­Ռու­սա­կան զի­նո­ւո­րա­կան օ­դա­նա­ւին հրթի­ռա­կո­ծու­մը ­Թուր­քիոյ կող­մէ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին նոր մագլցո­ղա­կա­նու­թիւն ա­պա­հո­վող քայլ է եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, այ­լա­պէս ալ դժո­ւար մեկ­նա­բա­նե­լի: Օր մը ա­ռաջ Ան­գա­րա­յի կող­մէ կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու տա­րո­ղու­թեան բարձ­րա­ցու­մը եւ Մ.Ա.Կ.ի Ա­պա­հո­վու­թեան ­Խոր­հուր­դի ար­տա­կարգ նիս­տի պա­հան­ջը հիմ­նո­ւած էին Ան­գա­րա­յի հո­վա­նա­ւո­րեալ ­Սու­րիոյ թուրք­մէն­նե­րուն հան­դէպ ­Մոս­կո­ւա­յի ի­րա­կա­նա­ցու­ցած զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ե­րե­ւոյ­թին վրայ:

Այ­սօ­րո­ւան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն զար­գա­ցու­մը պա­տե­րազ­մը տե­ղա­փո­խե­ցին ռուս-թրքա­կան ուղ­ղու­թեան վրայ: ­Կան­խա­տե­սում­նե­րը խայ­տաբ­ղէտ են այս ա­ռու­մով: ­Մագլ­ցո­ղա­կա­նու­թեան տե­սա­նե­լիու­թիւ­նը են­թա­հող շա­հած է եւ ո­րոշ վեր­լու­ծում­նե­րու մէջ չի բա­ցա­ռո­ւիր ոչ միայն ­Մոս­կո­ւա-Ան­գա­րա դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պե­րու խզու­մը, այլ նաեւ՝ ­Ռու­սիա-­Թուր­քիա պա­տե­րազ­մը:

­Կան­խա­տե­սում­նե­րու ի­րա­տե­սա­կա­նու­թիւ­նը` իր կար­գին:

Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ՝ ի­րա­վի­ճա­կը նա­խա­պա­տե­րազ­մա­կան է: ­Ռուս ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը կը ջնջէ իր այ­ցե­լու­թիւ­նը Ան­գա­րա, կը զգու­շաց­նէ ռուս քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն չմեկ­նիլ ­Թուր­քիա, ռու­սա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան մե­ծա­գոյն ըն­կե­րու­թիւ­նը դէ­պի ­Թուր­քիա իր ծրա­գիր­նե­րը կ­՛առ­կա­խէ, մինչ ռուս լրագ­րող­ներ փո­խադ­րող հան­րա­կառ­քը կ­՛են­թար­կո­ւի յար­ձա­կու­մի, իսկ հրթի­ռա­կո­ծու­մի` ռու­սա­կան ուղ­ղա­թի­ռը:

­Մոս­կո­ւա-ՏԱՀԵՇ պա­տե­րազ­մի բո­վին մէջ եւ, ­Մոս­կո­ւա-Ան­գա­րա նա­խա­պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճա­կի ստեղծ­ման նա­խօ­րեա­կին, թուրք­մէն­նե­րու հար­ցին օգ­տա­գոր­ծու­մը Ան­գա­րա­յի կող­մէ խոր­քին մէջ ծխա­ծած­կոյ­թի տակ առ­նել էր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի դի­մե­լու բուն դրդա­պատ­ճառ­նե­րը:

Ան­կաս­կած ­Թուր­քիա-­Սու­րիա սահ­մա­նին թուրք­մէն ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը Ան­գա­րա­յի ներշն­չու­մին տակ պա­հե­լը եւ զայն զի­նո­ւո­րա­քա­ղա­քա­կան գոր­ծօ­նի վե­րա­ծե­լը կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­ռա­ջադ­րանք էր Ան­գա­րա­յի հա­մար: Խն­դի­րը սա­կայն շատ ա­ւե­լին էր:

­Ռու­սա­կան կոր­ծա­նիչ­նե­րը ըստ էու­թեան կը քան­դէին ­Թուր­քիա-ՏԱՀԵՇ ցա­մա­քա­յին կա­մուրջ­նե­րը` կան­խար­գի­լե­լով Ան­գա­րա­յի եւ ՏԱՀԵ­Շի մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւած ուղ­ղա­կի կա­պը: ­Ռու­սա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը նաեւ ար­գե­լա­կումն էր ­Թուր­քիոյ եւ ­Սու­րիոյ մի­ջեւ անվ­տան­գու­թեան գօ­տիի ստեղծ­ման ծրա­գի­րին, որ ի դէպ միայն ռու­սա­կան կող­մէն չէ, որ կը խո­չըն­դո­տո­ւէր:

