altԹա­տե­րաս­րա­հէն հա­զիւ դուրս ե­լած, կը փոր­ձեմ մտքիս մէջ կար­գի բե­րել պատ­կեր­ներ, տպա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ մտա­ծում­ներ՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յին Մ­շա­կու­թա­յին եւ Կր­թա­կան ­Միու­թեան կող­մէ հրամ­ցո­ւած ա­մե­րի­կա­ցի ­Ռի­չըրտ ­Քա­լի­նոս­քիի «Հ­րէ­շը լուս­նին վրայ» թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­

ցու­մէն, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի՝ 15 ­Նո­յեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի մէջ։

­Թա­տե­րա­կան քննա­դա­տի մը յա­ւակ­նու­թիւ­նը չու­նիմ, ար­դէն այս գոր­ծը կը պա­հան­ջէ թատ­րեր­գու­թեան ա­րո­ւես­տին հետ ըն­տե­լա­ցում, եր­կա­րա­մեայ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն, հե­տե­ւո­ղա­կան զբա­ղում եւ մեծ փոր­ձա­ռու­թիւն՝ կա­րե­նալ լոյ­սի տակ առ­նե­լու հա­մար բե­մադ­րա­կան ա­րո­ւես­տի կի­րար­կու­մը, թա­տե­րա­կան կտո­րի եւ դե­րե­րու խոր քննու­թիւ­նը, դե­րա­սան­նե­րու ար­տա­սա­նե­լու, ար­տա­յայ­տո­ւե­լու եւ զգա­ցում դրսե­ւո­րե­լու յա­ջող կամ ձա­խող ներ­կա­յա­ցու­մը։

Մտ­քիս մէջ շրջող պատ­կեր­նե­րը ա­ւե­լի զգա­ցա­կան կը թո­ւին ըլ­լալ, քան թէ ներ­կա­յա­ցու­մը ար­ժե­ւո­րե­լու քննա­դա­տա­կան ո­րե­ւէ փորձ։ Զ­գա­ցում­ներ են, որ թա­տե­րա­կան կտո­րին ա­ռա­ջին վայր­կեա­նէն իսկ շրջե­ցին յու­զում­նե­րուս նե­րաշ­խար­հը, ա­ռի­թը տա­լով մէկ շուն­չով դի­տե­լու մի­ջազ­գա­յին թատ­րեր­գու­թեան մէջ ար­ժէք գտած՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ող­բեր­գու­թեան մա­սին գրո­ւած զօ­րա­ւոր եւ ցնցող կտոր մը։

Ա­ւե­լի քան տաս­նը­հինգ տա­րի­ներ ա­ռաջ ներ­կա­յա­ցո­ւած կտո­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցած եմ քա­նիցս դի­տե­լու յու­նա­կան բե­մե­րէն, այս­պէս՝ ար­դէն ծա­նօթ էի ա­նոր պա­րու­նա­կու­թեան եւ իւ­րա­քան­չիւր մա­սի զար­գաց­ման։ ­Կը մտա­ծէի, թէ ­Հա­մազ­գա­յի­նի այս ներ­կա­յա­ցու­մը կրկնու­թեան մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի տար՝ տա­կա­ւին թարմ մնա­ցած հին պատ­կեր­նե­րուն վրայ։ ­Սա­կայն, եր­բեմն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կու գայ տա­պա­լե­լու ա­մէն ինչ եւ ա­մէն սպա­սում։

­Դի­մացս կանգ­նած են ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բին մէջ գոր­ծող ծա­նօթ ան­ձեր, ո­րոնք յու­նա­րէն թարգ­մա­նո­ւած թա­տե­րա­խա­ղի պատ­կեր­նե­րը կը սա­հեց­նեն մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն, մե­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րու եւ երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րու ի­րար հե­տե­ւի­լը մէկ շուն­չով տա­լու ճար­տա­րու­թեամբ եւ յա­ջո­ղու­թեամբ։

