altՀա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան դաշ­տը այս օ­րե­րուն մէկ հիմ­նա­կան օ­րա­կարգ ու­նի՝ նոր Սահ­մա­նադ­րու­թեան հան­րա­քո­ւէ, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Դեկ­տեմ­բեր 6ին։

Հա­յաս­տա­նեան քա­ղա­քա­կան դաշ­տի խա­ղա­ցող­նե­րը՝ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց են­թա­կայ կամ հա­մա­կիր հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, բաժ­նո­ւած են եր­կու հա­կա­դիր ճա­կատ­նե­րու մի­ջեւ։

Այս­պէս՝ նոր Սահ­մա­նադ­րու­թեան կողմ­նա­կից­նե­րը կը պնդեն, թէ Դեկ­տեմ­բե­րի հան­րա­քո­ւէին ԱՅՈ քո­ւէ­րա­կե­լով՝ երկ­րին մէջ ո­րա­կա­կան լուրջ փո­փո­խու­թիւն­ներ հնա­րա­ւոր պի­տի դառ­նան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, ար­դա­րա­դա­տու­թիւ­նը սոսկ բա­ռեր պի­տի չըլ­լան, այ­լեւ՝ պի­տի ամ­րագ­րո­ւին Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, որ­պէս պե­տա­կա­նու­թեան հզօ­րաց­ման ու կա­յուն զար­գաց­ման ե­րաշ­խիք­ներ։

Խ­րա­մա­տի միւս կող­մը գտնո­ւող Ո­Չի կողմ­նա­կից­նե­րը կը շեշ­տեն, որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ քո­ւէար­կու­թիւն­նե­րը կեղ­ծած, խար­դա­խու­թեամբ իշ­խա­նա­կան ա­թոռ­նե­րու եւ երկ­րի հարս­տու­թեան տի­րա­ցած իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը՝ նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, միայն մէկ նպա­տակ ու­նին.- Շա­րու­նա­կա­բար մնալ իշ­խա­նու­թեան վրայ։ Նոր Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը այլ բան չէ, ե­թէ ոչ՝ իշ­խա­նու­թիւ­նը ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ պա­հե­լու մի­ջոց,- կ­՛ը­սեն ա­նոնք։

Ժո­ղո­վուր­դը հա­մո­զե­լու հա­մար, ԱՅՈի եւ Ո­Չի կողմ­նա­կից­նե­րը գի­շեր-ցե­րեկ քա­րոզ­չա­կան տքնա­ջան աշ­խա­տանք կը տա­նին։ Շր­ջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն այ­ցե­լե­լու կող­քին, ի­րենց խօս­քը կը փոր­ձեն ժո­ղո­վուր­դին հասց­նել թեր­թե­րէն, կայ­քէ­ջե­րէն, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րէն, հե­ռա­տե­սի­լի եւ ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րէն եւ այլն։

Այս աղ­մուկ-ա­ղա­ղա­կին մէջ, ԱՅՈի եւ Ո­Չի ճամ­բար­նե­րուն մի­ջեւ ան­տէր-ան­տի­րա­կան մնա­ցած ըլ­լա­լու զգա­ցու­մով ապ­րող ժո­ղո­վուրդն է Հա­յաս­տա­նի լուռ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, ո­րուն ա­նու­նով կը խօ­սին ու կ­՛երդ­նուն նոր Սահ­մա­նադ­րու­թեան թեր ու դէմ կանգ­նած եր­կու կող­մե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան բե­մի բո­լո՛ր դե­րա­կա­տար­նե­րը։

Այն­պէս կը թո­ւի, որ ժո­ղո­վուր­դը ո՛չ Ո­Չին, ո՛չ ալ ԱՅՈին լսե­լու տրա­մադ­րու­թիւն ու­նի։ Ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, բե­մին վրա­յի դեր­ակա­տար­նե­րը նո՛յն մար­դիկն են, նո՛յն դէմ­քե­րը՝ ե­րէ­կո­ւան եւ այ­սօ­րո­ւան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը կամ իշ­խա­նու­թեան ձգտող­նե­րը, ո­րոնք եր­բեմն ե­ղած են դաշ­նա­կից­ներ, եր­բեմն՝ ո­խե­րիմ հա­կա­ռա­կորդ­ներ։ Իւ­րա­քան­չիւր ընտ­րու­թեան նա­խօ­րէին գե­ղե­ցիկ, վար­դա­գոյն խոս­տում­ներ շռայ­լած են ա­նոնք հան­րու­թեան, ա­պա խա­բած են, կեղ­ծած, կո­ղոպ­տած եւ ժո­ղո­վուր­դի հաշ­ւոյն հարս­տա­ցած, յղփա­ցած եւ ան­տա­նե­լիօ­րէն լկտիա­ցած։

Կը բա­ւէ, որ հան­րա­քո­ւէի նիւ­թով կարճ զրոյց մը ու­նե­նանք սո­վո­րա­կան քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հետ եւ ար­դէն իսկ բա­ցա­յայտ կը դառ­նայ ա­նոնց ամ­բող­ջա­կան ան­տար­բե­րու­թիւ­նը՝ քա­ղա­քա­կան այս յոյժ կա­րե­ւոր գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ։

Ի հար­կէ, մեծ է թի­ւը ա­նոնց, ո­րոնք ԱՅՈի կամ Ո­Չի կողմ­նա­կից­ներ են, բայց հան­րու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը վա­րա­կո­ւած է ան­տար­բե­րու­թեամբ։ Քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւն­նե­րուն մէջ կայ political apathy հաս­կա­ցու­թիւ­նը, որ լա­ւա­գոյնս կը յար­մա­րի հա­յաս­տա­նեան հան­րու­թեան այ­սօ­րո­ւան ի­րա­վի­ճա­կին։

Ժո­ղո­վուր­դը ան­տար­բեր է, ո­րով­հե­տեւ հիաս­թա­փո­ւած է իր քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւէն եւ գոր­ծըն­թաց­նե­րէն, եւ ինչ­պէս գեր­մա­նա­ցի գրող Է­րիխ Մա­րիա Ռե­մարք կ­՛ը­սէ՝ «­Հիաս­թա­փու­թիւնն է ա­մե­նա­զօ­րեղ զգա­ցու­մը։ Ո՛չ վի­րա­ւո­րան­քը, ո՛չ նա­խան­ձը եւ ոչ իսկ ա­տե­լու­թիւ­նը… Ա­սոնց­մէ ետք հո­գիին մէջ ինչ որ բան կը մնայ, իսկ հիաս­թա­փու­թե­նէն ետք՝ միայն դա­տար­կու­թիւն»։

Ան­տար­բե­րու­թիւ­նը շա՜տ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր է քան ժո­ղովր­դա­յին մաս­սա­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցող՝ թէ­կուզ եւ բուռն ու կրքոտ քա­ղա­քա­կան վէճն ու մրցակ­ցու­թիւ­նը։

Ի վեր­ջոյ, քա­ղա­քա­կան մրցակ­ցու­թիւ­նը կրնայ ինչ որ ար­դիւնք մը տալ, լու­ծում­նե­րու յան­գիլ, բայց քա­ղա­քա­կան ան­տար­բե­րու­թիւ­նը միայն մէկ ար­դիւնք ու­նի՝ լճա­ցու­մ։

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