­altՃամ­բայ բա­ցէ՛ք Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի կող­մէ «հայ­կա­կան նոր աս­պե­տու­թիւն» հռչա­կո­ւած 125ա­մեայ Ու­ղե­ւո­րին՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։

­Ճամ­բայ բա­ցէ՛ք հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան եւ ա­զատ, ան­կախ ու միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­գործ­ման հա­մազ­գա­յին պայ­քա­րի մար­տու­նակ դրօ­շա­կի­րին։

 

­Ճամ­բայ բա­ցէ՛ք, որ­պէս­զի Ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յու­թեան հաս­նե­լու հա­մազ­գա­յին եր­թը շա­րու­նա­կո­ւի ու վե­րա­նո­րոգուի։

Ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր՝ Հ.Յ.Դ. ա­նու­նին ՀԱ­Յը կը բնո­րո­շէ նկա­րա­գիրն ու վար­քը 125ա­մեայ Ու­ղե­ւո­րին։

Հ.Յ.Դ. մի­սը մի­սէն եւ ոս­կո­րը ոս­կո­րէն հա­րա­զատ ծնուն­դը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ ա­նոր ծով վիշ­տին ու տա­ռա­պան­քին, սան­ձա­կո­տոր ընդվզու­մին եւ ցա­սու­մին, ան­սա­կարկ զո­հա­բե­րու­թեան ո­գիին եւ ան­վե­հեր պայ­քա­րի հա­ւա­քա­կան կամ­քին։

Հ.Յ.Դ. ե­ղաւ գա­ղա­փա­րա­կան ու բա­րո­յա­կան, քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կերպ ա­նօ­թը ՀԱՅ մար­դու վե­րա­կերտ­ման մշտա­նո­րոգ եր­կուն­քին, գե­րու­թեան եւ ստրկա­միտ հա­մա­կեր­պու­մի շղթա­նե­րը կոտ­րած-թօ­թա­փած եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ու մշա­կու­թա­յին-քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նա­հաս­տա­տու­մի ու­ղիով սլա­ցող ­Հա­մա­հայ­կա­կան Եր­թին։

Այդ ներշն­չու­մով բո­ցա­վա­ռե­ցաւ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի «­Գիրք ­Ճա­նա­պար­հի»ն ­լու­սա­ւո­րած մեծ խա­րոյ­կը ­ՀըԴաՀիւնին՝ Հ.Յ.Դ.ին, ո­րու ա­նո­ւան ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱ­Նը դար­ձաւ կի­զա­կէ­տը 125ա­մեայ Ու­ղե­ւո­րի բա­րո­յա­կան էու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հա­յեաց­քին։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րու­թեան ձգտու­մէն եւ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու վճռա­կա­նու­թե­նէն ներշն­չո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. յե­ղա­փո­խա­կա­նու­թիւ­նը, որ կեան­քի գնով Ազ­գի ու ­Հայ­րե­նի­քի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեանն ծա­ռա­յե­լու գե­րա­գոյն յանձ­նա­ռու­թեան վա­րար աղ­բիւր դար­ձաւ թէ՛ դաշ­նակ­ցա­կա­նին, թէ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մա­կի­րին հա­մար։

Ա­մէն կար­գի՝ սուլ­թա­նա­կան թէ ցա­րա­կան, իթ­թի­հա­տա­կան թէ պոլ­շե­ւի­կեան բռնա­տի­րու­թիւն եւ հա­լա­ծանք մեր­ժե­լու, ծա­ռա­նա­լու, անձ­նա­զոհ պայ­քա­րի դաշտ նե­տո­ւե­լու եւ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան մեծ խա­րոյ­կին շուրջ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կեղծ զի­նո­ւոր­նե­րը հա­մախմ­բե­լու ՈՒԽ­Տին դրօ­շա­կիրն ու ար­թուն պա­հա­կը հան­դի­սա­ցաւ 125ա­մեայ Ու­ղե­ւո­րը։

­Զի­նեալ պայ­քա­րով սկսած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եր­թը քայլ պա­հեց հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հի վե­րի­վայ­րում­նե­րուն հետ՝ ժա­մա­նա­կին հա­մա­հունչ յե­ղա­փո­խա­կան ու­ղի հար­թե­լով, գրա­կան-մշա­կու­թա­յին ու գա­ղա­փա­րա­կան-բա­րո­յա­կան հա­մա­պա­տաս­խան ազ­գա­յին լիցք կու­տա­կե­լով, այ­լեւ՝ միշտ դէ­պի յա­ռաջ խո­յա­նա­լով։

