Ի­լո­նան ե­րի­տա­սարդ աղ­ջիկ մըն էր, երբ 1988ին Պա­քո­ւի մէջ հա­կա­հայ հա­լա­ծանք­ներն ու բռնի տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րը սկսան։ Իր ծնող­քին եւ քրոջ հետ, Ի­լո­նան կը փախ­չի Հա­յաս­տան եւ ա­պաս­տան կը գտնէ Ե­րե­ւա­նի մէջ, մա­զա­պուրծ փրկո­ւե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան վոհ­մակ­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րէն։ Քա­նի մը տա­րի ետք, Ի­լո­նա­յի քոյ­րը կ­՛ա­մուս­նա­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­սա­նող սու­րիա­հայ ե­

րի­տա­սար­դի մը հետ եւ կը տե­ղա­փո­խո­ւի Հա­լէպ։

Ք­րո­ջը ա­ռա­ջին ծննդա­բե­րու­թեան ա­ռի­թով, Ի­լո­նան Հա­լէպ կ­՛այ­ցե­լէ եւ հոն կը ծա­նօ­թա­նայ Յով­սէփ Թով­մա­սեա­նին։ Կարճ ժա­մա­նակ մը ետք կ­՛ա­մուս­նա­նայ ա­նոր հետ եւ միա­սին կը մեկ­նին Քո­պա­նի, ուր Յով­սէփ ինք­նա­շարժ­նե­րու նո­րո­գու­թեան ար­հես­տա­նոց մը ու­նէր։ Բո­լորդ կը յի­շէք Քո­պա­նին, Թուր­քիոյ սահ­մա­նին գտնո­ւող սու­րիա­կան քրտաբ­նակ այդ քա­ղա­քը։ Այդ օ­րե­րուն Քո­պա­նին խա­ղաղ էր, եւ Ի­լո­նան կը վար­ժո­ւի իր նոր կեան­քին ու կ­՛ու­նե­նայ ե­րեք ե­րե­խայ՝ եր­կու մանչ եւ մէկ դուստր։ Տա­րի­ներ ետք, երբ Սու­րիոյ հար­ցե­րը կը սկսին, Յով­սէ­փի եր­կու եղ­բայր­նե­րը ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րով կը փախ­չին Հա­լէ­պէն եւ կ­՛ա­պաս­տա­նին Քո­պա­նի, Յով­սէ­փի եւ Ի­լո­նա­յի մօտ, յու­սա­լով, որ կարճ ժա­մա­նակ մը ետք պա­տե­րազ­մը պի­տի վեր­ջա­նայ եւ բո­լո­րը պի­տի վե­րա­դառ­նան ի­րենց բնա­կա­վայ­րե­րը։

Ի­լո­նա­յի եր­կու զա­ւակ­նե­րը՝ Յա­կոբն ու Վար­դու­հին, փայ­լուն ա­շա­կերտ­ներ էին եւ պէտք է մեկ­նէին Հա­լէպ՝ պե­տա­կան քննու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ բո­լո­րը դէմ էին ե­րե­խա­նե­րու Հա­լէպ մեկ­նու­մին, Ի­լո­նան կա­րե­ւոր հա­մա­րե­լով քննու­թիւն­նե­րը՝ ե­րե­խա­նե­րը Քո­պա­նիի միւս ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ միա­սին կ­՛ու­ղար­կէ Հա­լէպ։ Վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պար­հին, Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան զի­նեալ­նե­րը ա­նակն­կալ կը կանգ­նեց­նեն ա­շա­կերտ­նե­րու հան­րա­կառ­քը եւ կ­՛ա­ռե­ւան­գեն զա­նոնք, ա­նոնց աչ­քե­րուն առ­ջեւ կը գլխա­տեն անգ­լե­րէ­նի դա­սա­տուն, ա­պա տղա­նե­րը կ­՛ա­ռանձ­նաց­նեն աղ­ջիկ­նե­րէն։ Ի­լո­նա­յի մեծ տղան՝ Յա­կո­բը, կը յա­ջո­ղի փախ­չիլ Հա­լէպ եւ ան­կէ՝ Պէյ­րութ։ Զի­նեալ­նե­րը Ի­լո­նա­յի աղ­ջի­կը՝ Վար­դու­հին, կը տե­ղա­ւո­րեն ի­րենց են­թա­կայ ըն­տա­նի­քի մը մօտ։ Վար­դու­հին չի բա­ցա­յայ­տեր իր հայ ինք­նու­թիւ­նը եւ իս­լա­մա­կան օ­րէնք­նե­րով կ­՛ապ­րի այդ ըն­տա­նի­քին հետ, ծպտո­ւած իբ­րեւ քիւրտ։ 8 ա­միս անց, զի­նեալ­նե­րը յան­կարծ կ­՛ո­րո­շեն ա­զատ ար­ձա­կել պա­տան­դե­րը եւ Վար­դու­հին կը վե­րա­դառ­նայ Քո­պա­նի, իր ըն­տա­նի­քին մօտ։

