altՈչ ո­քի կը զար­մաց­նէ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու հան­րա­քո­ւէին յա­ջոր­դած քա­ղա­քա­կան լա­րո­ւա­ծու­թեան մթնո­լոր­տը։
Հան­րա­քո­ւէին հե­տե­ւած ե՛ւ լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը, ե՛ւ ա­նո­րո­շու­թիւ­նը ա­ւե­լի քան սպա­սե­լի էին բո­լո­րին հա­մար։ Թէ՛ յաղ­թա­կան «զգօ­նու­թեամբ» ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան աս­տի­ճան մը ա­ւե­լի «ար­մա­տա­ւոր­ման» հաշ­ւոյն «Ա­յո՛»ի յո­խոր­տա­ցող­նե­րը, թէ՛ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­մաս­նու­թեան քո­ւէին ու կամ­քին հեր­թա­կան խե­ղա­թիւր­ման եւ չա­րա­փոխ­ման դէմ «Ո՛չ»ի կրակ ժայթ­քող­նե­րը շատ լաւ գի­տէին, որ Ազգն ու ­Հայ­րե­նի­քը հոս պի­տի հաս­նէին։
Խու­լե­րու խօ­սակ­ցու­թեամբ սկսած եւ շա­րու­նա­կո­ւած սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու հան­րա­քո­ւէին ամ­բողջ բե­մագ­րու­թիւ­նը տար­բեր տեղ չէր կրնար յան­գիլ։
Հա­ւա­նա­բար ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով ալ մեր ժո­ղո­վուր­դի 49 տո­կո­սէն ա­ւե­լին (նոյ­նիսկ ե­թէ ըն­դու­նինք քո­ւէ­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րուն վա­ւե­րա­կա­նու­թիւ­նը) չներ­կա­յա­ցաւ քո­ւէա­տուփ՝ հան­րա­քո­ւէի ա­ռա­ջադ­րած նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մա­սին իր տե­սա­կէ­տը յայտ­նե­լու։

­Չէ՞ որ Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ պարզ մար­դիկ ա­մե­նայն պար­զու­թեամբ միշտ ալ կը կրկնեն, ան­ցեալ եր­կու ա­միս­նե­րուն ալ կրկնե­ցին, թէ մեր երկ­րին մէջ իշ­խա­նու­թեան հետ խաղ չի կրնար ըլ­լալ, դէ­պի լա­ւը կամ դէ­պի իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն յա­ռա­ջա­նա­լու հե­ռան­կար չկա՜յ - չէ ե­ղած եւ յոյս ալ չկայ, որ կրնայ ըլ­լալ։

­Հե­տե­ւա­բար հան­րա­քո­ւէէն ետք ոչ ո­քի մտքին մէջ հար­ցա­կան կայ, թէ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րը օ­րէն­քի ուժ ստա­ցա՞ն։

Ու­նի՛նք ­Նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւն, ո­րուն կի­զա­կէ­տը նա­խա­գա­հա­կան իշ­խա­նու­թեան հա­մա­կար­գէն ան­ցումն է խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման վար­չա­ձե­ւին։

Եւ վերջ։

Ոչ ոք լուր­ջի կ­՚առ­նէ, յատ­կա­պէս «պար­տո­ւած» ժո­ղո­վուր­դը ինք լուր­ջի չ­՚առ­ներ հան­րա­քո­ւէի ար­դիւն­քը բո­ղո­քար­կե­լու կամ նոյ­նինքն հան­րա­քո­ւէն չե­ղեալ հռչա­կե­լու ար­մա­տա­կան ընդ­դի­մադ­րո­ւթեան պոռթ­կում­նե­րը։

Երբ իշ­խա­նա­ւոր ու­ժին դէմ պայ­քա­րի դրօշ պար­զած ու­ժե­րը չեն կրնար սան­ձել կամ ձա­խո­ղու­թեան մատ­նել հան­րա­քո­ւէին յի­սուն տո­կոս եւ ա­ւե­լի քո­ւէ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու իշ­խա­նու­թեան կա­րո­ղու­թիւ­նը կամ խա­ղը, այ­լեւս պէտք է խնա­յել սպա­նա­կան դղեակ­ներ կա­ռու­ցե­լու ա­մօ­թան­քը՝ սե­փա­կան գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րուն եւ հե­տե­ւոր­դե­րուն հաշ­ւոյն։

