Ա­նի Կար­մի­րեա­նի ստո­րեւ հրամ­ցո­ւած զե­կոյ­ցը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ որ­պէս բաց­ման խօսք՝ Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան Հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան Հա­մայնք­նե­րու Բա­ժան­մուն­քին եւ Ֆ­րան­սա­յի Ա­րե­ւե­լեան Լե­զու­նե­րու եւ Քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Հիմ­նար­կին (Ի­նալ­քօ) կող­մէ Փա­րի­զի մէջ

կազ­մա­կեր­պո­ւած «­Դաս­տիա­րակ­չա­կան նո­րա­րա­րու­թիւն­ներ՝ ԻԱ. դա­րուն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը» գի­տա­ժո­ղո­վին (21-22 Սեպ­տեմ­բեր 2015)։

Զե­կոյ­ցը կ­՚անդ­րա­դառ­նայ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դի­մագ­րա­ւած գլխա­ւոր հար­ցին.- Ինչ­պէ՞ս փո­խան­ցել լե­զու մը սե­րուն­դէ սե­րունդ, որ­պէս գոր­ծա­ծա­կան լե­զու։ Ա­նոր ներշն­չու­մը կը բխի մեր սփիւռ­քեան գո­յա­վի­ճա­կի ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնց կար­գին պէտք է հա­շո­ւել երկ­լե­զո­ւու­թեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ման­կա­վար­ժա­կան նո­րա­րար մօ­տե­ցում­նե­րէն, ո­րոնք ի գործ դրո­ւած են յա­ջող կեր­պով նաեւ այլ լե­զու­նե­րու իւ­րաց­ման պա­րա­գա­նե­րու մէջ։ Ս­փիւռ­քի հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն եւ դաս­տիա­րակ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած կոչ մըն է ան, որ­պէս­զի լե­զո­ւի վտան­գո­ւած ճա­կա­տագ­րին դէմ յան­դի­ման յանձ­նա­ռու հան­դի­սա­նան, փո­խա­նակ ար­տա­քին հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րու դի­մե­լու՝ վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւե­լու յոյ­սով։ Ա­նի Կար­մի­րեա­նի գրո­ւած­քը դաս­տիա­րակ­չա­կան բա­րե­նո­րո­գու­մի մի­տող մեր աշ­խա­տան­քին եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի իւ­րաց­ման նկատ­մամբ մեր մօ­տե­ցու­մին փի­լի­սո­փա­յա­կան հիմ­քե­րը կ­՚ամ­րապն­դէ։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պի­տի գո­յա­տե­ւէ մէկ պայ­մա­նով միայն. ե­թէ հոգ տա­նինք ա­նոր ա­պա­կեդ­րո­նա­ցած կեր­պով՝ տե­ղա­կան պէտ­քե­րու նկա­տա­ռու­մով եւ տե­ղա­կան լու­ծում­նե­րով։ Մեր նպա­տա­կա­կէ­տը ու­րեմն լե­զո­ւի փո­խան­ցում մըն է, որ ա­պա­հո­վէ ի­րա­կան, շնչող, գոր­ծա­ծո­ւող, մին­չեւ իսկ «չա­րա­շա­հո­ւող» լե­զու մը ըլ­լա­լը, փո­խա­նակ՝ «մաք­րու­թեան», «միու­թեան» կամ քե­րա­կա­նա­կան կա­տա­րե­լու­թեան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէ ա­ռաջ­նոր­դո­ւած ու քա­րա­ցած կա­նոն­նե­րու շար­քի մը։ Կ­՚ու­զենք, որ հա­յե­րէ­նը դառ­նայ Ս­փիւռ­քի բազ­մա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ լե­զուն, ապ­րե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ե­ղա­նակ մը, եւ ոչ թէ ան­ցեա­լին մէջ ըն­դե­լու­զո­ւած գե­ղե­ցիկ նշխար մը։ Լե­զու­նե­րը կը գո­յա­տե­ւեն, ե­թէ նոր սե­րունդ­ներ գան զայն խօ­սե­լու, գրե­լու, ա­նով ար­տադ­րե­լու - եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը տար­բեր չէ միւս լե­զու­նե­րէն, ըլ­լա՛յ Ս­փիւռ­քի մէջ, ըլ­լա՛յ Հա­յաս­տան։

Ռազ­միկ Փա­նո­սեան

ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ

TABULA RASA

ՎԵՐԱՄՏԱԾԵԼ ՀԻՄՆԱԴՐՈՅԹՆԵՐԸ

Հա­ւա­քո­ւած ենք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի՛ն ի նպաստ եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նո՛վ նոր դաս­տիա­րակ­չա­կան ե­ղա­նակ­ներ ե­րե­ւա­կա­յե­լու հա­մար միաս­նա­բար։ Կը գտնո­ւինք Ս­փիւռք կո­չո­ւած տա­րած­քի մը մէջ, ուր հա­րիւր տա­րիէ ի վեր գրե­թէ նոյն ող­բը կ­՚ի­մա­նանք, 2 լե­զո­ւի պահ­պան­ման եւ տա­րած­ման անն­պաստ պայ­ման­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ, լե­զո­ւի մը՝ որ գի­տենք, հող չու­նի ոտ­քե­րուն տակ, պե­տու­թիւն չու­նի, սահ­ման­ներ չու­նի։ Այդ ող­բը կե­նաց ու մա­հու հարց մը կը դնէ կար­ծէք մեր առ­ջին։ Ան­դա­մա­լուծուած ենք, գո­յու­թե­նա­կան ճգնա­ժա­մի մը դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­լու տպա­ւո­րու­թիւնն ու­նինք։

Ե­թէ կայ այդ­պի­սի ճգնա­ժամ, ան­կաս­կած մեր դաս­տիա­րակ­չա­կան հա­մա­կար­գէն կը բխի, այդ հա­մա­կար­գի մա­սին մեր ու­նե­ցած փոր­ձա­ռու­թե­նէն։