Աչ­քիս ծայ­րով շուր­ջին­նե­րուս կը նա­յիմ։ ­Բե­մին վրայ յա­ռած նա­յո­ւածք­ներ, պրկուած ե­րես­ներ, ան­համ­բեր՝ կար­ծես նոյ­նա­ցած հե­րոս­նե­րու տա­ռա­պան­քին հետ, կը զգանք, կը շնչենք «տէր եւ տի­կին Ա­րամ եւ ­Սե­դա ­Թով­մա­սեան­նե­րու» լուռ տա­ռա­պան­քը։ ­Մերթ ընդ մերթ, զա­ւեշ­տա­կան պա­հեր հան­դի­սա­տե­սին խնդու­քը կը խլեն, բայց իս­կու­թեան մէջ՝ ա­նոնք միայն ե­րե­ւու­թա­պէս զա­ւեշ­տա­կան են։ ­Հե­րոս­նե­րու ի­րար մօ­տե­նա­լու, մէ­կը միւ­սին սի­րե­լու եւ սի­րա­բա­նե­լու հապ­ճեպ փոր­ձե­րուն ընդ­մէ­ջէն, յա­ռաջ կու գայ ազ­գի մը ող­բեր­գու­թեան դի­մաց եր­կու որբ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ապ­րե­լու, գո­յա­տե­ւե­լու եւ հայ ըն­տա­նիք կազ­մե­լու տագ­նա­պը։

Աչ­քիս առ­ջեւ կը բա­ցո­ւի բո­լո­րո­վին նոր ներ­կա­յա­ցում մը։ ­Մոռ­ցած եմ ար­դէն յոյն ար­հես­տա­վարժ դե­րա­սան­նե­րէն մնա­ցած տպա­ւո­րու­թիւն­ներս. բե­մին վրայ կը զար­գա­նայ հա՛յ տղոց զգա­ցում­նե­րով լե­ցուն խա­ղար­կու­թիւն մը, որ կը նո­ւա­ճէ յի­շո­ղու­թիւնս եւ կը փո­խա­րի­նէ զայն նոր պատ­կեր­նե­րով ու զգա­ցում­նե­րով։ Որ­քա՜ն լաւ կը խա­ղան ի­րենց դե­րե­րը, կը մտա­ծեմ շա­րու­նակ։ Ու ա­ւար­տին, խա­ղի հե­րոս­նե­րուն պէս, ե­րե­խա­յի մը նման կը հրճո­ւիմ՝ ի տես ­Թով­մա­սեան­նե­րու ըն­տա­նե­կան պատ­կե­րի ամ­բող­ջաց­ման։ Հր­ճո­ւա՞նք, կա՞մ հպար­տու­թիւն՝ հա­յու գո­յա­տե­ւե­լու անն­կա­րագ­րե­լի ու­ժին հա­մար։

Ինչ­պէս սկիզ­բին ալ նշե­ցի, չեմ յա­ւակ­նիր խո­րա­թա­փանց քննար­կում ը­նե­լու։ ­Մաս­նա­կից բո­լոր դե­րա­սան­նե­րուն հա­մար միայն գնա­հա­տան­քի խօսք կրնամ ներ­կա­յաց­նել։ Ար­ժե­ցու­ցի՛ն ի­րենց դժուար դե­րե­րու ստանձ­նու­մը, կար­ծէք ար­հես­տա­վարժ փոր­ձա­ռու­թեամբ թատ­րո­նի սպա­սար­կու­ներ ըլ­լա­յին։

­Սա­ռա ­Մի­սա­քեա­նի ներ­կա­յա­ցու­մը այն­քան զօ­րա­ւոր էր ու ցնցող, յատ­կա­պէս երբ այ­լեւս ան­խօս ու հլու-հնա­զանդ կո­ղա­կի­ցի շղթա­նե­րէն ա­զա­տե­լու «յե­ղա­փո­խու­թեամբ» մը՝ իր ըն­տա­նի­քը փրկեց ջար­դե­րու հո­գե­վար­քէն։ ­Սա­ռա­յի տա­ղան­դը եւ թատ­րո­նին հան­դէպ սէ­րը միայն գնա­հա­տան­քով եւ քա­ջա­լեր զգա­ցում­նե­րով պէտք է դի­տել։

­Յա­կոբ ­Պար­սա­մեան՝ իր կեան­քի տա­րի­նե­րը նոյ­նա­ցուց թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ու նոյ­նիսկ ե­թէ զա­ւեշ­տա­կան դե­րե­րով յատ­կան­շո­ւե­ցաւ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը բե­մին վրայ, այս ան­գամ հան­դի­սա­տե­սը ցնցեց ող­բեր­գա­կան կեր­պա­րով մը, որ իր բե­մա­կան տա­ղան­դին վրայ ա­ւե­լի մեծ ար­ժէք կ­՚ա­ւելց­նէ։

­Սեր­գօ ­Մի­նա­սեան տաս­նեակ տա­րի­նե­րու եւ Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեա­նի շուն­չով սնած հայ թատ­րո­նի նո­ւի­րեալ սպա­սար­կու մըն է, որ ա­մե­նայն հա­րա­զա­տու­թեամբ դե­րը կը պատ­շա­ճեց­նէ իր ողջ նկա­րագ­րին։ Այս­պէս ալ ե­ղաւ այս ան­գամ եւս։

­Շանթ ­Դա­ւի­թեան՝ նո­րա­յայտ ա­նակն­կալ մը ե­ղաւ։ Ա­մե­րի­կա­ցի որբ լա­կո­տի մը դե­րով, ցոյց տո­ւաւ հայ­կա­կան թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն մէջ տեղ գրա­ւե­լու յանդգ­նու­թիւն եւ իր ծիլ տա­ղան­դը ա­ճեց­նե­լու ջերմ փա­փաք։

Ա­լեք­սի ­Սա­րիեան՝ ներ­կա­յաց­ման բե­մադ­րի­չը, հա­մեստ իր կե­ցո­ւած­քով՝ հա­մադ­րեց եւ ամ­բող­ջա­ցուց դե­րա­կա­տար­նե­րու տա­ղան­դը։ Ե­րի­տա­սարդ բե­մադ­րի­չը, նոյ­նիսկ ա­ւար­տի ծա­փա­հա­րու­թեանց ա­լի­քին մէջ, մնաց զուսպ՝ իր բե­մադ­րա­կան ար­ժէ­քը հե­ռու պա­հե­լով ցու­ցա­մոլ ինք­նա­գո­վես­տէ։ ­Կը մնայ, որ ան իր տա­ղան­դը ա­ւե­լի ար­ժեց­նէ ­Հա­մազ­գա­յի­նի թա­տե­րա­խում­բի ըն­տա­նի­քէն ներս։

­Հայկ Եա­զը­ճեա­նի յօ­րի­նած ե­րաժըշ­տու­թիւ­նը հո­գե­պա­րար ազ­դե­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­տե­սին վրայ, իւ­րա­քան­չիւր պատ­կե­րին տա­լով հայ­կա­կան իւ­րա­տիպ մե­ղե­դիի հզօ­րու­թիւ­նը։ ­Համ­բա­ւա­ւոր ե­րա­ժիշ­տի գոր­ծը հա­րա­զատ ամ­բող­ջա­ցումն էր թա­տե­րա­կան կտո­րի ո­գիին ու ի­մաս­տին։

Գ­նա­հա­տան­քի յա­տուկ խօսք պէտք է ը­սել Ա­նա­յիս ­Գա­զան­ճեա­նին, որ ան­գամ մը եւս ըլ­լա­լով՝ բե­մի յար­դա­րու­մի ե­րե­ւու­թա­պէս պար­զու­նակ պատ­կե­րը պատ­շա­ճե­ցուց իր տա­ղան­դին ու ճա­շա­կին։ ­Կիւ­լա ­Գա­րա­պա­ճա­քեան՝ հայ թատ­րո­նի եր­կա­րա­մեայ սի­րա­հա­րը, հա­գուստ­նե­րու ճշգրիտ ընտ­րու­թեամբ, հան­դի­սա­տե­սը տա­րաւ այդ տա­րի­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։ Ե­րի­տա­սարդ Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեա­նի ե­րաժշ­տա­կան հա­մադ­րու­մը յա­ջո­ղու­թեամբ սա­հե­ցաւ ներ­կա­յաց­ման ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։ ­Վեր­ջա­պէս, ­Րաֆ­ֆի ­Տե­միր­ճեան լու­սա­ւո­րու­մի ե­լե­ւէջ­նե­րը վար­պե­տօ­րէն կա­պեց կտո­րի ստեղ­ծած մթնո­լոր­տին հետ։

­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կ­՚եր­թայ գնա­հա­տան­քի վեր­ջին խօս­քը։ Ո­րա­կա­ւոր եւ լաւ կեր­պով հրամ­ցո­ւած ե­լոյթ­նե­րով, ­Հա­մազ­գա­յի­նը յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս բարձր կը պա­հէ մշա­կու­թա­յին մեր հարս­տու­թեան ար­ժէք­նե­րը՝ եր­գով ու պա­րով, թատ­րո­նի ա­րո­ւես­տով ու գրա­կա­նու­թեամբ։

­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