բազմաթիւ հետեւորդները նեցուկ կանգնին այս առաջարկին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
- «Քալիֆորնիա Քուրիըր»