Մեր ե­րե­խա­նե­րը Ս­փիւռ­քի ե­րե­սին՝ միօ­րեայ կամ ա­մէ­նօ­րեայ դպրոց­ներ կը յա­ճա­խեն եւ սա­կայն ո­րե­ւէ օ­գուտ չեն քա­ղեր ատ­կէ - հա­յա­խօ­սու­թեան ի­մաս­տով, ստեղ­ծա­գործ գոր­ծու­նէու­թեան ի­մաս­տով, ըն­թեր­ցող­նե­րու հա­ւաք մը կազ­մե­լու ի­մաս­տով։ Մին­չեւ հի­մա կի­րար­կո­ւած դաս­տիա­րակ­չա­կան բնա­տի­պե­րը կար­ծէք ան­զօր դար­ձած են։ Ճշ­մար­տու­թիւ­նը այն է, որ դէ­պի ա­րեւմտեան Ս­փիւռք բե­րած ենք նոյն այն բնա­տի­պե­րը, ո­րոնք Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ի զօ­րու էին 1920էն ետք։ Այդ բնա­տի­պե­րը սնան­կու­թեան մատ­նո­ւած են այ­սօր։ Նոր դաս­տիա­րակ­չա­կան բնա­տիպ մը մտա­ծե­լու, պատ­րաս­տե­լու եւ կի­րար­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը զգա­ցո­ւի ա­մէ­նու­րեք։

Ա­հա՛ ին­չու հա­ւա­քո­ւած ենք այս շա­բաթ Փա­րի­զի մէջ, ու կ­՚ու­զեմ այ­սօ­րո­ւան ներ­կա­յա­ցումս օգ­տա­գոր­ծել սկսե­լու հա­մար հա­ւա­քա­կան մտո­րում մը այս նոր վի­ճա­կին եւ ա­նոր հա­մա­պա­տաս­խա­նող լե­զո­ւի ու­սու­ցու­մի նոր ձե­ւեր ո­րո­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան շուրջ։

«­Դաս­տիա­րակ» բա­ռին վրայ դրո­ւած շեշ­տը կ­՚են­թադ­րէ, որ խնդրոյ ա­ռար­կայ դաս­տիա­րակ­նե­րը դառ­նան մտա­ծող, քննար­կող էակ­ներ, ի­րենց էու­թիւ­նը եւ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը միշտ վե­րա­նա­յու­մի են­թար­կող մշա­կու­թա­յին սպա­սար­կու­ներ։ Դաս­տիա­րա­կի­չին աշ­խա­տան­քը շատ ան­գամ կը տես­նենք որ­պէս ան­ցեա­լէ ե­կած գի­տե­լիք­նե­րու կրկնու­թիւ­նը, կար­ծէք ե­րե­խա­նե­րը այդ գի­տելք­նե­րուն կրա­ւո­րա­կան ըն­դու­նա­րան­նե­րը ըլ­լա­յին։ Մ­տա­ծե­լու այդ ձե­ւը մաս­նա­ւո­րա­բար սխալ ու վնա­սա­կար է, երբ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի սփիւռ­քեան վի­ճա­կի մէջ լե­զու մը փո­խան­ցե­լու։ Դաս­տիա­րա­կը պէտք է հե­տե­ւա­բար ան­դա­դար վե­րամ­տա­ծէ իր կա­տա­րած աշ­խա­տան­քին հի­մունք­նե­րը։

Ան­ցեա­լէն ա­ւան­դո­ւա­ծը պէտք է մէկ կողմ դրո­ւի, երբ ան­կէ ե­կած ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը ան­բա­ւա­րար են, նա­խա­պա­շա­րում­նե­րու վրայ հիմ­նո­ւած են, ու չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ե­րե­խա­նե­րու պէտ­քե­րուն եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Նոյն բա­նը կ­՚ը­սէր աս­կէ գրե­թէ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տը, Պոլ­սոյ Է­սա­յեան Վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ ար­տա­սա­նած ու­ղեր­ձի մը ըն­թաց­քին, 1912ին։ Կը մէջ­բե­րեմ իր խօս­քե­րը, ո­րոնք այն­քա՜ն տպա­ւո­րիչ են. Մենք մա­նուկ­նե­րու հո­գե­կան պա­հանջ­նե­րուն յար­մար­ցո­ւած դա­սա­գիր­քեր չու­նինք, մեր դա­սա­գիր­քե­րը լե­ցուն են փի­լի­սո­փա­յա­կան, բայց ոչ-ճիշդ ման­կա­կան նիւ­թե­րով։ […] Ա­նոնց՝ որ տա­կա­ւին կեան­քի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը չու­նին, դուք տո­ւած էք կեան­քի փի­լի­սո­փա­յու­թեան դա­սեր։ Ա­սի­կա՝ իր մտա­ւոր ստա­մոք­սը չի կրնար մար­սել. ծուռ, ծո՜ւռ դաս­տիա­րա­կու­թիւն է։ Իս­կա­կան վար­ժա­պետ­ներ չկան։ Ե­թէ մա­նու­կը չի հասկ­նար ձեր դա­սա­ւան­դու­թիւ­նը, յան­ցան­քը ձերն է, ո­րով­հե­տեւ չէք կրցած հասկ­նալ եր­բեք ա­նոր հո­գին. պէտք է վար իջ­նել մին­չեւ ա­նոր հո­գե­կան աս­տի­ճա­նը […](1)։

