­Ա­մէն ան­գամ, որ ­Հա­յաս­տան գտնուիմ եւ ա­մէն ան­գամ, որ հայ­կա­կան հա­մա­րո­ւած ան­ծայ­րա­ծիր սփիւռ­քի թա­փա­հա­րում­նե­րուն ա­կա­նա­տես ու ա­կան­ջա­լուր կ’ըլ­լամ, ես ին­ծի հարց կու տամ.- «­Հայ­րե­նալ­քու­մով եւ զբօ­սաշըր­ջու­թեամբ ազգ եւ - կրկնուող միօ­րի­նակ դար­ձած շա­բա­թա­վեր­ջի աղմ­կա­րա­րու­թեամբ - հայ­րե­ նիք կը պա­հո­ւի՞ն եւ ի­րա­ւունք­ներ ձեռք կը բերուի՞ն»:

Այս հար­ցում­նե­րը դադ­րած ենք ուղ­ղե­լէ պե­տու­թեան մա­կար­դա­կին, սփիւռք­նե­րու խառ­նա­րան­նե­րուն մէջ ղե­կա­վա­րա­կան բե­մադ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, հե­ռուն նստած պա­ռաւ­նե­րու բա­րե­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րու լորձ­նա­շուրթն գնա­հա­տում­նե­րը երբ կ’ը­նենք, երբ հայ­րե­նա­սի­րա­կան ա­նո­րոշ զգա­ցում­նե­րով զբօ­սաշր­ջիկ կը դառ­նանք եւ կը յու­զո­ւինք Է­րե­բու­նիով, Էջ­միա­ծի­նով, ­Սար­դա­րա­պա­տով, ­Հաղ­բա­տով, զորս կը լու­սան­կա­րեն, վե­րագտ­նե­լէ ա­ռաջ Էյ­ֆէ­լեան աշ­տա­րա­կը, ­Խա­ղա­ղա­կա­նի ­Սան­թա ­Պար­պա­րան…

Ինչ­պէ՞ս ազգ եւ հայ­րե­նիք կը պահուին, երբ Ե­րե­ւա­նի շի­նա­նիւ­թի վա­ճա­ռա­տան աշ­խա­տող ե­րի­տա­սար­դը եւ հա­շո­ւա­պահ կի­նը պատ­րաստ են, զի­նա­կո­չի­կի պէս, ­Գեր­մա­նիա կամ «­Լոս» ար­շա­ւե­լու…

Ազգ եւ հայ­րե­նիք կը պա­հո­ւի՞ն, երբ սփիւռք­նե­րը հայ­րե­նաբ­նա­կի ե­րազ են եւ սփիւռք­նե­րը վերջ­նա­կան հա­մա­րե­լու հա­կազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը տուն տեղ ե­ղած է:

Ս­փիւռ­քի մէջ թերթ կը փա­կո­ւի, դպրոց կը փա­կո­ւի, մէկ ա­ռա­ւել մէկ եւ բազ­մա­պատ­կո­ւող: Ի հար­կէ միշտ ար­դա­րա­ցում­ներ կան, լե­զո­ւա­գա­րու­թիւն­ներ եւ ա­մօթ չխոս­տո­վա­նե­լու վե­րա­բե­րում­ներ՝ պար­տու­թիւն եւ նա­հանջ քո­ղար­կե­լու հա­մար: ­Միա­ժա­մա­նակ, խու­սա­փե­լով ար­մա­տա­կան լուծ­ման մը յան­գե­լու մի­տող տրա­մա­բա­նու­թե­նէ. յե­տոյ ի՞նչ:

Ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման եւ գո­յա­տեւ­ման հա­մար ա­ղէտ է թեր­թի փա­կու­մը, նոյ­նիսկ երբ ան կը փո­խա­րինո­ւի՝ դա­տարկ մխի­թա­րա­կան ճա­ռով՝ օ­տա­րա­բար­բառ:

Ա­ղէտ է դպրո­ցի մը փա­կու­մը, նոյ­նիսկ երբ խմբո­վին կը շա­րու­նա­կենք հա­մա­գու­մար­նե­րու եր­թալ:

Ա­ղէտ է, երբ հայ ճա­ռա­խօ­սը կամ դա­սա­խօ­սը բեմ կը բարձ­րա­նայ լա­տի­նե­րէն գրո­ւած հա­յե­րէն բա­ռե­րով ճռո­ւո­ղե­լու հա­մար՝ հրամ­ցո­ւող ծաղ­րան­կար, որ չի զար­մաց­ներ, չի մտա­հո­գեր, «հայ»ը չի վի­րա­ւո­րեր:

­Բա­րե­սի­րու­թեամբ եւ զբօ­սաշր­ջու­թեամբ զգա­ցա­կան կարկ­տան­ներ կ’ըլ­լան, ո՛չ ա­ւե­լի:

Ֆ­րան­սա­ցին կ’ը­սէ, որ ցու­լը զգետ­նե­լու հա­մար հարկ է զայն իր կո­տոշ­նե­րէն բռնել:

Ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման եւ գո­յա­տեւ­ման հա­մար ի՞նչ բան կեն­սա­կան է, ար­մա­տա­պէս կեն­սա­կան, ա­ռանց խու­սա­նա­ւում­նե­րու, ա­ռանց մար­դոր­սա­կան ճապ­կում­նե­րու, ա­ռանց սե­փա­կան կա­ցու­թիւն­ներ ար­դա­րաց­նե­լու: Այդ կեն­սա­կա­նը յստա­կու­թեամբ օ­րա­կարգ չէ ոչ մէկ տեղ, չ’ա­ռաջ­նոր­դեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­կան, կրօ­նա­կան: ­Կեն­սա­կա­նը կար­ծէք չենք ու­զեր սահ­մա­նել, չան­հանգս­տա­նա­լու եւ չան­հանգս­տաց­նե­լու հա­մար, «էս­թէպ­լիշ­մըն­թա­յին» ծե­ծե­քում­ներ կը խաղ­ցո­ւին, ա­թոռ-ա­թո­ռակ­նե­րու հա­մար, մար­մա­րի վրայ ա­նուն­ներ գրե­լու հա­մար՝ ­Հա­յաս­տան եւ ա­ճող բազ­մա­գոյն սփիւռք­ներ:

­Ճիշդ է ը­սել, որ ազ­գը հե­ռան­կար չու­նի: ­Ղե­կա­վա­րու­թիւն(ներ)ը ամ­լա­ցած ըլ­լա­լով ե­սի եւ դիր­քա­պաշ­տա­կան հա­մա­կար­գին մէջ, ան­կա­րող եւ ա­նա­տակ դար­ձած են հե­ռան­կար տա­լու, կազ­մա­կեր­պե­լու ազ­գի վա­ղը: ­Լոս Ան­ճե­լըս, ­Փա­րիզ, Ս­թոք­հոլմ նստած ի­մաս­տուն հա­մա­րո­ւած վեր­լու­ծում­ներ ը­նող­ներ ան­պա­կաս են, եր­բեմն ­Հա­յաս­տան «այ­ցի եր­թալ»ով չես գի­տեր ի՛նչ ներ­կա­յու­թիւն փաս­տե­լու հա­մար, խոր­հե­լով որ ինք­նա­ցու­ցադ­րու­մը քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է: Ա­սոնց տրա­մագ­ծօ­րէն կը հա­կադ­րուին «ներս»ի մար­դիկ, ո­րոնց մէկ ոտ­քը դուրսն է, ինչ­պէս կ’ը­սեն, ­Փա­րիզ կամ «­Նից­ցա», Կ­լէն­տէլ կամ ­Լոն­տոն:

