Երեքշաբթի՝ 24 Նոյեմբերին, թրքական օդուժը հարուածեց ռուսական օդուժին պատկանող օդանաւ մը: Ռուս օդաչուները անկարգելով դուրս ցատկեցին, սակայն անոնցմէ մէկը սպաննուեցաւ, շատ հաւանաբար «ընդդիմադիր» կոչուած գօտիէն անոնց դէմ արձակուած կրակոցներուն հետեւանքով: Մամուլը հեղեղո ւած է օդային միջադէպին մասին լրատուութեամբ եւ մեկնաբանութիւններով:
Անկախ այն հարցադրումներէն, որ արդեօք ռուսական օդանաւը խախտած էր Թուրքիոյ օդային տարածքը թէ ոչ, չոր իրականութիւնը այն է, որ այս դէպքը յաւելեալ փաստն է Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԷՇին տրամադրուող գործնական զօրակցութեան:
Անվիճելի փաստ է, որ ՏԱՀԷՇ կը վայելէ ամէն ձեւի թրքական զօրակցութիւն՝ զինում, մարզում, ազատ երթեւեկ, դրամ: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ ՏԱՀԷՇի հակակշիռին տակ գտնուող Սուրիոյ քարիւղահանքերէն կողոպտուած քարիւղը կը գնուի Թուրքիոյ կողմէ եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի զաւակին՝ Պիլալ Էրտողանի անունը կը նշուի իբրեւ այս «ալիշ-վերիշ»ին գլխաւոր գնորդ կողմ:
Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածով նշած էինք,ՏԱՀԷՇ այսօր վերածուած է Թուրքիոյ աղտոտ գործերը ընող զինեալ խմբաւորումի: ՏԱՀԷՇ Թուրքիոյ ձեռքը խաղաքարտ մըն է, զոր Անգարա պատրաստ է գործածելու բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը հակադրուին իր շահերուն: Հետեւաբար տրամաբանական է հետեւցնելը, որ Թուրքիա հաշտ աչքով պիտի չդիտէ այս զինեալ խմբաւորումին դէմ առնուած որեւէ քայլ: Մանաւանդ՝ զինուորական: Իսկ Ռուսիա մօտաւորպէս երկու ամիսէ ի վեր իր օդուժը գործի լծած է ՏԱՀԷՇի դէմ, համադրաբար իր տեղական դաշնակիցներուն, առաջին հերթին՝ սուրիական բանակի ցամաքային ուժերուն:
Շաբաթ մը առաջ, Անթալիոյ մէջ կայացած G-20ի ժողովին, Ռուսիոյ նախագահ Վլ. Փութին յայտարարեց, թէ իր ունեցած տեղեկութիւններով ՏԱՀԷՇ 40 պետութիւններէ օժանդակութիւն կը ստանայ, «որոնցմէ ոմանք ալ հոս ներկայ են»: Ռուսիա նաեւ աշխարհին յայտնեց, թէ ինք տեղեակ է սուրիական քարիւղի կողոպուտին միջոցով ՏԱՀԷՇը դրամով պարէնաւորելու փաստէն: Այս յայտարարութեան յաջորդեց ռուսական օդուժին կողմէ Թուրքիա ուղղուող քարիւղատար բեռնակառքերու ռմբակոծումը: Փակագիծ մը բանալով ըսենք, որ ամերիկեան հանրային հեռատեսիլը (PBS) հաղորդեց, թէ ամերիկեան օդուժը ռմբակոծած է նոյն այս շարասիւները եւ ցուցադրեց… ռուսական օդուժին ռմբակոծումէն պատկերներ, իբրեւ «փաստ» ամերիկեան այս քայլին…
Մէկ խօսքով՝
Թուրքիա գոհ ըլլալու ոչ մէկ պատճառ ունի Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին կողմէ զինեալ խմբաւորումներուն դէմ առած ազդու եւ գործնական քայլերէն: Որովհետեւ, պարզ է, ռուսական այս հարուածը ուղղուած է Թուրքիոյ խաղաքարտերուն դէմ եւ կը միտի, զանոնք չէզոքացնելու ճամբով, (ի մէջ այլոց) իր ռազմավարական շահերը ապահովելու տարածաշրջանէն ներս:
Սուրիա վերածուած է մէկ կողմէ Ռուսիոյ (եւ իր տեղական դաշնակիցներուն) եւ միւս կողմէ Արեւմուտքի (ներառեալ Թուրքիոյ) ռազմավարական շահերու բախումի թատերաբեմի: Շահերու այս բախումին մէջ շահագործման ենթակայ խաղաքարտեր են կրօնական մոլեռանդութիւնը, համայնքային այլազանութիւնը (իսլամ-քրիստոնեայ, սիւննի-ալաուի, սիւննի-շիա եւ մինչեւ իսկ դասական սիւննիզմ եւ ուահապականութիւն): Արեւմուտքի քարոզչութիւնը երկար ատեն շահագործեց սիւննի-ալաուի համայնքային խաղաքարտը՝ պնդելով, որ Սուրիան կը կառավարուի ալաուի փոքրամասնութեան կողմէ, մինչ բնակչութեան 70 տոկոսը սիւննի իսլամ է: Նոյն այս քարոզչական միջոցները (բնականաբար) չէին խօսեր այն փաստին մասին, որ Սուրիոյ բանակին 70 տոկոսը եւս սիւննի է եւ թէ երկրին վարչակարգը ամբողջութեամբ լայիք է՝ ի հակադրութիւն Ծոցի արաբական շատ մը երկիրներուն, որոնք Արեւմուտքին դաշնակից են:
Այս դրութեան մէջ, մինչ Արեւմուտքը Փարիզի դէպքերէն ետք իրարանցումի մէջ է ՏԱՀԷՇի կապակցութեամբ եւ տրամադրուած՝ ատոր դէմ, անդին սակայն Թուրքիա ջղագար վիճակի մատնուած է ի տես նոյն այդ խմբաւորումին կրած զինուորական հարուածներուն: Ի տես այս փաստին, Արեւմուտքը անելի մատնուած է, թէ ի՞նչ կեցուածք պէտք է որդեգրէ ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ նկատմամբ, որ փաստօրէն կրակի հետ կը խաղայ թէ՛ ՏԱՀԷՇը հովանաւորելով եւ թէ ռուսական օդուժին դէմ իր առած զինուորական մագլցողական քայլով:
Մեր այս տեսակէտներուն մէջ, այս կամ այն կողմին նկատմամբ համակրանքի կամ հակակրանքի ոչ մէկ ենթաթեքսթ պէտք է փնտռել, որովհետեւ կը փորձենք միայն չոր իրականութիւնները ցոյց տալ:
Հայ ժողովուրդը, Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, անհրաժեշտ է որ հաշուի առնէ միայն չոր իրականութիւնները, որպէսզի կարենայ յստակօրէն կշռադատել, թէ ո՞ւր կը կայանան Հայաստանի ու հայութեան շահերը: Մանաւանդ որպէսզի ճիշդ գնահատէ թրքական վտանգը, որ ուղղուած է մեր դէմ:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