Կո­մի­տա­սին ը­սա­ծը պէտք է հասկ­նալ որ­պէս ման­կա­վար­ժա­կան սկզբունք։ Ա՛յդ սկզբունքն է, կար­ծեմ, որ ներշըն­չու­մի աղ­բիւր ե­ղած է մե­զի հա­մար, երբ Փա­րի­զի մէջ Մկ­նիկ երկ­լե­զու աշ­խա­տա­նո­ցը հիմ­նե­ցինք։ Նոյն սկզբուն­քը տա­րի­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դած է զիս որ­պէս Նիւ Ճըր­զիի Յով­նա­նեան Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հին։ Էա­կան սկզբունք մըն է, ե­րե­խա­յէն մեկ­նե­լու, ե­րե­խան յար­գե­լու, ա­մէն ինչ իր աչ­քով դի­տե­լու սկզբուն­քը։ Նոյն սկզբուն­քը ի զօ­րու է ան­կաս­կած ա­մէն տա­րի­քի սոր­վո­ղի մը հա­մար։ Բայց չա­փա­հաս­նե­րը ու­նին պաշտ­պա­նո­ւե­լու մի­ջոց­ներ, երբ սխալ մօ­տե­ցու­մի մը դի­մաց դրո­ւած են։ Ե­րե­խա­նե­րը չու­նին միշտ այդ կա­րե­լիու­թիւ­նը, կրնան ա­ւե­լի դիւ­րու­թեամբ վնա­սո­ւիլ։ Ա­ռա­ւել եւս՝ նոր լե­զու մը սոր­վե­լու ի­րենց բնա­կան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը պէտք է ա­ռաջ­նոր­դէ մե­ծե­րուն վե­րա­բեր­մուն­քը, ե­թէ վեր­ջին­ներս ի վի­ճա­կի են ա­նոր վրայ հիմ­նե­լու ի­րենց մօ­տե­ցու­մը։ Ա­հա՛ ին­չու ե­րե­խա­յին տե­սան­կիւ­նը որ­դեգ­րե­լը լա­ւա­գոյն կե­ցուած­քը պի­տի ըլ­լայ միշտ լե­զո­ւի ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մար։ Ե­րե­խա­յին ցան­կու­թիւնն է, որ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ մեզ։ Ատ­կէ՛ նաեւ հսկայ պա­տաս­խա­նա­տուութիւ­նը, որ բեռ­ցո­ւած է մեր ու­սե­րուն։

Ման­րա­մաս­նե­լէ ա­ռաջ ը­սած­ներս, կ­՚ու­զեմ հի­մա պահ մը պատ­մա­կան շե­ղանցք մը ա­ռա­ջար­կել, նշե­լու հա­մար որ աս­կէ ա­ռաջ ալ հա­յե­րէն լե­զուն նմա­նօ­րի­նակ կա­ցու­թիւն­նե­րու մէջ գտնո­ւած է։ ԺԸ. դա­րուն, այ­սինքն այն­պի­սի շրջա­նի մը, երբ հան­րա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան գա­ղա­փա­րը չկար տա­կա­ւին ու գա­ւա­ռա­նե­րու, ինչ­պէս քա­ղաք­նե­րու հայ բնակ­չու­թիւ­նը յա­ճախ անգ­րա­գէտ էր, Մ­խի­թար Աբ­բա­հայ­րը ի­րեն յանձ­նո­ւած տղոց, ո­րոնք յա­ճախ թրքա­խօս էին, նախ հա­յե­րէն կը սոր­վեց­նէր, այ­սինքն՝ աշ­խար­հա­բար հա­յե­րէն եւ յե­տոյ միայն գրա­բա­րի կ­՚անց­նէր, եւ ա­ւե­լի բարձր գի­տու­թիւն­նե­րու։ Այդ ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար է, որ գրած է 1727ին լոյս տե­սած աշ­խար­հա­բա­րի ա­ռա­ջին քե­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Ու ատ­կէ դար մը ետք է միայն, որ նոյն աշ­խար­հա­բա­րը դար­ձած է դպրոց­նե­րուն մէջ խօ­սո­ւած ու դա­սա­ւան­դո­ւած լե­զուն, դառ­նա­լով միա­ժա­մա­նակ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան հա­յե­րուն հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին լե­զուն։ Եւ նոյ­նիսկ այդ պայ­ման­նե­րուն տակ, գի­տենք որ 1920էն ետք է միայն, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յե­րը լիո­վին հա­յա­խօս հա­մայնք­ներ կազ­մած են։ Մի­ջա­գետ­քի վե­րապ­րող­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հե­ռու էր հա­յա­խօս ըլ­լա­լէ։

Բայց այն ա­տեն ո՞ւր է տար­բե­րու­թիւ­նը ա­նոնց եւ մեր մի­ջեւ, ո՞ւր է տար­բե­րու­թիւ­նը ԺԹ. դա­րու վի­ճա­կին եւ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րու վի­ճա­կին մի­ջեւ, ինչ կը վե­րա­բե­րի լե­զուի իւ­րաց­ման։ Տար­բե­րու­թիւ­նը հե­տե­ւեալ ձե­ւով պի­տի բա­ցատ­րէի։ Վե­րը նկա­րագ­րո­ւած գո­յա­վի­ճակ­նե­րու պա­րա­գա­յին, ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար լե­զուն միշտ շրջա­կայ աշ­խար­հը յայտ­նա­բե­րե­լու մի­ջոց մըն էր։ Կ­՚ու­զեմ ը­սել. մի­միայն հայ­կա­կան աշ­խար­հին վրայ բա­ցո­ւած պա­տու­հան մը չէր։ Պա­տու­հան­նե­րէն մէկն էր - նոյ­նիսկ ե­թէ միա­կը չէր, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն կապ կը հաս­տա­տէին աշ­խար­հին հետ, ի­րենք ի­րենց հետ, ի­րենց աշ­խա­տան­քին հետ։ Ինչ որ հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­մը կորսն­ցու­ցած է՝ այդ կա­րո­ղու­թիւնն է, լե­զուն յայտ­նա­բե­րու­մի մի­ջոց մը դարձ­նե­լու կա­րո­ղու­թիւնն է, այ­սինքն՝ բուն լե­զո­ւէն դուրս ու­րիշ բա­ներ ալ յայտ­նա­բե­րե­լու մի­ջոց ըլ­լա­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այդ է, որ պէտք է միա­սին վերս­տեղ­ծենք, այդ կա­րո­ղու­թիւ­նը։

Եւ այս կէ­տին շուրջ, ըն­դու­նե­ցէ՛ք որ տար­բե­րու­թիւ­նը մեծ չէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի (այ­սինքն այ­սօր գլխա­ւո­րա­բար՝ Պոլ­սոյ եւ Պէյ­րու­թի) մէջ ի զօ­րու դաս­տի­րակ­չա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն եւ Եւ­րո­պա­յի կամ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ ի զօ­րու մօ­տե­ցում­նե­րուն եւ մտայ­նու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։ Բո­լոր այս հա­մայնք­նե­րուն մէջ, լե­զո­ւով աշ­խար­հին բա­ցո­ւե­լու նոյն այդ կա­րո­ղու­թիւնն է, որ պէտք ու­նի վե­րամշակուե­լու, վերս­տեղ­ծո­ւե­լու։ Ա­յո, պէտք ու­նինք ստեղ­ծե­լու հա­յե­րէն լե­զուն դա­սա­ւան­դե­լու նոր մօ­տե­ցում, ո­րուն շնոր­հիւ ե­րե­խա­նե­րուն վերս­տին պի­տի ըն­ձե­ռո­ւի այդ լե­զո­ւով աշ­խար­հին բա­ցո­ւե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, մէկ ու միակ աշ­խար­հին որ ու­նինք, բայց ա­նոր՝ ամ­բող­ջու­թեա՛մբ, եւ ոչ թէ միայն այդ աշ­խար­հին «հայ­կա­կան» կար­ծո­ւած ու հռչա­կո­ւած ե­րե­սա­կին։ Եր­կու լե­զու մէկ աշ­խար­հի հա­մար, ա­հա՛ ինչ պի­տի ըլ­լայ մեր սկզբուն­քը, ա­հա՛ նաեւ ինչ պի­տի ըլ­լայ հա­մա­քա­ղա­քա­ցիու­թիւն մշա­կե­լու մեր ձե­ւը, երկ­լե­զու­թեան կամ բազ­մա­լե­զո­ւու­թեան մեր ե­ղա­նա­կը(2)։

Ո՛չ մէ­կը մե­զի հա­մար ա­ռա­ջո­ւը­նէ պատ­րաս­տած է այս տե­սա­կի երկ­լեզուու­թեան մը հա­մա­պա­տաս­խան դաս­տիա­րակ­չա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն մը եւ ման­կա­վար­ժա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թիւն մը։ Ո՛չ ԺԹ. դա­րու Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի գոր­ծը, ո՛չ Ի. դա­րու մուտ­քին Զա­պէլ Ա­սա­տու­րի եւ ու­րիշ­նե­րու դա­սա­գիր­քե­րը, ո՛չ Լե­ւոն Շան­թի ման­կա­վար­ժա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, այն շրջա­նին՝ երբ Պէյ­րու­թի Ճե­մա­րա­նը կը ղե­կա­վա­րէր։ Ու ո՛չ ալ վեր­ջա­պէս՝ հան­րա­պե­տա­կան Թուր­քիոյ շրջա­նին Պոլ­սոյ մէջ հաս­տա­տո­ւած Յա­րու­թիւն Հինդ­լեա­նին «­Նոր Դպ­րոց»ը, իր նո­րա­րար ման­կա­վար­ժու­թեամբ հան­դերձ։

Ու­րեմն՝ մե՛նք պի­տի ը­նենք։ Ա­մէն ինչ պի­տի վերս­տեղ­ծե՛նք ծայ­րէն։ Մե­զի սպա­սող մար­տահ­րա­ւէրն է։

ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մա­ձայն դաս­տիա­րակ­չա­կան մօ­տե­ցում

Ը­սածս յա­ւե­լեալ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րու կը կա­րօ­տի։ Ո՛չ միայն մե­զի կը մնայ մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մա­ձայն դաս­տիա­րակ­չա­կան մօ­տե­ցում մը ստեղ­ծել, այ­լեւ կը թո­ւի թէ ԺԹ. դա­րու Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան եւ Ի. դա­րու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը ար­գելք կը հան­դի­սա­նան ա­ւե­լի, քան օգ­նու­թիւն։ Կար­ծէք ստի­պո­ւած ըլ­լա­յինք Մ­խի­թար Աբ­բա­հօր վե­րա­դառ­նա­լու՝ գտնե­լու հա­մար շրջան մը, ուր վա­ւե­րա­կան փո­խա­նա­կու­թիւն մը հնա­րա­ւոր էր հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տեան լե­զու­նե­րուն մի­ջեւ, ի­րենց պա­րա­գա­յին՝ ի­տա­լե­րէ­նի, լա­տի­նե­րէ­նի, ա­ւե­լի ուշ՝ ֆրան­սե­րէ­նի։ Վար­դա­պետ­ներ կը պատ­րաս­տո­ւէին, ո­րոնք սա­կայն միեւ­նոյն ա­տեն եւ­րո­պա­ցի մտա­ւո­րա­կան­ներ էին, յար­գո­ւած որ­պէս այդ։