­Զան­գո­ւա­ծը օ­րի­նա­կի պէտք ու­նի՝ հա­ւա­տա­լու հա­մար: Օ­րի­նակ­ներ՝ ինչ­պէս ­Կան­տի մը:

­Ժո­ղո­վուր­դը ըն­դո­ծին ող­ջա­խո­հու­թիւն ու­նի եւ կը տես­նէ, կը դա­տէ.- Ինչ­պէ՞ս եր­բեք չաշ­խա­տած մար­դիկ յան­կարծ տէր կը դառ­նան «հարս­տու­թեան», երբ այդ հարս­տու­թիւն­նե­րը հա­կակշ­ռող օ­րէնք­ներ չկան, քա­նի որ հա­հակշ­ռող օ­րէնք մշա­կող­նե­րը եւ գոր­ծադ­րող­նե­րը նոյն այդ հարս­տու­թիւն­նե­րու տէ­րերն են:

­Ժո­ղովր­դա­յին շա­հով ա­ռաջ­նոր­դող իշ­խա­նու­թիւն պէտք է ըլ­լայ՝ ար­դա­րի եւ ա­նար­դա­րի, կո­ղո­պու­տի եւ աշ­խա­տան­քի, ծա­ռա­յու­թեան եւ չա­րա­շա­հու­մի ջո­կու­մը կա­տա­րե­լու հա­մար: Այս վե­րա­բե­րու­մը էա­կան է վստա­հու­թիւն վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար, որ­պէս­զի եր­կի­րը զար­գա­նայ եւ ազ­գը «միա­ւո­րո­ւի»: Ան էա­կան է նաեւ երկ­րի դի­մագ­րա­ւած զանգո­ւա­ծա­յին ա­ղէտ-ար­տա­գաղ­թը կա­սեց­նե­լու հա­մար, որ­պէս­զի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօ­սը չադ­տա­գաղ­թէ՝ ը­սե­լով, որ «ան­հանգս­տաց­նում էին» եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ «դուրս ե­կայ»: Ե­րի­տա­սար­դը չար­տա­գաղ­թէ՝ տես­նե­լով ճո­խու­թիւն­նե­րը եւ ի­րեն բա­ժին ին­կած գոր­ծազր­կու­թիւ­նը:

Այս վստա­հու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է, որ­պէս­զի ոչ միայն ար­տա­գաղ­թը կա­սի, այլ նաեւ տե­ղի ու­նե­նայ հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն: Վս­տա­հու­թիւ­նը հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան հրա­ւէր է, ան ծնունդ չ’առ­ներ ճա­ռե­րէ:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան, ան ա­մուր գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան են­թա­հո­ղի պէտք ու­նի, որ պարզ բա­ռե­րով կը բնո­րո­շո­ւի. ինք­նու­թեամբ տո­կալ եւ տե­ւել: Այդ ինք­նու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջի երգ-խրախ­ճանք չէ, զբօ­սաշր­ջու­թիւն չէ, «հա­յա­սի­րու­թիւն» ալ չէ: Ինք­նու­թիւ­նը դա­րե­րէն մե­զի հա­սած ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րու տի­րու­թիւն է. հայ­րե­նիք, լե­զու, մշա­կոյթ: Այդ ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րը նպա­րա­վա­ճա­ռի խա­նու­թին մէջ չեն գտնո­ւիր, դա­տարկ ճա­ռե­րով չեն բնո­րո­շո­ւիր: Իս­կա­կան յանձ­նա­ռու­թիւն կը պա­հան­ջեն՝ ան­ձին օ­րի­նա­կով, որ ինք­զինք չի խեղ­դեր բան չնշա­նա­կող տա­րազ­նե­րու մէջ, ինչ­պէս՝ «զգա­ցու­մով հայ եմ», «­Հա­յաս­տա­նին կ’օգ­նեմ», «ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ցոյ­ցին կը մաս­նակ­ցիմ»:

­Գա­ղա­փա­րա­կան եւ բա­րո­յա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի են­թա­հո­ղին վրայ ժո­ղո­վուր­դէն կո­ղոպ­տո­ւա­ծը ժո­ղո­վուր­դին պի­տի վե­րա­դար­ձո­ւի՞, նոյն են­թա­հո­ղին վրայ հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն պի­տի ու­նե­նա՞նք: Ինչ­պէ՞ս:

Ամ­բոխ զո­ւար­ճաց­նող դա­տար­կա­բա­նու­թիւն է ը­սել, որ «­Հա­յաս­տան զօ­րա­ւոր է Ս­փիւռ­քով եւ Ս­փիւռ­քը ­Հա­յաս­տա­նով»:

­Հա­յաս­տան զօ­րա­ւոր է, երբ բնա­կո­ւած է, երբ հա­յը ար­մատ կ’ար­ձա­կէ ­Գո­րիս, ­Մեղ­րի, ­Բեր­դա­ձոր, ­Շու­շի եւ ո՛չ ­Նոր ­Զե­լան­տա, ­Սան­թա ­Պար­պա­րա, ­Շեր­պուրկ կամ այ­լուր:

­Պէտք է դադ­րիլ հա­ւա­տա­լէ կի­սա­մի­ջոց­նե­րու խա­ղին, մեր հնա­րած կեղ­ծիք­նե­րուն եւ ա­նոնց վրայ մար­գա­րէի պէս նստած կեղ­ծա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք կը հաշտո­ւին սփիւռք­նե­րու ա­ճին եւ բազ­մաց­ման հետ:

Ազ­նիւ եւ ազ­նո­ւաց­նող յե­ղա­փո­խու­թեան մը պէտք ու­նի ազ­գը, որ­պէս­զի չան­հե­տա­նայ պատ­մու­թեան հնու­թիւն­նե­րուն մէջ, ըլ­լա­լու հա­մար պատ­մա­բան­նե­րը եւ հնա­խոյզ­նե­րը յու­զող հետաքրքրու­թեան ա­ռար­կան:

­Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կ’ան­հանգ­տաց­նէ:

­Դեռ ու­նի՞նք բա­ւա­րար ուժ՝ ըն­դու­նե­լու հա­մար ան­հանգս­տաց­նող ազ­գի վե­րա­կանգ­նու­մի յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը, որ «թո­ւա­կան»ի մը ե­րե­կո­յին ըն­դար­մաց­նող փող-թմբու­կի յար­դի բոց չէ… ոչ ալ տե­սակ մը ազ­գա­յին տուր­քի մաս­նակ­ցու­թիւն՝ խիղճ հան­դար­տեց­նե­լու հա­մար:

Ո՞ւր խօ­սիլ, ո­րո՞ւ եւ ո­րոնց խօ­սիլ, խցո­ւա՞ծ են ա­կանջ­նե­րը, ինչ­պէ՞ս լսո­ւիլ…

­Կո­մի­տա­սի հե­տե­ւու­թեամբ պի­տի ը­սե՞նք, որ հո­գի­նե­րը դիակ­նա­ցած են…

­Զա­ւակ­նե­րու տէր հայ մը կ’ը­սէր, որ այս բո­լո­րը պա­րապ բա­ներ են, կա­րե­ւո­րը հա­ճոյքն է, եւ եր­ջան­կու­թեամբ ցոյց տո­ւաւ իր գե­ղե­ցիկ շան պատ­կե­րը՝ որ իր վրայ կը կրէր՝ այ-ֆո­նին մէջ…

Ա­ռանց յո­ռե­տե­սու­թեան կրնա՞նք դի­տել, դա­տել, կողմ­նո­րո­շո­ւիլ…

Ե­րեք բա­յե­րով բնո­րո­շո­ւող իս­կա­կան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան վե­րա­բե­րու­մի դար­պաս:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