ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ - 1910-1920
1912ին, Դաշնակցութիւնը վերջնականապէս իր կապերը կը խզէ Իթթիհատականներուն հետ:
Հ.Յ.Դ. արտասահմանեան քարոզչութեան շնորհիւ, մեծ տէրութիւնները կը բարձրացնեն Հայկական Բարենորոգումներու հարցը: Հայաստան կը ղրկուին երկու եւրոպացի քննիչներ, սակայն Ա. Աշխարհամարտի բռնկումը պատճառ կը դառնայ, որ այս գործը իր սաղմին մէջ մահանայ:
1914 Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն, Կարինի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր ժողովը, որ կը վերահաստատէ նախորդ Ընդհանուր ժողովի այն որոշումը՝ ըստ որուն, պատերազմի պարագային, իւրաքանչիւր պետութեան քաղաքացի պէտք է կատարէ քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնները իր պետութեան նկատմամբ:
1914ին, ռուսական բանակին զուգահեռ հայ կամաւորական գունդերու կազմութեան գործընթացին մէջ գլխաւոր ներդրումը կը կատարէ Դաշնակցութիւնը եւ կը ղեկավարէ կամաւորական այս շարժումը:
1915ի Եղեռնին, թրքական ջարդերուն զոհ կ՚երթայ Դաշնակցութեան Արեւմտահայաստանի մտաւորականութեան ու ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ մարտական սերունդին կարեւոր մէկ հատուածը, որ մինչեւ վերջ մնաց պատնէշի վրայ եւ բաժնեց սեփական ժողովուրդին ճակատագիրը:
1918ին, ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, թրքական յառաջացող զօրքերուն դէմ առանձին մնացած հայ ժողովուրդի ուժերը կը կազմակերպէ եւ մարտի կը մղէ Դաշնակցութիւնը, ղեկավարութեամբ Արամ Մանուկեանի: Արիւնահեղ եւ օրհասական ճակատումներէ ետք թրքական զօրքը պարտութեան կը մատնուի: Մայիս 28ին կը հռչակուի Հայաստանի անկախութիւնը: Անկախութեան երկամեայ շրջանին, հիմը կը դրուի հանրապետութեան պետական կառոյցներուն:
1918ի Նոյեմբեր 1ին, դաշնակցական ընտանիքի զաւակներուն կողմէ Պոլսոյ մէջ հիմը կը դրուի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.), որ հետագային պիտի դառնար սփիւռքահայութեան մարզական ամէնէն ժողովրդական կազմակերպութիւններէն մէկը, իր գործունէութեամբ սատարելով ամբողջ սերունդներու հայեցի դաստիարակման գործին:
1920ի Դեկտեմբեր 2ին, թրքական մուրճին եւ ռուսական սալին միջեւ մնացած Հայաստանը փրկելու նախանձախընդիր, Դաշնակցութիւնը կը նախընտրէ կառավարութիւնը փոխանցել խորհըրդային իշխանութիւններուն:
ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ 1920-1930
1921 ի Փետրուար 18ին, Հայաստանի մէջ կը պայթի Փետրուարեան ժողովրդային ապըստամբութիւնը, ընդդէմ համայնավար բռնակալութեան: Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ, ապստամբութեան յաջորդող 40 օրերուն, կը կազմուի «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ»ն: Յամառ կռիւներէ ետք, Ապրիլ 2ին, դաշնակցական ուժերը կը լքեն Երեւանը եւ շուրջ 12 հազար հոգի, Զանգեզուրի վրայով, կ՚անցնի Պարսկաստան:
1921 Յուլիս 10ին, կը պարտուի Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին ամրոցը՝ Լեռնահայաստանը: Գարեգին Նժդեհի առաջնորդութեամբ՝ Դաշնակցութեան ուժերը, մտաւորականութիւնն ու կառավարութեան ուժերը կ՚անցնին Պարսկաստան:
1921-1925ին, Դաշնակցութիւնը անցաւ Պուքրէշի եւ Վիեննայի խորհրդաժողովներէն՝ հասնելու համար 1924ի Դեկտեմբերէն 1925ի Յունուար Փարիզի մէջ գումարուած 10րդ Ընդհանուր ժողովին, մինչ այդ, ի միջի այլոց, կազմակերպելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու թուրք ղեկավարներու պատուհասումն ու ահաբեկումը: Փարիզի Ընդհանուր ժողովին կը ձեւաւորուի Դաշնակցութեան սփիւռքեան գործունէութեան նախագիծը:
1928 Մայիս 28ին, Եգիպտոսի մէջ, Դաշնակցութեան ղեկավար գործիչներու նախաձեռնութեամբ կը հիմնուի Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային ընկերութիւնը, որ մեծ դեր ունեցաւ Դաշնակցութեան շունչով սնած ամբողջ սերունդներու կազմաւորման գործին մէջ:
Դաշնակցութեան Հայաստանի մայր կազմակերպութիւնը մինչեւ 1928 (եւ տակաւին ցրուած վիճակի մէջ մինչեւ 1933) շարունակեց իր գոյութիւնը:
ՍՓԻՒՌՔԻ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱԳՐՄԱՆ ՇՐՋԱՆ 1930-1940