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի սկզբնա­կան սե­րունդ­նե­րուն հա­մար հասկ­նա­լի ե­րե­ւոյթ է այն ինք­նամ­փո­փու­մը, ո­րուն մի­ջո­ցաւ հա­յա­խօ­սու­թեան կար­ծե­ցեալ միջ­նա­բեր­դեր ստեղ­ծո­ւե­ցան։ Այդ ինք­նամ­փո­փու­մը մէկ կող­մէ՝ սե­րունդ­ներ փրկեց, միւս կող­մէ ալ սա­կայն՝ ա­ւեր­ներ գոր­ծեց։ Ար­դիւն­քը այն ե­ղաւ, որ այդ հա­մա­կար­գին մէջ դաս­տիա­րա­կո­ւած սե­րունդ­նե­րը չգիտ­ցան անց­քը կա­տա­րել դէ­պի Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ մեծ­ցող սե­րունդ­նե­րը, չգիտ­ցան ա­ւե­լի լայն աշ­խար­հի մը հա­յե­րէ­նով մաս կազ­մե­լու ձե­ւե­րը ստեղ­ծել, փո­խա­նա­կու­թեան եւ թարգ­մա­նու­թեան մի­ջոց­ներ կի­րար­կել։ Գիր­քեր չէին թարգ­մա­նո­ւեր։ Ե­րե­խա­յէն մեկ­նող դաս­տիա­րա­կու­թիւն մը չէր հրամ­ցո­ւեր։ Ծ­րագ­րո­ւած ման­կա­պա­տա­նե­կան գրա­կա­նու­թիւն չկար, քա­նի մը անձ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րէ ան­դին - էա­կան կէտ մը ո­րուն պի­տի վե­րա­դառ­նամ քիչ ետ­քը։ Վե­րա­ցա­կան եւ յղա­ցա­կան բա­ռա­պա­շա­րի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը չքա­ջա­լե­րո­ւե­ցաւ, ուր մնաց՝ քննա­դա­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մը հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։

Այս ամ­բող­ջը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ան­փո­փոխ Ս­փիւռ­քի մէջ, ստա­նա­լով նաեւ ա­նուն մը, որ էր՝ հա­յա­պահ­պա­նում։ Ե­թէ կայ բան մը, որ­մէ պէտք է ձեր­բա­զա­տո­ւինք ընդ­միշտ, այդ հա­յա­պահ­պա­նու­մի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնն է, ա­նոր տե­ղը դնե­լով հա­յաս­տեղ­ծու­մի փի­լի­սո­փա­յու­թիւն մը։

Կար­դալ պէտք է քա­ռա­սուն տա­րի ա­ռաջ գրո­ւած հա­յա­պահ­պա­նու­մի գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան քննա­դա­տու­թիւ­նը Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեա­նի հա­տու գրի­չէն. … ս­տեղ­ծել հա­յու­թեան նոր ո­րակ. ո­րակ՝ որ միայն ա­ւան­դու­թեան ու նոր պայ­ման­նե­րու կրկնակ տի­րա­պե­տու­մէն կը ծնի։ Ս­տեղ­ծել, եւ ո՛չ թէ պահ­պա­նել. ստեղ­ծու­մը ար­դէն կը պահ­պա­նէ. իսկ պահ­պա­նու­մը… բա՛ն մըն ալ չի պահ­պա­ներ պահ­պա­նու­մը. ո՛չ իսկ ինք­զինք(3)։ Ինքն է՝ Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեա­նը, որ կ­՚ընդգ­ծէ «կրկնակ» բա­ռը։ Տի­րա­պե­տել նոյն­քան ա­ւան­դու­թեան, որ­քան՝ նոր պայ­ման­նե­րուն։ Եւ խօ­սե­լով Ս­փիւռ­քի տղոց ու աղ­ջիկ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ուղ­ղու­թիւն չէին գտներ, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց չէր տրո­ւած, դաս­տիա­րակ­չա­կան հա­մա­պա­տաս­խան մօ­տե­ցու­մով, այդ կրկնակ տի­րա­պե­տու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, Քիւրք­ճեան քիչ մը ան­դին կ­՚ա­ւելց­նէ հե­տե­ւեա­լը. … Խու­ճա­պա­հար, ինք­նան­պա­տակ պահ­պա­նու­մի գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան մը ծնունդ­ներն էին այս աղ­ջիկ­նե­րը, այս տղա­քը։ Ի­րենց ծնուն­դէն տա­րի­ներ, տա­րի­ներ ա­ռաջ, վճռո­ւած էր ար­դէն, ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի, ա­նըմբռ­նե­լի ճա­կա­տագ­րա­պաշ­տու­թեամբ մը, որ ա­նոնք «պի­տի ըլ­լան օ­տար, մտա­ծու­մով եւ գոր­ծով»(4)։

Վեր­ջին բա­ռե­րը կու գան Շահ­նու­րի Նա­հան­ջէն։ Քա­ռա­սուն տա­րի ան­ցաւ այդ տո­ղե­րը գրո­ւե­լէն, ախ­տա­ճա­նա­չու­մը կա­տա­րո­ւե­լէն ի վեր, ու քիչ բան փոխո­ւած է ատ­կէ աս­դին։ Շատ մը տե­ղեր՝ գա­ղա­փա­րը այն է, որ մեր տղոց պէտք է փո­խան­ցենք որ­պէս հայ վե­րապ­րե­լու ծա­ռա­յող նո­ւա­զա­գոյ­նի ի­ջած տո­ւեալ­ներ, քիչ մը պատ­մու­թիւն, քիչ մը կրօնք, քիչ մը լե­զու։ Ու այդ քիչն ալ պար­տադ­րել տղոց, կար­ծէք ըլ­լա­յին ինչ­պէս ը­սի՝ կրա­ւո­րա­կան ըն­դու­նա­րան­ներ։ Լե­զո­ւին դե­րը հետզ­հե­տէ մոռ­ցո­ւած է, ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծօնն ալ՝ ամ­բող­ջո­վին սրբո­ւած։ Կար­ծէք՝ կ­՚ու­զենք փաս­տել, որ հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը Ս­փիւռ­քի մէջ հնա­րա­ւոր չէ, կ­՚ու­զենք փաս­տել որ ա­ւան­դու­թեան եւ նոր պայ­ման­նե­րու կրկնակ եւ փո­խա­դարձ տի­րա­պե­տու­մը հնա­րա­ւոր չէ, կ­՚ու­զենք փաս­տել որ ստեղ­ծա­գործ ըլ­լա­լը հնա­րա­ւոր չէ։