2014 Սեպ­տեմ­բե­րին, Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան զի­նեալ­նե­րը ա­նակն­կալ յար­ձա­կու­մով կը մտնեն Քո­պա­նի։ Ի­լո­նան եւ Թով­մա­սեան ըն­տա­նի­քի միւս ան­դամ­նե­րը, Քո­պա­նիի վեր­ջին հայ բնա­կիչ­նե­րը, քիւր­տե­րուն հետ միա­սին խու­ճա­պա­հար կը հա­տեն Թուր­քիոյ սահ­մա­նը եւ Սու­րուճ քա­ղա­քը հաս­նե­լով՝ կ­՛ըն­դու­նո­ւին իբ­րեւ փախս­տա­կան-գաղ­թա­կան­ներ։ Ս­կիզ­բը կ­՛ապ­րին հան­րա­յին վար­ժա­րա­նի մը մէջ, ա­պա գաղ­թա­կա­յա­նի մը մէջ վրան կը տրա­մադ­րո­ւի ի­րենց։ Մա­յի­սին, Քո­պա­նին կ­՛ա­զա­տագ­րո­ւի քրտա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ։ Յով­սէփն ու իր կրտսեր որ­դին՝ 14 տա­րե­կան Ա­րա­մը, կը վե­րա­դառ­նան տուն, որ­պէս­զի ստու­գեն ի­րենց բնա­կա­րա­նին եւ ար­հես­տա­նո­ցին վի­ճա­կը ու տուն­դար­ձի հիմ­նա­կան պատ­րաս­տու­թեամբ զբա­ղին։ Ե­րե­կո­յեան, Յով­սէփ շու­կայ կ­՛եր­թայ գնում­ներ ը­նե­լու, եւ կը պա­տա­հի անս­պա­սե­լին։ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան զի­նեալ­նե­րը, քրտա­կան հա­մազ­գեստ­ներ հա­գած՝ վրէժխնդ­րա­կան յար­ձա­կում մը կա­տա­րե­լով կը կրա­կեն շու­կայ ե­կած մար­դոց վրայ։ Ա­րամ կրա­կոց­նե­րը լսե­լով կը վա­զէ դէ­պի շու­կայ եւ ճամ­բան կը տես­նէ հայ­րը՝ գե­տին ին­կած, ա­րիւն­լո­ւայ վի­ճա­կի մէջ… «­Փախ­չե­ցէ՛ք այս երկ­րէն»ը կ­՛ըլ­լայ իր տղուն տո­ւած Յով­սէ­փի վեր­ջին պատ­գա­մը։

Ի­լո­նայ­նին, Ա­րա­մին եւ Թով­մա­սեան ըն­տա­նի­քի միւս ան­դամ­նե­րուն ծա­նօ­թա­ցայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այս մա­սին՝ յա­ջորդ նա­մա­կո­վ։

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