altՖ­րան­սա­կան «­Ֆի­լո­զո­ֆի Մա­կա­զին» ամ­սագ­րի Հոկ­տեմ­բեր 2015ի հա­մա­րին մէջ, Թո­պի Նա­թան ստո­րագ­րած է կարճ, բայց կա­րե­ւոր յօդուած մը` ան­ցեա­լի օ­րի­նա­կով ներ­կան

լու­սա­բա­նող: Ֆ­րան­սե­րէ­նը կար­դա­ցող­ներ կըլ­լան:Հայ­կա­կան թեր­թե­րը ե­թէ ար­տատ­պեն կամ թարգ­մա­նե­լով հրա­տա­րա­կեն, այս­պէս կո­չո­ւած ա­զատ աշ­խար­հը եւ ժո­ղո­վուրդնե­րը կը լու­սա­բա­նեն, ա­ռանց ճա­ռի եւ հռե­տո­րու­թեան:

Ֆ­րան­սա­ցին ե­նի­չե­րին կը կո­չէ janissaire, ա­րա­բը` ին­քի­շա­րի: Ե­նի­չե­րի­նե­րը կը հա­մա­րո­ւէին օս­մա­նեան բա­նա­կի ընտ­րա­նին: Ան ըն­տա­նի­քի եւ հայ­րե­նի­քի սէ­րը կը փո­խա­րի­նէր կրօ­նա­կան մո­լե­ռան­դու­թեամբ: Օս­մա­նի լու­ծին տակ ապ­րած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը կը յի­շէ ա­նոնց խժդժու­թիւն­նե­րը:

Այս է­ջը զգու­շա­ցում մըն է:

Ան­ցեա­լին թուր­քը կա­ռե­ւան­գէր մա­նուկ­նե­րը, կը ջնջէր ա­նոնց յի­շո­ղու­թիւ­նը, կը դարձ­նէր հլու կա­մա­կա­տար զի­նո­ւոր, այ­սօր ձե­ւը փո­խո­ւած է եւ հա­մա­ցան­ցով կա­ռե­ւան­գեն հո­գի­նե­րը: Եւ­րո­պա­յէն մա­նուկ­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ կը հա­ւա­քագ­րո­ւին ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան եւ կը դառ­նան ա­հա­բե­կիչ: Ըն­տա­նիք­ներ կը մատ­նո­ւին ող­բեր­գու­թեան: Եւ­րո­պա, Ա­մե­րի­կա, Ռու­սիա, հա­ւա­սա­րա­պէս վա­րա­կո­ւած են եւ կը խար­խա­փեն:

Յի­շեալ եր­կիր­նե­րը կը կռո­ւին Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ա­պա­կա­յու­նաց­նող ու­ժե­րու դէմ, ո­րոնց մէջ են նաեւ ի­րենց քա­ղա­քա­ցի­նե­րը: Ֆ­րան­սա հարց կը յա­րու­ցէ, թէ իր օ­դու­ժը ի­րա­ւունք ու­նի՞ ռմբա­կո­ծե­լու թի­րախ­ներ, ուր կը գտնո­ւին իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը:

Փա­պա­րին (tunnel) ել­քը չե­րե­ւիր: Դար­ման­ներ կը փնտռո­ւին ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար հո­գի­նե­րու գրաւ­ման: Մեր դա­րուն ալ ե­նի­չե­րի կը ստեղ­ծեն: Այս կարճ յօ­դո­ւա­ծը ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի է` տես­նե­լու հա­մար ան­ցեա­լը եւ ներ­կան, հարց տա­լով, թէ ի՞նչ պէտք էր, որ ը­րած ըլ­լա­յինք եւ չենք ը­րած:

Օս­մա­նի քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը եւ ա­նոր ժա­ռանգ­նե­րը խնկար­կող­նե­րը կը մտա­ծե՞ն, երբ լիա­բուռն կօ­ժան­դա­կեն, որ ի­րենք զի­րենք կը դնեն պա­տի տակ, որ հա­րո­ւա­ծո­ւին:

Հար­ցում` աշ­խար­հի ի­րա­ւա­րար­նե­րուն:

Թո­պի Նա­թան դի­ւա­նա­գէտ է, դա­սա­խօս եւ մաս­նա­գէտ՝ ցե­ղա­յին հո­գե­բու­ժու­թեան:

YENIJERI (Tobi Nathan)

Բարձ­րա­գոյն Դու­ռը, ԺԴ. դա­րէն սկսեալ, կա­ռե­ւան­գէր իր թշնա­մի­նե­րուն զա­ւակ­նե­րը` զա­նոնք դարձնե­լու հա­մար իր ընտ­րա­նի գուն­դե­րուն ան­դամ, janissaires: Դար­ձի մը (retournement) պա­տու­մը:

Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պած էր զօ­րա­հա­ւա­քի նրբազ­նին (sophistique) ե­ղա­նակ մը, զի­նեալ ընտ­րա­նի գուն­դե­րուն հա­մար.- ե­նի­չե­րի­նե­րը:

Թր­քե­րէն ե­նի­չե­րի բա­ռը կը նշա­նա­կէ «ե­րի­տա­սարդ <կամ նոր> գունդ»: Այս միա­ւո­րը կազ­մո­ւած էր կայս­րու­թեան ա­ռա­ջին ե­րեք դա­րե­րուն, ԺԴ.-ԺԷ., քրիս­տո­նեա­նե­րու զա­ւակ­նե­րով, յափըշ­տա­կո­ւած իր սահ­ման­նե­րու ծայ­րա­մա­սե­րէն: Թշ­նա­մի­նե­րու մա­նուկ­նե­րը նա­խա­տե­սո­ւած էին դառ­նա­լու իս­լա­մու­թեան յա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րը: Կա­լանք, որ թուր­քե­րը մեղ­մա­բա­նու­թեամբ կը կո­չէին` տէվ­շիր­մէ(devchirme), «պտղա­հա­ւաք»: Ու­րեմն լա­ւա­գոյն­նե­րը կա­ռե­ւան­գո­ւէին, «կը թրքա­ցո­ւէին» եւ կիս­լա­մա­ցո­ւէին:

Ա­մէ­նէն գե­ղե­ցիկ­նե­րը, ա­մէ­նէն օժ­տուած­նե­րը կը ղրկո­ւէին սուլ­թա­նի ա­պա­րան­քը եւ յա­ճախ կը բարձ­րա­նա­յին հռչա­կա­ւոր դիր­քե­րու: Միւս­նե­րը նախ կը ղրկո­ւէին Ա­նա­տո­լու` աշ­խա­տե­լու հա­մար դաշ­տե­րու մէջ, «կարծ­րա­նա­լու»` «օ­տար մա­նուկ­նե­րու» խում­բին մէջ ուժ պա­հան­ջող աշ­խա­տան­քով, Կա­լի­փո­լի, Է­տիր­նէ կամ Պո­լիս, ե­նի­չե­րի­նե­րու շար­քին մէջ նե­րա­ռո­ւե­լէ ա­ռաջ: Ինչ որ ալ ըլ­լար, ա­նոնք կը մնա­յին քա­փի­քուլ­լա­րի, «Դ­րան ստրուկ­ներ», եւ դա­րե­րու ըն­թաց­քին ա­նոնք ո՛չ ա­մուս­նա­նա­լու եւ ո՛չ ալ մօ­րուք ու­նե­նա­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցան:

Թուր­քե­րը այս ձե­ւով «կար­տադ­րէին» հա­ւա­տա­րիմ զի­նո­ւոր­ներ, ո­րոնք կը ճանչ­նա­յին միայն միա­պե­տին իշ­խա­նու­թիւ­նը` ան­ջա­տո­ւած ըլ­լա­լով ա­մէն տե­սա­կի կա­պէ, ան­ցեա­լէն` որ­մէ խլուած էին եւ ներ­կա­յէն` որ ի­րենց ար­գի­լո­ւած էր:

Կը հասկ­նանք այս երկ­սայ­րի ու­ժին հզօ­րու­թիւ­նը` զրկե­լով օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտնո­ւող քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րենց ընտ­րա­նիէն եւ կազ­մե­լով խորհր­դա­ւո­րու­թեան ապ­րում­նե­րով ան­ձեր` եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեամբ, լա­ւա­պէս պատ­րաս­տո­ւած ռազ­մի ա­րո­ւես­տին հա­մար:

Ա­նոնց համ­րան­քը եւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ա­ճե­ցան եւ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը պե­տա­կան գոր­ծե­րուն մէջ դար­ձան խնդրա­յա­րոյց: Այն­պէս որ, հա­կազ­դե­լով ա­նոնց վեր­ջին ըմ­բոս­տաց­ման, 15 Յու­նիս 1826ին սուլ­թան Մահ­մուտ Բ. պար­զել տո­ւաւ մար­գա­րէին դրօ­շը` կոչ ը­նե­լով ու­լե­մա­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին, յար­ձա­կե­լու ըմ­բոստ­նե­րու զօ­րա­նոց­նե­րուն վրայ:

Ե­թէ ե­նի­չե­րի­նե­րու շար­քե­րը մա­րե­ցան ա­րեան մէջ, ա­նոնց փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը` հիմ­նո­ւած կա­լա­նո­ւած թշնա­մի ան­ձե­րը դարձ­նե­լու զի­րենք ծնող­նե­րուն դէմ, մեր օ­րե­րուն ո­րոշ յա­ջո­ղու­թիւն կը գտնէ, աշ­խար­հի զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ պար­տո­ւած­նե­րէն հա­ւա­քագ­րե­լով մա­նուկ-զի­նո­ւոր­ներ` Ափ­րի­կէ, Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա, Մի­ջին Ա­րե­ւելք:

Ան­կաս­կած այս նոյն փի­լի­սո­փա­յու­թիւնն է, որ կար­տա­յայ­տո­ւի, մար­դոր­սա­կան կա­տա­ղու­թեամբ, իս­լա­մա­կան խում­բե­րու կող­մէ, ո­րոնք ի­րենց հրա­պու­րիչ եր­գը կը տա­րա­ծեն հա­մա­կար­գի­չի պաս­տա­ռի ցո­լա­ցում­նե­րով:

Հա­յա­ցում` Յ. Պ.ի