alt27 Նո­յեմ­բե­րի գի­շե­րը իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց 89ա­մեայ պոլ­սա­հայ վաս­տա­կա­ւոր բա­նաս­տեղծ Զա­րեհ Խ­րա­խու­նի:
Ա­զա­տա­տենչ ո­գիով տո­գո­րո­ւած բա­նաս­տեղծ էր Խ­րա­խու­նի:


Դեռ վեր­ջերս, իր «Ս­տո­ւեր եւ Ար­ձա­գանգ» ժո­ղո­վա­ծուն կ’ըն­թեր­ցէի եւ հա­յու ճա­կա­տագ­րին հա­մար տա­ռա­պո­ղի մը կեր­պա­րը կ’ուրուագծուէր մտա­պատ­կե­րիս դի­մաց:

Բա­նաս­տեղ­ծը հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը վե­րա­կո­չե­լով իր ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ մատ­նա­նիշ կ’ը­նէ, թէ՛ օ­տա­րին նո­ւա­ճո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը եւ թէ՛ հա­յու բախտն ու պատ­մա­կան հե­րոս­նե­րուն սխալ­նե­րը: Տեղ մը հեգ­նան­քով կը դի­մէ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն՝ ը­սե­լով.- «Ապ­րի՛ հա­յը, որ գի­տէ լռել միայն - օ­տա­րին դի­մաց, Որ գի­տէ կրել միայն - օ­տա­րին հա­մար, մինչ­դեռ ա­նոնք մէկ բառ գի­տեն, Մէկ բառ կ’ու­զեն - տի­րել միայն»:

Ո՞վ չի յի­շեր դպրո­ցա­կան գրա­սե­ղան­նե­րու ե­տին նստած ու յա­ճախ կրկնած իր «Այս Ծա­ռը Սուրբ» խո­րագ­րով հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մա­հու­թիւ­նը խորհր­դան­շող բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը.- «­Ծառ տնկե­ցէք եղ­բայր­ներ կաղ­նի սօ­սի ե­ղե­ւին Պար­տէ­զին մէջ - դաշ­տե­րուն, Լե­րան վրայ - ժայ­ռե­րուն քար­քա­րու­տին ա­պա­ռա­ժին։ Ձեր թա­ղա­րին սո­վո­րա­կան կամ սե­ղա­նին ա­մէ­նօ­րեայ՝ Ծառ տնկե­ցէք - պի­տի բռնէ ան­պայ­ման։ Այս ծա­ռը սուրբ պի­տի կանգ­նի, պի­տի ա­ճի, ուռ­ճա­նայ։ Պի­տի եր­կինք բարձ­րա­նայ։ Ա­մէն առ­տու այ­գա­բա­ցին ստո­ւերն ա­նոր պի­տի հաս­նի մեծ լե­րան։ Շուք պի­տի տայ ա­րե­ւա­փառ ոս­կե­ծա­ծան հան­դե­րուն։ Հա­զար բա­րեւ ու բիւր բա­րիք պի­տի առ­նէ ամ­պե­րէն, ո­րոնք կու­գան աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն ու կը շո­յեն սա­ղարթն ա­նոր մշտա­դա­լար - ա­լե­ւոր… Օ՜ տնկե­ցէք։ Ա­մուր ձեռ­քով խնա­մե­ցէք, զար­դա­րե­ցէք, պաշտ­պա­նե­ցէք, պաշ­տե­ցէք Ա­զա­տու­թեան ծառն է այս...»: Իր գրչա­կից Զահ­րա­տին նման՝ սո­վո­րա­կան ա­ռար­կա­նե­րը մարմ­նա­ւո­րե­լու, անձ­նա­ւո­րե­լու ու կեանք եւ ո­գի ներշն­չե­լու կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ ու ա­րո­ւես­տի նուրբ ճա­շա­կով՝ Խ­րա­խու­նի կը ստեղ­ծէ այ­լա­բա­նա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ:

Ա­հա տե­սէ՛ք, սո­վո­րա­կան ծխա­մոր­ճին դի­մե­լով՝ ինչ­պի­սի՜ խո­րունկ այ­լա­բա­նա­կան մտքեր կը հա­ղոր­դէ բա­նաս­տեղ­ծը.- «Եր­կու­քիս ալ Փայ­տին տե­սա­կը լաւ է- Լաւ մը տա­շո­ւած, նրբա­ցած։ Գոյն ջնա­րակ ան­թե­րի։ Ոչ այն­քան մեծ, ոչ այն­քան փոքր։ Լայն չէ, նեղ չէ - կա­տա­րեա՛լ։ Ինչ որ պէտք է վեր­ջա­պէս… Բայց նո­րէն ալ Ա­տեն ա­տեն կը բար­կա­նամ, Կը նա­խան­ձիմ, կ’ա­նի­ծեմ։ Ծ­խա­մոր­ճիս չա՛փ ալ չկամ ես - կ’ը­սեմ, Երբ կը տես­նեմ, թէ չ’այ­րիր Իր մէջ վա­ռող կրա­կէն»:

Քա­նի կա­ղան­դը կը մօ­տե­նայ, կ’ու­զեմ յի­շա­տա­կել հոս նաեւ իր բա­րե­մաղ­թանք-Եր­գը.-

«­Կա­ղան­դի Մեծ ու պզտիկ մանչ ու աղ­ջիկ - ա­մէն մարդ Հո­գին լե­ցո­ւած աչ­քերն յոր­դած ու­րա­խու­թեան ծո­վե­րով։ Ե­թէ վա­զէ՛ թե­ւա­բաց Ող­ջա­գու­րէ ո՛վ որ ել­լէ իր դի­մաց։ Զայն համ­բու­րէ սի­րար­բած - տօ­նէ՛ այդ օրն ան­մո­ռաց ու կան­չէ.- Ա­զա­տու­թիւն, Խա­ղա­ղու­թիւն, Ու­րա­խու­թիւն եղ­բայր­ներ, Օ՜ այն ա­տեն - ի­րաւ որ Կա­ղանդ կ’ըլ­լայ ա­մէն մար­դու ա­մէն օր»:

Խա­ղա­ղու­թեան, ա­զա­տու­թեան, ու­րա­խու­թեան ջա­տա­գով սի­րե­լի՛ բա­նաս­տե՛ղծ, դուն որ «­Հո­գե­հան­գիստ» եր­գե­ցիր բո­լոր ա­նոնց, որ գե­րեզ­ման չու­նե­ցան, Ա­ղօթք ու ար­ցունք բաշ­խե­ցիր «բո­լոր ա­նոնց, որ աշ­խար­հով մէկ ցրուած-լքո­ւած մնա­ցին», Խաչ ու խո­րան ե­ղար այն «հա­ւատ­քին հա­մար, որ ա­ւե­րակ հին տա­ճար մ’է դեռ կան­գուն…»։

Ան­դոր­րու­թիւն բաշ­խող սի­րե­լի՛ վար­պետ, թող հո­ղը թե­թեւ գայ վրադ եւ հո­գիդ խա­ղա­ղու­թեան մէջ ննջէ:

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ - «Ե­ռա­գոյն»