Փարիզը ցնցած ահաբեկչական ալիքը Ֆրանսայի սահմաններէն շատ արագ դուրս եկաւ եւ համակեց ամբողջ աշխարհը:Այն թերահաւատութիւնը, ըստ որուն՝ իսլամ ծայրայեղականութեան տարազին տակ կիրարկուող արշաւանքները կը մնան սահմանափակուած միջին-արեւելեան երկիրնե րով, նաեւ՝ նոր խալիֆայապետութիւն հաստատելու կոչուած ահաբեկիչները չեն վերածուիր վերահսկողութենէ դուրս եկող գործիքներու, հիմնովին շրջուած է ներկայ պահու դրութեամբ:
Նոր աշխարհակարգի մը ձեւաւորման մասին են վերլուծումներու ընդհանուր ընդգծումները: Եւ այս առումով հետեւեալ պատկերը կը նախանշէ, թէ ժամանակի առումով որոշ հանգրուանի մը համար ի՛նչ ուղղութեամբ կ՛ընթանան իրադարձութիւնները:
Ֆրանսա եւ իրեն հետ արեւմտեան ուժեր արդէն կը նախապատրաստուին իրենց սահմանափակ գործողութիւնները - ահաբեկիչները հարուածելու նպատակով - ընդարձակելու եւ բեմականացումէն անդին ճակատագրական հարուած հասցնելու. կը թուի, որ վերահսկողութենէ դուրս եկած գործիքը չէզոքացնելու միտող հարուածներու մասին է խօսքը: Այսինքն, մօտաւորապէս այն թափը, որ ռուսական օդուժը շաբաթներէ ի վեր կը կիրարկէ՝ կեդրոնանալով իրեն համար ռազմավարական նկատուող գօտիներու վրայ:
Նման գործողութիւններու տարողունակութեան բարձրացման արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ արեւմուտքի կողմէ պատժամիջոցներու ենթարկուող Ռուսիան ու նոյնինքն Արեւմուտքը (ներկայ պահու դրութեամբ Ֆրանսայի առաջնորդութեամբ) միեւնոյն ուժգնութեամբ կը հարուածեն ՏԱՀԵՇի ռազմական կեդրոնները:
Տարբեր խնդիր է այն, որ ՏԱՀԵՇի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ Արեւմուտքի ռազմական քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, աջակցիլ-խոչընդոտել խաղի տեսքով Եւրոպայի մէջ պումըրանկի հզօր ազդեցութիւն սկսած է գործել: Առ այս պահը ՏԱՀԵՇի ահաբեկչական ալիքէն զերծ են Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը. այս վերջինը կը բացակայի նոյնիսկ ՏԱՀԵՇի բանաւոր յայտարարութիւններուն թէ հաղորդագրութիւններուն մէջ: Ահաբեկչութեան արտահանումը Միջին Արեւելքէն առայժմ կեդրոնացած է դէպի Եւրոպա: Եւ եթէ շարունակուի ՏԱՀԵՇի գործիքի տեսութիւնը, ապա զայն գործիքաւորողը յատկապէս ծրագիրներ ունի ինչպէս Միջին Արեւելքի, այնպէս եւ Եւրոպայի համար:
Շարունակենք վարկածի տրամաբանութիւնը եւ տեսնենք, թէ այստեղ ո՞ր ուժն է, պետութիւնը, սահմանամերձ շրջանը, ՏԱՀԵՇին գործնական, զինուորական եւ ֆինանսական աջակցութիւն տուած, որպէսզի անարգել թափանցէ Իրաք եւ Սուրիա: Եւ այժմ գաղթականներու զանգուածային խմբաքանակներ ուղարկած Եւրոպա, նախ եւ առաջ մարդկային աղէտ, ճգնաժամ եւ իբրեւ այդպիսին համաեւրոպական տագնապ ստեղծած:
Իրադարձութիւններուն հետեւողները վստահաբար համոզուած էին, որ մարդկային տագնապի սահմաններուն մէջ պիտի չաւարտէր այս խաղը: Եւ եթէ դէպի Իրաք ու Սուրիա, կամ այլ խօսքով միջին-արեւելեան տարածքներու վրայ ահաբեկչական գործիքը կը թափանցէր Թուրքիայէն թելադրուած, ապա նոյն կեդրոնը գաղթականներու ալիքին առընթեր ահաբեկչական ալիքը կ՛արտահանէր դէպի Եւրոպա: Գաղթականներու հոսքին ներթափանցման նպատակով, միացած են «գաղթական ահաբեկիչ»ներ: Թուրքիան այս երկրորդ ճգնաժամի ստեղծման համար հերթական անգամ ստանձնեց տարանցիկի դեր եւ օժանդակեց այդ տարրի Եւրոպա արտահանման:
Մարդկային տագնապի թէ ահաբեկչական ալիքի ստեղծած իրավիճակներու մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները այնքան քաղաքականացուած են, որ միջազգային լրատուադաշտը, նոյնինքն եւրոպականները ներառեալ, տագնապներու ստեղծման պատասխանատուութիւնը չկեդրոնացուցին Անգարայի վրայ: Պատճառահետեւանքային վերլուծման որեւէ առարկայական փորձ չի կրնար անտեսել Անգարայի պատասխանատուութիւնը մարդկութիւնը հարուածող այս երեւոյթներու ախտորոշման ընթացքին:
Քսաններու Խմբակի ժողովը Թուրքիոյ մէջ է, որ տեղի կ՛ունենայ: Թուրքիոյ նախագահը Փարիզի պատահարները կ՛որակէ մարդկութեան դէմ կատարուած արարքներ եւ հերթական փորձ կը կատարէ քրտական շարժումներն ու ՏԱՀԵՇը համահաւասարեցնելու:
Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման ընթացքն է, որ կ՛արձանագրուի: Ահաբեկչութիւններ եւ հակահաբեկչական ճակատներ: Այս ընդհանուր յարաբերակցութիւնն է բեւեռացման նոր միտումը: Ահաբեկչութիւն յղացքի իւրայատուկ ընկալումները թերեւս այնքան սուր խնդիր չեն: Աւելի մտահոգիչը ահաբեկիչներուն աշխարհագրական տարբեր միջավայրեր թափանցման եւ անոնց արտահանման գործին հիմնովին նպաստող պետութեան նկատմամբ թիւր ընկալումն է: Հարուածուող երկիրներու ներկայացուցիչները տագնապի դիմակայման ձեւերը կը քննեն հարուածողներու գլխաւոր հովանաւորին հետ: Եւ եթէ միջազգային լրատուադաշտը չ՛ուզեր տեսնել այս իրականութիւնը, ապա հայկականը անպայման պէտք է լուսարձակի տակ առնէ այս փաստը:
«Ազդակ.»