«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Սխալներու խնդիր 
Բ.

Թերթին մէջ տպագրական, կամ գրաշարական, կամ տեղեկատուական, կամ գիտելիքի, կամ լեզուական, կամ ուղղագրական սխալը իրականութեան մէջ մուկ մըն է որ խմբագրին հետ կը խաղայ կատուի մը հետ խաղալու նման: Ետեւէն կը վազես, խոյս կուտայ, կռնակ կը դարձնես, ետեւէդ կուգայ: Ան այնպիսի ծակէ ծուկէ ներս կը սպրդի որ ափ ի բերան կը մնաս: Ամբարտաւան է, դիմացդ կը կանգնի ու այնպէս մը կը նայի աչքերուդ մէջ, որ կարծես կը շլացնէ քեզ եւ դուն զայն չես տեսներ: Սնդիկի կը նմանի, հոսկէ կը վռնտես, յանկարծ ուրիշ տեղէ մը կը յայտնուի: Թերթի մէջ սխալը առաջին ու ամէնէն հիմնական բանն է որ կÿարդարացնէ գիտական այն տեսակէտը թէ երկրագունտին վրայ ոչինչ կը կորսուի, ոչինչ կÿանհետանայ, այլ միայն տեղ ու ձեւ կը փոխէ: Արդարեւ սխալը այդպէս է: Նաեւ կրնամ զայն նմանցնել այն ճանճին, զոր կը վռնտես տասն անգամ եւ որ տասն անգամ ալ յամառօրէն կը վերադառնայ ու կը նստի նոյն տեղը:
Գիտեմ որ կան հրատարակիչներ ու հեղինակներ, որոնց համար սխալը սարսափազդու մղձաւանջ է, մահացու յանցագործութիւն, եւ որոնք իրենց գրածը կամ տպել ուզածը տասն անգամ կը կարդան որպէսզի չըլլա՛յ որ սխալ մը պատահի: Տասն անգամ գլխարկ կը հանեմ անոնց այս բծախնդրութեան դիմաց, բայց ես, փոխանակ մէկ էջը տասն անգամ կարդալու, կը նախընտրեմ մէկ անգամ կարդալ ու ինը էջ եւս գրել: Հոգ չէ թէ այդ ինը էջերէն ներս կրնան սպրդիլ քանի մը սխալներ որոնք գոյութիւն պիտի չունենային եթէ այդ ինը յաւելեալ էջերը գրուած չըլլային:
Չեմ կրնար անշուշտ ըսել որ ես սխալը կը սիրեմ, կամ բնաւ կարեւորութիւն չեմ տար սխալ կոչուածին, կամ բնաւ ճիգ չեմ վատներ որպէսզի սխալ չգործեմ, բայց ես սխալը կեանքի մեծ ողբերգութիւններէն մէկը չեմ նկատեր: Ճիշդ է որ երբեմն սա կամ նա սխալիս համար գետնին տակն ալ կÿանցնիմ ամօթէս, նեղ կացութեան ալ կը մատնուիմ, նոյնիսկ կÿենթադրեմ որ հիմա ոմանք իմ վրաս կը խնդան, բայց կը մտածեմ որ շատ աշխատող մարդու մը համար սխալ գործելը ճակատագիր է այնքան բնականօրէն, որքան բնականօրէն ճակատագիր է յոգնիլը, անօթութիւն զգալը, ծերանալը: Ես աշխարհի վրայ ամէնէն ջերմ պաշտպանն եմ նշանաւոր այն խօսքին թէ սխալիլը մարդկային է: Այս պատճառաւ է որ չէի կրնար լաւ ուսուցիչ մը ըլլալ, կամ ընդհակառակը, կրնայի լաւ ուսուցիչ մը ըլլալ, որովհետեւ շատ ներողամիտ աչքով պիտի նայէի աշակերտներուս սխալներուն:
Գիտեմ որ իմ ընթերցողներուս միջեւ կան մարդիկ որոնք ինծի նման ներո- ղամտութեամբ կը նային սխալի մը, մինչ կան ուրիշներ ալ որոնք կը սկսին զանգակներ հնչեցնել երբ սխալի մը գիւտը կÿընեն:
