Ե­րեք­շաբ­թի՝ 17 Նո­յեմ­բե­րին, Պոլ­սոյ Պա­շաք­շե­հիր շրջա­նին մէջ գտնո­ւող «­Ֆա­թիհ Թե­րիմ» մար­զա­դաշ­տին մէջ, Թուր­քիա-­Յու­նաս­տան ֆութ­պո­լի բա­րե­կա­մա­կան մրցու­մի ըն­թաց­քին, թուրք հա­մա­կիր­նե­րը մեր­ժե­ցին մէկ վայր­կեան յոտըն­կայս լռու­թեամբ յար­գել Փա­րի­զի մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու ան­մեղ զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը: Ա­նոնք հա­կազ­դե­ցին այդ հրա­ւէ­րը ա­նար­գող գո­

ռոց­նե­րով եւ բա­ցա­գան­չե­ցին՝

«Ալ­լա­հո­ւաք­պար» ու «­Նա­հա­տակ­նե­րը չեն մեռ­նիր, հայ­րե­նի­քը պի­տի չմաս­նա­տո­ւի»:

Մթ­նո­լոր­տի ա­ռու­մով՝ Պոլ­սոյ մար­զա­դաշ­տը հա­կա­պատ­կերն էր Լոն­տո­նի «Ո­ւեմպ­լի» մար­զա­դաշ­տին, ուր Անգ­լիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի ազ­գա­յին խում­բե­րու հա­մա­կիր­նե­րը միաս­նա­բար եր­գե­ցին «­Մար­սէ­յէզ»ը, ա­պա՝ մէկ վայր­կեան լռու­թեամբ յար­գե­ցին ար­ձա­նագ­րո­ւած զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը:

Թուր­քիան մէկ կող­մէ ա­ռե­րե­ւոյթ մաս կը կազ­մէ ՏԱՀԵ­Շի դէմ պայ­քա­րի մի­ջազ­գա­յին դա­շին­քին, Ո­ւա­շինկ­թը­նի հետ ձեռ­նար­կած է Սու­րիոյ հետ իր սահ­մա­նին «փա­կու­մը ամ­բող­ջաց­նե­լու գոր­ծո­ղու­թեան», սա­կայն միւս կող­մէ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նի ՏԱՀԵ­Շի եւ ա­հա­բեկ­չա­կան այլ խմբա­ւո­րում­նե­րու հետ. ա­նոնց հետ կը կա­տա­րէ քա­րիւ­ղի ա­ռեւ­տուր, իր սահ­մա­նին ճամ­բով կ­՛ա­պա­հո­վէ ա­նոնց զէն­քե­րու, զի­նեալ­նե­րու եւ ֆի­նան­սա­կան (ե­լեւմ­տա­կան) մի­ջոց­նե­րու մա­տա­կա­րա­րու­մը:

Թուր­քիա-­Յու­նաս­տան ֆութ­պո­լի բա­րե­կա­մա­կան մրցու­մը ի յայտ բե­րաւ, որ ՏԱՀԵ­Շի հետ Թուր­քիոյ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը միայն պե­տա­կան մար­մին­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ չեն, այլ նաեւ գո­յու­թիւն ու­նի ՏԱՀԵ­Շին ու ա­նոր ա­հա­ւոր ա­րարք­նե­րուն հա­մակ­րող ու զօ­րակ­ցող ժո­ղովր­դա­յին են­թա­հող մը, ո­րուն ծնուն­դը կա­րե­լի է վե­րագ­րել Թուր­քիոյ իշ­խող իս­լա­մա­կան Ար­դա­րու­թիւն եւ Բա­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան 13ա­մեայ ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան:

Փա­րի­զի յար­ձա­կում­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս ՏԱՀԵ­Շի զի­նեալ­նե­րու տա­րան­ցիկ երկ­րին ազ­գա­յին խում­բին հա­մա­կիր­նե­րուն ժխտա­կան վե­րա­բեր­մուն­քը պի­տի չվրի­պի Ֆ­րան­սա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ծա­գու­մով ֆրան­սա­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ու­շադ­րու­թե­նէն, մա­նա­ւանդ որ, մաս­նա­ւո­րա­բար վեր­ջին­նե­րուս մօտ ազ­գայ­նա­կան զգա­ցում­նե­րը հա­սած են ի­րենց գա­գաթ­նա­կէ­տին, եւ ա­նոնց հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ստա­ցած է լուրջ հա­րո­ւած:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻՅԵԱՆ