9 Դեկտեմբերը այսուհետեւ կը նշուի իբրեւ հայկական նախաձեռնութեամբ միջազգային ընտանիքին կողմէ որդեգրուած Մ.Ա.Կ.ի օրացոյցին ներառուած յատուկ օր:
Այս տարուան 11 Սեպտեմբերին Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւը, որուն նախագիծը ներկայացուցած էր Մ.Ա.Կ.ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը, 9 Դեկտեմբերը կը հռչակէր Ցեղասպանութիւններու Զոհերու Յիշատակի Ոգեկոչման Միջազգային Օր:
Նման բանաձեւի ամրագրման մէջ հայկական առնչութիւններու ընդգծման փորձը հետեւեալ մեկնաբանութիւններուն առիթ կու տայ:
Նախ՝ անշուշտ այն, որ բանաձեւը ներկայացուած էր Մ.Ա.Կ.ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին կողմէ: Առաջարկի ներկայացման որոշումն ու մանաւանդ ենթահող գտնելը դիւանագիտական առումով նախապատրաստական երկարատեւ աշխատանքներու արդիւնք էր: Երեւանի նախաձեռնութեամբ բանաձեւին համահեղինակ դարձած էր 84 պետութիւն:
Ապա՝ Մ.Ա.Կ.ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչը, առաջարկուող բանաձեւը Սեպտեմբեր 11ի Ընդհանուր ժողովին ներկայացնելու ընթացքին, խօսած էր իր «պարտքի զգացումին» մասին: Յարգանքի տուրք մատուցանելով Ռաֆայէլ Լեմքինի, որ ստեղծած էր ցեղասպանութիւն եզրը, դեսպանը ըսած էր.- «Միջազգային օրը կը վերականգնէ անցեալին անտարբերութեան մատնուած զոհերու արժանապատուութիւնը: Միլիոնաւոր մարդոց կեանքի անձեռնմխելիութեան ժխտումը ծայրագոյն անարդարութիւն է:
Ժխտողականութիւնը կը խոցէ ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդները: Մենք կը խօսինք մեր փորձէն մեկնած»:
Ընտրուած օրը` Դեկտեմբեր 9ը, 1948ին Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան Կանխարգիլման եւ Պատժումին մասին Մ.Ա.Կ.ի Ուխտագիրի ընդունման օրն է: Փաստ է, որ եզրի բացատրականին մէջ հեղինակը, բնութագրման իր հիմնաւորումներուն շարքին, ներկայացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան օրինակը:
Հայկական առնչութիւններու այս ընդգծումը կարեւոր է, քանի որ բանաձեւը կը խօսի բոլոր ցեղասպանութիւններուն մասին: Ընկալումը այս պարագային կը վերաբերի թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան (100), թէ՛ Օշուիցի ազատագրման (40), թէ՛ Քամպոտիոյ Կարմիր խմերներու իրականացուցած սպանդի (40) ամեակներուն, բայց նաեւ Ռուանտայի, Սրեպրենիցայի, Պոսնիոյ եւ Հերցեկովինայի զոհերուն յիշատակին:
Հայկական մարտավարական մօտեցումը լիարժէք յաջողած էր Սեպտեմբեր 11ին: Բանաձեւը ոչ միայն միաձայնութիւն չէր ստանար, այլ նաեւ կը խափանուէր, եթէ հայկական բնորոշումը ներառուած ըլլար:
Հայկական կողմէն հերթական՝ 9 Դեկտեմբերի միջազգային օրուան նշումը աւելիով կ՛ընդգծէ օրուան որդեգրումի հայկական նախաձեռնութեան իրողութիւնը եւ աւելիով կը ներառէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Նորացուած խորհուրդով առաջին 9 Դեկտեմբեր ըլլալուն պատճառով է, հաւանաբար, որ հայկական քարոզչաքաղաքական դաշտին մէջ որոշ կրաւորականութիւն երեւցաւ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն յիշատակի միջազգային օրուան նկատմամբ: Քաղաքական մօտեցումը, գործադրուած մարտավարականին նմանողութեամբ, կը յուշէ աշխոյժ ոգեկոչում այս առիթով:
Տարբեր պետութիւններու մայրաքաղաքներուն մէջ հայկական նախաձեռնութեամբ, բայց նաեւ ցեղասպանութիւններու ենթարկուած այլ ժողովուրդներու մասնակցութեամբ, այսինքն բանաձեւին համահեղինակութիւն ապահովելու քայլերուն նման, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան միջազգայնացումը նոր բարձրակէտեր կրնայ ապահովել այս ձեւով: Իւրաքանչիւր երկրի Մ.Ա.Կ.ի գրասենեակներուն մօտ եւս հերթական 9 Դեկտեմբերին յղուելիք յուշագիր, միայն դրական արձագանգում եւ գործնական մասնակցութիւն կրնայ ապահովել: Միջազգային որեւէ ներկայացուցչութիւն բնականաբար համապատասխան դրսեւորում կ՛ունենայ Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին եւ հռչակուած օրուան խորհուրդին:
9 Դեկտեմբերը 100ամեակի կարեւոր ձեռքբերումներէն է: Անոր ոգեկոչումը եւս, որդեգրման եղանակին հետեւողութեամբ, մեր նախաձեռնութիւնը եւ այլոց միանալն ու զօրակցիլը կ՛ըլլայ անպայման:
«Ազդակ»