Արդէն կարծես տեսնելու պէս կÿըլլամ թերթի հաւատարիմ այն ընթերցողը, որ իրիկունը իր բազկաթոռին մէջ հանգիստ նստելով եւ ամբողջ իր ժամանակը վեհանձնօրէն տրամադրելով կուշտ ու կուռ ու բառ առ բառ պիտի կարդայ թերթը: Ան, եթէ սխալ մը նշմարէ, պիտի անհանգստանայ ու «երանի թէ այս սխալը սպրդած չըլլար» պիտի ըսէ: Բայց ան չի կրնար ենթադրել որ թերթին խմբագիրը, առաւօտեան ժամերուն, երբ թերթը տպագրութեան կը պատրաստէր եւ երբ մէկ կողմէ ալ կը նշմարէր որ թերթին տպագրութիւնը ուշանալու վրայ էր, շարունակ կÿըսէր իր գործակիցներուն.
-Աճապարեցէք, քիչ մը շուտ ըրէք, հոգ չէ, սխալ ըլլայ, բայց թերթը չուշանայ:
Ո՞րն է առաջնահերթը խմբագրին համար եւ ո՞րն է առաջնահերթը ընթերցողին համար:
Ես պիտի ըսեմ որ խմբագրին համար առաջնահերթը թերթը ճիշդ ատենին հրատարակել ու զայն ընթերցողներուն հասցնելն է: Ընթերցողին համար ալ առաջնահերթը պէտք է ըլլայ նոյնը, այսինքն թերթը ատենին ստանալ ու կարդալ հանգիստ պայմաններու մէջ: Ո՜վ գիտէ, եթէ ընթերցողը թերթը ժամանակին կրցաւ ստանալ, ատիկա կը պարտի այն մէկ երկու սխալներուն որոնք սպրդեցան աճապարանքի հետեւանքով:
Երբ թերթը պիտի տպուի, մեր էջադրող ընկերուհին թափանցիկ թուղթի վրայ տպուած էջը անգամ մը ցոյց կուտայ ինծի, որպէսզի վերջին աչք մը պտտցնեմ անոր վրայ եւ եթէ սխալ կայ, տպագրութենէն առաջ սրբագրել տամ: Ես ամենայն լրջութեամբ նայուածքս կը պտտցնեմ էջին վրայ, կը նայիմ ամէն կողմը, բայց նաեւ շատ լաւ գիտեմ որ այս քննութիւնը ձեւակերպական է, որովհետեւ չեմ կրնար նստիլ ու ամբողջ էջը տող առ տող կարդալ: Միայն թէ ուր որ կը նայիմ, կը տեսնեմ որ սխալ չկայ: Թերթը ճիշդերով լեցուն է: Վեր մը կը նայիմ, վար մը կը նայիմ, քով մը կը նայիմ, յետոյ «լաւ» կÿըսեմ, «տպեցէք»: Թերթը կը տպուի ու կը դրուի սեղանիս վրայ: Ուրախ եմ: Կը նայիմ օրուան թերթին: Բայց այդ ի՞նչ է: Տակաւին առաջին ակնարկով սխալ մը կը տեսնեմ: Տեղէս կը ցատկեմ: Անօգուտ է, ընելիք բան չկայ: Թերթը տպուած է:
Ի՞նչպէս պատահեցաւ որ տակաւին առաջին նայուածքով սխալ մը տեսայ հոն: Թերթին ամէն կողմը սխալո՞վ լեցուն է: Ո՛չ: Այդպիսի բան չկայ: Թերթը ճիշդերով լեցուն է, ոչ թէ սխալներով: Միայն թէ եթէ մէկ հատ սխալ կայ, ես արդէն առաջին նայուածքով այդ մէկ սխալը կը տեսնեմ: Ամբողջ հարցը հոս է: Ասիկա Աստուծոյ ու տգագրութան չաստուածին կողմէ միասնաբար կազմակերպուած խաղ մըն է իմ գլխուս: Եւ իրաւունք չունիմ հարցնելու թէ ինչո՞ւ քիչ առաջ չտեսայ այդ սխալը ու հիմա կը տեսնեմ: Ասիկա մուկին խաղալն է կատուին հետ:


(Գրութեան Գ. մասը՝ յաջորդ Ուրբաթ օր:) 

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս»
(Յուշատետր - 71)