­Չի նշա­նա­կեր, սա­կայն, որ եր­գը երգուած ու ա­ւար­տած է։

Ընդ­հա­կա­ռակն՝ հան­րա­քո­ւէէն ետք սպա­սո­ւած քա­ղա­քա­կան լա­րո­ւա­ծու­թիւնն ու ա­նո­րո­շու­թիւ­նը նոր սկիզբ կ­՚առ­նեն։

­Նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան քա­ղա­քա­կան կեան­քի հե­տա­գայ ըն­թաց­քին մա­սին յստակ ո­չինչ կայ։ Ա­մէն բան օ­դէն կա­խեալ է։

­Հար­ցա­կան ան­շո՛ւշտ կայ, եւ շատ հար­ցա­կան­ներ կան՝ բո­լո­րին քով ալ։

­Բայց հար­ցա­կան­նե­րը կա­ռա­վար­ման ձե­ւին չեն վե­րա­բե­րիր։

­Կը վե­րա­բե­րին այն միակ հար­ցու­մին, ո­րուն իբր թէ պա­տաս­խան պի­տի բե­րէր հան­րա­քո­ւէն։

Ո՞վ պի­տի ըլ­լայ վա­ղո­ւան տէ­րը մեր երկ­րին ու պե­տու­թեան։

­Միեւ­նոյն նա­խա­գա­հին վար­չա­պե՞տ պի­տի ը­սենք այ­լեւս։

­Չէ՜, ոչ ոք թիւ­րի­մա­ցու­թեան մէջ է կամ քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ման­կա­միտ է։

Ա­մէն մարդ գի­տէ, որ ­Հա­յաս­տան այ­լեւս նա­խա­գահ պի­տի չու­նե­նայ։

­Բայց նաեւ ա­մէն մարդ գի­տէ, որ ­Հա­յաս­տան վաղն ալ, մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին ալ, «ՏԷՐ» պի­տի ու­նե­նայ՝ միանձ­նեայ իշ­խա­նա­ւո­րի հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ։

Ի՜նչ կը սպա­սէ մեր զա­ւակ­նե­րուն...

­Նա­խա­գահ կո­չո­ւի թէ վար­չա­պետ, ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի բե­ռը մին­չեւ վերջ իր ու­սե­րուն շալ­կած տքա­լո՞ւ եւ կքե­լո՞ւ դա­տա­պար­տո­ւած են Ազգն ու ­Հայ­րե­նի­քը։

­Հան­րա­քո­ւէի էջն ալ դար­ձու­ցած ենք։

Կ­՚ուղ­ղո­ւինք դէ­պի մեծ մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն մէջ Ազ­գին եւ ­Հայ­րե­նի­քին հաշ­ւոյն ո­րո­շո­ւած բե­մագ­րու­թեանց ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

­Կա՞յ լսող, որ գո­նէ վերջ տանք խու­լե­րու այս խօ­սակ­ցու­թեան եւ տես­նենք, թէ ինչ­պէ՞ս կրնանք դուրս գալ հա­ւա­քա­բար դա­տա­պար­տո­ւած ըլ­լա­լու այս մղձա­ւան­ջէն։

­Քա­ռորդ դա­րու մեր ան­կա­խու­թեամբ ի վի­ճա­կի չե­ղանք ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան նա­խա­պայ­մա­նը ամ­բող­ջաց­նել եւ կեան­քի կո­չել ան­ձե­րէ ան­դին կու­սակ­ցու­թիւն­ներ - գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ։

­Չե՞նք տես­ներ, որ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան «ժա­ռան­գու­թեամբ»՝ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ռորդ դա­րու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մէջ իշ­խա­նու­թեան ու­ժի լծակ­ներ ու­նի միայն «պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն»ը, ինչ որ ալ ըլ­լայ ա­նոր տրո­ւած ա­նու­նը։

Ան­ձե­րու վրայ չա­փո­ւած-ձե­ւո­ւած հա­գուս­տի նմա­նող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րով չես կրնար խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման վար­չա­ձեւ կեան­քի կո­չել ու ապ­րեց­նել, ո՜ւր մնաց ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն ար­մա­տա­ւո­րել եւ զար­գաց­նել։

Ն. ­Պէր­պէ­րեան