­altՍուր­իոյ տագ­նա­պի սր­­ման տա­րի­նե­րուն ՏԱ­ՀԷ­Շի ընդ­լայն­ման մա­սին բազ­միցս հն­­չե­ցին նա­խազ­գու­շա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ: ­Լու­սար­ձա­կի տակ առնուեցաւ յատ­կա­պէս ­Թուրք­իոյ վար­չա­կար­գին լռել­եայն գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ՏԱ­ՀԷ­Շի հետ: ­Նոյ­նիսկ թր­­քա­կան լրատ­ո­ւա­մի­ջոց­ներ փաս­տե­րով ներ­կա­յա­ցու­

ցին ­Թուրք­իոյ ճամ­բով ՏԱ­ՀԷ­Շի սուր­ի­ա­կան քա­րիւ­ղի ա­պօ­րի­նի վա­ճառ­քին մա­սին, ա­պա նա­եւ թր­­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն նշ­­եալ ար­մա­տա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րուն զէնք հայ­թայ­թե­լու, ա­նոնց վի­րա­ւոր­նե­րը թր­­քա­կան հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ բու­ժե­լու մա­սին հիմ­նա­ւոր­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ:

Ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւո­ղը պի­տի պար­զէ, թէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ կո­չե­րով հան­դէս ե­կող ­Թուրք­ի­ան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­հա­բեկ­չու­թեան ծնուն­դին սա­տա­րող ու զայն ­Ֆի­նան­սա­ւո­րող գլ­­խա­ւոր եր­կիր­նե­րէն մէկն է: Ա­նոր հա­մար ՏԱ­ՀԷ­Շը սուր­ի­ա­կան թո­հու­բո­հին մէջ երկ­րի քան­դու­մին, սուր­ի­ա­կան վար­չա­կար­գի տա­պալ­ման, ինչ­պէս նա­եւ քր­­տա­կան գոր­ծօ­նին դէմ օգ­տա­գոր­ծե­լի խա­ղա­քարտ մըն է:

­Սուր­ի­ա­կան կող­մեր բազ­միցս կը շեշ­տէ­ին, թէ ­Թուրք­իա դե­րա­կա­տար է ՏԱ­ՀԷ­Շի եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­հա­բեկ­չա­կան շար­ժում­նե­րու ընդ­լայն­ման մէջ ու փաս­տե­րով կը պար­զէ­ին, թէ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան շար­ժու­մը տե­ղայ­նա­կան բնոյ­թէն դուրս պի­տի գայ ու հաս­նի ա­րեւմտ­եան եր­կիր­ներ: ­Սուր­իոյ Ար­տա­քին ­Գոր­ծոց ­Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը Մ.Ա.Կ.ին ուղղ­ո­ւած իր բազ­մա­թիւ նա­մակ­նե­րով կոչ կ­՛ուղ­ղէր «ցամ­քեց­նե­լու» նման շար­ժում­նե­րու ֆի­նան­սա­ւոր­ման աղ­բիւր­ներն ու պատ­ժե­լու ա­նոնց հոս­քը դիւ­րաց­նող եր­կիր­նե­րը: Ա­րեւ­մուտքն ու Ա.Մ.Ն. սա­կայն ան­տար­բեր կը ձե­ւա­նա­յին ­Թուրք­իոյ երկ­դի­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ:

Վ­րայ հա­սաւ գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցը եւ ­Թուրք­ի­ա կա­տա­րե­լա­պէս օգ­տա­գոր­ծեց մարդ­կա­յին այս ցա­ւոտ ե­րե­ւոյ­թը եւս` դիւ­րաց­նե­լով գաղ­թա­կան­նե­րուն հոս­քը դէ­պի ա­րեւմտ­եան եր­կիր­ներ, ա­նոնց հետ ար­տա­հա­նե­լով նա­եւ ա­հա­բե­կիչ­ներ:

­Գաղ­թի ճամ­բուն խեղ­դա­մահ մա­նուկ­նե­րուն պատ­կեր­նե­րը շա­հարկ­ո­ւե­ցան ու ա­ղէ­տա­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րը ­Թուրք­իոյ քա­ղա­քա­կան թէ տն­­տե­սա­կան հաշ­ո­ւարկ­նե­րուն ծա­ռա­յե­ցին: Այ­սօր ­Թուրք­ի­ա մեծ գու­մար­ներ կը պա­հան­ջէ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէ, իբ­րեւ թէ սուր­ի­ա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րուն ա­ւե­լի լաւ պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու հա­մար, մինչ այլ եր­կիր­ներ գաղ­թա­կան­ներ կ­՛ըն­դու­նին ա­ռանց խա­ղա­քար­տի վե­րա­ծե­լու գաղ­թի ե­րե­ւոյ­թը:

­Թուրք­ի­ան ան­պա­տիժ ձգե­լու այս ան­տար­բե­րու­թիւ­նը գլ­­խա­ւոր պատ­ճառ­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան ա­լի­քի ընդ­լայն­ման:

Այս­տեղ տե­ղին է նշել ­Թուրք­իոյ Ան­թալ­իա քա­ղա­քին մէջ Ք­սան­նե­րու Խմ­բա­կի եր­կօր­եայ վե­հա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին հրա­պա­րակ­ո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը, ուր կը շեշտ­ո­ւէր ա­հա­բեկ­չու­թեան ֆի­նան­սա­ւոր­ման «ցամ­քեց­ման» կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: ­Վե­հա­ժո­ղո­վին ­Ռուս­իոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թին յս­­տա­կօ­րէն նշեց, որ «Ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կը ֆի­նան­սա­ւո­րեն 40 եր­կիր­ներ, ո­րոնց շար­քին Ք­սան­նե­րու Խմ­բա­կի վե­հա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից եր­կիր­ներ»:

­Մատ­նան­շու­մը յս­­տակ էր: ­Կը մնայ լու­սար­ձա­կի տակ պա­հել ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քար յայ­տա­րա­րող, բայց խոր­քին մէջ զայն սնու­ցա­նող երկ­րին ք­­ո­ղարկ­ո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Այն երկ­րին, որ Եւ­րո­պա մուտք գոր­ծե­լու իր նկր­­տում­նե­րուն ճամ­բայ կը հար­թէ ա­նոր ա­պա­հո­վու­թեան խախտ­ման նպաս­տե­լով, ա­պա ցա­ւակ­ցո­ղի դե­րը խա­ղա­լով:

Ֆ­րան­սա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րը ա­ռա­ւել եւս կը շեշ­տեն մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին կող­մէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան նիւ­թա­պէս սա­տա­րող պե­տու­թիւն­նե­րը պատ­ժե­լու հա­սա­րա­կաց մօ­տե­ցու­մի մը որ­դեգր­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:

­Տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ յատ­կա­պէս ­Թուրք­իոյ կոր­ծա­նա­րար դե­րին վերջ տա­լու այլ ելք չկայ: Ան­պա­տիժ մնա­լով ­Թուրք­ի­ան պի­տի շա­րու­նա­կէ սնու­ցա­նել հա­ւա­տադր­ժո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը:

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ - «­Գան­ձա­սար»