Իմ անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւնս Քիւրք­ճեա­նին նկա­րագ­րած տղոց ու աղ­ջիկ­նե­րուն փոր­ձա­ռու­թե­նէն քիչ մը տար­բեր է։ Բայց ո՛չ ա­ւե­լի փայ­լուն։ Մեծ­ցած եմ Պո­լիս, յա­ճա­խած եմ հայ­կա­կան դպրոց։ Կը յի­շեմ ան­կէ միայն ձանձ­րոյ­թը, սար­սա­փը եր­բեմն, պո­ռալ­նե­րը, ապ­տա­կել­նե­րը։ Բռ­նու­թիւն՝ յա­նուն դաս­տիա­րա­կու­թեան։ Ինչ­պէ՞ս կա­րե­նա­յի ո­րե­ւէ բան սոր­վիլ, երբ դա­սըն­կեր­ներս կը պատ­ժո­ւէին փոքր սայ­թա­քու­մի մը հա­մար, ու ա­նոնք՝ որ պէտք պի­տի ու­նե­նա­յին մաս­նա­ւոր խնամ­քի՝ կը ծաղ­րո­ւէին ի­րենց տար­բե­րու­թեան հա­մար։ Ինչ­պէ՞ս սոր­վիլ, երբ աշ­խար­հին բա­ցուե­լու մեր կա­րո­ղու­թիւնն իսկ սկիզ­բէն ան­տե­սո­ւած ու ջնջո­ւած էր։ Եւ այս ամ­բող­ջը՝ հա­յե­րէն լե­զո­ւով։

Ա­հա­ւա­սիկ ու­րեմն ա­ռա­ջին մար­տահրա­ւէ­րը։ Կը կա­յա­նայ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մէջ այդ ան­ցեա­լէն հե­ռա­նա­լու։ Հե­ռա­նա­լու դաս­տիա­րակ­չա­կան հա­մա­կար­գէ մը, որ լե­զո­ւա­կան գետ­նի վրայ՝ տղա­քը մեր­ժու­մի կը մղէր, ուր միակ մտա­հո­գու­թիւ­նը պահ­պա­նումն էր, ուր ան­շար­ժու­թիւ­նը հրա­մա­յա­կան էր։

Երկ­րորդ մար­տահ­րա­ւէ­րը սեր­տօ­րէն առն­չո­ւած է ա­ռա­ջի­նին։ Կը վե­րա­բե­րի այն ի­րո­ղու­թեան, որ Ս­փիւռ­քի մէջ լե­զուն դար­ձած է սրբու­թիւն մը։ Ա­հա­ւա­սիկ լե­զո­ւին հետ մեր յա­րա­բե­րու­թեան ա­մէ­նէն մա­հա­ցու ե­րե­սա­կը։ Վեր­ջա­ւո­րու­թեան՝ այդ հո­գե­բա­նու­թեան միակ նպա­տա­կը ցոյց տալ է, թէ ա­ւան­դու­թեան եւ ար­դիա­կա­նու­թեան մի­ջեւ ո՛չ մէկ հա­մադ­րու­թիւն հնա­րա­ւոր է, որ եր­բեք տէրն ու տի­րա­կան­նե­րը պի­տի չդառ­նանք մենք մեր լե­զո­ւին, հո՛ս, այ­սօ՛ր, որ լե­զուն եր­բեք պի­տի չպատ­կա­նի ա­նոնց, ո­րոնք են­թադ­րա­բար պէտք է կա­րե­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցիլ այդ լե­զո­ւով, այդ լե­զո­ւին մէջ։ Այդ մա­հա­ցու սրբա­ցու­մի գոր­ծո­ղու­թեան դէմ դնե­լու միակ մի­ջո­ցը ցոյց տալ է, որ ստեղ­ծա­գործ կե­ցո­ւածք մը հնա­րա­ւոր է, որ յա­ջող երկ­լե­զու դաս­տիա­րա­կու­թիւն մը կա­րե­լի է կի­րար­կել։ Ու այդ ը­նե­լու հա­մար ան­շուշտ՝ պէտք է «ա­պասր­բաց­նել» լե­զուն։

Պի­տի թո­ւար­կեմ յա­ջող երկ­լե­զու դաս­տիա­րա­կու­թեան մը սկզբունք­նե­րէն ու նա­խա­պայ­ման­նե­րէն մէկ քա­նին, ա­ռանց զար­գաց­նե­լու, բա­ցատ­րու­թիւն­ներն ու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ձգե­լով ու­րիշ ա­ռի­թի։

Տե­սա­կան գետ­նի վրայ, գլխա­ւոր սկզբուն­քը եւ ու­րեմն գլխա­ւոր հրա­մա­յա­կա­նը հա­յե­րէ­նը որ­պէս երկ­րորդ լե­զու իւ­րաց­նե­լու պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնն է, պատ­րաս­տե­լով իւ­րա­ցու­մի «բնա­կան» պայ­ման­ներ՝ նա­խընտ­րա­բար չմնա­լով դպրո­ցի նեղ սահ­ման­նե­րէն ներս։

Ինչ­պէ՞ս կրնայ սփիւռ­քեան լե­զու մը «բնա­կան» մի­ջա­վայր մը ու­նե­նալ, պի­տի հարց­նէք։ Բայց ա՛յդ իսկ է մար­տահրա­ւէ­րը։

«Բ­նա­կան»ը ստեղ­ծել ա­րո­ւես­տա­կա­նօ­րէն։

Յա­րա­կար­ծիք մը չէ։ Էա­կան է, ո­րով­հե­տեւ լե­զու մը կրնայ միայն իւ­րա­ցո­ւիլ, չի կրնար դա­սա­ւան­դո­ւիլ։ Մենք՝ ա­նոր հո­գա­ցող­նե­րը կրնանք միայն իւ­րա­ցու­մի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը հրահ­րել, խրա­խու­սել։ Կր­նանք հա­մա­ծիր մը ստեղ­ծել, որ իւ­րա­ցու­մը կա­րե­լի դարձ­նէ։ Պէտք է ըլ­լանք ու­րեմն չու­սու­ցիչ­ներ։

