Ան­ցեալ շա­բաթ խօսք տո­ւած էի՝ այս նա­մա­կով անդ­րա­դառ­նա­լու Հա­յաս­տա­նի մէջ սու­րիա­հայ փախըս­տա­կան­նե­րուն հիմ­նադ­րած յա­ջող գոր­ծե­րուն, բայց քա­նի որ բազ­մա­թիւ ըն­թեր­ցող­ներ՝ գրե­լով ին­ծի, կար­ծիք ու­զե­ցին նոր Սահ­մա­նադ­րու­թեան հան­րա­քո­ւէին մա­սին, ու մա­նա­ւանդ՝ քո­ւէար­կու­թե­նէն ետք ծա­գած բազ­մա­ թիւ վէ­ճե­րուն շուրջ, ո­րո­շե­ցի ըն­թացք տալ ըն­թեր­ցող­նե­րու փա­փա­քին։ Թող նե­րող ըլ­լան բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք այս շա­բաթ կ­՛ու­զէին տես­նել տպա­ւո­րու­թիւն­ներս սու­րիա­հա­յե­րու ստեղ­ծած գոր­ծե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Ե­կող շա­բաթ խոս­տումս կ­՛ի­րա­կա­նաց­նեմ։

Ը­սեմ, որ ես ո՛չ դի­տորդ էի, ոչ ալ վստա­հո­ւած անձ, եւ կու­սակ­ցու­թեանս բռնած դիր­քո­րո­շու­մին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ու ԱՅՈ՛ քա­րո­զե­լով հան­դերձ, անձ­նա­պէս վե­րա­պահ կար­ծիք ու­նե­ցած եմ այս ամ­բողջ գոր­ծըն­թա­ցին հան­դէպ։ Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի հան­րա­քո­ւէէն ետք ծայր ա­ռած վէ­ճե­րուն, զեղ­ծա­րա­րու­թեան մա­սին ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին ու տե­ղա­կան դի­տորդ­նե­րու քննա­դա­տա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րուն, ըն­դա­մէ­նը կ­՛ու­զեմ յայտ­նել հե­տե­ւեա­լը.- Այս քո­ւէար­կու­թիւն­նե­րը ո­չին­չով կը տար­բե­րէին նա­խորդ ընտ­րու­թեանց քո­ւէար­կու­թիւն­նե­րէն։

Այս­տեղ, սա­կայն, կ­՛ու­զեմ ձե­զի ներ­կա­յաց­նել դաշ­նակ­ցա­կան ըն­կե­րոջս՝ Ի­ւան Արտ­հալ­ճեա­նի ֆէյս­պու­քեան գրա­ռու­մը, որ լայն տա­րա­ծում գտաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն Ի­ւա­նին, որ ար­տօ­նեց ին­ծի իր՝ ինք­նին խօ­սուն, գրա­ռու­մը ներ­կա­յաց­նե­լու նաեւ մեր թեր­թի ըն­թեր­ցող­նե­րուն.

Ա­յո՛, բայց՝ ո՛չ

4/32 ընտ­րա­տե­ղա­մա­սում յանձ­նա­ժո­ղո­վը եւ վստա­հո­ւած ան­ձիք չկա­րո­ղա­ցանք պաշտ­պա­նել 677 Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցու ի­րա­ւուն­քը: Ես ա­ռա­ւօ­տուն քո­ւէար­կել եմ «Ա­յո՛», յե­տոյ գնա­ցել եմ 4/32 ընտ­րա­տե­ղա­մաս իբ­րեւ Հ.Յ.Դ.ի վստա­հո­ւած անձ: Ամ­բողջ օ­րը տա­րեց­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ, ըն­տա­նիք­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ եւ ան­հատ­ներ մտան ընտ­րա­տե­ղա­մաս եւ քո­ւէար­կե­ցին: Օ­րո­ւայ ըն­թաց­քին օգ­նե­ցի տա­րեց­նե­րին՝ բարձ­րա­նա­լու աս­տի­ճան­նե­րից, ուղ­ղե­ցի մարդ­կանց հա­մա­պա­տաս­խան սե­ղան­նե­րին՝ հա­մա­ձայն ի­րենց հաս­ցէ­նե­րին, շատ ան­գամ ստու­գե­ցի յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րի գոր­ծարք­նե­րը: Ես տե­սայ 90ա­մեայ վե­տե­րան ծե­րու­նու աչ­քե­րում յոյ­սի փայ­լը, զգա­ցի հպար­տու­թիւ­նը ե­րի­տա­սարդ մայ­րե­րի եւ հայ­րե­րի՝ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը գրկած կամ ձեռ­քե­րից բռնած ինչ­պէս էին քուէա­թեր­թիկ­նե­րը գցում արկ­ղում՝ յու­սա­լով ա­ւե­լի լաւ, կամ՝ չփո­խուած Սահ­մա­նադ­րու­թիւն: Ես հպարտ էի այս գոր­ծըն­թա­ցին մաս կազ­մե­լուս: Ժա­մը 20:00ին դռնե­րը փա­կո­ւե­ցին, հա­շո­ւար­կը սկսո­ւեց եւ ա­պա յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հը բա­ցաւ 677 քուէա­թեր­թիկ­նե­րով լե­ցուն արկ­ղը:

