­Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ, քրիս­տո­նէա­կան ջերմ սի­րով ու ազ­գա­յին վառ ապ­րում­նե­րով կ’ող­ջու­նենք ձեզ՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մայ­րա­վան­քէն:

Ներ­կայ տա­րին Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 125ա­մեակն է: Ար­դա­րեւ, անց­նող 125 տա­րի­նե­րուն Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան կեան­քի մայր է­ջին վրայ դար­ձաւ մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն՝ մեր գե­րա­գոյն ար­ժէք­նե­րուն կեն­սա­գործ­ման ու ձգտում­նե­րուն ի­րա­գործ­ման բե­րած իր ամ­բող­ջա­կան ու յանձ­նա­ռու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Սո­վո­րա­կան քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն չե­ղաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ բա­ռին նեղ ըմբռ­նու­մով. այլ՝ դար­ձաւ, յատ­կա­պէս սփիւռ­քի մէջ, մեր գա­ղութ­նե­րուն կազ­մա­կերպ­չա­կան հզօ­րու­թիւն նե­րար­կող նե­րուժ, մեր ժո­ղո­վուր­դի մար­տահ­րա­ւէր­ներն ու տագ­նապ­նե­րը շրջա­հա­յեաց մօ­տե­ցու­մով ու մար­տու­նակ ո­գիով դի­մագ­րա­ւող կազ­մա­կերպ ուժ:

Արդ, կա­րե­լի չէ հասկ­նալ վեր­ջին 125 տա­րի­նե­րու մեր ժո­ղո­վուր­դին կեան­քը, ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռանց­քա­յին ներ­կա­յու­թեան: Կա­րե­լի չէ հասկ­նալ մա­նա­ւանդ սփիւռ­քի վեր­ջին հա­րիւր տա­րի­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը, ա­ռանց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ճշդո­րո­շիչ դե­րա­կա­տա­րու­թեան: Վեր­ջա­պէս, կա­րե­լի չէ հասկ­նալ հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը, ա­ռանց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան լայ­նա­ծա­ւալ աշ­խա­տան­քին:

Ար­դա­րեւ, ցե­ղաս­պա­նին կող­մէ մեր ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած սփիւռ­քին մէջ հայ մնա­լը ա­մէ­նօ­րեայ պայ­քար էր:

Այս ա­հա­ւոր պայ­քա­րին մէջ, սփիւռ­քի միւս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն կող­քին, ե­զա­կի ե­ղաւ դե­րը Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան: Հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ, մեր մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, ա­նու­րա­նա­լի ե­ղաւ նպաս­տը Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան: Իր հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած ու հայ­րե­նա­զուրկ դար­ձած ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ, Ե­ռա­գոյն դրօ­շով ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեամբ ամ­բող­ջա­կան Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնն ու ի­տէա­լը ար­ծարծ պա­հե­լու պայ­քա­րին մէջ, վճռա­կան ե­ղաւ դե­րը Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան:

Իսկ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հզօ­րաց­ման ու Ղա­րա­բա­ղի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մէջ անգ­նա­հա­տե­լի ե­ղաւ ներդ­րու­մը Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան:

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը սոսկ ան­ցեալ չէ սա­կայն: Ա­նոր կեան­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեան ազ­գա­կերտ ու հայ­րե­նա­շէն ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով լե­ցուն ան­ցեա­լը վկա­յա­կո­չե­լը ե­րաշ­խիքն է ու գրա­ւա­կա­նը նո­րա­նոր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով ու ի­րա­գոր­ծում­նե­րով հա­րուստ ա­պա­գա­յի կերտ­ման: Այ­սօր, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի ու Ղա­րա­բա­ղի եւ թէ՛ սփիւռ­քի դի­մագ­րա­ւած տագ­նապ­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մաց՝ ան­ցեա­լի իր հա­րուստ փոր­ձա­ռու­թեամբ օժ­տո­ւած, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ը­նե­լի՛ք ու­նի:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցէն ծնունդ ա­ռած եւ ստրկու­թեան դէմ պայ­քա­րի դրօշ պար­զած, ընդ­հան­րա­կան շա­հե­րը անձ­նա­կան շա­հե­րէն գե­րա­դաս նկա­տած, փտա­ծու­թիւն ու կե­ղե­քում յա­ռա­ջաց­նող ան­ձե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու ընդ­դի­մա­ցած ու նոյ­նիսկ իր շար­քե­րուն նկատ­մամբ բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի խստա­պա­հան­ջու­թիւն ցու­ցա­բե­րած Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը այ­սօր եւս, եւ ա­ւե­լիո՛վ, ը­նե­լի՛ք ու­նի հայ կեան­քին մէջ, ա­մէ՛ն տեղ:

Իր հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րով ու մեր ժո­ղո­վուրդն ու հայ­րե­նի­քը յու­զող հիմ­նա­հար­ցե­րուն իր հա­մա­հայ­կա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով՝ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նի կա­տա­րե­լիք՝ հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ա­ռա­ւել մշակ­ման, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տան-­Ղա­րա­բաղ-սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ւել խո­րաց­ման, ծա­ւալ­ման ու ամ­րապնդ­ման մեր հա­ւա­քա­կան ճի­գին մէջ:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կէն ետք, մեր ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին մէջ իր տաս­նա­մեակ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեամբ զի­նո­ւած, մեր քա­ղա­քա­կան միւս կա­ռոյց­նե­րուն եւ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան հետ միաս­նա­բար, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք ու­նի կա­տա­րե­լիք:

Եւ վեր­ջա­պէս, տա­կաւ գու­նա­թա­փող սփիւռ­քի մէջ, մեր գա­ղութ­նե­րը ազ­գա­յին վե­րա­նո­րոգ կեն­սու­նա­կու­թեամբ թրծե­լու ան­յե­տաձ­գե­լի ու հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ան­կաս­կած վճռա­կան դեր ու­նի:

Ե­թէ 125ա­մեա­կը Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար ան­ցեա­լին նա­յե­լու ու ան­ցեա­լը ար­ժե­ւո­րե­լու ա­ռիթ է, ան նաեւ ու մա­նա­ւանդ մեր կեան­քի նոր հրա­մա­յա­կան­նե­րուն դի­մաց ինք­զինք վե­րաքն­նու­թեան են­թար­կե­լու հրա­ւէր է: Ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քը: Վս­տահ ենք, որ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, միշտ մեկ­նե­լով մեր ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի ընդ­հան­րա­կան ու գե­րա­գոյն շա­հե­րէն, վե­րա­նո­րոգ հա­ւատ­քով ու նո­ւի­րու­մով պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը:

Հայ­րա­կան սի­րոյ ջերմ ող­ջու­նիւ,

Ա­ղօ­թա­րար`

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