Դ­ժո­ւա՞ր է ըն­դու­նի­լը, որ մեր հա­կակշի­ռէն դուրս կա­տա­րո­ւող գոր­ծո­ղու­թիւն մըն է տե­ղի ու­նե­ցա­ծը, որ պար­տա­ւոր ենք դա­սա­րա­նա­յին տի­րա­պե­տու­թեան կե­ցո­ւածք­նե­րէն հրա­ժա­րե­լու, լեզուի սրբա­ցու­մին վերջ տա­լու, մեր դե­րը վե­րա­սահ­մա­նե­լու, ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ գի­տե­լիք ու փոր­ձա­ռու­թիւն փո­խա­նա­կե­լու։ Սր­բա­ցած լե­զու մը էա­պէս իշ­խա­նու­թիւն բա­նեց­նե­լու մի­ջոց մըն է, ու­րիշ ո­չինչ։ Ա­հա՛ նաեւ ին­չու այս ձե­ւով լե­զո­ւի իւ­րա­ցու­մին սա­տար կանգ­նի­լը ժո­ղովըր­դա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ա­րարք մըն է։ Ե­րե­խա­նե­րը այդ ժո­ղովըր­դա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­ներն են։ Պէտք է զգու­շա­նալ զա­նոնք են­թար­կո­ւող են­թա­կա­ներ դարձ­նե­լու մեր ձգտու­մէն, որ­պէս­զի կռնակ չդարձ­նեն նաեւ լե­զո­ւա­կան իւ­րա­ցու­մի շար­ժըն­թա­ցին։

Եւ հի­մա այդ սկզբունք­նե­րը թարգ­մա­նենք կի­րա­ռա­կան կա­նոն­նե­րու։

Ա­ռա­ջին կա­նոնն է՝ յար­գան­քը։

Յար­գել ե­րե­խա­նե­րը եւ պա­տա­նի­նե­րը, աշ­խար­հը ի­րենց աչ­քով դի­տել, ըն­դու­նիլ՝ որ սոր­վե­լիք ու­նինք ի­րենց­մէ։ Զա­նոնք ա­ռար­կա­նե­րու չվե­րա­ծել, բեմ հա­նե­լու սի­րոյն ի­րենց չհասկ­ցած լեզուով բա­ներ չսոր­վեց­նել, ուղ­ղագ­րա­կան մրցում­նե­րու մաս­նա­կից չը­նել զի­րենք սրբագ­րե­լու սի­րոյն։ Ան­ցեա­լին զո­հե­րը չդարձ­նել, ներ­կա­յին մէջ ապ­րող լե­զո­ւի մը ժա­ռան­գորդ­ներ պատ­րաս­տել։ Այդ ձե­ւով՝ վստահ ըլ­լալ, որ ա­նոնք աշ­խար­հը պի­տի դի­մա­ւո­րեն այդ լե­զո­ւին ընդ­մէ­ջէն։

Այս ամ­բող­ջը մեր կող­մէ կ­՚են­թադ­րէ գի­տակ­ցու­թիւն եւ ո­րոշ չա­փով՝ ծրագ­րա­ւո­րում։ Մեր հա­ւա­քին նպա­տակն է՝ ի մի­ջի այ­լոց՝ այդ­պի­սի գի­տակ­ցու­թիւն մը յա­ռա­ջաց­նե­լու ձե­ւե­րը մէջ­տեղ բե­րել։ Պէտք է աշ­խա­տինք դաս­տիա­րակ­չա­կան կա­ղա­պա­րի մը վրայ, ո­րուն մէջ ե­րե­խան է կեդ­րո­նը, բայց որ կը պա­հան­ջէ նաեւ բո­լո­րին գոր­ծօն, տե­ւա­կան, միաս­նա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Այդ­պի­սի գի­տակ­ցու­թիւն, այդ­պի­սի մաս­նակ­ցու­թիւն նոր սկզբունք­ներ կը պա­հան­ջեն, նոր դպրո­ցա­կան ծրա­գիր­ներ, նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք քայլ պա­հել գիտ­նան մեր դա­րու ման­կա­վար­ժա­կան գի­տե­լիք­նե­րուն հետ, եւ մա­նա­ւանդ՝ ներ­դաշ­նակ ըլ­լան ե­րե­խա­նե­րու միւս զբա­ղում­նե­րուն հետ, տե­ղա­կան լե­զու­նե­րուն հետ առնչուած։

Եր­կու յա­ւե­լեալ կէ­տե­րու վրայ կ­՚ու­զեմ հոս շեշ­տը դնել մաս­նա­ւո­րա­բար։

Մէ­կը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ման­կա­կան եւ պա­տա­նե­կան մատ­չե­լի գրա­կա­նու­թեան մը ապ­շե­ցու­ցիչ բա­ցա­կա­յու­թիւնն է։ Այս բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի ախ­տա­նիշ մըն է։ Ցոյց կու տայ, թէ ինչ­պէ՛ս կը գոր­ծեն պահ­պա­նու­մի եւ սրբա­ցու­մի ախ­տե­րը։ Ա­մէ­նէն խօ­սուն նշանն է, որ ցոյց կու տայ մեր մօ­տե­ցու­մին սնան­կու­թիւ­նը։

Երկ­րորդ կէ­տը կը վե­րա­բե­րի տար­բեր տա­րի­քի տղոց հա­մար միաս­նա­կան ծրա­գիր­ներ պատ­րաս­տե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մօտ ստեղ­ծե­լով միաս­նու­թեան զգա­ցում մը, եւ չա­փա­հաս­նե­րը պատ­րաս­տե­լով ի­րենց «չու­սուց­չա­կան» պաշ­տօ­նին ու պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն։