Թր­քա­կան յար­ձա­կու­մը ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւին դէմ պա­տե­րազ­մա­կան յստակ գոր­ծո­ղու­թիւն էր, որ կտրուկ մագլ­ցու­մի տա­րաւ տի­րող լա­րո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը: ­Թուրք­մէն­նե­րու գոր­ծօ­նին շա­հար­կու­մը այս­տեղ զուտ պատ­րո­ւա­կա­յին բնոյթ ու­նէր: ­Թուր­քիան հա­րո­ւա­ծո­ւած էր ոչ միայն ցա­մա­քա­յին կա­մուրջ­նե­րու քան­դու­մով, այլ նաեւ ՏԱՀԵ­Շի ֆի­նան­սա­ւո­րու­մով: Հս­կա­յա­կան գոր­ծար­քը կը փլու­զո­ւէր, երբ ՏԱՀԵ­Շի քա­րիւ­ղի ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը եւ քա­րիւ­ղա­տար հա­րիւ­րա­ւոր բեռ­նա­կառ­քեր կ­՛ոչն­չա­ցուէին ռու­սա­կան կոր­ծա­նիչ­նե­րուն կող­մէ: Ի­րօք ռու­սե­րը կոր­ծա­նա­րար դեր կը կա­տա­րէին թրքա­կան տնտե­սու­թեան դէմ: ­Քա­րիւ­ղի ար­տա­հա­նու­մը դէ­պի ­Թուր­քիա եւ ա­նոր դի­մաց ՏԱՀԵ­Շի ֆի­նան­սա­ւո­րու­մը ­Թուր­քիոյ կող­մէ լուրջ հարուած կը ստա­նա­յին:

Աքթ մը անհ­րա­ժեշտ էր ­Թուր­քիոյ հա­մար այս կոր­ծա­նա­րար ըն­թաց­քը պահ մը կա­սեց­նե­լու եւ ի­րադ­րու­թիւն­նե­րը փոր­ձել շե­ղե­լու հա­մար: ­Մեծ ռիսք պա­րու­նա­կող քայլ էր Ան­գա­րա­յի կա­տա­րա­ծը, թէ­կուզ հե­տե­ւանք­նե­րու ան­կան­խա­տե­սե­լիու­թեամբ, ինչ որ կը նշա­նա­կէր, որ Ան­գա­րա սկսած էր սոլտ խա­ղալ:

­Ռու­սիոյ նա­խա­գա­հին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան սլա­քը կ­՛ուղ­ղէր ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն եւ ՕԹԱ­Նին: ­Կը յի­շէր, որ ­Մոս­կո­ւա Ո­ւա­շինկ­թը­նի հետ օ­դա­յին մի­ջա­դէ­պե­րու նա­խազ­գու­շաց­ման մա­սին հա­մա­ձայ­նու­թիւն ու­նէր եւ այժմ… թի­կուն­քէն հա­րո­ւած:

­Թի­կուն­քէն հա­րո­ւա­ծո­ւած ըլ­լա­լու հաս­տա­տու­մը են­թադ­րել կու տայ, որ ­Թուր­քիան հա­կա-ա­հա­բեկ­չա­կան պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած­նե­րու շար­քին է եւ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան են­թա­կայ կողմ: ­Խոր­քին մէջ սա­կայն թի­կուն­քի հա­րո­ւած չէ, այլ ու­ղիղ հա­կա­ռա­կոր­դի: ­Մինչ ­Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տի գոր­ծա­կա­տա­րը կը յայ­տա­րա­րէր, որ իր երկ­րին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ի­րա­ւա­չափ է` նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան­շուշտ ըստ ի­րեն, ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւը հա­տած է թրքա­կան օ­դա­յին սահ­մա­նը:

­Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մը սու­րիա­կան բա­նակ, ա­զատ բա­նակ, ժապ­հաթ ­Նուս­րա-ՏԱՀԵՇ, ա­պա քիւրտ զի­նեալ ու­ժեր, զի­նո­ւող թուրք­մէն­ներ ու տա­կա­ւին ի­րա­նեան գոր­ծօ­նի ներ­կա­յու­թիւն եւ ա­պա ռու­սա­կան օ­դուժ ձե­ւա­փո­խում­նե­րէն ետք՝ այժմ թե­ւա­կո­խած է ռուս-թրքա­կան նա­խա­պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճակ:

Ա­ւելց­նենք, որ ­Փու­թի­նի օգ­նա­կան ­Փես­քով՝ խօ­սե­լով պա­տաս­խա­նի մա­սին՝ յայտ­նեց, թէ ա­նի­կա ռազ­մա­կան ճա­նա­պար­հով պի­տի չըլ­լայ: Ինչ որ կի­սա­պաշ­տօ­նա­կան բնոյթ ու­նի, բայց չի կրնար նա­խան­շել դէպ­քե­րու հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րը:

«Ազ­դակ»