1933ի Փետրուար-Մարտ ամիսներուն, Փարիզի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 12րդ Ընդհանուր ժողովին, կ՚որդեգրուի այն ռազմավարական ուղեգիծը, որ Միացեալ Հայաստանի ազատագրութեան համար, խորհրդային լուծին դէմ պայքարելու հրամայականը ընդունելով հանդերձ, կ՚որոշէ պայքարի թափը կեդրոնացնել Թուրքիոյ դէմ: Նաեւ, հայրենի ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութեան մտահոգութեամբ, կ՚որոշուի դադրեցնել հայաստանեան գործունէութիւնը:
1933ի գարնան, Ընդհանուր ժողովէն անմիջապէս ետք, ժողովի որոշումով, Գարեգին Նժդեհ իբր գործիչ կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներ եւ նոյն տարին իսկ կը հիմնէ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ցեղակրօններու Ուխտը:
Ամերիկեան ձուլման կաթսային դէմ, հայապահպանման ազդու գաղափարախօսութիւն մը եղաւ Նժդեհի հիմնած շարժումը, որ միաժամանակ հայ ազատագրական շարժման գաղափարական եւ քաղաքական արժէքներուն հանդէպ խորարմատ հունտեր ցանեց ամբողջ սերունդներու մէջ, որոնց շնորհիւ կարելի դարձաւ Միացեալ Նահանգներու եւ հարեւան Գանատայի Դաշնակցութեան կազմակերպութեան պահպանումն ու ամրապընդումը՝ խորհրդային հակադաշնակցական պայքարի տարիներու ընթացքին:
1925-1935 Հ.Յ.Դ. գործօն մասնակցութիւն բերաւ թրքական կառավարութեան դէմ քրտական իրերայաջորդ ապստամբութիւններուն:
1938ի Յուլիս-Սեպտեմբեր ամիսներուն, Գահիրէի մէջ կը գումարուի Հ.Յ.Դ. 13րդ Ընդհանուր ժողովը, ուր կ՚որոշուի հայրենիքի ազատագրութեան պայքարը հանգրուանային լուծումներով իրականացնելու ռազմավարական սկզբունքը:
Բ. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ՇՐՋԱՆ - 1940-1950
Երկրորդ Աշխարհամարտին, Դաշնակիցներու կողքին կանգնելու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պաշտօնական քաղաքականութեամբ հանդերձ, Պալքանեան թերակղզիին մէջ Բիւրոյի անդամ Դրօ դիմեց ազգային առումով նշանակալից քայլի մը՝ ձեռնարկելով նացիական ուժին հետ անհատական գործակցութեան մը՝ նպատակ ունենալով ոչ միայն շրջանի հայութեան, այլեւ, Կովկասի վրայ նացիական արշաւանքին յաջողութեան պարագային՝ նոյնինքն Հայաստանի ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութեան պաշտպանութիւնը:
1947ի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն, Գահիրէի մէջ կը գումարուի Հ.Յ.Դ. 14րդ Ընդհանուր ժողովը: Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն ի յայտ եկած էին քաղաքական հակասական ուղղութիւններ. մէկ կողմէ կուսակցութիւնը պաշտօնապէս կողմնորոշուած էր Դաշնակիցներուն ի նպաստ, իսկ միւս կողմէ, պատասխանատու ընկերներ անհատական նախաձեռնութեամբ որոշ յարաբերութիւններ մշակած էին Գերմանիոյ հետ՝ Հայաստանն ու հայութիւնը համաթուրանական վտանգին դէմ անպաշտպան չձգելու մտահոգութեամբ: Ժողովը կը հաստատէ, որ դաշնակցական ռազմավարութեան մէջ առաջնահերթ արժէք պէտք է տալ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութեան նկատառումներուն:
ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՇՐՋԱՆ - 1950-1960
1955 ի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն, Գահիրէի մէջ կը գումարուի Հ.Յ.Դ. 16րդ Ընդհանուր ժողովը, որ կ՚որոշէ, համայնավարական ծաւալապաշտութեան դէմ գաղափարական պայքարին թափ տալ եւ հրաժարիլ հայ կեանքին մէջ ընդդիմախօս կուսակցութեանց հետ քաղաքական ամէն գործակցութեան փորձերէն, այնքան ատեն, որ այս վերջինները կամազուրկ գործիքի վերածուած կը մնան խորհրդային հակադաշնակցական պայքարին ձեռքը: Ժողովը կ՚որոշէ նաեւ դիմագրաւել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դէմ քաղաքական հաշիւներով նիւթուող սադրանքները:
1956ի Փետրուար 20ին, Զարեհ Ա.ի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրութեամբ, Հ.Յ.Դ. յաջողութեամբ պսակեց Հայց. եկեղեցւոյ պատմական այս աթոռին սրբութիւններն ու իրաւունքները համայնավար ոտնձգութեանց դէմ պաշտպանելու պայքարը:
1958ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ձեռնտու առիթ մը կ՚ըլլայ հակադաշնակցական պայքարի սադրիչներուն համար, որպէսզի եղբայրասպան բախումներու մէջ մխրճեն Դաշնակցութիւնը: Կուսակցութիւնը հարուածներուն հարուածներով կը պատասխանէ եւ ի վերջոյ իր սաղմին մէջ կը խեղդէ ազգակործան այս հոսանքը: