­altՀօրս՝ ­Կա­րա­պետ ­Քե­րո­բեա­նի ան­մար յի­շա­տա­կին.- Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ընդ­մէ­ջէն՝ Գ­րի­գոր ­Զոհ­րա­պի եւ ­Վարդ­գէս ­Սէ­րէն­կիւ­լեա­նի վեր­ջին ընթ­րի­քը

Ին­չե՜ր ը­սես չէր տե­սած հայրս. ­Տար­սոն` ­Կի­լի­կիա, ա­պա` ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, տա­րագ­րու­թիւն դէ­պի Ա­թէնք, ­Յու­նաս­տան եւ ա­պա` ­Պէյ­րութ, ­Լի­բա­նան: Ե­ղած էր ան­խոնջ եւ աշ­խա­տա­սէր, ա­մուս­նա­ցած` ա­տա­նա­ցի ­Հայ­կա­նուշ Ե­ղիա­յեա­նի հետ` ա­նո­ւա­նի գրող եւ մշակ ­Բիւ­զանդ Ե­ղիա­յեա­նի զար­մու­հին, կազ­մած իր հայ­կա­կան բոյ­նը` ու­նե­նա­լով հինգ զա­ւակ­ներ, յանձ­նած զիս ­Հայ ճե­մա­րա­նին` ա­շա­կեր­տե­լու ­Լե­ւոն ­Շան­թին, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նին, ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիին, ­Գառ­նիկ ­Գիւ­զա­լեա­նին:

­Սա­կա­ւա­խօս էր հայրս, յատ­կա­պէս երբ խօս­քը կը վե­րա­բե­րէր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քի մութ է­ջե­րուն: ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. ­Պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, երբ ճրա­գի լոյ­սի տակ հա­ւա­քո­ւած` ա­տա­նա­ցի եւ տար­սոն­ցի ըն­տա­նիք­ներ կը յի­շէին ե­րա­զա­յին ­Կի­լի­կիան, եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը կը պատ­մէր ան­ցեա­լի յու­շե­րը եւ հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նա­լու ե­րա­զը, հայրս կը մնար լուռ, մտքով` ­Տար­սոն, հայ­րե­նի քա­ղա­քը, փնտռե­լով ա­նոնք, ո­րոնք կար­ծես ձգած ըլ­լար հոն:

Եւ ա­հա, այդ գի­շեր­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին, երբ խօ­սակ­ցու­թեան նիւ­թը կը շօ­շա­փէր մեր մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան տա­րագ­րու­թիւ­նը, հօրս ե­րե­սը յան­կարծ լու­սա­ւո­րո­ւե­ցաւ եւ ներ­կա­նե­րուն մէ­ջէն դառ­նա­լով եղ­բօրս եւ ին­ծի` ը­սաւ.- ­Ձեր հայ­րը պա­տի­ւը ու­նե­ցած է ան­ձամբ ծա­նօ­թա­նա­լու հայ մե­ծա­նուն ռահ­վի­րա­նե­րուն` Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պին եւ ­Վարդ­գէս ­Սէ­րէն­կիւ­լեա­նին, օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նի նշա­նա­ւոր հայ եր­կու պե­տա­կան ե­րես­փո­խան­նե­րուն:

Շշ­մած ենք բո­լորս. քար լռու­թիւն:

­Տա­րագ­րու­թեան ճա­նա­պար­հին Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ եւ ­Վարդ­գէս ­Սէ­րէն­կիւ­լեան կը հաս­նին ­Տար­սոն եւ նա­խա­պէս տե­ղեակ ըլ­լա­լով քա­ղա­քի ա­նո­ւա­նի խո­րո­վա­ծի մաս­նա­գէ­տին մա­սին` կը հարց­նեն ­Կա­րա­պետ ­Քե­րո­բեա­նի մա­սին: ­Մեծ կ­՛ըլ­լայ հօրս զար­մանքն ու միա­ժա­մա­նակ ու­րա­խու­թիւ­նը` տես­նե­լով հա­յոց նո­ւի­րեալ­նե­րը իր ճա­շա­րա­նի մուտ­քին: Ան ան­մի­ջա­պէս կ­՛ապսպ­րէ իր խո­հա­րար­նե­րուն` պատ­րաս­տե­լու տե­սա­կա­ւոր խո­րո­ված՝ բազ­մա­տե­սակ խոր­տիկ­նե­րով: Իսկ ինք ան­ձամբ կը սպա­սար­կէ հիւ­րե­րուն` ներ­քին մեծ հպար­տան­քով: Ընթ­րի­քը եր­կար չի տե­ւեր սա­կայն: ­Կը մեկ­նին այ­նու­հե­տեւ ­Զօհ­րապ եւ ­Վարդ­գէս` հօրս ա­կան­ջին հա­զիւ կա­րե­նալ փսփսա­լով, թէ ջա­նան ա­մէն գնով ողջ մնալ:

­Հասկ­նա­լի էր ա­մէն ինչ... ու եր­կար ժա­մա­նակ չան­ցած` ի­րենց ե­ղե­րա­կան մա­հո­ւան բօ­թը կը տա­րա­ծո­ւի ա­մէ­րու­րեք: ­Նա­հա­տա­կո­ւած էին եր­կու մե­ծե­րը... ան­հուն էր ցա­ւը:

Այդ օ­րէն սկսեալ յա­տուկ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն մը դրո­ւած էր մեր ու­սե­րուն` վառ պա­հե­լու հայ հսկա­նե­րուն ա­նուն­նե­րը, ո­րոնց յի­շա­տա­կին ա­նո­ւա­նած էր հայրս մեզ:

­Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. ­Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին դար­ձած էի ար­դէն ­Հայ ­Ճե­մա­րա­նի լսա­րա­նի ու­սա­նող, եւ ա­հա օր մը ­Լե­ւոն ­Շանթ մտնե­լով դա­սա­րան` յայտ­նեց, թէ օ­րո­ւան նիւ­թը պի­տի ըլ­լար ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Երբ կար­գը հա­սաւ ին­ծի, մօ­տե­նա­լով ամ­պիո­նին` փո­խան­ցե­ցի հօրս պատ­մա­ծը: ­Յու­զո­ւած էր դա­սա­րա­նը եւ ­Լե­ւոն ­Շան­թի աչ­քե­րուն ես նկա­տե­ցի ար­ցուն­քի կա­թիլ­ներ. կար­ծէք ­Շանթ վե­րագ­տած ըլ­լար իր վա­ղե­մի եր­կու բա­րե­կամ­նե­րը:

­Փառք ու պար­ծանք` ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­կա­նա­տես սե­րուն­դին, որ ան­կոտ­րում կամ­քով վառ պա­հեց հայ ազ­գը` հիմ­նե­լով սփիւռ­քեան գաղ­թօ­ճախ­նե­րը եւ ճամ­բայ հար­թե­լով «­Դէ­պի Եր­կիր» տես­լա­կա­նին:

ՎԱՐԴԳԷՍ ՔԵՐՈԲԵԱՆ - ­Մոն­րէալ