Այս ամ­բող­ջը մէկ օ­րէն միւ­սը պի­տի չկա­տա­րո­ւի, բնա­կան է։ Ո՛չ նոր ծրա­գիր­նե­րու ստեղ­ծու­մը, ո՛չ ալ ա­նոնց կի­րա­կու­մը։ Ե­թէ մէկ բան սոր­ված եմ ես տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին՝ այն է, որ փո­փո­խու­թիւ­նը ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջէ։ Եր­կար ըն­թացք մըն է։ Բայց հա­սած ենք անց­ման կէ­տի մը, գրե­թէ վեր­ջա­կէ­տի մը, ուր­կէ ա­մէն ինչ պէտք է վերսկ­սի։

Ա­հա՛ ին­չու այս հար­ցե­րուն շուրջ մեր այ­սօ­րո­ւան հան­դի­պու­մը այն­քա՜ն կա­րե­ւոր է։ Խօսքս սկսայ՝ նշե­լով, որ ա­մէն կողմ, ա­մէն տեղ, կը յի­շե­ցո­ւի մե­զի, թէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գո­յու­թիւնն իսկ վտան­գո­ւած է, կար­ծես չգիտ­նա­յինք այդ­պէս ըլ­լա­լը։ Եւ սա­կայն այս անց­ման կէ­տը յղի է նո­րա­նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։ Ս­փիւռ­քը եր­բեք այս­քան ներ­կա­պակ­ցո­ւած չէ ե­ղած, առ­նո­ւազն հա­մա­ցան­ցա­յին նո­րա­գոյն մի­ջոց­նե­րով, թեք­նա­բա­նա­կան նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րով։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կրնայ ան­գամ մը եւս դառ­նալ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ մշա­կոյ­թի լե­զու մը, բան մը որ պէտք է միշտ մնա­ցած ըլ­լար Ս­փիւռ­քի մէկ ծայ­րէն միւ­սը։ Բայց քա­նի որ սփիւռ­քեան լե­զու մըն է այ­սօր ա­ւե­լի քան եր­բեք, մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը բաց աչ­քով դի­մագ­րա­ւել եւ ա­նոնց հետ հա­մա­քայլ յա­ռա­ջա­նալ։

Մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է տար­բեր հա­մայնք­նե­րու մէջ գոր­ծող ու­սու­ցիչ­նե­րը, դպրո­ցի տնօ­րէն­նե­րը ի­րա­րու մի­ջեւ կա­պի մէջ պա­հել, փո­խա­նակ ա­մէն մէկս իր ան­կիւ­նը ա­ռանձ­նա­ցած մնա­լու։

Մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է Ս­փիւռ­քի մէջ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած կա­պակ­ցու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծել, ի­րար­մէ սոր­վիլ, մեր դաս­տիա­րակ­չա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հո­րի­զոն­նե­րը լայնց­նե­լու մի­տու­մով, հա­մա­գոր­ծակ­ցա­կան մշա­կոյթ մը ստեղ­ծել դպրոց­նե­րէն ներս, եւ դպրո­ցէ դպրոց, բո­լոր տա­րիք­նե­րուն յար­մար պա­տա­նե­կան գրա­կա­նու­թիւն մը ստեղ­ծել, կամ ա­նոր ստեղ­ծու­մին ներշն­չա­րա­նը հան­դի­սա­նալ, նաեւ՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով թարգ­մա­նել վերս­տին։

Ա­ռա­ւել եւս՝ ու­սու­ցիչ­նե­րու, տնօ­րէն­նե­րու նոր սե­րունդ­ներ պատ­րաս­տել, հո­գա­բար­ձու մար­մին­նե­րու մտայ­նու­թիւ­նը ար­դիա­կա­նաց­նել եւ վե­րա­նո­րո­գել։ Պէտք է նաեւ գիտ­նանք մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն­նե­րու դու­ռը բա­նալ, որ­պէս­զի կա­րե­նան ի­րենց գի­տա­կից մօ­տե­ցու­մը կի­րար­կել, որ­պէս «չու­սու­ցիչ­ներ»։ Մէկ խօս­քով՝ մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ԻԱ. դար մտցնել վեր­ջա­պէս։ Այն ա­տեն թե­րեւս մեր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը հե­տաքրք­րէ լե­զո­ւի իւ­րա­ցու­մի մաս­նա­գէտ­նե­րը եւ իր կար­գին բնա­տիպ մը հան­դի­սա­նայ նաեւ ու­րիշ­նե­րու հա­մար, դաս­տիա­րակ­չա­կան նո­րա­րա­րու­թեան մար­զէն ներս։

Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն.-

1) Տե՛ս «­Յա­ռաջ - Միտք եւ Ա­րո­ւեստ», թիւ 204, 7 Մա­յիս 1995։ Մէջ­բե­րո­ւած տո­ղե­րը «­Պարն ու մա­նու­կը» վեր­նա­գի­րով լոյս տե­սած են ա­ռա­ջին ան­գամ Թէո­դի­կի «Ա­մէ­նուն Տա­րե­ցոյ­ցը»ին մէջ, էջ 478- 484։

2) Այս մա­սին տե՛ս իմ «Եր­կու լե­զու, մէկ աշ­խարհ» վեր­նագ­րո­ւած յօ­դո­ւածս, «­Յա­ռաջ - Միտք եւ Ա­րո­ւեստ»ի նոյն հա­մա­րին մէջ, 7 Մա­յիս 1995։

3) Տե՛ս Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեան, «­Փորձ տա­րագ­րու­թեան մա­սին», «­Հայ Ս­փիւռք» մա­տե­նա­շար, թիւ 1, Փա­րիզ, 1978, էջ 129։ Մէջ­բե­րո­ւած տո­ղե­րը առ­նո­ւած են «Երկ­րորդ հա­ւա­սա­րում բազ­մա­թիւ ան­յայտ­նե­րով» դա­րա­դար­ձիկ աշ­խա­տա­սի­րու­թե­նէն, որ լոյս տե­սած է նախ «Ա­հե­կան» հան­դէ­սին մէջ, Ա­շուն 1968։

4) Փորձ տա­րագ­րու­թեան մա­սին, էջ 131։