Հ.Յ.Դ.ի մարմ­նա­ւո­րած ու հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը ներշն­չած ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ այդ ո­գիով՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը

- վե­րապ­րե­ցաւ թրքա­կան պե­տու­թեան տո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան ծան­րա­գոյն հարուա­ծէն,

- սե­փա­կան բազ­կի ու­ժով կեր­տեց Ա­զատ ու Ան­կախ ­Հա­յաս­տան՝ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հան­րա­պե­տու­թեամբ,

- ինք­նալ­քու­մի չմատ­նո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նաց­ման դա­ժան հա­րո­ւա­ծին տակ իսկ եւ իր հո­գիին մէջ ան­ձեռնմ­խե­լի պա­հեց Ո­գե­ղէն ­Հայ­րե­նի­քը՝ իր Ա­զատ, Ան­կախ ու ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նով, ան­փո­խա­րի­նե­լի Ե­ռա­գոյ­նով,

- թափ տո­ւաւ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կող «­Նե­մե­սիս»էն սկսեալ, ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան պայ­քա­րին,

- տա­րա­գիր հա­յու­թիւ­նը օժ­տեց, Ո­գե­ղէն ­Հայ­րե­նի­քի վե­րան­կա­խաց­ման շուն­չով, հա­յա­պահ­պան պե­տա­կա­նա­ձեւ կա­ռոյց­նե­րով՝ Ս­պի­տակ ­Ջար­դի դէմ ան­դուլ պայ­քար մղե­լով եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան ­Հա­ւա­քա­կան Ու­ժի կռո­ւան­նե­րը կռա­նե­լով՝ «Ուխտ Ա­րա­րա­տի» եր­դո­ւե­լով եւ հա­յօ­ճախ­նե­րու ֆի­զի­քա­կան անվ­տան­գու­թեան ու ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման յա­ռա­ջա­պա­հը դառ­նա­լով,

- քան­դեց լռու­թեան այն ծան­րա­նիստ պա­տը, որ քա­շո­ւած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­կոխ­ման շուրջ։ ­Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ան­դուլ յի­շե­ցուց թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, դա­տա­պար­տեց ­Մեծ Ու­րա­ցու­մի թուրք պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ար­դա­րու­թիւն եւ մեր հո­ղե­րը պա­հան­ջեց՝ ի հար­կին ու­ժա­կան պայ­քար մղե­լով, մին­չեւ որ մե­րօ­րեայ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հի օ­րա­կար­գին վրայ բե­րաւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին ար­դար լու­ծում մը գտնե­լու քա­ղա­քա­կան հրա­մա­յա­կա­նը։

- վե­րա­նո­րո­գեց ֆե­տա­յա­կան իր ա­ւանդ­նե­րը՝ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նե­լով հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման նո­րօ­րեայ զար­թօն­քին, երբ «­Ձայ­նը հնչեց»... ­Ղա­րա­բա­ղի «լեռ­նե­րէն»։

Հ.Յ.Դ. ա­նո­ւան վեր­ջին, բայց կա­րե­ւո­րու­թեամբ նոյն­քան ա­ռանց­քա­յին եւ բնու­թագ­րա­կան ստո­րո­գե­լին ե­ղաւ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒ­Նը, որ հա­յոց հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թե­նէն ներշն­չուած ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան հիմք ու միա­ժա­մա­նակ ան­փո­խա­րի­նե­լի ա­ւանդ դար­ձաւ։

Հ.Յ.Դ. ծնունդ չա­ռաւ իբ­րեւ կու­սակ­ցու­թիւն, այլ՝ իբ­րեւ բո­լոր հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը հա­մախմ­բող կազ­մա­կեր­պու­թիւն՝ դաշ­նակ­ցու­թիւն։

Հ.Յ.Դ. հրա­պա­րակ ի­ջաւ իբ­րեւ դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը միեւ­նոյն նպա­տա­կին հա­մար պայ­քա­րի զէնք վեր­ցու­ցած գա­ղա­փա­րա­կան թէ քա­ղա­քա­կան տար­բեր խմբա­ւո­րում­նե­րու եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու։

