2016ի մեր գլխա­ւոր սպա­սում­նե­րը տար­բեր չեն նա­խորդ տա­րի­նե­րու սպա­սում­նե­րէն:
Տա­րի­նե­րը կ­՛անց­նին, ու հա­յու­թեան քա­ղա­քա­ցիա­կան սպա­սում­նե­րը կը մնան նոյ­նը՝ խա­ղա­ղու­թիւն, բա­րօ­րու­թիւն:
Քա­ղա­քա­կան դա­սին, տնտե­սա­կան գոր­ծա­կա­տար­նե­րու եւ ստեղ­ծա­գործ մշա­կու­թա­յին ու­ժե­րու հա­մե­րաշխ գոր­ծակ­ցու­թեամբ միայն կա­րե­լի է գո­հաց­նել այս սպա­սում­նե­րը:
Որ­քա­նո՞վ զուտ հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը՝ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու ամ­րապն­դու­մը, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը եւ հա­տու­ցու­մը, Ս­փիւռ­քի մէջ ինք­նու­թեան պահ­պա­նու­մը կը յար­մա­րի վերոն­շեալ սպա­սում­նե­րու կա­ղա­պա­րին:

Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիին, սփիւռ­քա­հա­յուն, ինչ­պէս ո­րե­ւէ այլ երկ­րի քա­ղա­քա­ցիին, բո­լո­րին սպա­սում­նե­րը շատ պարզ են ու նոյ­նան­ման: Ընդ­հան­րա­կան լայն գի­ծե­րու մէջ, հա­յու­թեան հա­մար խա­ղա­ղու­թիւն եւ բա­րօ­րու­թիւն ա­պա­հո­վե­լը կ­՛են­թադ­րէ վե­րոն­շեալ օ­րա­կար­գի ի­րա­գոր­ծու­մը:

Չենք կրնար ը­սել գո­նէ, որ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան դա­սը չի հե­տապն­դեր այս օ­րա­կար­գը: Հա­պա ին­չո՞ւ չ­՛ի­րա­կա­նա­նար: Միամ­տու­թիւն պի­տի ըլ­լար հա­ւա­տալ, որ դիւ­րին ի­րա­գոր­ծե­լի նպա­տակ­ներ են: Դա­րա­ւոր դրա­ցի թշնա­մի եր­կիր­նե­րու վե­րա­բե­րու­մը, մի­ջազ­գա­յին մրցակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րը, գեր-տէ­րու­թիւն­նե­րու ի­րե­րա­մերժ շա­հե­րը, Հա­յաս­տա­նի՝ ան­ցեա­լէն կու­տա­կած թե­րա­ցում­նե­րը եւ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու կար­ճա­տես ե­սա­սի­րու­թիւ­նըբա­ցի վեր­ջին կէ­տէն, մնա­ցեալ բո­լո­րը շատ հասկ­նա­լի, շօ­շա­փե­լի պատ­ճառ­ներ են, ի­րա­գոր­ծու­մի ար­գելք հան­դի­սա­ցող եւ այ­դու­հան­դերձ՝ լու­ծե­լի, միայն ե­թէ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու դա­սը գի­տակ­ցէր ե­ղե­լու­թեան:

Երբ քա­ղա­քա­կան դա­սը ան­կա­րող է դի­մագ­րա­ւե­լու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, բնա­կա­նա­բար քա­ղա­քա­ցիա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն եւ լրա­տու մի­ջոց­նե­րուն կ­՛իյ­նայ օգ­նել, որ ան գի­տակ­ցի իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն: Ո­րով­հե­տեւ այն ա­րագ ըն­թաց­քով, որ երկ­րա­գուն­դը կը յա­ռա­ջա­նայ, ա­մէն ու­շա­ցում ան­դառ­նա­լի հե­տե­ւանք­ներ կ­՛ու­նե­նայ:

Գո­նէ հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին այդ­պէս է:

Իսկ Ս­փիւռ­քը, սփիւռ­քա­հայ ղե­կա­վար­նե­րը նոյն­քան պա­տաս­խա­նա­տու են, երբ չքմե­ղան­քով կը մօ­տե­նան Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին եւ կը հա­մա­կեր­պին ա­նոր գոր­ծե­լաո­ճին:

Սա­կայն կայ ա­ւե­լին. Դեկ­տեմ­բե­րին, Փա­րի­զի ա­րո­ւար­ձա­նին՝ Լը Պուր­ժէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ COP 21 բնա­պա­հա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը: Ան մարդ­կու­թեան, երկ­րա­գուն­դի բո­լոր բնա­կիչ­նե­րուն առ­ջեւ կը դնէ հիմ­նա­կան ընդ­հան­րա­կան մար­տահ­րա­ւէր մը, զոր պե­տու­թիւն­նե­րը չեն կրնար դի­մագ­րա­ւել ան­ջա­տա­բար: Հե­տե­ւա­բար՝ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պայ­ման է ոչ միայն նեղ ազ­գա­յին սահ­ման­նե­րու մէջ, այ­լեւ՝ մի­ջազ­գա­յին մաշ­տա­բով:

Սա­կայն, մի­ջազ­գա­յին սար­սա­փե­լի քան­դիչ մրցակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ու­նի իր օ­րէնք­նե­րը, ո­րոնք կ­՛ար­գե­լա­կեն փոխ-շա­հա­ւէտ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: Կը բա­ւէ Սու­րիոյ օ­րի­նա­կը աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նալ: Եւ այս հան­գա­ման­քը ա­ւե­լիով մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան առ­ջեւ կը դնէ հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան դա­սը, նկա­տի ու­նե­նա­լով Հա­յաս­տա­նի բնա­պահ­պան­ման ծանր խնդիր­նե­րը, ո­րոնք այս վեր­ջին 20 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի ըն­դեր­քի լայ­նա­ծա­ւալ ան­վե­րահս­կե­լի շա­հա­գոր­ծու­մի պատ­ճա­ռով՝ կարգ մը վայ­րե­րու մէջ շատ վտան­գա­ւոր պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­ցին:

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ - «­Նոր Յա­ռաջ»