Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը տես­նենք, որ գի­տա­ժո­ղով­նե­րու շարք մը ծայր ա­ռած է ­Լի­բա­նա­նէն Ֆ­րան­սա, ­Հա­յաս­տան եւ քիչ մը ա­մէ­նուր՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման վե­րա­բե­րեալ: Մ­տա­հո­գու­թիւ­նը ար­դար է եւ կը բխի մէկ կող­մէ Ս­փիւռ­քի փո­խո­ւող պայ­ման­նե­րէն, միւս կող­մէ մօ­տե­ցում­նե­րէ եւ ու­սուց­ման ե­ղա­նակ­նե­րէ, ո­րոնք քայլ չեն պա­հեր ար­դի ման­կա­վար­ժու­թեան հետ:

­Ճիշդ է, որ հա­յե­րէ­նի գի­տու­թեան մա­կար­դա­կը կը տար­բե­րի գա­ղու­թէ գա­ղութ, եւ ինչ որ կա­ցու­թիւնն էր ա­ւան­դա­կան ա­րե­ւե­լեան Ս­փիւռ­քի գա­ղութ­նե­րուն կամ ինչ որ մնա­ցած է ա­նոնց­մէ՝ կը տար­բե­րի ա­րեւմ­տեան գա­ղութ­նե­րէն, սա­կայն հոս եւս տար­բե­րու­թիւն­ներ կան, այ­սինքն՝ կա­ցու­թիւ­նը ­Մոնթ­րէա­լի եւ հինգ-վեց հա­րիւր քի­լո­մեթր ան­կէ հա­րաւ գտնո­ւող ­Նիւ Եոր­քի մի­ջեւ բո­լո­րո­վին տար­բեր է: Այն­պէս, որ ե­թէ տեղ մը գրա­կան մա­կար­դա­կի հա­յե­րէ­նի մը կը ձգտինք, այ­լուր ա­ւե­լի հա­ղոր­դակ­ցա­կան մա­կար­դա­կի (ո­րոշ ըն­թերց­ման եւ գրե­լու մա­կար­դա­կով) հա­յե­րէն մը թե­րեւս կը բա­ւա­րա­րէ:

Երբ չենք կրնար մեր անձ­նա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը եւ հար­ցա­խոյզ­նե­րը կա­տա­րել՝ պէտք է օգ­տուինք օ­տար լե­զու­նե­րով կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րէն: Անձ­նա­պէս ծա­նօթ եմ անգ­լե­րէ­նի ու­սուց­ման վե­րա­բե­րեալ գրա­կա­նու­թեան, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն կ’եր­կա­րի մին­չեւ Անգ­լիա, ­Գա­նա­տա, Աւստ­րա­լիա եւ ­Նոր ­Զե­լան­տա: Վս­տահ եմ, որ նման հա­րուստ գրա­կա­նու­թիւն կայ Ֆ­րան­սե­րէ­նի կամ ­Գեր­մա­նե­րէ­նի ու­սուց­ման վե­րա­բե­րեալ: Ա­մէն պա­րա­գա­յի պայ­ման է, որ իւ­րա­քան­չիւր նոր քայլ հիմ­նո­ւի լուրջ եւ ա­մուր հի­մե­րով ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու եւ փոր­ձար­կում­նե­րու վրայ:

Ին­չո՞ւ կը շեշ­տենք այս պա­րա­գան: ­Պարզ օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար՝ ընդու­նո­ւած է, որ ար­դի ման­կա­վար­ժու­թիւ­նը կը նե­րա­ռէ սոր­վե­լու դժո­ւա­րու­թիւն ու­նե­ցող ե­րե­խա­նե­րը՝ ծաղ­կո­ցէն մին­չեւ երկ­րոր­դա­կա­նի ա­ւար­տա­կան կար­գե­րը: ­Գա­նա­տա­կան պե­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը ցոյց տո­ւած է, որ ե­րե­խա­նե­րու 10%ը սոր­վե­լու դժուա­րու­թիւն ու­նի եւ 80%ը ա­նոնց­մէ՝ ըն­թեր­ցա­նու­թեան մէջ: Ե­թէ ծա­ղիկ դա­սա­րա­նին կէս ժամ յա­ւե­լեալ աշ­խա­տան­քի կա­րիք կայ սրբագ­րե­լու այս դժո­ւա­րու­թի­նը, օ­րա­կան եր­կու ժամ յա­տուկ դա­սա­ւանդ­ման կա­րիք կը զգա­ցո­ւի չոր­րորդ կար­գին՝ այս դժուա­րու­թիւ­նը հար­թե­լու հա­մար: Իսկ ե­թէ եր­րորդ դա­սա­րա­նին ա­շա­կերտ մը տո­ւեալ կար­գի մա­կար­դա­կին չի կրնար կար­դալ, ա­ւե­լի ուշ 17էն մէ­կը միայն այդ ա­շա­կերտ­նե­րէն կրնայ իր դա­սա­րա­նի մա­կար­դա­կով ըն­թեր­նուլ…:

Ան­շուշտ պի­տի հար­ցո­ւի, թէ քա­նի՞ դպրոց այդ յա­ւե­լեալ ժա­մե­րուն հա­մար մի­ջոց­ներ կը տրա­մադ­րէ եւ մենք կը զար­մա­նանք, որ երկ­րոր­դա­կա­նի վեր­ջին կար­գե­րուն հա­սած ա­շա­կերտ­նե­րու թիւ մը ըն­թեր­ցա­նու­թեան դժո­ւա­րու­թիւն ու­նի, իսկ ո­մանք լրիւ յու­սա­հա­տած են եւ ի­րենց ինք­նավըս­տա­հու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած այս առըն­չու­թեանբ:

­Հե­տե­ւա­բար, չենք կրնար ա­ռա­ջին հեր­թին մաս­նա­գէտ ու­սու­ցիչ­ներ չու­նե­նալ տար­րա­կան կար­գե­րէն սկսեալ, իսկ մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը մի­միայն ման­կա­վար­ժա­կան պատ­րաս­տու­թեան կամ վկա­յա­կա­նին չի վե­րա­բե­րիր, այ­լեւ՝ լե­զո­ւի ու հա­մա­պա­տաս­խան գրա­կա­նու­թեան խոր ծա­նօ­թու­թեան:

Այս գծով հե­տաքրք­րա­կան է նշել, որ շատ մը սփիւռ­քեան վար­ժա­րան­ներ կը շա­րու­նա­կեն սկսնա­կան կար­գե­րուն մէջ գոր­ծա­ծել «­Փոք­րիկ Ա­նին» ու «­Պե­տիկն ու գայ­լը» դա­սա­գիր­քե­րը, ո­րոնք կլո­պալ մե­թո­տին վրայ հիմ­նո­ւած են եւ նո­րու­թիւն էին շուրջ կէս դար ա­ռաջ:

Այս մօ­տե­ցու­մը օգ­տա­կար էր բնա­կան ըն­թաց­քով սոր­վող ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար, սա­կայն ա­ղէտ մըն էր սոր­վե­լու դժո­ւա­րու­թիւն ու­նե­ցող ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք լե­զո­ւի տա­ռե­րը ճանչ­նա­լու դժո­ւա­րու­թիւն կ’ու­նե­նա­յին: ­Ներ­կայ ման­կա­վար­ժու­թիւ­նը չի կրնար նկա­տի չու­նե­նալ ու­սա­նո­ղու­թեան շուրջ 15%ը կազ­մող այս տո­կո­սը:

­Նոյ­նիսկ մին­չեւ 2014 թո­ւա­կա­նը, ­Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ եր­կու տա­րի կը սպա­սէին ձա­խո­ղող ա­շա­կեր­տին հա­մար մի­ջամ­տե­լու եւ յա­տուկ դա­սա­ւանդ­ման ծրա­գիր ա­ռա­ջադ­րե­լու (individual lesson plan), իսկ ատ­կէ աս­դին անդ­րա­դար­ձած են, թէ եր­կու տա­րին շատ ուշ է նման մի­ջամ­տու­թեան հա­մար:

Եր­բեմն փոքր ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն կը ստա­նան:

­Վեր­ջերս կ’ի­մա­նանք, որ ­Լի­բա­նա­նի մէջ միա­ցեալ վար­ժա­րան մը կը կա­ռու­ցո­ւի՝ տար­բեր դպրոց­նե­րը միաց­նող: Ե­թէ այդ դպրո­ցին մէջ նկա­տի առ­նո­ւած է շար­ժու­մի դժո­ւա­րու­թիւն ու­նե­ցող ա­շա­կերտ­նե­րու կա­ցու­թիւ­նը, այ­սինքն՝ ա­նո­ւա­կառ­քով ա­շա­կերտ­նե­րու պա­րա­գան, ար­դէն այս գծով մտայ­նու­թեան մը փո­փո­խու­թիւ­նը կը նշա­նա­կէ այս­պի­սի քայլ մը:

­Հարց պի­տի տրո­ւի, թէ ին­չո՞ւ այս ընդ­հան­րա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը եւ կրթա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը կը նշենք այս­տեղ: ­Պա­տաս­խա­նը պարզ է՝ մենք պա­րա­պու­թեան մը մէջ չենք գոր­ծեր, հա­յե­րէ­նի ծրա­գիր­նե­րը հա­մադ­րո­ւած են պե­տա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ, մեր շուր­ջը օ­տար լե­զու­նե­րը կը դա­սա­ւան­դո­ւին յա­տուկ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ մը եւ ար­դիա­կան մե­թոտ­նե­րով, եւ մենք չենք կրնար դուրս մնալ այդ շրջա­գի­ծէն:

Այս­տեղ հար­ցադ­րում­նե­րու շարք մը պի­տի դնեմ՝ ա­պա­գա­յին քննար­կե­լու հա­մար զա­նոնք: Օ­րի­նակ՝ պի­տի շա­րու­նա­կե՞նք գրա­կա­նու­թեամբ կամ գրա­կան թեքս­թե­րով լե­զու սոր­վեց­նե­լու մի­ջո­ցը, կամ ինչ­պէ՞ս մի­ջին ձեւ մը որ­դեգ­րել՝ գրա­կա­նու­թեամբ եւ այլ գրու­թեան ե­ղա­նակ­նե­րով լե­զու սոր­վեց­նե­լու ձե­ւը: Իսկ երբ ու­սու­ցի­չը երկ­րոր­դա­կա­նի մէջ դժո­ւա­րու­թիւն ու­նի պար­զա­պէս հաս­կա­ցո­ղու­թեան մա­կար­դա­կի հասց­նե­լու ա­շա­կեր­տը, որ նո­ւա­զա­գոյն մա­կար­դակն է Պ­լու­մի բրգա­յին դա­սա­ւոր­ման մէջ (Bloom’s Taxonomy), ո՞ւր կը մնան վեր­լու­ծա­կան, ար­ժե­ւո­րու­մի, գոր­ծադր­ման կամ ստե­ղա­գոր­ծա­կան մա­կար­դակ­նե­րը:

­Դեռ որ­քա՞­նով հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման մէջ «տար­բե­րում»(differentiation) կը գոր­ծա­ծենք, մա­նա­ւանդ՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով հա­յե­րէ­նի դա­սա­րան­նե­րուն մէջ առ­կայ տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րը, կամ ամ­բող­ջու­թիւն մը կազ­մող դա­սա­ւանդ­ման ծրա­գիր­ներ կը կազ­մե՞նք (lesson plans):

Ան­շուշտ այս բո­լո­րին հա­մար մի­ջոց­ներ պէտք է տրա­մադ­րո­ւին ու­սու­ցի­չին՝ պատ­կե­րա­ւոր բա­ռա­րան­նե­րէն մին­չեւ աս­տի­ճա­նա­ւո­րո­ւած ըն­թերց­ման գիր­քեր՝ հա­զար, եր­կու հա­զար, ե­րեք հա­զար կամ ա­ւե­լի բա­ռա­պա­շա­րով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած: Ե­թէ գի­տա­ժո­ղով­նե­րը կամ խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րը չեն անդ­րա­դառ­նար նման հար­ցե­րու կամ յստակ աշ­խա­տա­կար­գեր չեն ստեղ­ծեր հար­ցե­րը հե­տապն­դե­լու եւ գործ­նա­կան լու­ծում­ներ գտնե­լու ա­նոնց հա­մար՝ կը մնան թուղ­թէ դղեակ­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