­Թէեւ շատ կար­ճա­տեւ, հա­զիւ եր­կու տա­րի ապ­րե­ցաւ իբ­րեւ այդ­պի­սին կեան­քի կոչո­ւած ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ առ­նե­լով ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւն ա­նու­նը, այ­դու­հան­դերձ՝ 125ա­մեայ Ու­ղե­ւո­րը իր եր­կա­րա­տեւ գոր­ծու­նէու­թեան բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ եւ գոր­ծեց հայ Ազ­գի ու հա­յոց ­Հայ­րե­նի­քի ա­զա­տագ­րու­թեան նո­ւի­րո­ւած բո­լոր ան­կեղծ զի­նո­ւոր­նե­րուն մի­ջեւ դաշ­նադ­րու­թիւն, այ­լեւ դաշ­նակ­ցու­թի՜ւն խրա­խու­սե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով ու յանձ­նա­ռու­թեամբ։

Ի վեր­ջոյ չէ՞ որ Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր ­Ռոս­տո­մի բա­նա­ձե­ւու­մով՝ «­Մեր կու­սակ­ցու­թիւ­նը իր վրայ ու­նի այն­պի­սի ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­ներ, ո­րոն­ցից զերծ են այլ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ»։

Ազ­գա­յին, գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան դաշ­նադ­րու­թեամբ գոր­ծե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը էա­կան նկա­րա­գի­րը կազ­մեց նախ Հ.Յ.Դ. ներ-կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քին, ուր տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րու կամ տե­սա­կէտ­նե­րու հա­մա­հար­թեց­ման ճիգ բնաւ չկա­տա­րո­ւե­ցաւ, այլ ընդ­հա­կա­ռակն՝ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց հա­մադ­րու­մի ճի­գե­րը նկա­տո­ւե­ցան կեն­սու­նա­կու­թեան եւ հարս­տու­թեան աղ­բիւր, ո­րով­հե­տեւ կողք-կող­քի՝ Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի, ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան, Ար­դա­րու­թեան եւ ­Բա­րո­յա­կա­նու­թեան հա­մար պայ­քար մղե­լու ան­խար­դախ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը դաշ­նադ­րեց կամ­քե­րը բո­լոր դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րուն, ան­կախ տա­րի­քի եւ սե­ռի, մի­ջա­վայ­րի կամ ըն­կե­րա­յին պատ­կա­նե­լու­թեան տար­բե­րու­թիւն­նե­րէն։

­Դաշ­նադ­րու­մի միեւ­նոյն ո­գիով Հ.Յ.Դ. գոր­ծեց ազ­գա­յին մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, յատ­կա­պէս երբ հա­մազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ կանգ­նե­ցան Ազգն ու ­Հայ­րե­նի­քը։

Այդ­պէս էր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման տա­րի­նե­րուն, այդ­պէս եւ ըն­թա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­կանգն­ման վեր­ջին քա­ռորդ դա­րու ըն­թաց­քին։

Ար­ցա­խեան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն Հ.Յ.Դ. հե­տա­մուտ ե­ղաւ ­Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­միաց­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման հա­մար պայ­քա­րի դաշտ նե­տո­ւած գա­ղա­փա­րի մար­տիկ­նե­րուն մի­ջեւ թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ կազ­մա­կեր­պա­կան դաշ­նադ­րու­թեան։

­Պայ­ման­նե­րը տար­բեր հու­նով ա­ռաջ­նոր­դե­ցին վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կեան­քը, բայց 125ա­մեայ Ու­ղե­ւո­րը միշտ ալ քա­լած է «նպա­տա­կիս հաս­նիմ միայն» եր­գե­լով... եւ ինչ­պէս ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ, պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան հար­թու­թեան վրայ, կը թե­ւա­ծէ դաշ­նադ­րու­մի ո­գին, վհա­տե­լու չէ եւ կու գայ օ­րը, որ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ի վեր­ջոյ կը յաղ­թա­նա­կէ դաշ­նադ­րու­մի ո­գին՝ դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը։

Հ.Յ.Դ. եր­թը կը շա­րու­նակուի։

­Ժա­մա­նակ­ներ եւ սե­րունդ­ներ կը փո­խո­ւին, մտայ­նու­թիւն­ներ եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րո­ղու­թիւն­ներ վե­րի­վայ­րու­մէ կանց­նին, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցին մէջ այ­սօր եւս ծնունդ կ­՚առ­նեն ու կը կազ­մա­ւո­րո­ւին սե­րունդ­ներ, ո­րոնք 125ա­մեայ Ու­ղե­ւո­րին ա­ւանդ­նե­րով մկրտո­ւած՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ հի­մա ալ կ­՚եր­գեն՝

«­Դաշ­նակ­ցու­թեան ճամ­բայ բա­ցէ՜ք»։