Նա­խա­գա­հը հա­տիկ-հա­տիկ բա­ցեց ծրար­նե­րը, եւ յանձ­նա­ժո­ղո­վի հաս­տա­տու­մով ըն­դու­նո­ւեց «Ա­յո՛», «Ո՛չ» կամ ան­վա­ւեր քո­ւէն՝ իւ­րա­քան­չիւր քո­ւէա­թեր­թի­կի հա­մար: Այդ ըն­թաց­քին յանձ­նա­ժո­ղո­վի մի ան­դամ, ու­րիշ վստա­հո­ւած մի անձ եւ ես հաշ­ւում էինք եւ ար­ձա­նագ­րում ար­դիւնք­նե­րը: Վեր­ջում, ըստ ե­րեք ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րին, ե­րեք քո­ւէի տար­բե­րու­թեամբ 404 «Ո՛չ», 229 «Ա­յո՛» եւ 31 ան­վա­ւեր քո­ւէ հա­շո­ւե­ցինք: Յե­տոյ, երբ որ յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը սկսե­ցին քո­ւէա­թեր­թիկ­նե­րը հա­շո­ւել, ինչ որ ձե­ւով «Ո՛չ» քո­ւէա­թեր­թիկ­նե­րը դար­ձան 117, «Ա­յո՛» քո­ւէա­թեր­թիկ­նե­րը դար­ձան 523 եւ 34 հատ էլ ան­վա­ւեր:

Ն­շեմ՝ մի քա­նի ան­սո­վոր կա­ցու­թիւն.-

1) Ժա­մը 19:30ին 4 ան­ձիք ներ­կա­յա­ցան իբ­րեւ դի­տորդ:

2) Քո­ւէ­նե­րի ծրար­նե­րը բա­նա­լու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, նոր ներս մտնող դի­տորդ­նե­րից մէ­կը խնդրեց ընդ­մի­ջում. յան­կարծ՝ հրել, հրմշտել, ծեծկռ­տուք սկսեց չորս նոր ներս մտնող դի­տորդ­նե­րի մի­ջեւ: Այն տե­ւեց մօ­տա­ւո­րա­պէս 3-4 րո­պէ: Բ­նա­կա­նա­բար, բո­լո­րի ու­շադ­րու­թիւ­նը ուղ­ղո­ւած էր չոր­սին:

3) Բո­լոր չորս նոր ներս մտնող դի­տորդ­նե­րը մի­ջա­դէ­պից յե­տոյ պատ­րաս­տա­կա­մօ­րէն դուրս ե­կան ընտ­րա­տե­ղա­մա­սից:

4) Քո­ւէա­թեր­թիկ­նե­րի հա­շո­ւար­կից ա­ռաջ նա­խա­գա­հը դուրս ե­լաւ ընտ­րա­տե­ղա­մա­սից՝ իր մե­քե­նան «խո­դի տա­լու»:

Ես վստա՛հ եմ, որ քո­ւէա­թեր­թիկ­նե­րը ա­պօ­րի­նի ձե­ւով փո­խո­ւել են եւ 4/32 ընտ­րա­տե­ղա­մա­սում քո­ւէար­կած բո­լոր 677 Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցի­նե­րի սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւուն­քը խախ­տո­ւել է:

- Ա­մօ՛թ յանձ­նա­ժո­ղո­վի բո­լոր ան­դամ­նե­րին եւ վստա­հո­ւած ան­ձանց (նե­րա­ռեալ եւս ես), որ չկա­րո­ղա­ցանք պաշտ­պա­նել Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցի­նե­րի 677 ձայ­նե­րը՝ ան­կախ թէ ի՞նչ են քուէար­կել:

- Ա­մօ՛թ բո­լոր ա­նոնց, որ մաս են կազ­մած խախտ­ման գոր­ծըն­թա­ցին կամ ա­կա­նա­տես ե­ղած, սա­կայն աչք փա­կած:

- Ա­մօ՛թ այն ղե­կա­վա­րու­թեան, որ ուղ­ղոր­դել է իր անձ­նա­կազ­մին՝ նա­խագ­ծե­լու եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լու նման կազ­մա­կեր­պո­ւած խախ­տում­ներ:

– Ա­մօ՛թ ոե­ւէ ան­ձի, որ ի­մա­նա­լով թէ խախ­տում­ներ կը լի­նեն, գի­տակ­ցա­բար հե­ռա­ցել է եւ մեր­ժել պաշտ­պա­նել քա­ղա­քա­ցի­նե­րի ի­րա­ւուն­քը:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն ձեզ, 677 Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցի­ներ՝ հա­ւա­տա­լու մեր ժո­ղովըր­դա­վա­րու­թեան: Դուք իմ յոյսն էք: Ես շա­րու­նա­կե­լու եմ պայ­քա­րել ձեզ հա­մար»։

Րաֆ­ֆի Տու­տագ­լեան